ՀՐԱՊՈՒՐԻՉ ԱՇՏԱՐԱԿԸ

Հմայիչ, հրապուրիչ են աշտարակները, դիւթիչ եւ առինքնող են անոնք, որովհետեւ իրենց հասակին, տեսքին եւ իրանին խրոխտ համեմատութիւններովը պատկառանք եւ վստահութիւն կը ներշնչեն դիտողին։ Տեսակ մը խորհրդանիշ են անոնք ամրութեան եւ տեւականութեան։

Արուեստական, ձեռակերտ լեռներ են կարծես աշտարակները, եւ ինչպէս լեռ մը դիտելու համար՝ նո՛յնպէս եւ աշտարակները դիտելու համար պէտք է որ մարդ իր աչերը դէպի վե՛ր բարձրացնէ։ Այս իմաստով աշտարակները իրենք վար չեն նայիր, այլ կը նային վե՛րէն, դէպի հեռո՜ւներ, դէպի անսահման հորիզոններ…։

Անոնք որ աշտարակները տեսնել կը փափաքին, պէտք է որ իրենք վե՛ր նային։ «Վեր նայել»ու անհրաժեշտ դասը կը սորվեցնեն աշտարակները, այն՝ որ ճշմարտութիւնը վե՛րն է։ Արդարեւ «վեր նայիլ» ո՛չ թէ ինքզինք վեր դասել, այլ «Վերինը փնտռել» կը նշանակէ՝ ո՛չ թէ «վերին ձգտիլ» այլ Վերինին ձգտիլ պէտք է հասկնալ, ինչ որ մարդուն սկզբնական կոչո՛ւմն է։ Ուստի «վեր»ը եւ «Վերին»ը տարբեր բաներ են եւ մարդ ըստ այնմ պէտք է վարուի եւ իր ընթացքը որոշէ։ Ճամբու մը վրայ քալողը միա՛յն ճամբուն տափակ եւ չոր, թերեւս նաեւ չա՛ր իրադարձութիւնները կրնայ տեսնել, մակերեսային է իր տեսանկիւնը։ Մարդիկ, ընդհանրապէս, իրենց զգացումներուն եւ նեղութիւններուն ազդեցութեամբ «նեղ անկիւն»է մը կը դիտեն իրերը եւ իրողութիւնները՝ դէմքերը եւ դէպքերը եւ չեն թափանցեր անոնց խորը։ Մինչդեռ երբ դիտեն վերը, շուրջը եւ խորը, անոնք պիտի կարենան տեսնել ճշմարիտ իրերը եւ իրողութիւնները։

Արդարեւ, իրականութիւնը (=réalité) եւ ճշմարտութիւնը (=vérité) որքան որ մերձիմաստ արժէքներ եւ ըմբռնումներ կարծել սովորութիւն է եղած, աստիճանաբար իրարմէ տարբեր երեւոյթներ են։ Աստիճանաբար՝ քանի որ ամէն իրականութիւն, տեսնուած բան ճշմարտութիւն կրնայ չըլլալ։ Ուրեմն իրականութեան խորը թափանցելով կարելի է հասնիլ ճշմարտութեան կամ ո՛չ։ Վարը իրականութիւնը կը տեսնէ մարդ, իսկ վերը՝ ճշմարտութի՛ւնը։

Գեղեցկութիւններն ալ, ճշմարտութեան նման, ինչպէս իրերու եւ իրողութիւններու՝ նաեւ մարդկային մտքի եւ կարողութիւններու՝ վե՛րն են, բարձրերն են, ուստի անոնք վարը փնտռել մեզ կը սխալեցնէ։ Եւ անոնք որ չեն ուզեր բարձրութիւն եւ մեծութիւն տեսնել իրենց մերձաւորներուն մէջ՝ երբեք վեր չեն նայիր. տափարակ գետիններու վրայ աննպատակ թափառելով՝ միայն տափակը, ցածութիւնը, պզտիկութիւնը, սովորականը կը տեսնեն անոնց մէջ։

Աշտարակները երբեք «վար» չեն նայիր։ Դաս մը եւս ահաւասիկ մեզի, միայն բարձրութենէ մը կարելի է «բարձրութի՛ւն» տեսնել։ Հին ժամանակներ բարձր լեռներ պաշտամունքի, աստուածամերձութեան եւ զոհի արժանի վայրեր կը նկատուէին։

Լեռներու բարձրութիւնը կը խորհրդանշէր անհրաժեշտութիւն մը «հոգեւոր բարձրութեան»՝ որպէս պայման զԱստուած տեսնելու, Անոր մօտենալու եւ Անոր հետ հաղորդակցելու։ Ուստի պէտք է հոգիով բարձրանալ՝ որպէսզի կարելի ըլլայ տեսնել զԱստուած, գնահատել ի՛նչ որ «աստուածային» է, պէտք է բարձրանալ սրտով եւ մտքով, որպէսզի մարդ հասնի ճշմարտութեան, ուրիշ խօսքով՝ «իրականութիւն»ներէ անցնի «ճշմարտութեա՛ն»։ Մարդ իր իսկ մեծութիւնը կրնայ տեսնել երբ ճշմարտութեան ձգտի եւ չբաւականանայ միայն իրականութիւններով։ Աշտարակներն ալ՝ աշտարակային հոգիով կրնան տեսնուիլ. հոգեւո՛ր իմաստով։

Աշտարակներ, եթէ խօսէին, կամ աւելի ճիշդ է ըսել, եթէ մարդիկ կարենային հասկնալ աշտարակներու լեզուն, անոնք պիտի ըսէին, թէ իրենք գո՛հ են «աշտարակ» ըլլալով։ Աշտարակները միշտ լուռ են, չեն աղմկեր, չեն պոռար, չեն վիճիր, իրենց մեծութեանը մէջ միշտ խոնարհ են եւ համեստ, եւ չեն սպասեր որ մարդիկ ընդունին, գովաբանեն, փառաբանեն, ծափահարեն իրենց «աշտարակութիւն»ը։ Անոնք իրապէ՛ս վերն են եւ բարձր տեղ։ Մերօրեայ ախտաւոր գովասիրութենէն, մեծամտութենէն, հպարտութենէն բացարձակապէս զե՛րծ են աշտարակները։ Չեն մտահոգուիր, թէ մարդիկ ի՛նչ կ՚ըսեն կամ ի՛նչ չեն ըսեր։ Երբ անոնք բարձրութեան վրայ են, ի՜նչ կարեւորութիւն ունի մարդոց կարծիքը կամ վկայութիւնը։ Շինծու համբաւը ի՜նչ կ՚արժէ երբ կայ աշտարակներ…։

Եւ աշտարակները երբե՛ք չեն բամբասեր…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 23, 2019, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 1, 2019