ԱՇՈ՜ՒՆ Է… Ի՛Մ ԱՇՈՒՆԸ…

23 սեպտեմբեր՝ աշնան եղանակի սկիզբը, այսինքն «նոր կեանք»ի մը սկիզբը…

23 սեպտեմբեր՝ երէցկին Աննիկ Գալփաքճեանի «նոր կեանք» փոխադրուած օրը, 11 տարի առաջ, եւ իր «նոր կեանք»ի սկիզբը…

23 սեպտեմբեր՝ այս տրուպ գրիչին համար «նոր կեանք»ի մը, «նոր եղանակ»ի մը սկիզբը՝ ի՛ր աշնան եղանակի սկիզբը…

Եւ իր մասին, իր ցաւերուն, իր հոգերուն մասին գրել եւ խօսիլ ո՜րքան դժուար է, քանի որ ուրիշներ ալ մասնակից ընել չ՚ուզեր մարդ։ Բայց եթէ հաւատայ անոնց մտերմութեան եւ անկեղծութեան, կը համարձակի գոնէ մի քանի խօսք ընել, մի քանի տող գրել ի՛ր մասին։ Ահաւասիկ, այս տրուպ գրիչն ալ մտերիմ եւ անկեղծ համարելով իր սիրելի՜ եւ ազնիւ ընթերցող բարեկամները, կը համարձակի իր մասին արտայայտուիլ եւ մխիթարուիլ, իր սեփական աշունը ապրիլ, իր նոր կեանքը ապրիլ շարունակել նոր շունչով, նոր ոգիով, խանդավառուած, ոգեւորուած, որ իր «անբաժանելի՛»ն «նոր կեանք»ի մըն է սկսած…։

Եւ քանի որ Սուրբ Պսակի խորհուրդով ամուսնացած-միացածներ «մէ՛կ մարմին» են, ապա ուրեմն պէտք է ուրախանալ, որ այդ «մարմին»ին մէկ մասը նոր եւ երանելի՜ կեանքի մըն է սկսած։

Արդարեւ, սէրը անմահ է, սէրը անվերջ է, սէրը զօրաւո՛ր է, սէրը յաւիտենական է, քանի որ Աստուած Սէ՛ր է, եւ ուրեմն, ո՛չ թէ պարզ եւ սովորական իմաստով «յիշել»ու, այլ միտքը, սիրտը միասին ապրելու, բաժնելու համար, երէցկին եւ կրթական մշակ Աննիկ Գալփաքճեանի մասին խօսքով ե՛ւ գրիչով արտայայտուիլ անգամ մը եւս…։

Ուստի մեր նպատակը յիշել եւ յիշեցնել չէ՛, քանի որ յիշել՝ մոռնալ կ՚ենթադրէ, բայց սէրը եւ անբաժանելի միութիւնը չի՛ մոռցուիր, այլ միշտ կ՚ապրի սրտի եւ մտքի մէջ։ Եւ «նոր կեանք»ի համար մարմնապէս հեռացող մը, հոգեպէս կու գայ եւ կը հանգչի սրտի՛ մէջ…։

Ուրեմն տեսնենք, թէ երէցկին եւ կրթական մշակ Աննիկ Գալփաքճեան ինչ կ՚ըսէ իր մտքէն եւ մեր սիրտէն։ Խօսքին եւ գիրին թուականը կարեւոր չէ՛, քանի որ անոնք մշտնջենաւոր են եւ մշտանորոգ՝ ապրող միտքէ մը եւ բաբախող ազնիւ սիրտէ մը բխած։

Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հա՛յր,

Յարգելի հրաւիրեալներ եւ

Սիրելի Էսաեանցիներ,

Ընկերութեան մը առաջին տարրն է անհատը։ Ուրեմն ընկերութեան մը գոյապահպանման եւ գոյատեւման անխուսափելի պայմանն է զարգացնել անհատը նախ ֆիզիքապէս, եւ ուրիշին խնամատարութեան ենթարկել անիկա, յետոյ, ան իբր բանաւոր էակ, իր կեանքին մէջ որոշ եւ լուսաւոր քայլեր առնելու համար կը պարտաւորուի նաեւ՝ իր մտային յատկութիւններուն բարգաւաճման համար ուրիշէն խնամք ընդունիլ։

Եթէ տունկը մշակումի կը կարօտի, մարդս, որ բնութեան իշխանն է, ա՛լ աւելի մշակումի եւ կրթութեան կը կարօտի։ Կրթութեան բո՛ւն պաշտօնն է մարմինը, սիրտը եւ միտքը խնամել եւ մշակել։ Մինչդեռ հմտութեան եւ կամ ուսման նպատակն է մտային կարողութիւնները պարզել, բարգաւաճել եւ զօրացնել։

Կրթութիւնը կը սկսի օրրանին մէջէն, կը շարունակուի մայրական ծունկերուն վրայ, եւ կը շարունակուի նաեւ դաստիարակի մը խնամատարութեան ներքեւ եւ անկէ ետք անոր մտքին եւ սրտին ընդարձակագոյն մշակումը կը սկսի վարժարանի մը մէջ, ուսուցիչին քով։

Ընկերային կեանքի զանազան հարկաւորութիւններու համեմատ մարդուս ապրիլը արհեստ մըն է։

Ահաւասիկ, կրթութեան եւ ուսման բո՛ւն նպատակն է ուսուցանել այս արհեստը։

Ո՛վ որ կրթութենէ զուրկ մնացած ընկերութեան մէջն է, կը նմանի առաջնորդ չունեցող կոյրի մը, որ վտանգալի ճամբու մը վրայ կը քալէ եւ խարխափելով յանկարծ անդունդի մը մէջ կը գտնէ ինքզինք։

Ի՞նչ է վարժարանը։

Եթէ «մարդ մը ստեղծել» Աստուածային հրաշալի երեւոյթ մըն է, այդ մարդուն ապագան կերտելն ալ նո՛յնքան Աստուածատուր շնորհ մըն է։

Ընտանի յարկը մանկութեան սկզբնական կրթարանն է, եւ այս կրթութիւնը կը շարունակուի ոճի եւ կանոններու համեմատ հաստատուած կրթարաններու մէջ, լուսաւոր եւ փորձառու միտքերու առաջնորդութեամբ։

Ահաւասիկ, այս չափանիշներով իսկական վարժարանի տիպար մը եղած է մեր Էսաեանը, որ աւելի քան 100 տարիէ ի վեր կերտած է ապագան, շինած է ճշմարիտ մարդը եւ հասցուցած հանրօգուտ տարրեր, ինչպէս՝ մայրեր, ուսուցիչներ, մտքի մշակներ, ինքզինք հանրային ծառայութեան նուիրող անձեր, հոգեւորականներ եւ Պատրիարք մը։

Որքան զգայացունց հոգեվիճակի մը մէջ եմ սա պահուս, երբ կ՚արտայայտուիմ Էսաեանի այս օրուան առթիւ եւ ինքզինքս երախտապարտ կը զգամ վարժարանիս հանդէպ, երբ կը խորհիմ, թէ ես ալ գրեթէ ամէն ինչս ստացած եմ այս վարժարանէն եւ սա պահուս այս սրտաբուխ խօսքերը արտասանելու դիրքին հասած։

Շնորհակալ եմ քեզ Էսաեան Վարժարան։

Կեցցէ՛ Էսաեան Վարժարան։

***

Ահաւասի՛կ, գիտակից կրթական մշակի մը անկեղծ խօսքերը՝ ուր մանաւանդ առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ երախտագիտութեան ազնիւ զգացումը։ Մարդ կրնայ հասնիլ բարձր դիրքերու, կրնայ ստանալ աստիճաններ, տիտղոսներ, բայց չուրանալ, չմոռնալ իր անցեալը, եւ մանաւանդ իր ներկայ դիրքին սկզբնակէտը, թէ որոնք պատրաստեցին զինք այս օրերուն։ Եւ այդ սկզբնակէտը, ահաւասիկ, նախ ընտանիքն է, յետոյ վարժարանը որպէս հաստատութիւն, բայց մանաւանդ այդ հաստատութիւնը կանգուն պահող ազնիւ եւ անձնուէր ուսուցիչները, դաստիարակները՝ կրթական մշակները, որոնց անխո՛նջ եւ անձնազո՛հ աշխատութեան արդիւնքներն են մարդիկ՝ դիրքերու եւ աստիճաններու տէր ամէն մէկ անձ։

Երէցկին Աննիկ Գալփաքճեան, ա՛յս է որ կը յիշեցնէ մեզի, բոլորիս, ահաւասիկ…

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 26, 2018, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2018