ՈՒՍՈՒՑԻՉԻ ՊԱԿԱՍԸ ՈՒՆԻ՛ՆՔ
Մամուլի եւ տարբեր տարբեր ելոյթներու ճամբով բոլորս ալ նուազագոյնը մէկ անգամ լսած ենք հայկական վարժարաններուն ոչ յուսալից ապագայ հեռանկարին մասին. այդ դժբախտութեան մասին լսելով մէկտեղ լսած ենք տարբեր տարբեր քննադատութիւններ. մին մեղադրած է եկեղեցին՝ որ իր ձեռքին մէջ կը պահէ գրեթէ սփիւռքի մէջ գտնուող դպրոցներն ու ուսումնարանները. ուրիշներ քննադատած են ուսուցիչները՝ որոնք ո՛չ որպէս նուիրում ու մարդակերտում, այլ որպէս պաշտօն ու «արհեստ» կը կատարեն այդ մէկը, իսկ ուրիշներ քննադատած են ծնողներն ու աշակերտները, որոնց համար օտարինը մի՛շտ աւելի նուիրական եղած է՝ քան սեփականը:
Այս երեք քննադատութիւնները մէկտեղելով, կ՚ուզենք յայտնել, որ անոնք իրարմէ անբաժան մասնիկ են, որովհետեւ երեքին մեղքերը միանալով է որ ստեղծած են ներկայ վիճակը՝ ուր դպրոցները մէկ առ մէկ առյաւէտ իրենց դուռերը կը փակեն:
Այսօր սակայն, մեր հիմնական նիւթը պիտի ըլլան ուսուցիչներն ու ուսուցչութիւնը, որովհետեւ նոյնիսկ եթէ հայկական վարժարանները որոշ ժամանակ յաջողին քաշքշել իրենց կեանքի օրերը, տեղ պիտի գայ որ ուսուցիչ պիտի չունենանք...: Ներկայիս նոյնիսկ զգալի է ուսուցիչներուն պակասը եւ Հայաստանի համալսարանական տեղեկագիրները արդէն իսկ կը յուշեն մի քանի տարիներ ետք ըլլալիք բացին մասին, որովհետեւ տարուէ տարի կը պակսի մանկավարժութեան եւ կրթութեան հետ կապուած ճիւղերու աշակերտներու թիւը: Այդ պակասը կարելի է բացատրել այպէս.-
Հայ գրականութեան էջերէն կը հասկնանք, որ անցեալին ուսուցչութիւն ընելը «անպատուաբեր» գործ կը նկատուէր, մանաւանդ այն իմաստով, որ ուսուցիչներ մեր թուականէն դարեր առաջ կը նկատուէին թշուառականներ՝ դատապարտուած աղքատութեան եւ ժողովուրդը անոնց հանդէպ մուրացկանի աչքով կը նայէր. Պոլսոյ գրականութիւնը վկայ է, որ անցեալին ուսուցիչին ամուսնութեան համար աղջիկ նոյնիսկ չէին տար՝ իրենց աղջիկը եւս այդ թշուառութեան չմատնելու համար:
Որոշ ժամանակ ետք սակայն՝ հաւանաբար եւրոպական մշակոյթէն վարակուելով ուսուցիչին հանդէպ եղած տրամադրութիւնները փոխուեցան եւ փոխան մուրացկանի անոնք սկսան դիտուիլ որպէս իմաստուն ու նուիրեալ անձեր՝ որոնք հակառակ այդ կեանքի դժուարութեան ու թշուառութեան ամենայն սիրով կը շարունակէին իրենց անձերը նուիրել հայ գրականութեան ու հասակ առնող սերունդի դաստիարակութեան: Անտեսուած ուսուցիչը ժամանակ մը՝ մանաւանդ 1920-1950 թուականներուն հայ ժողովուրդի ամենէն կարեւոր դասը, որովհետեւ գաղթականութիւնը ճաշակած ժողովուրդը համոզուեցաւ, որ այդ մազապուրծ մանուկները հայ պահելու միակ միջոցը ուսուցիչներն են:
Ժամանակ մը ետք սակայն ուսուցիչներու արժէքը սկսաւ կամաց կամաց նահանջ մը ապրիլ, որովհետեւ գաղթականներուն յաջորդող սերունդները այնքան կարեւորութիւն սկսան չտալ կրթութեան՝ ինչքան իրենց նախահայրերը, որոնք հայ մնալու համար անհրաժեշտ նկատած էին այդ կրթութիւնը: Այսպիսով դպրոցը իր հայապահպանման կեդրոն դիտուելէ աւելի սովորական վարժարաններու դեր սկսաւ ստանալ դարձեալ՝ ինչպէս 1800-ականներուն:
Իւրաքանչիւր նոր սերունդ քայլ մը աւելի հեռացաւ նուիրական այդ օճախէն, մինչեւ հասնի հոն՝ որ ծնողներուն համար տարբերութիւն մը սկսի չունենալ արաբական, ամերիկեան, ֆրանսական դպրոցները՝ համեմատած հայկականին:
Ինչպէս գրեթէ ամէն ոլորտի մէջ, հայ դպրոցը եւս չկրցաւ քայլ պահել զարգացած աշխարհին հետ եւ որոշ ժամանակ շարունակեց հաւատարիմ մնալ Տէր Թոդիկեան մեթոտներուն՝ հեռու ամէն տեսակ մանկավարժական սկզբունքներէ եւ մօտեցումէ:
Այս բոլորը նկատի ունենալով ուսուցչութիւնը նուիրական նկատող ազգը դարձեալ «թշուառներու» աշխատանք սկսաւ նկատել, մանաւանդ երբ տեսաւ որ վերջին տասնեամեակին ուսուցիչ ըլլալու չափանիշը ո՛չ թէ մանկավարժ կամ զարգացած ըլլալն է՝ այլ խնամի-ծանօթ-բարեկամ ունենալը:
Աշխարհը զարգացաւ եւ իր հետ զարգացուց արհեստագիտութիւնն ու արհեստները, սակայն ուսուցչութիւնը մնաց ճահճացած եւ կորսնցուց իր հմայքը, որովհետեւ յառաջդիմող աշխարհը փոխուեցաւ եւ ուսուցիչը դարձեալ թշուառութեան վերադարձաւ. աւելի յստակ ըլլալու համար այսպէս բացատրենք. այսօր Հայաստանի մէջ գործող արհեստագիտութեամբ զբաղուող ընկերութիւններ իրենց աշխատողներուն կը վճարեն 250,000-էն մինչեւ 500,000-ի հասնող աշխատավարձ, մինչ հակառակ կեանքի թանկացումին դպրոցները կը շարունակեն 80,000-90,000 դրամի վճարում կատարել ուսուցիչներուն: Տրամաբանական չէ՞ որ 21-րդ դարու մէջ ապրող ատակ ուսուցիչը պիտի նախընտրէ արհեստագիտութեամբ զբաղուող կազմակերպութեան մէջ աշխատիլ՝ քան դպրոցին:
Հաւանաբար շատեր գտնուին ու ըսեն, որ նուիրումի հարց է. պէտք է ընդունիլ, որ նուիրումն ու կեանքի պայմանները տարբեր բաներ են. այսօր նոր սերունդը նուիրումով չէ՛ որ իր փորը պիտի կշտացնէ՝ մանաւանդ երբ ընտանիքի տէր է եւ ունի պարտաւորութիւններ:
Եթէ լաւապէս այս բոլորի լուծումներուն մասին չմտածենք, հայկական վարժարանները վերջնականապէս չփակած ուսուցիչի պակասէն պիտի տառապինք. պէտք է համոզուինք՝ որ «մշակը արժանի է իր վարձքին», որպէսզի հայ երիտասարդը ինքզինք այդ թշուռին վիճակին մէջ չգտնէ եւ շարունակէ իր սրբազան առաքելութիւնը՝ որուն մեծապէս կարիքը ունինք այսօր ո՛չ միայն սփիւռքի՝ մինչեւ իսկ Հայրենիքի մէջ, որովհետեւ Հայրենիքի մէջ գործող դպրոցներու ուսուցիչներուն մեծամասնութիւնը ժառանգներն են Սովետական Միութեան՝ 65-ը անձ իրենց Տէր Թոդիկեան սկզբունքներով:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -59-
Մամուլի մէջ առաջին անգամ գրել սկսած եմ 13 տարեկանիս, սակայն պաշտօնապէս սկսած եմ թերթի խմբագրութեան մէջ աշխատիլ 18 տարեկան հասակիս: Այդ տարիներուն յօդուածագրութեան ու խմբագրութեան կողքին կը զբաղուէի նաեւ ուսուցչութեամբ:
Այդ տարիներուն աղջկան մը հետ սիրահարեցայ եւ անմիջապէս ուզեցի ծանօթանալ աղջկան ընտանիքին հետ՝ ցոյց տալու համար նպատակներու լրջութիւնը:
Առաջին հանդիպման ընթացքին աղջկան հայրը հարց տուաւ, թէ ի՞նչ գործերով կը զբաղուիմ. հպարտութեամբ ներկայացուցի թերթի խմբագրական կազմի մէջ գտնուիլս, ինչպէս նաեւ ուսուցչութիւն կատարելս՝ այն տրամաբանութեամբ որ պատուաբեր է նման նուիրական գործերով զբաղուիլը:
Պատասխանը կտրուկ էր. «Հայերուն քով աշխատելով ո՛չ ընտանիք կրնաս կազմել ոչ ալ կրնաս փորդ կշտացնել...»:
Մինչեւ այդ օր իր նուիրականութիւնը պահած այդ երկու սրբազան պաշտօնները վայրկենապէս ոտնակոխուած էին. աղջկան հա՞յրն էր մեղաւորը թէ ոչ մենք... որ այդպիսի վիճակի մատնած ենք մեր ուսուցիչներն ու մամուլի նուիրեալները:
Դո՛ւք ըսէք:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ