ՀՈՆ ՈՒՐ ՀԱՒԱՏՔ ԿԱՅ, ՀՈՆ ԵՐԲԵՔ ՎԱԽ ՉԿԱ՛Յ

Չարին անդոհը ատելութիւն եւ խորշանք կը պատճառէ, գալիք չարիքն ալ՝ վա՛խ։ Այս շարժումը կը յանգի առկայ չարին պատճառած տխրութեամբ կամ անոր հակադրող բարկութեամբ։ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի կ՚ըսէ, թէ՝ սիրել, մէկուն բարիքը ուզել է։ Միւս բոլոր զգայնութիւնները կը բխին մարդուն սրտին սկզբնական շարժումէն դէպի բարին, ըստ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսի։ Միայն լաւը կը սիրուի։ «Կիրքերը գէշ են եթէ սէրը գէշ է, բարի են, եթէ սէրը բարի է», կ՚ըսէ դարձեալ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։

Ընդհանուր առումով, վախը մարդը կ՚առաջնորդէ դժբախտութեան, հոգեկան նեղութիւններու։

Արդարեւ, վախը պէտք է զանազանել «երկիւղ»է եւ «ակնածանք»է։ Այս իմաստով, վախը կը տկարացնէ հաւատքը իսկ երկիւղը՝ կը զօրացնէ զայն։

Աստուծոյ երկիւղը Սուրբ Հոգիին եօթը պարգեւներէն մին է. ան կը զօրացնէ հաւատքը՝ որուն միջոցով մարդ կը հաւատայ Աստուծոյ եւ կը հաւատայ ամէն բանի՝ որ Ինք յայտնած է իրեն։ Յարգանքը իր արմատները ունի Աստուծոյ երկիւղին մէջ։ Բայց վախը բոլորովին բացասական ազդեցութիւն կը գործէ մարդուս հոգեւոր կեանքին վրայ, եւ այդ իսկ պատճառով է որ հոն՝ ուր հաւատք կայ, վախը կը փարատի։

Քրիստոսի վստահիլ, Անոր ապաւինիլ, հաւատալ եւ հաւատքով, համբերութեամբ յուսալ, վերջապէս յանձնուիլ Անոր կը փարատէ վախը։ Մաքրութեան, սրբութեան եւ փրկութեան աղբիւրը Քրիստո՛սն է։

Հովը, փոթորիկը, մրրիկը զօրեղ են, որոնք ծովուն մէջ նաեւ կը լեցնեն ծովի ջուրը, նաւուն մէջ ուր մարդ ինքզինք մասամբ ապահով կը զգայ։

Եւ այդ հովերուն, փոթորիկին եւ մրրիկին նման, կեանքի մէջ կան նեղութիւններ, դժուարութիւններ, հիւանդութիւններ, անյաջողութիւններ, ձախողութիւններ եւ մարմնական կամ հոգեւոր կորուստներ, որոնք կը հարուածեն մարդուս կեանքի նաւը, կը խուժեն անոր մէջ։

Բայց ինչո՞ւ վախնալ։

Ինչո՞ւ վախնալ երբ Յիսուս միշտ մեր քովն է. միշտ մեզի հետ եւ պատրա՛ստ օգնելու։ Ուստի, Յիսուս երկար ճամբաներ կը կտրէ մեզի օգնելու համար։ Կեանքի մէջ նեղութիւններ կան՝ շատեր՝ որ «լեգէոն» կը կոչուին, քանի որ անոնք շատ են, բազմաթիւ։

Յիսուս մէկ հոգիի փրկութեան համար կրնայ երկար ճամբաներ կտրել՝ արհամարհելով ամէն վտանգ, որուն կը վկայէ Աւետարանը։

Հիւանդութիւններ, նեղութիւններ ալիքներ կան, որոնք կը հարուածեն մարդը. եւ մարդ կը հարցնէ Յիսուսի «Ո՞ւր ես, ինչո՞ւ կը քնանաս, հոգդ չէ՞ որ կը կորսուիմ…» (ՄԱՐԿ. Դ 38)։ Բայց Ան միշտ արթուն է եւ պատրաստ ձեռք երկարելու, փրկելու, օգնելու եւ հեռու պահելու ամէն վտանգէ։ Ան երբեք չի՛ քնանար։ Ան երբեք անհոգ եւ անտարբեր չէ մեզի նկատմամբ։ Ան միշտ կը հսկէ։

Կարեւոր է, թէ «կեանքին նաւ»ին ղեկը որո՞ւն յանձնուած է։ Եթէ «ղեկավար»ը ապահով է եւ զօրաւոր, հարց չկա՛յ։

Այս իմաստով, վախը եւ հաւատքը երբեք չե՛ն համաձայնիր։ Հաւատքը կը փարատէ վախը։

Կը պատմուի, թէ օդանաւ մը սաւառնած ատեն կը խանգարուի եւ կը վնասուի, անշուշտ բոլոր ճամբորդները խռովքի կը մատնուին։ Բայց փոքրիկ աղջիկ մը պաղարիւն, անխռով հանդարտ կը հետեւի եղելութեան։

Ճամբորդները, հետաքրքիր կը հարցնեն փոքրիկ աղջկան. «Ինչպէ՞ս այս հանդարտութիւնը»։

Աղջիկը ինքնավստահ կը պատասխանէ. «Երբ օդաչուն Հայրդ է եւ կեանքդ յանձնած ես Իրեն, ապահով ես եւ վախնալու պատճառ մը չունիս»։

Ուստի, եթէ հաւատքդ զօրաւոր է, հոն վախը երբեք տեղ չունի։ «Արդ՝ հաւատքը յուսացուած բաներուն հաստատութիւնը եւ չերեւցած բաներուն ապացոյցն է. վասն զի անով առաջինները վկայութիւն ընդունեցին։ Հաւատքով կ՚իմանանք թէ աշխարհ Աստուծոյ խօսքովը հաստատուեցաւ եւ աներեւոյթ բաներէն այս երեւցածները եղան…». (ԵԲՐ. ԺԱ 1-3)։

Եթէ վախ ունինք, այս կը նշանակէ, որ մեր հաւատքը զօրանալու կարօտը ունի. ուստի զօրացնե՛նք մեր հաւատքը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 28, 2024, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2024