ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ԻՐԱՒԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄԸ - Գ -
Կը շարունակենք հատուածներ ներկայացնել Վահան Վարդապետ Բաստամեանցի «Կանոնագիտական երկեր»էն, որ մեզի կը հասնի Ազատ Բոզոյեանի աշխատասիրութեամբ։
Եւ թէպէտ նախապէս այդ կանոնները եւ օրէնքները շատ խիստ էին եւ կոպիտ, բայց հետզհետէ այսինչ կամ այնինչ ազգի կրօնական, մտաւորական եւ մանաւանդ իրաւաբանական զարգացման հետ համընթաց մեղմացան եւ կատարելագործուեցան անոնք։
Իսկ «հռովմէական օրէնսդրութիւն»ը ամուսնութեան եւ առհասարակ ընտանեկան կեանքի իրաւաբանական կողմի մասին դարձաւ իրաւաբանութեան առանձին ընդարձակ ճիւղ մը եւ ապագային մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ եւրոպական օրէնսդրութիւններու եւ իրաւաբանութեան վրայ…։
Դառնանք այժմ մեր խորագրին բովանդակութեան՝ Հայ ազգային-եկեղեցական իրաւաբանութեան։
Հայ Եկեղեցին, սահմանադրելով ամուսնութեան մասին զանազան ժամանակ զանազան կանոններ, նոյնպէս աշխատած է «օրինաւոր կացուցանել» ամուսնութիւնը իր բոլոր հետեւանքներով։ Այս նպատակով ան որոշած է մի քանի պայմաններ՝ որոնք անհրաժեշտ հարկաւոր են ամուսնութեան օրինաւորութեան համար, երբ անոնք չեն պահպանուած ճշդութեամբ՝ բոլորը կամ մի քանիները, կամ մինչեւ իսկ մէ՛կ պայմանը, ապա ուրեմն յառաջ կու գան նոյնպէս երկու հետեւանք՝ ամուսնութիւնը կ՚ըլլայ կամ «ապօրինի» եւ «անվաւեր», որով եւ քակելի կամ լուծելի, եւ կամ նոյնպէս «ապօրինի» եւ «անվաւեր» բայց ո՛չ լուծելի։
Այս պայմանները կը կոչուին երբեմն եւ «ամուսնական արգելքներ», քանի որ արգե՛լք կը հանդիսանան ամուսնութեան օրինաւորութեան։
Այս արգելքները կամ պայմաններ կ՚արժէ վերյիշել։
Աներկբայելի է, որ ամուսնութիւնը կարելի է հաստատել միա՛յն երկու տարբեր, այսինքն արական եւ իգական սեռի մէջ՝ այր-մարդու եւ կին-մարդու մէջ, քանի որ ամուսնութեան գլխաւոր խորհուրդն է որդեծնութիւնը, իսկ այս կարելի է իրականայ արուի եւ էգի, կամ այր-մարդ եւ կին- մարդու յարակցութիւններէն։ «Չէ՞ք կարդացած Սուրբ Գիրքերուն մէջ, թէ Աստուած սկիզբէն արու եւ էգ ստեղծեց մարդիկը եւ ըսաւ անոնց…» (ՄԱՏԹ. ԺԹ 4)։ Ուստի այս աստուածասահման օրէնքը բնական է եւ ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրին հետեւանք։
Հայ ժողովուրդը հեթանոսական ժամանակներ եւ հետեւած եւ համակերպուած էր «բնական օրէնք»ին եւ ճանչցած՝ միա՛յն մէկ տեսակ ամուսնութիւն՝ արուի եւ էգի մէջ՝ այր-մարդու եւ կին-մարդու մէջ։ Իսկ քրիստոնէութեան ժամանակ բնական օրէնքին հետ ու միասին ան սկսաւ հետեւիլ ե՛ւ «դրական օրէնք»ին։ Թէ կա՞ր արդեօք որեւիցէ աշխարհական կամ պետական օրէնք այս հարցի մասին, այժմ յայտնի չէ մեզի, բայց ընդունելով միանգամ, իբրեւ ընդհանուր սկզբունք եւ կանոն, որ պետութիւնը եկեղեցիին թողած էր առհասարակ ամուսնութեան վերաբերող օրէնսդրութիւնը, եւ ուրեմն պէ՛տք է ընդունիլ, որ ներկայ հարցի մասին կիրարկելի էր եկեղեցական կանոնը, եւ պետական օրէնքի զօրութիւն ունէր։
Իսկ Հայ Եկեղեցին՝ համաձայն Ս. Աւետարանին եւ առաքեալներու գրուածքներուն, կը թոյլատրէ ամուսնութիւնը միա՛յն այր-մարդու եւ կին-մարդու մէջ։ «Մաշտոց» գիրքը Ս. Պսակի խորհուրդի կանոնի մէջ կ՚ըսէ.- Քահանան կ՚առնէ հարսին աջ ձեռքը եւ կու տայ փեսային աջ ձեռքին եւ կ՚ըսէ…։ Ուրեմն միա՛յն հարսը եւ փեսան, այսինքն՝ արուն եւ էգը, այր-մարդը եւ կին-մարդը կարող են պսակուիլ։ Նոյն սկզբունքը կը կրկնեն մեր հայրապետները իրենց կանոններուն մէջ։ Զոր օրինակ՝ Ս. Սահակի 27-րդ կանոնը կ՚ըսէ.- Պատուէր արարէք զի տղայոց (այսինքն անչափահաս արուներուն) կանայս մի՛ խօսեսցին։ Իսկ Ներսէս Շնորհալին կ՚ըսէ.- Մի՛ ոք ի քահանայից առանց կամաց առնն ու կնոջն պսակ դիցէ։ Եւ բազմաթիւ կանոններու մէջ՝ ամուսնութեան համար անհրաժե՛շտ կը տեսնուի այր-մարդու եւ կին-մարդու ներկայութիւնը։
Հոս հակիրճ կերպով շօշափենք հետաքրքրական հարց մը ամուսնութեան իրականութեան մէջ։
Միակնութիւն՝ «monogamie» եւ բազմակնութիւն՝ «polygamie», այս երկու երեւոյթներու հարցը իրապէս հետաքրքրական է ամուսնութեան իրողութեան մէջ։
Նկատի ունենալով ամուսնութեան գլխաւոր նպատակը՝ որ է աճեցնել մարդկային սերունդը, պէտք էր կարծել, թէ ամուսնութեան մէջ բազմակնութիւնը աւելի տեղի պիտի ունենար, քան թէ միակնութիւնը։ Հոս յիշենք, թէ «բազմակնութիւն» կը նշանակէ՝ «միաժամանակ մի քանի կին ունենալ», իսկ «միակնութիւն»՝ «միայն մէ՛կ կին ունենալ»։ Բայց ամուսնութեան մէջ բնական նպատակին հետ միասին կայ ե՛ւ ուրիշ նպատակ մը՝ աւելի բարձր, աւելի խորհրդաւոր, բարոյական ու նուիրական նպատակ. «ամուսնական փոխադարձ սէ՜ր», ծնողական պարտականութիւններ, ընտանեկան խաղաղ եւ երջանիկ կեանք եւ այլն։
Իսկ «բազմակնութեան» մէջ երբեք կարելի չէ՛ հասնիլ ամուսնական կեանքի բարոյական նպատակներուն, քանի որ մա՛րդ կարելի չէ՛ միեւնոյն ժամանակ հաւասար կերպով սիրէ երկու, երեք կամ աւելի կին, իսկ անոնցմէ անմիջապէս յառաջ պիտի գան կիներու նախանձը եւ ատելութիւնը իրարու նկատմամբ, ընտանեկան խռովութիւններ եւ անբաւականութիւններ՝ զաւակներու խտրութիւն, եւ այլն, որոնք պիտի վնասեն միութիւնը։
Սուրբ Գիրքի «աստուածադիր օրէնք»ով, սկիզբէն ի վեր հաստատուած է «միակնութիւն»ը եւ ո՛չ թէ «բազմակնութեան ամուսնութիւն»ը։
Իսկ Քրիստոս վերահաստատեց հին օրէնքը, ըսելով. «Այս պատճառով այրը պիտի ձգէ իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ միանայ, եւ երկուքը մէ՛կ մարմին պիտի ըլլան» (ՄԱՏԹ. ԺԹ 5), եւ շարունակելով. «Հետեւաբար այլեւս երկու չե՛ն, այլ՝ մէ՛կ մարմին» (ՄԱՏԹ. ԺԹ 6)։
Ուստի Քրիստոսի խօսքերուն մէջ յատուկ իմաստ ունի. «երկուքը մէ՛կ մարմին» խօսքը, որ կրկնուած է «երկու չեն, այլ՝ մէ՛կ մարմին» խօսքով։ Ուրեմն ամուսնութիւնը կը հաստատուի միա՛յն երկու հոգիի մէջ, որոնք կ՚ըլլան «մէ՛կ» մարմին…։
- Պիտի շարունակենք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 26, 2016, Իսթանպուլ