ՆԵՐՍԻՍԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Մեր պատմութեան մէջ կան անուններ եւ տեղանուններ, որոնք ցաւ ի սիրտ կորսուելով իրենց անունը ձգած են պատմութեան էջերուն մէջ. կեանքը անոնցմէ շատերուն զլացած է նոյնիսկ այդ մէկը եւս: Այդ կորսուող անուններուն մէջ յատկանշական է մի քանի դպրոցներու եւ ուսումնարաններու անունները, որոնք հայ ազգին տուած են բազմաթի՜ւ մտաւորականներ, գրողներ եւ փիլիսոփաներ: Անոնցմէ են Մխիթարեան, Եսայեան, Գալֆայեան, Մելգոնեան, Լազարեան ուսումնարանները եւ ուրիշներ:
Կ՚ուզենք անոնցմէ ամենէն յայտնիներէն յիշել Թիֆլիզի Ներսիսեան վարժարանը, որ գործած է ճի՛շդ մէկ դար՝ 1824-էն մինչեւ 1924 թուականը: Ներսիսեան վարժարանը հիմնելու գաղափարը սկիզբ կ՚առնէ 5 դեկտեմբեր, 1807 թուականին Ներսէս Ե. Աշտարակեցիի վարդապետութեան ժամանակ գրած «Գաղափար Կանոնագրին ուսումնարանի» խորագրեալ կոնդակով, ուր դպրոցի նպատակը կը նկարագրուի հետեւեալ տողերով.- «Ապաքէն զի վայելեսցէ քաղաքն զարդիւնս ուսումնարանի եւ ծնողք վայելեսցեն զպտուղս իմաստութեան որդւոց իւրեանց». Ներսէս Վարդապետ կոնդակին կը կցէ կանոնագիր մը դասարանային եւ տարիքային բաժանումներու կապուած. անոնցմէ ամենէն յատկանշականն է կանոնագրին 5-րդ կէտը, որ կ՚ըսէ. «Որդիք հարստաց եւ աղքատաց որք մի անգամ գայցեն յուսումնարան, ամենայն կանոնաց ուսումնարանին հաւասարապէս ունիցին զպահպանութիւն»: Կանոնագիրի ամբողջութիւնը կը բաղկանայ 14 էջերէ:
Ներսէս Վարդապետի ամբողջ մտահոգութիւնը նոր սերունդի դաստիարակութիւնն ու կրթութիւնն էր. Թիֆլիզի ուսումնարանի հիմնադրութենէն առաջ Էջմիածնի մէջ փորձած է հիմնել ուսումնարան, վերականգնել դժբախտ վիճակի մէջ գտնուող ժառանգաւորաց բաժինը, սակայն ռուս-պարսկական պատերազմները արգելք հանդիսացած են: Վարդապետը 1818 թուականին գրած իր նամակներէն մէկուն մէջ կը յայտնէ, թէ քսան տարեկան հասակէն միշտ մտածած եւ ուզած է ուսումնարան մը հիմնելու կարեւոր աշխատանքի կեանքի կոչելու մասին:
Էջմիածնի մէջ ուսումնարան հիմնելու փորձերէն ետք, 1814 թուականին Ներսէս Վարդապետ կ՚ընտրուի առաջնորդ Վրաստանի թեմի. այդ միջոցին Վրաստանի մէջ հայկական դպրոց գոյութիւն չունէր եւ ըստ Ներսէս Վարդապետի յուշերուն, ամբողջ Վրաստանի մէջ միայն երկու հոգի հայերէն գրել-կարդալ գիտէին. նոյնիսկ եկեղեցականներ հայերէն կարդալ չգիտնալու պատճառով, ծէսը ամբողջութեամբ բերանացի անգիր սորված կ՚ըլլային. Ներսէս Վարդապետի գրեթէ յանձնուած էր քանդուած թեմ մը եւ հետեւաբար վստահաբար դիւրին չէր նոր վարժարան մը հիմնել, մանաւանդ որ պիտի ունենար իր հակառակորդները (շատեր կան խաւարի մէջ կ՚ապրին եւ լոյս բերողը կ՚արգիլեն):
Ներսէս Վարդապետ երբ Վրաստանի առաջնորդութեան կը կանչուի, առաջնորդարանը թալանուած կը գտնէ. ո՛չ մէկ գումար, ո՛չ մէկ եկամուտ եւ հասոյթ, իսկ ժողովուրդը խեղճ, աղքատ ու տգէտ: Այդ իսկ պատճառով ամբողջ երկու տարի՝ 1814-1815 թուականներուն Ներսէս Վարդապետ նամակներու ճամբով կը դիմէ տարբեր թեմերու եւ ազնուականներու, սակայն երկու տարիներու ջանքերը կը մնան ապարդիւն: Առանց յուսահատելու Ներսէս Վարդապետ եկեղեցւոյ սրահներէն մէկուն մէջ 20 հոգինոց դասարան մը կը հիմնէ եւ Ղարաբաղէն բերել կու տայ իր ժամանակի մէջ անուանի Պօղոս Վարդապետը՝ որպէս ուսուցիչ: Ներսէսի երազն էր 800 աշակերտ ունեցող ուսումնարան մը հիմնել, լաւագոյն ուսուցիչներով օժտուած. անոր համար ուսուցիչ գտնելը աւելի դժուար գործ կը թուէր քան դպրոց հիմնելը:
Երեք տարիներու ջանքերէ ետք օր մը Ներսէս Վարդապետի մօտ կ՚այցելեն ազնուականներ Սարգիս Եսայեանն ու Մելիքեանց, որոնք 500 ռուբլի կը նուիրեն ուսումնարանի շինութեան համար. Յովհաննէս Աղա Լազարեան (Լազարեան Ճեմարանի հիմնադիրը) ինք եւս 3 հազար ռուբլի կը կտակէ դպրոցի հիմնադրութեան համար եւ այսպիսով 1818-ին սկիզբ կ՚առնէ ուսումնարանի շինութիւնը. ուսումնարանի համար մնայուն եկամուտ ապահովելու մտածումով դպրոցի կողքին Ներսէս Վարդապետ շինել տուաւ կրպակներ, որոնց վարձքով դպրոցը պիտի գոյատեւէր: Եկեղեցական ըլլալով հանդերձ Ներսէս Վարդապետ մասնակցած է բոլոր աշխատանքներուն եւ բազմաթիւ հնարամտութիւններով փորձած է պակսեցնել ծախսերը, մինչեւ իսկ իր անունով ուսումնարանի շինութեան համար պարտք վերցնելով օտարներէ:
Այս բոլորին դիմաց ժամանակակից պատմիչ մը կը գրէ. «Քաղաքիս հայ ժողովուրդն ապշած էր մնացել տեսնելով իւրեանց առաջնորդի ձեռնարկած գործի մեծութիւնը»:
Եւ այսպիսով կեանքի կոչուած է Ներսէս Վարդապետի երազած Ներսիսեան վարժարանը, որ հարիւր տարիներու ընթացքին տուած է աւելի քան երկու հազար շրջանաւարտ: Դպրոցը ունեցած է իր տպարանը, պարբերականն ու աշխատանոցը:
Ներսիսեան վարժարանէն ներս ուսում ստացած են հայ անուանի դէմքեր՝ Խաչատուր Աբովեան, Պերճ Պռոշեան, Ղազարոս Աղայեան, Յովհաննէս Թումանեան, Վահան Թէքէեան: Ներսիսեան ուսումնարանէն ներս ուսուցչութիւն կատարած են Մակար Եկմալեան, Գարեգին Լեւոնեան, Ալեքսանդր Երիցեան եւ ուրիշներ:
Ներսէս Վարդապետի կեանքը օրինա՛կ է սփիւռքի մէջ գործող եւ կամաց կամաց ուծացման գացող մեր դպրոցներուն՝ ոչինչէն ի՛նչ մը ստեղծելու եւ շարունակելու հայանպաստ իրենց առաքելութիւնը:
Լո՜յս նուիրեալ վարդապետի շիրիմին:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԶԱՐԵՀ ՈՐԲՈՒՆԻ
(1902-1980)
Մեր թուականէն 41 տարիներ առաջ՝ 1 դեկտեմբեր 1980-ին, Ֆրանսայի մէջ մահացած է գրող, վիպասան, խմբագիր եւ արձակագիր Զարեհ Որբունի (բուն անունով՝ Զարեհ Էօքսիւզեան):
Զարեհ Որբունի ծնած է 24 մայիս 1902-ին, Տրապիզոնի Օրտուն գիւղին մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Մովսիսեան վարժարանէն ներս: Ցեղասպանութեան տարիներուն կորսնցուցած է իր հայրը եւ մայրը իր երեք զաւակներով գաղթած է Խրիմ, ուրկէ անցած են Պոլիս, ուր Զարեհ 1919-1922 տարիներուն ուսումը շարունակած է Պէրպէրեան վարժարանէն ներս: Երեք տարի Պոլիս մնալէ ետք վերջնականապէս փոխադրուած են Ֆրանսա: Զարեհ Որբունի Ֆրանսայի մէջ եռանդուն մասնակցութիւն ունեցած է ֆրանսահայ մշակութային եւ գրական կեանքին: Անոր առաջն գրութիւնը՝ «Գարուն»ը լոյս տեսած է Վահան Թէքէեանի խմբագրած «Ժողովուրդի Ձայնը» թերթին մէջ: Որոշ ժամանակ ետք արձակագիր ու գրականագէտ Պետրոս Զարոյեանի հետ հիմնած է «Նոր Հաւատք» հանդէսը, ապա «Լուսաբաց» ամսաթերթը, միաժամանակ թղթակցելով «Նաւասարդ», «Նոր Գիր», «Անահիտ», «Մշակոյթ», «Զուարթնոց», «Զանգու», «Մենք», «Անդաստան» եւ այլ պարբերականներու: Որբունի իր առաջին վէպը՝ «Փորձը» հրատարակած է 1929 թուականին եւ աւելի ուշ հրատարակած վէպին միւս հատորները՝ «Թեկնածուն» (1967), «Ասֆալթը» (1972) եւ «Սովորական օր մը» (1974) խորագիրերով: Գրած է պատմուածքներ, որոնք հրատարակուած են «Վարձու սենեակ», «Անձրեւոտ օրեր» եւ «Պատմուածքներ» աշխատութիւններուն մէջ: Անոր երկերու ժողովածուն Երեւանի մէջ լոյս տեսած է 1967-ին, «Եւ եղեւ մարդ» խորագրով:
Որբունի 1946-ին մասնակցած է Սովետահայ գրողներու միութեան երկրորդ համագումարին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ