ՈՒՏԵԼԻՔ, ԶՈՒԱՐՃՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲԱՄԲԱՍԱՆՔ

Ամէն ազգի պարագային գոյութիւն ունի երկու տեսակի երիտասարդութիւն, որոնք ամբողջութեամբ տարբեր են իրարմէ. ամէն ազգ ունի իր լուրջ, սակայն լուրջերու կողքին իր կեանքը անիմաստ վատնող երիտասարդութիւն մը: Լուրջ ըսելով չենք հասկնար ընդհանրապէս չժպտացող եւ խոժոռադէմ երիտասարդութիւն մը, այլ այդ լրջութիւնը ապագային եւ ազգին ցաւերուն հանդէպ գիտակից սերունդ մը կ՚ենթադրէ:

Այսօր, ցաւ ի սիրտ, լուրջ երիտասարդութեան պակասը ունինք. թիւով քիչ են այն երիտասարդները, որոնք իրենց հաճոյքներուն ու ժամանցին կողքին սրտցաւ կը մտածեն հայրենիքի ապագային ու ընդհանրապէս իրենց բարոյական արժէքներուն մասին: Նման երիտասարդներու պակասը աւելիով զգացի, երբ կը կարդայի Վահան Մալէզեանի «Անցած օրեր...: Յուշամատեան Գատըքէօյի գրական երեկոյթներու» աշխատութիւնը. այս աշխատութեան մէջ ներկայացուած երիտասարդութիւնն ու մտաւորականութիւնը կամայ ակամայ նախանձ մը կ՚արթնցնէ մարդուն մէջ, որովհետեւ կ՚արթննայ այն գիտակցութիւնը, որ նման երիտասարդութեան մը միջոցով հայ ժողովուրդը յաջողած է պահպանել իր լեզուն եւ իր ինքնութիւնը, սակայն ի դիմաց անոնց մերօրեայ երիտասարդութիւնը նոյն յոյսը չի ներշնչեր ապագայի նկատմամբ:

Վահան Մալէզեան իր աշխատութեան մէջ կը խօսի գրական հաւաքներու մասին. ան իր աշխատութեան մէջ կը յիշէ հետեւեալը.-

«Պէշիկթաշլեանի օրով, Օթաքէօյ ու Փերա հայ գրական քանի մը «սալօն»ներ արդէն գոյութիւն ունեցած են՝ այնտեղ հաստատուած մեծ գերդաստաններու տան մէջ. հոն, ինչպէս Եւրոպայի ամենէն զարգացած ազգերու սալօններու մէջ, կը հաւաքուէին ժամանակին ծանօթ գրագէտները, արուեստագէտները, ազգասէր ու գրասէր անձնաւորութիւնները. խօսակցութիւնը կը թաւալէր ոչ թէ ուտելիքի, զուարճութեան, կամ բամբասանքի հետ կապ ունեցող ռամիկ նիւթերու շուրջ, ժամերը կ՚անցէին ոչ թէ թղթախաղով ինչպէս քաղաքին ուրիշ շատ մը շրջաններուն մէջ, այլ օրուան ազգային հարցերուն շուրջ խորհրդակցութիւններով, գրական ու գեղարուեստական նիւթերու վրայ գաղափարներու փոխանակութեամբ, բանաստեղծութեանց արտասանութեամբ, նուագով, վերջապէս մտաւոր բարձր հաճոյքներով»:

Կ՚ուզեմ ընթերցողը մի քանի անգամ կարդայ Մալէզեանի վերոյիշեալ տողերը եւ պահ մը մեր երիտասարդութիւնը փորձէ համեմատել ներկայացուած երիտասարդութեան հետ. արդիւնքը ըսենք. մերօրեայ երիտասարդութիւնը կ՚ապրի ա՛յն բոլորով՝ որ Մալէզեան «ՌԱՄԻԿ» կը կոչէ. այսօր ո՛չ միայն երիտասարդական հաւաքներու ընթացքին, այլ մինչեւ իսկ դարաւոր ու անուանի կուսակցութիւններ թղթախաղը ժամանացի առարկայ կը դարձնեն:

Մեր օրերուն կարելի չէ գտնել նման «սալօն»ներ. նոյնիսկ եթէ գտնուին, անոնք կապակցուած կ՚ըլլան կուսակցութեան մը եւ կը միտին ո՛չ թէ գրականութիւն եւ ազգասիրութիւն, այլ՝ կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնը ջամբել:

Շատեր կրնան մտածել, թէ այդ ժամանակներուն այնքան հաճոյք եւ զբաղմունք գոյութիւն չունէր՝ ինչքան մեր օրերուն։ Համաձայն գտնուելով այս իրողութեան, կը հաւատանք սակայն, թէ այդ երիտասարդութիւնը հաճոյքներու պակասին պատճառով չէ որ կը դիմէր այդտեղ. հակառակ ժամանակներու տարբերութեան, այդ ժամանակաշրջանին եւս գոյութիւն ունէին այլ զբաղմունքներ՝ որոնց շարքին ռամիկ նկատուածները:

Մալէզեան իր աշխատութեան մէջ կը յիշէ, թէ ինչպէս երիտասարդներ ձեռքէ ձեռք կը խլէին նոր հրատարակուած գիրքեր, բանաստեղծութիւններ ու գրական աշխատութիւններ. կը յիշէ, թէ ինչպէս անոնք զանազան հարցերով ու նոյնիսկ բանավէճերով կը լուսաւորուէին զանազան հարցերու շուրջ. առիթը կ՚ունենային այս կամ այն հարցին մասին լսելու օրուան մտաւորականներու կարծիքը: Պատկերացուցէք երեկոներ, որոնց ներկայ են Գրիգոր Զօհրապ, Երուանդ Օտեան, Արշակ Չօպանեան, Տիգրան Կամսարական, Լեւոն Բաշալեան, Արփիար Արփիարեան, մինչեւ իսկ իգական սեռի ներկայացուցիչներ Սիպիլ, Նոյեմի Քէլէկեան եւ բազմաթիւ ուրիշներ: Բարին բուն եւ ամբողջական իմաստով կաճառ մը:

Մերօրեայ երիտասարդութիւնը գուցէ բանավէճը չար ու յոռի երեւոյթ որպէս կ՚ընդունի, որովհետեւ անոնց տեսած բոլոր բանավէճերը բանավէճ ըլլալէ անդին կռիւ ու ճակատամարտ մը եղած է. ինչ լաւատես երեւոյթ է, որ բառարաններ բանավէճը կը բացատրեն որպէս «ԳՐՉԱՄԱՐՏ», այլ խօսքով մարդ մը՝ որ ո՛չ թէ զէնքով ու ձեռքերով, ո՛չ թէ ստորնութեամբ, այլ խելքով ու իմացականութեամբ բանավէճ կը կատարէ:

Մերօրեայ իրականութեան մէջ բանավիճող երկու անձեր թշնամի կարելի է նկատել, որովհետեւ անոնք ոչ թէ գիտութեան կամ զարգացման համար կը վիճին, այլ ինքզինք պարտադրելու եւ ձեւով մը «յաղթական» դուրս գալու համար կը տանջուին. պէտք է ըմբռնել, որ ամենէն մեծ մտաւորական մը անգամ ի վիճակի է բանավէճէ մը դուրս գալ «պարտուած», սակայն բանավէճին հիմնական նպատակը յաղթել կամ պարտուիլը չէ, այլ ճիշդը գիտնալը, հոմոզուիլն ու հասկնալը:

Մենք այսօր շա՜տ ունինք վիճող երիտասարդութիւն, սակայն անոնց կողքին ունինք մեծապէս պակասը վիճող երիտասարդութեան. նման քաոսային շփոթի մէջ կ՚ապրինք, որովհետեւ վէճին ճշմարիտ իմաստին գիտակցութիւնը կը պակսի մեր մօտ:

Վերոյիշեալ մտաւորականութեան վերադարձը անհնարին է, սակայն հնարաւոր է եւ պարտադի՛ր պէտք մը՝ ստեղծել նման երիտասարդութիւն, որ ուտելիքի, զուարճութեան, կամ բամբասանքի փոխարէն հետաքրքրուին ազգին ցաւերով, մտահոգուին ապագայով:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -305-

Վահան Մալէզեան իր «Անցած օրեր...: Յուշամատեան Գատըքէօյի գրական երեկոյթներու» աշխատութեան մէջ կը յիշէ մտաւորականներու անուններ, որոնց հետ սերտ մտերմութիւն ունեցած է: Այսօր երբ կը մտածեմ մերօրեայ մտաւորականներու մասին, կը տեսնեմ, որ ապագայ սերունդը լուրջ դժուարութիւնը պիտի ունենայ յիշելու մտաւորականներու անուններ՝ որոնց հետ խօսակցութիւն ունեցած է:

Գուցէ տակաւին մենք բախտաւոր ենք. հակառակ երիտասարդ տարիքիս, առիթը ունեցած եմ տեսնելու Պէպօ Սիմոնեանը, Պօղոս Սնապեանը, բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանը, Աբրահամ Ալիքեանը, Գէորգ Գանտահարեանը, աւելի քան քսան տարիներ առաջ Լիբանան այցելած Սիլվա Կապուտիկեանը: Ապագայ սերունդը որո՞ւ անունը պիտի կարենայ յիշել... եթէ անուններ չգտնուին, այդ պարագային կրնանք հաստատել, որ մտաւորականութիւնը կը մահանայ մեր մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Օգոստոս 1, 2023