ՄԱՀԱՑՈՒ ՄԵՂՔԵՐ
Եօթը մեղքեր կ՚անուանուին «մահացու մեղքեր»։ Եւ սակայն այս չի՛ նշանակեր, որ այս մեղքերէն զատ միւս մեղքեր եւ յանցանքներ «մահացու» չեն եւ կամ այս եօթը «մահացու» մեղքերուն համար թողութիւն եւ քաւութիւն չկայ։ Արդարեւ, բոլոր մեղքերն ալ «մահացու» են, եթէ չկայ զղջում գործուած մեղքերուն եւ յանցանքներուն համար։
Եօթը մեղքեր կը կոչուին «մահացու» այն պատճառով, որ անոնք կ՚ապականեն քրիստոնեայի կեանքը, կը հեռացնեն անոնք Աւետարանէն եւ եկեղեցիէն։
Ուրեմն «մահացու մեղք»եր են՝ 1- Նախանձ, 2- Բարկութիւն, 3- Ծուլութիւն, 4- Ագահութիւն, 5- Որկրամոլութիւն, 6- Բղջախոհութիւն, 7- Հպարտութիւն։
Իսկ «Սուրբ Հոգիին դէմ հայհոյութիւն»ը՝ որուն համար թողութիւն չկա՛յ։ Սուրբ Հոգիի դէմ հայհոյողներ անոնք են՝ որոնք առանց զղջալու կը յամառին մեղքի մէջ, մերժելով Սուրբ Հոգիի վարդապետութիւնը։
Տեսնենք թէ ինչ կը նշանակեն եօթը մահացու մեղքերը։
1- ՆԱԽԱՆՁ. կը նշանակէ ոխակալութիւն, ատելութիւն, նենգութիւն, մախանք, դաւաճանութիւն։
Նախանձը միշտ կը ձգտի բամբասանքի, չարամտութեան, կ՚արհամարհէ բոլորը, ուրիշներու փոքր յանցանքները եւ մեղքերը կը դիտէ խոշորացոյցով՝ մոռնալով եւ անտեսելով իր բազմաթիւ հսկայ գերանները, ուրիշներու բարիին «չար» կ՚ըսէ, կ՚ատէ բարեկամները եւ հաւանութիւն կու տայ եւ կը համաձայնի, կը մասնակցի Աստուծոյ համար ատելի գործերուն։
Այս չար նախանձը «չար»ին՝ սատանային սերմն է եւ կը չարչարէ մարդուն միտքը, կը հիւծէ անիկա, հանգիստ չի տար եւ միշտ նորանոր չարութիւններ կը ստեղծէ։ «Նախանձը նախ իր անձը կը վնասէ, եւ յետոյ ուրիշները», կ՚ըսէ Տաթեւացին։ Հետեւաբար նախանձը այնպիսի ախտ մըն է, որ կը վնասէ ո՛չ միայն հիւանդը, այլեւ՝ ամբողջ շրջապատը։
2- ԲԱՐԿՈՒԹԻՒՆ. կը նշանակէ զայրոյթ, վրդովմունք, ցասում, նզովել, զրպարտել, քրթմնջալ։ Բարկութիւնը այն մեղքն է, որ ամէն անգամ կը զրկէ մարդը առողջ դատողութենէ, որուն պատճառով մարդ կրնայ իյնալ աւելի մեծ եւ ծանր մեղքերու մէջ։ Մանդակունին կ՚ըսէ. «Բարկացած մարդը չի ճանչնար ճշմարտութիւնը»։ Ուստի, պէտք է զգուշանալ եւ խուսափիլ, քանի որ բարկութեամբ մարդը կը կորսնցնէ Աստուծոյ պատկերը։
3- ԾՈՒԼՈՒԹԻՒՆ. կը նշանակէ անգործութիւն, անաշխատութիւն, անտարբերութիւն, անհոգութիւն, պարապ մնալ, քնկոտութիւն՝ շատ եւ շարունակ քնանալ, ալարիլ, յուլանալ, ընդողնիլ։
Ծոյլը կ՚ատէ աշխատանքը, ուսումը եւ Սուրբ Գիրքի ընթերցանութեամբ չ՚ուզեր զօրանալ, եկեղեցի չ՚երթար եւ շատախօսութեամբ եւ յօրանջելով կը սպառէ, կը վատնէ այնքան թանկ եւ արժէքաւոր ժամանակը։
4- ԱԳԱՀՈՒԹԻՒՆ. կը նշանակէ արծաթսիրութիւն, աւելի շատ ունենալ, անյագութիւն։ Ագահը խաբեբայ է, յափշտակող, որ ողորմութիւն չի ճանչնար. գութ չունի, եղբայրսիրութիւնը անոր համար խորթ է։ Ագահութեան հակառակն է ողորմութիւնը եւ աղքատսիրութիւնը, գթասրտութիւնը, կարեկցութիւնը։
Ագահութեան ախտը այն աստիճան վնասակար է, որ Սուրբ Գիրքը կ՚անուանէ կռապաշտութիւն, այսինքն՝ ունայն եւ սին, պարապ բաներու ծառայութիւն։
5- ՈՐԿՐԱՄՈԼՈՒԹԻՒՆ. կը նշանակէ անյագ ուտել, որովայնը լեցնել, անչափաւորութիւն ամէն հարցի մէջ։ Որկրամոլութեան հակառակն է պահեցողութիւնը։ Համաձայն եկեղեցւոյ վարդապետներու, այս մեղքը ամէն մեղքի դուռը եւ բերանն է։
6- ԲՂՋԱԽՈՀՈՒԹԻՒՆ. կը նշանակէ պոռնկական խորհուրդներ, վաւաշոտ ցանկութիւն, անամօթութիւն, ցոփ, լկտի խօսիլ, ապականեալ խորհուրդներով մեղանչել։ Բղջախոհութեան հակառակն է ողջախոհութիւնը եւ ժուժկալութիւնը։
7- ՀՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ. մասին պիտի խորհրդածուի առանձին…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 31, 2023, Իսթանպուլ