ՍՐՏԻ ԽՕՍՔ ՅԱՐԳԵԼԻ ՈՒՍՈՒՑՉԻՍ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՌՋԵՒ
Եդուարդ Գովան։
Անուն մը սիրելի, անուն մը յարգելի եւ անուն մը անմոռանալի։
Ան լրացուցած ըլլալով իր կեանքի օրերը, առյաւէտ բաժնուեցաւ զինքը սիրող ու յարգող անձնաւորութիւններէն, մեզմէ՝ բոլորէս։
Հրաժեշտի պահ մը կ՚ապրինք, որ օրհնեալ կամքն է Աստուծոյ։ Շատեր երբ կը հարկադրուին հրաժեշտի պահը ապրիլ, մարդկային տկարութեամբ կ՚ընդվզին։ Սակայն հանգիստ սրտով կրնամ ըսել, թէ Եդուարդ Գովանի հրաժեշտը վստահ եմ, որ շատերու համար Աստուծոյ փառք տալու պահ է, անոր համար որ իր անձին մէջ այդ շատերը բարեբախտութիւնը ունեցած են ճանչնալու ՄԱՐԴ մը, որ իր կեանքի բոլոր օրերուն եղած է տիպար անձնաւորութիւն մը, իր նկարագրով, կեցուածքով, արտայայտութիւններով։
Եդուարդ Գովանը ճանչցած եմ Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի շարքերէն ներս։ Իր եւ իր անմիջական դասակիցները յիրաւի կը վայելէին երիցագոյն անդամներ ըլլալու հանգամանքը, առանց գոռոզանալու եւ կամ սին հպարտութեամբ, այլ՝ իրենց տպաւորիչ օրինակելի վարմունքով։ Անոնց ներկայութենէն չէինք խրտչեր, որովհետեւ Սուրբ Յարութեան կամարներուն ներքեւ կը տիրէր եղբայրական ջերմ մթնոլորտ մը, որ ունէր առինքնող զօրութիւն։ Որքան ատեն որ իր կարողութիւնը կը ներէր, ներկայ կը գտնուէր Ս. Պատարագի երգեցողութեանց, մանաւանդ ամենայն ճշդապահութեամբ անդամական ընդհանուր ժողովներուն։
Ես առիթը ունեցայ ճանչնալու ուսուցիչ Եդուարդ Գովանը։ Մխիթարեան վարժարանի աշակերտութեանս շրջանին ըստ դասացուցակի, ամէն շաբաթ օր, կը հետեւէինք իր աւանդած տոմարակալութեան դասախօսութիւններուն։ Այդ տարիներուն շաբաթ օրեր վարժարանները մինչեւ կէսօր բաց էին։ Եդուարդ Գովան ծով համբերութեամբ կը փոխանցէր իր ծով գիտելիքները, զանոնք դարձնելով դիւրամատչելի։ Կը թելադրէր լաւ հետեւիլ, սերտել ու սորվիլ, ընդգծելով թէ այդ դասախօսութիւնները ապագային օր մը կրնային օգտակար ըլլալ։
Իր անձին մէջ տեսայ հարազատ մխիթարեանցիի տիպարը։ Ամէն անգամ որ Մխիթարեանի սաներուն նշանաւոր «Խաւիծի օր»ուան հոգեւոր եւ աշխարհիկ հանդիսութիւնները տեղի կ՚ունենային, որպէս երէց մխիթարեանցի իր հասակակիցներուն հետ կը մասնակցէր, կ՚ապրէր ու կ՚ապրեցնէր իր աշակերտութեան օրերու յուշերը։ Մխիթարեան վարդապետներու շունչով սնած ըլլալով, կապուած էր մեր ոսկեղնիկին ու մշակոյթին։ Տնտեսագիտական յօդուածները լաւագոյն օրինակներն են, որոնց մէջ ի յայտ կու գայ մեր մայրենիի գեղեցկութիւնը, մանաւանդ տեղին գործածուած տնտեսագիտական բառերով։ Մխիթար Սեբաստացի Աբբահայրէն սկսեալ Մխիթարեան վարդապետներ ծանօթ են իրենց պատրաստած բառարաններով։ Եդուարդ Գովան, որպէս հարազատ սանը Մխիթարեան կրթական յարկին, իր փորձառութեամբ ձեռքբերած բառամթերքը արձանացուց պատրաստած բառարաններով։ Ինքը Մխիթարեան միաբան չէր, սակայն իր վաստակով ցոյց տուաւ, թէ բարոյական աշակերտն էր Սեբաստացի Աբբահօր ուսումնասէր ոգիին ու անոր ուղիէն ընթացող հայրերուն։
Եդուարդ Գովան 1966-ին կատարուած ընտրութեամբ անդամակցած էր Պէյօղլուի Սուրբ Եկեղեցեաց թաղական խորհուրդին։ Թագւոր Գամէրի ատենապետած այս թաղական խորհուրդն էր, որ յաջողեցաւ Էսաեան վարժարանի սանդուխներուն եւ տախտակամածներուն քարաշէնի վերածելու աշխատանքը։ Հերմինէ Գալուստեանի տնօրէնութեան շրջանին Նուպար Գալուստեանի գլխաւոր ճարտարապետութեամբ իրագործուած շինարարական աշխատանքները աւարտած էր շուրջ երեք ամսուան կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ։ Բնականաբար այս ժրաջան թաղական խորհուրդի կազմէն ներս որպէս քաջ ելեւմտագէտ Եդուարդ Գովան ունեցած էր իր կարեւոր ներդրումը։
Թաղային խորհուրդի շարքերէն ներս կատարած կարեւոր ներդրումը իրեն դուռ բացած է, որ անդամակցի Ազգին գթութեան տան՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան։
Որպէս նախանձախնդիր եւ փորձառու գործիչ ընդառաջելով Պատրիարքական Աթոռի հրաւէրին, անդամակցած է պատրիարքի Խորհրդակցական մարմնին, ինչպէս նաեւ Պատրիարքական Աթոռի Ելեւմտական յանձնախումբին։ Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հայրը 26 նոյեմբեր 2000-ին գնահատելով իր բազմամեայ ազգանուէր ծառայութիւնը, զինքը պատուած էր Պատրիարքական Աթոռի Պատուոյ շքանշանով։ Նոյն գահակալը, օրհնութեան յատուկ գրով ողջունած էր իր կեանքի ութսունամեակի հանգրուանը։
Եդուարդ Գովան երբեք չնմանեցաւ քանքարաթաքոյց ծառային։ Ապրեցաւ եւ գործեց Աստուածատուր շնորհներով, իր շնորհներուն պտուղները բաժնեց անշահախնդրօրէն, առիթ ընծայելով, որ իր բաժնած գիտելիքներով ուրիշներ եւս հարստանան գիտութեամբ։
Սիրելի ու յարգելի ուսուցիչս,
Վերջին անգամ հեռախօսային զրոյց մը ունեցանք, եւ հազիւ մի քանի նախադասութիւն կրցինք փոխանակել իրարու։ Աղօթք խնդրեցիր եւ խոստացայ աղօթել քու ցաւերուդ փարատման համար։ Քու խընդ-րանքդ ի զօրու է այսօր եւս եւ ես այս անգամ կ՚աղօթեմ հոգւոյդ խաղաղութեանը համար։ Անշնչացած մարմինդ կը հանգչի դագաղին մէջ, որ հողին պիտի յանձնուի։ Իսկ քու ապրող բարոյական ներկայութիւնդ կը մնայ անջնջելի քեզի սիրող ու յարգող անհատներու մտքերուն ու սրտերուն մէջ։
Դուն մեզի համար մեր օրերու փրոֆ. Գրիգոր Քէօմիւրճեանն էիր։ Անոր նման թողուցիր անմահ անուն մը։ Տայ Աստուած քու ուղղամիտ, պարկեշտ կեանքի օրինակովդ հանէ նաեւ ուրիշներ, որոնք գան ու միանան ազգանուէր ծառայողներու փաղանգին։
Բարի երթ սիրելի եւ յարգելի ուսուցիչս, Լուսաւորչի անդամակցութեան եւ Մխիթարեանի գծով երէց եղբայրս։ Աստուած քաղցր ընէ դատաստանդ եւ լուսաւորէ ու երկնային անթառամ պսակին արժանացնէ հոգիդ, նաեւ Սուրբ Հոգիով մխիթարէ բոլոր հարազատներդ եւ ընտանիքիդ անդամները։
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ