ԱՌԵՂԾՈՒԱԾ Է ԿԵԱՆՔԸ…

Առեղծուած է կեանքը… լեցուն լաւ ու վատ անակընկալներով: Առեղծուած, որ անյստակութիւն կը ստեղծէ վայրկեաններուն իսկ միջեւ, մէկ պահէն միւս պահը հազար ու մէկ բան փոխելով մարդու կեանքին մէջ:

Օրեր առաջ, Լիբանանի մէջ արկածի մը հետեւանքով մահացաւ երիտասարդ հայուհի մը՝ Զարուկ Սվաճեան-Գայայեան, որ հայրենիքի երազով, տակաւին շաբաթ մը ետք կը պատրաստուէր այցելել Հայաստան ու տեսնել այդ երկիրը, որուն երազով ապրած էր: Տակաւին օրեր առաջ հայրենիքի մէջ ընելիքներուն մասին ծրագրող Զարուկը այսօր հողին յանձնուած է… ու նման անակնկալ մահուան մը դիմաց կը մտածեմ, թէ ճիշդ է, որ մենք կը ծրագրենք, սակայն չենք գիտէր թէ մի քանի վայրկեան ետք ինչ կրնայ պատահիլ:

Այս անողոք կեանքը վայրկեանին իսկ կը քանդէ հազարաւոր ծրագիրներ, որոնք լեցուած են յոյսով եւ զանոնք կը փոխարինէ անակնկալ մահով, փայլուն երազներուն տեղ ցաւ ու կսկիծ տալով մարդուն:

Տարօրինակ է, որ մարդ արարածը մահուան դիմաց մի՛շտ կը փոխուի. յանկարծ կ՚որոշէ բարութիւն գործել, անիմաստ տեղ չջղայնանալ, ընկերասէր ըլլալ, որովհետեւ վերջապէս կը գիտակցի, որ այս կեանքը շա՜տ կարճ ու ժամանակաւոր է իրեն համար. յանկարծ կը սկսի աւելի սիրալիր ու բարեհամբոյր անձ մը ներկայանալ, սակայն այս փոփոխութիւնը եւս կեանքի նման կը մնայ ժամանակաւոր եւ մահուան բօթէն երկու երեք օրեր ետք կը դառնայ նոյնը՝ ինչ որ էր նախապէս:

Նման պահերուն է միայն, որ կեանքը իր արդար երեսը ցոյց կու տայ եւ թէ՛ հարուստ եւ թէ աղքատ բոլորն ալ կը դնէ նոյն անյստակութեան դիմաց, առանց յստակացնելու, թէ մեկնելու հերթը որունն է:

Տակաւին շաբաթներ առաջ տեսանք, թէ ինչպէս բեմանկարիչ Արմէն Գրիգորեան ժպտալով ու յաղթական կոչերով մուտք գործեց Հայաստանի Հանրապետութեան դատարաններէն մին, սակայն անակնկալօրէն մահացած ու անշնչացած դուրս եկաւ այն տեղէն, որովհետեւ մահուան անողոք կատակն էր՝ իր հոգին առնել դատավարութեան ընթացքին: Գրիգորեան հաւանաբար յաղթական դուրս գալու երազանքով մուտք գործեց դատարան, սակայն կեանքին դէմ պարտուած դուրս եկաւ անկէ:

Այս բոլորին դիմաց ինչքա՜ն արդարացի են Գրիգոր Տաթեւացիի բառերը. «Կեանս այս թշուառական է եւ անցաւոր»։ Ցաւալին հո՛ն է, որ բոլորս գիտնալով հանդերձ թշուառական ու անցաւոր ըլլալը, կը շարունակենք պայքարիլ՝ ո՛չ թէ միայն օր մը, այլ ժամ մը աւելի ապրելու համար։ Յիշեցէ՛ք Քրիստոսի խաչափայտին վրայ խաչուած երկու աւազակները. մահուան վերջին պահուն նոյնիսկ անոնք կեանք կ՚ուզէին՝ այն տարբերութեամբ, որ մին երկնաւոր, իսկ միւսը աշխարհիկ կեանքը կ՚ուզէր:

Կեանքի ու մահուան մասին դարեր շարունակ գրուած ու խօսուած է, որովհետեւ ո՛չ մէկ մարդկային ուժ կրցած է պայքարիլ ու յաղթական դուրս գալ այդ երկուքին դէմ. փոքր տարիքէս սարսուռ կ՚ապրէի Ժամագիրքին այն ճշմարիտ բառերուն դիմաց, որ կ՚ըսէր. «Ո՞վ է մարդ, որ կեցցէ եւ ո՛չ տեսցէ զմահ…»։ Եւ իսկապէս. ո՞վ է այն մարդը, որ ապրի եւ մահը չտեսնէ: Եւ այնքան ատեն, որ կեանքը ունի վերջ, հետեւաբար մարդուն բոլոր իղձերն ու երազները եւս ժամանակաւոր են եւ ի՜նչ հեգնանք, որ ժամանակաւոր կեանքը կ՚օգտագործենք ժամանակաւոր մեր իղձերն ու երազները իրականացնելու՝ քաջ գիտնալով, որ բոլորն ալ գնայուն են:

Մարդ արարածը մահուան դիմաց յաճախ կ՚ունենայ այն մտածումը, թէ մահը հեռու է իրմէ… տակաւին շա՜տ ուրիշներ կան, որոնք պէտք է երթան, սակայն մահը հերթականութիւն չի՛ ճանչնար եւ հեռու հաւանականութիւն մը չէ, որ ընթերցող մը իր աչքերը յաւիտենականութեան փակէ նոյնիսկ ընթերցանութեան ժամանակ:

Երիտասարդ Զարուկը լեցուն էր կեանքով եւ երազներով. ունէր պարմանուհի զաւակ մը. երազներ ու իղձեր ունէր. տակաւին երկա՜ր էր ընելիքներու ցանկը, սակայն մահը կանգնեցուց ամէն բան, այդ բոլորին տեղ անոր տալով փայտէ դագաղ մը՝ ափ մը հողով:

Յայտնի իմաստասէր մը կ՚ըսէ, որ երբեք երանի մի տար ուրիշին կեանքին, որովհետեւ բոլորիս ալ վախճանը նոյնն է, պարզապէս կեանքի ապրելու ընթացքն է տարբեր. վերջապէս ինչո՞ւ երանի տալ բանի մը համար, որ յաւիտենական չէ, մնայուն չէ: Ինչո՞ւ նախանձիլ մարդուն՝ գիտնալով, որ ստեղծուած է հողէն եւ դատապարտուած է դարձեալ հող դառնալու:

Յաճախ նման մտածումներու պատճառով կը սիրեմ գերեզմանատուն այցելել եւ միւս անգամ երբ գերեզմանատուն այցելէք նոյնը մտածեցէք անպայման։ Գերեզմանատուներուն մէջ թաղուած են բազմահազար մարդիկ, որոնք ունեցած են աւելի մեծ հարստութիւն, թաղուած են մարդիկ, որոնք շա՜տ աւելի վիշտ ու ցաւ ունեցած են՝ քան մենք։ Վիշտին հակառակ, եղած են մարդիկ, որոնք նոյնիսկ արժանի եղած են հաւանաբար աշխարհի ամենէն երջանիկ մարդիկը կոչուելու. ո՞ւր են այսօր… ո՞վ կը յիշէ անոնց գոյութիւնը: Մեր գոյութիւնը եւս ենթակայ է մոռացութեան. հաւանաբար մեր զաւակները եւ թոռները յիշեն մեզ, սակայն յաջորդ՝ երրորդ-չորրորդ սերունդներուն համար արդէն կորսուած յուշ մը պիտի դառնանք պարզապէս, մեր բոլոր դժուարութիւններով, ուրախութիւններով, յաջողութիւններով ու ձախողութիւններով:

Այսօր կը գրենք Զարուկին մասին. վաղը ուրիշներ պիտի գան եւ գրաւեն Զարուկին տեղը եւ այսպէս առանց դադար ունենալու նոր Զարուկներու, նոր Արմէններու շարքը պիտի երկարի եւ անարդար աշխարհի օրէնքին համաձայն նորը պիտի մոռցնել տայ հինը:

Հետեւաբար ժամանակաւոր ու անյստակ այս կեանքին մէջ գիտակցինք, որ ժամանակաւոր ճամբորդներ ենք. անմահութիւնը միա՛յն աստուածներու տրուած է. մենք այսօր կանք, սակայն մի քանի վայրկեան ետք, ո՜վ գիտէ, հաւանաբար չըլլանք:

Արդ, ժամանակաւորին ու անցաւորին համար չզոհենք յաւիտենականը՝ ընկերասիրութիւնն ու մարդասիրութիւնը, որ իրապէս կը գեղեցկացնէ ժամանակաւոր ու կարճ այս ճանապարհորդութիւնը. իւրաքանչիւրիս վերջին հանգրուանը թէեւ մեզի անյստակ, սակայն յստակ աւարտ մը ունի անպայման:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -6-

Տարիներ առաջ երկու կուսակցականներ, իրենց տիկիններուն հետ, կ՚որոշեն Հայաստան մեկնիլ. բոլոր հարկաւոր պատրաստութիւնները ընելէ ետք կը մեկնին օդակայան: Բոլոր անցակէտերէն անցնելէ ետք, երբ կու գայ օդանաւ մտնելու սպասման պահը, կուսակցական ընկերներէն մին կ՚որոշէ լուացարան երթալ իր պէտքերը յոգալու համար:

Կուսակցական ընկերը լուացարանէն վերադառնալու կ՚ուշանայ. կ՚անցնի 15 վայրկեան, սակայն ընկերը չի վերադառնար: Որոշ ժամանակ ետք միւս կուսակցական ընկերը մտահոգուելով լուացարան կ՚երթայ, ստուգելու համար ընկերոջ ուշանալու պատճառը. դուռը կը թակէ, սակայն ոչ մէկ պատասխան: Մտահոգուելով աւելի ուժգին կը սկսի թակել, սակայն ներսէն դարձեալ ձայն չի լսուիր: Լուացարանը մտահոգ բազմութիւն մը կը հաւաքուի:

Կուսակցական ընկերը իր հոգին կ՚աւանդէ Հայաստան մեկնելէ մի քանի վայրկեաններ առաջ՝ օդակայանի լուացարանին մէջ:

Այսպէս է կեանքը… լեցուն տխուր ու տարօրինակ անակնկալներով:

***

Լիբանանի եղբայրասպան պատերազմին ժամանակ երկու կուսակցական ընկերներ կը գործուղղուին Կիպրոս. անոնցմէ առաջինը՝ Ընկեր Գ. կեղծ անցագիր մը ունի, մինչ միւս կուսակցականը իր իսկական անցագիրով կը ճամբորդէ:

Ընկերները կ՚որոշեն, որ անցակէտէն առաջ անցնի կեղծ անցագիր ունեցողը՝ դժուարութեան հանդիպելու պարագային պէտք եղածը ընելու համար։ Որոշուածին համաձայն առաջ կ՚անցնի կեղծ անցագիր ունեցող ընկերը՝ առանց դժուարութեան հանդիպելու: Իրենց առաքելութիւնը կատարուած համարելով իսկական անցագիր ունեցող ընկերը կը մօտենայ անցակէտին:

Կեղծ անցագիրով անցնող ընկերը կը սպասէ ընկերոջ, որպէսզի իրարու հետ երթան դէպի օդանաւ՝ մտածելով, որ դժուարին մասը անցուցած են արդէն, սակայն ընկերը կ՚ուշանայ: Ի՜նչ հանելուկ, որ կեղծ անցագիրը իրականի նման կ՚անցնի անցակէտէն՝ մինչ իսկական անցագիրով ընկերը կասկածուելով հարցաքննութեան կ՚ենթարկուի:

Վերջաւորութեան Կիպրոս կը մեկնի ան, որ կեղծ անցագիր ունի՝ մինչ իսկական անցագիր ունեցող ընկերը որոշ ժամանակ ի պահ կը դրուի ոստիկանութեան մօտ, հազար ու մէկ ձեւով փաստել փորձելով, որ իր անցագիրը իրական է:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 1, 2022