ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆԸ

Յաճախ կ՚ըսենք. «Աստուած մե՛ծ է», մանաւանդ երբ դժուարութեան մը հանդիպինք կամ նեղութիւն մը ունենանք։ Բայց Աստուծոյ մեծութիւնը ո՛րքան կը զգանք, ո՛րքան կը տեսնենք այդ աստուածային մեծութիւնը եւ գերիշխանութիւնը։ Ահաւասիկ հարցը ա՛յս է։

Մարդ, բանականօրէն, գերիվեր գոյութեան մը ներկայութիւնը զգալու մէջ կը դժուարանայ։ Եւ մարդկային միտքը դարերէ ի վեր զբաղած է այս հարցով։

Բայց ամէնուրեք կարելի է տեսնել եւ զգալ Աստուծոյ մեծութիւնը, Անոր գերիշխանութիւնը։ Աստուծոյ մեծութիւնը տեսնելու, զգալու համար բաւական է ուշադրութեամբ դիտել միջավայրը։ Ամէն տեղ, ամէն բանի մէջ տեսանելի եւ զգալի է Աստուծոյ մեծութիւնը։

Աստուծոյ մեծութիւնը կը տեսնենք բուսական աշխարհին մէջ. զոր օրինակ՝ բուսական աշխարհի մէջ ճաշակի, գեղեցկութեան եւ վայելչութեան հրաշալի՜ ներդաշնակութիւնը մեզի ցոյց կու տայ Աստուծոյ մեծութիւնը, բա՛ւ է որ զայն տեսնել ուզենք…։ Կանաչ խոտերու տեսակներէն սկսեալ, պտղատու եւ ոչ-պտղատու անհամար ծառերու ներդաշնակութեան մէջ կը տեսնենք Աստուծոյ մեծութիւնը՝ անբաղդատելիօրէն գեղեցիկ գոյնզգոյն ծաղիկներու մէջ կը յայտնուի այդ Մեծութիւնը։

Եւ երբ շարունակենք դիտել բնութիւնը՝ ծովեր, ովկիանոսներ, գետեր, լիճեր, ջրվէժներ եւ ջուրեր ցոյց կու տան Աստուծոյ մեծութիւնը, մեծութիւն մը՝ որ կարելի չէ բաղդատել, համեմատել որեւէ մեծութեան հետ։ Այդ բոլոր հրաշալի ստեղծագործութիւններու վրայ Աստուծոյ Հոգին կը շրջի։ Անոր հրաշքները, հրաշագործութիւնները երբ տեսնէ մարդ, կ՚աղաղակէ. «Ո՜վ Տէր, ի՛նչ մեծ ես Դուն»։

Եւ իրապէս մե՛ծ է Աստուած Իր գործերով, որոնց ականատես կ՚ըլլանք ամէն օր, ամէն տեղ։

Աստուծոյ ստեղծագործութիւններու մէջ կը տեսնենք մարդը, մարդ արարածը։ Իւրաքանչիւր մարդ իր իսկ ինքնութեան մէջ կը տեսնէ, կը զգայ իր Արարիչը, զԱստուած եւ այդ պահուն արդէն կ՚անդրադառնայ Անոր մեծութեան, Անոր գերիշխանութեան։ Արդարեւ բանականութեամբ եւ բազմաթիւ յատկութիւններով օժտուած «մարդ»ը ստեղծողը Մե՛ծ պէտք է ըլլայ, «Մեծ» մը միայն կրնայ ստեղծած ըլլալ բանաւոր էակ մը՝ մա՛րդը։

Աստուած ստեղծեց եւ անոր Նախախնամը եղաւ, եւ միայն աստուածային մեծութիւնը կրնայ ստեղծել եւ մինչեւ վերջ խնամել մարդը։ Աստուած Իր պատկերով եւ նմանութեամբը ստեղծեց մարդը, ուրեմն «մարդ արարած»ին նայելով կարելի է տեսնել եւ զգալ Աստուծոյ մեծութիւնը։ Այս իմաստով, ամէն մէկս մեր մէջ կրնանք տեսնել Աստուծոյ մեծութիւնը։ Եւ Աստուծոյ մեծութեան, իմաստութեան եւ գիտութեան խորութիւնը քննել կարելի չէ. եւ անզննելի է Անոր գործերը, քանի որ անչափելի է Անոր մեծութիւնը։

Ուրեմն մարդ հնազանդ եւ խոնարհ սրտով պէտք է մօտենայ այս Մեծութեան, քանի որ Անոր մեծութեան մէջ է Հայրը եւ Խնամատարը, Օրէնսդիրը եւ Առաջնորդը, Դաստիարակը եւ Ուսուցիչը։ Մարդ, դժբախտաբար, յաճախ ճոխացած է աշխարհի գիտութեամբ բայց Անոր գիտութեան սովովը կ՚ապրի։ Մարդ երբ հոգեւոր աչքերով տեսնել փորձէ՝ այն ատեն պիտի յայտնուի Աստուծոյ մեծութիւնը իր ամբողջ կեանքին մէջ։

Աստուծոյ մեծութեան եւ գերիշխանութեան ականատես կ՚ըլլանք, երբ մեր աչքերը բարձրացնենք դէպի երկինք, հոն համաստեղութիւններու եւ աստղերու ուղղենք մեր աչքերը եւ այդ անհունութեան մէջ դիտենք թաւալող միլիա՜ռաւոր հսկայական զանգուածներ եւ արեւներ, որոնք Աստուծոյ մեծութիւնը կը հռչակեն։ «Իր իմաստութեամբ էր որ Աստուած երկրին հիմերը դրաւ, գիտութեամբ հաստատեց երկինքները» (ԱՌԱԿ. Գ 19)։

Պահ մը, մենք ամփոփուինք եւ զգանք այդ մեծութիւնը եւ մենք զմեզ զգանք այդ Ներկայութեան առջեւ։ Այն ժամանակ ահաւասիկ պիտի տեսնենք Աստուծոյ մեծութիւնը եւ երբ ըսենք. «Աստուած մեծ է», այն ատեն իմաստ մը պիտի ունենայ մեր խօսքը. այն ատեն մեր խօսքը պիտի ըլլայ ճշմարտութեան մը արտայայտութիւնը՝ անվիճելի եւ անուրանալի՜։

Աստուծոյ մեծութիւնը եւ գերիշխանութիւնը կը տեսնենք Անոր բնութեան եւ ստորոգելիներուն մէջ։

Չկայ ուրիշ ոեւէ արարած, ոեւէ էութիւն՝ որ ներկայ ըլլայ ամէն տեղ, աշխարհի, տիեզերքի որեւէ մէկ անկիւնին մէջ։ Եւ ի՜նչ օրհնեալ զգացում է այդ։ Աստուած ներկա՛յ եւ պատրա՛ստ է մեզի օգնելու համար ամէն տեղ, ամէն ժամանակ։ Այս պատճառով Մովսէս աղաչեց Աստուծոյ ըսելով. «Եթէ քու ներկայութիւնդ մեզի հետ չերթայ, մեզի այստեղէն մի հաներ» (ԵԼԻՑ. ԼԳ 15)։ Իսկ Սաղմոսերգուն սապէս կը յայտնէ՝ թէ Աստուած ամէնուրեք է. «Եթէ երկինք ելլեմ, Դուն հոն ես, եթէ դժոխքը անկողինս ընեմ, ահա Դուն հոն ես, եթէ արշալոյսին թեւերը առնեմ եւ ծովուն վերջին ծայրերը բնակիմ, հոն ալ Քու ձեռքդ պիտի առաջնորդէ եւ Քու աջ ձեռքդ զիս պիտի բռնէ» (ՍԱՂՄ. ՃԼԹ 8-10)։

Արդարեւ, Աստուած ո՛րքան մեծ է եւ գերիշխան, այնքան ալ բարի է եւ ամենագէտ։ Իր էութիւնը, Իր բնութիւնը, Իր բովանդակութիւնը բարի՛ է, միակ բարի՛ն՝ ամբողջ տիեզերքին։ Ան գիտէ մեր իւրաքանչիւրին պէտքերը մանրամասնօրէն։ «Բոլոր մարդոց որդիներուն սիրտը միայն դուն գիտես» (Գ ԹԱԳ. Ը 39)։ Ան կը տեսնէ գաղտուկը եւ կը կարդայ մարդոց բոլոր խորհուրդները։ Ան մեր երկնաւոր Հայրն է։ Ամենակարող Հօր մը մտերմութիւնը ունենալը՝ կարելի՞ է բաղդատել ուրիշ որեւէ բանի հետ այս աշխարհի վրայ։ Հայր մը՝ որ մեր բոլոր խնդրածը կրնայ կատարել. Ան նիւթականէն շատ աւելին կրնայ տալ մեզի։ Կեանք կու տայ եւ մեր կեանքը մահէն կ՚ազատէ, փորձանքներէն եւ վտանգներէն կը փրկէ։ Անոր հոգեկան ճոխութիւնը եւ Սուրբ Հոգիին լիութիւնը եւ խոստումները ունենալ եւ վայելել գերազանցօրէն անբացատրելի՜ է։

Աստուած լո՛յս է եւ Անոր մէջ երբեք խաւար չկայ։ Ան անփոփոխ է. երէկ, այսօր եւ յաւիտեան։ Ամէն բարութիւն, ամէն բարի տուրք եւ ամէն կատարեալ պարգեւ Աստուծմէ է. լուսոյ Հօրմէն։ Աստուծոյ մեծութիւնը եւ գերիշխանութիւնը պիտի տեսնուի Յիսուս Քրիստոսի Երկրորդ Գալուստով։ Ան վերջ պիտի տայ ցաւերու, տառապանքներու եւ արցունքներու։

Եւ Յիսուս Քրիստոսի մարդեղութեան մէջ կը տեսնենք Աստուծոյ մեծութիւնը՝ հրաշալիքը եւ անհո՜ւն սէրը «անհնազանդ մարդ էակ»ին հանդէպ։

Բայց մարդուս հունաւոր միտքը կարող չէ ըմբռնելու այդ Մեծութիւնը, բայց կրնայ զգալ այդ Մեծութիւնը, երբ հոգեւոր աչքերով տեսնել ուզէ զայն։ Միայն կենդանի եւ ճշմարիտ Աստուած կրնայ գործել այդպիսի մեծութի՜ւն մը՝ հրա՛շք մը։

Եւ մեր իւրաքանչիւրին կեանքը ապացո՛յցն է Աստուծոյ մեծութեան եւ գերիշխանութեան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 28, 2020, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2020