ԱՇԽԱՐՀԻ ՎԱԽՃԱՆԻ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ

Թէեւ Մարդու Որդին ըսաւ, թէ «Ոչ ոք գիտէ օրը կամ ժամը», սակայն յամառ ու պնդագլուխ մարդ արարածը դարեր շարունակ փնտռեց, կը փնտռէ եւ պիտի շարունակէ փնտռել այդ անյստակ թուականի որոնումը, գտնելով թուականներ, որոնք ամենեւին ալ իրենց սպասումին յագուրդ պիտի չտայ:

Փիլիսոփայութեան, կրօնի եւ գիտութեան մէջ մարդ արարածը միշտ ալ փորձած է գտնել պատասխանը աշխարհի ստեղծագործութեան, ինչպէս նաեւ անոր վախճանին առեղծուածին մասին: Պատմութեան ընթացքին, այս կամ այն տեսութեան վրայ հիմնուելով, մարդիկ որպէս աշխարհի վախճան ճշդած են թուականներ եւ յաջողած են համոզել բազմաթիւ միամիտներ, իսկ աւելի վատը՝ շատեր իրենք իրենց ճշդած թուականին հաւատալով կրած են անոր ծանր հետեւանքները:

Մեր թուականէն 68 տարիներ առաջ՝ 1953-ին անգլիական «Տը Եունիվերս» (The Universe) հանդէսը կը հրապարակէ յօդուած մը, ուր գիտնականներ կը յայտնեն, թէ հազար միլիոն տարի ետք աշխարհը կա՛մ պիտի հրկիզուի եւ կամ ամբողջութեամբ սառի եւ այսպիսով վերջ գտնէ աշխարհ մոլորակը:

Անոնք որպէս առաջին վարկած յառաջ կը քշեն սառելու գաղափարը. ըստ գիտնականներու՝ արեգակը, որ մահամերձ կրակ մըն է, ամէն վայրկեան իր զանգուածէն կը կորսնցնէ 250 միլիոն թոն եւ հետեւաբար օրէ օր կը փոքրանայ: Այս ընթացքով պիտի գայ օր, երբ երկրաւոր բոլոր էակները պիտի սառին ու ցուրտին պատճառով մեռնին եւ աշխարհը պիտի վերածուի սառած, մութ ու մեռած մոլորակի մը:

Նոյն գիտնականները, պահելով հանդերձ արեգակին կործանելու վարկածը, առաջինին հակառակ կու տան այլ տեսութիւն մը եւս. կրնայ ըլլալ որ ժամանակի ընթացքին աստղերը հազար անգամ աւելի լոյս ու ջերմութիւն սփռեն եւ արեգակի ջերմութեան հետ միատեղ կլանէ ու հալեցնէ աշխարհը եւ այսպիսով աշխարհի վախճանը տեղի ունենայ հրկիզումի պատճառով:

Ի՜նչ հակասութիւն. ըստ վարկածներուն կա՛մ ցուրտէն եւ կամ տաքէն պիտի ոչնչանայ մարդն ու երկիր մոլորակը:

Աստղագէտներ եւս կու տան այլ վարկած մը. ըստ իրենց տեսութեան՝ ժամանակի ընթացքին որեւէ մէկ աստղ կրնայ մեր մօտէն անցնիլ եւ իր ձգողական զօրութիւնով իրարանցում ստեղծել: Այդ պարագային կրնան ծովն ու ովկիանները զայրանալ եւ հսկայական ալիքներով խուժեն ու քարուքանդ ընեն երկիր մոլորակը: Ըստ տեսութեան՝ այս մէկը կրնայ պատահիլ, եթէ աստղ մը սպրդի արեգակնային դրութեան մօտերը եւ աստղի մը մօտեցումը արեգակին՝ աստղագէտներու համաձայն՝ անկարելի բան մը չէ:

Միւս մէկ վարկածը երկնային այլ մարմիններու՝ բախումն է քարերու, որոնք երկվայրկեանի մէջ քանի մը մղոն արագութեամբ կը ճամբորդեն: Այդ արագութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ, որ այդ քարերը վերածուին հրեղէն մարմիններու: Այդ քարերը երկվայրկեանի մը մէջ 48 քիլօմեթր արագութեամբ կ՚ընթանան, հետեւաբար նման քարերու բախումը կրնայ պատճառ ըլլալ աշխարհի վախճանին:

Սակայն այս բոլորին դիմաց գիտնականները կու տան այն հանգստութիւնն ու ապահովութիւնը, թէ այս բոլորը կրնան պատահիլ հաւանաբար հազար միլիոն տարիներ ետք. մտահոգուելու կարիք չունինք:

Գալով կրօնական գետնի վրայ միաստուածեան կրօնի հետեւորդներուն (հրեաներ, քրիստոնեաներ եւ միւսիւլմաններ), անոնք աշխարհի վախճանի տեսութիւնը կապուած կը տեսնեն Աստուծոյ Դատաստանին, հաւատալով որ այն օրը երբ Աստուած մարդկութիւնը դատելու գայ, ինքնին աշխարհի վերջին օրը պիտի ըլլայ: Թէեւ Մարդու Որդին ըսաւ, որ ո՛չ ոք գիտէ օրն ու ժամը, սակայն Աւետարանի շարք մը խօսքեր պատճառ եղան, որպէսզի սկսին հետեւողութիւններ ընել մարդիկ, որոնցմէ ենք նաեւ մենք՝ հայերս: Յայտնութեան գիրքին 20-րդ գլխուն 5-րդ համարը կ՚ըսէ. «Մնացեալ մեռելներէն ո՛չ ոք կենդանացաւ, մինչեւ լրացաւ հազար տարին». նկատի ունենալով, որ Քրիստոնէութիւնը կ՚ուսուցանէ, թէ բոլոր մեռեալները յարութիւն պիտի առնեն այդ օր Աստուծոյ Դատաստանին դիմաց կանգնելով, հայերս այդ հազար տարուայ յարութիւնը կապելով Դատաստանի օրուան, Անիի մէջ կառուցեցինք հազար ու մէկ եկեղեցի, որովհետեւ Քրիստոսէ հազար տարի ետք կրնար Դատաստանի օրը ըլլալ:

Քրիստոսէն ետք մինչեւ այսօր աւելի քան 230 թուական նշուած է եկեղեցականներու, աստուածաբաններու, փիլիսոփաներու եւ գիտնականներու կողմէ. շատ անգամ անոնք եղած են լոկ որպէս տարեթիւ, շատ անգամ որպէս ամսաթիւ, իսկ ուրիշներու մօտ մինչեւ իսկ յստակ օր եւ ժամ: Անոնց վերջիններէն է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիոյ շրջանին մէջ հիմնուած «Մարիններու Եկեղեցի» (Mariners Church) հաւատացեալներու խումբին վարկածը, թէ 2021 թուականը աշխարհի վախճանն է. 2021 թուականին մնաց 58 օր. տեսնենք ինչ կ՚ըլլայ եւ կամ ետքը ի՞նչ արդարացի պատճառաբանութիւն առաջ կը բերեն:

 «Մեսիա» միջազգային հիմնադրամը որպէս աշխարհի վախճան թուական ճշդած է 2026 թուականը, իսկ ամերիկացի քարոզիչ Կենտ Հովինտ՝ 2028 թուականը, այլապէս 2129, 2239 եւ 2280 թուականները:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԼԵՒՈՆ ԶՕՀՐԱՊԵԱՆ

(1892-1969)

Մեր թուականէն 129 տարիներ առաջ՝ 1 նոյեմբեր 1892-ին Վրաստանի մէջ ծնած է դերասան Լեւոն Զօհրապեան:

Զօհրապեան ծնած է Վրաստանի մեծահարուստ ընտանիքներէն մէկուն մէջ. նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի ռուսական դպրոցէն ներս, ուր կատարած է իր բեմական նախափորձերը: Մի քանի տարի թատերական փորձ ձեռք ձգելէ ետք ուսումը շարունակած է ռուսական թատերական կաճառէն ներս՝ 1919-1921 տարիներուն:

Զօհրապեան որոշ ժամանակ ռուսական թատրոնին ծառայելէ ետք անցած է հայկական թատրերգութեան, ինչ որ պատճառ եղած է հայերէն լեզուի բարելաւման՝ նկատի ունենալով իր ռուսական կրթութիւնը: Հայկական թատրերգութեան մէջ ելոյթ ունեցած է Գրիգոր Աւետեանի, Յասմիկի, Վահրամ Փափազեանի եւ այլ յայտնի դերասաններու հետ:

Լեւոն Զօհրապեան իր դերասանական կեանքի մեծ մասը անցուց Կիւմրիի մէջ, մաս կազմելով Վարդան Աճէմեանի անուան թատրոնին, ուր դարձաւ առաջին կարգի դերասան:

Զօհրապեան որպէս դերասան ներկայացուցած է Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկանները», ստանձնելով Աբիսողոմ աղայի դերը, Գ. Սունդուկեանի «Պէպօ»ն՝ Զիմզիմովի դերով, Շէյքսփիրի «Տասներկուերորդ գիշեր»ը՝ Թոպի Պելչի դերով, Վ. Կուսեւի «Փառք»ը՝ Մետվետեւի դերով եւ բազմաթիւ ուրիշներ: Զօհրապեան թատրերգութեան կողքին դերեր ստանձնած է նաեւ ժապաւէններու մէջ, մաս կազմելով «Սեւանի ձկնորսները», «Դաւիթ Բէկ», «Մանրուք» եւ «Հասցէատիրոջ Որոնումները» ժապաւէններուն:

Դերասանը մահացած է 29 օգոստոս 1959-ին, Կիւմրիի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2021