ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆ

Աստուծոյ անհուն բարութեան եւ գութին մէկ մասն է համբերութիւնը, եւ այդ անհուն եւ գերագոյն բարութիւնը ունի մեծագոյն հեզութիւնը։ Որքան մեծ է բարութիւնը՝ նոյնքան մեծ է հեզութիւնը։ Համբերութիւնը կ՚ենթադրէ «դանդաղ բարկանալու» յատկութիւնը։ Արդարեւ, գութը կը դատէ մարդը որպէս ողորմելի թշուառական, իսկ համբերութիւնը՝ որպէս օրինազա՛նց։ Գութը կը խղճայ մարդուն թշուառութեան, իսկ համբերութիւնը՝ կը կրէ մեղքը, որմէ յառաջ կու գայ դժբախտութիւնը, ցաւը եւ վիշտը։

Աստուծոյ գութին մէկ արտայայտութիւնն է համբերութիւնը։ Համբերութիւնը եւ շնորհքը մէկ են եւ ունին նոյն վեհութիւնը եւ անբաժա՛ն են։ Արդարեւ, աստուածային համբերութիւնը Աստուծոյ ուժին արգիլումը եւ սահմանափակումը կարելի է նկատել։ Կերպով մը, Աստուած Ինքն իր վրայ ուժ կը բանեցնէ, Ինքզինք կը զսպէ, մարդուն չարութիւններուն համբերելով եւ երկայնամիտ գտնուելով երկար ժամանակ, զայն պատժելու համար։ «Աստուած երկայնամիտ է եւ Անոր զօրութիւնը մեծ է». (ՆԱՒՈՒՄ. Ա 3)։ Ուրեմն, համբերութիւնը զօրութեան արտայայտութիւնն է. մարդիկ՝ որոնք մեծ եղած են աշխարհի վրայ վրէժխնդիր եղած են եւ երբեք ընդհանրապէս յօժար չեն եղած ներելու կամ համբերելու։ Ահաւասիկ ա՛յս է աստուածային համբերութեան եւ մարդկային համբերութեան տարբերութիւնը. մարդուն մէջ զօրութիւնը, երկայնամտութեան եւ համբերութեան հետ խոտոր կը համեմատի՝ հոն ուր զօրութիւն կայ, հոն երկայնամտութիւն եւ համբերութիւն չ՚ըլլար։ Իսկ աստուածային համբերութիւնը եւ երկայնամտութիւնը ուղիղ կը համեմատին զօրութեան հետ՝ աստուածային զօրութենէն կը բխի Անոր երկայնամտութիւնը եւ համբերութիւնը։

Մարդուն մէջ, եթէ զօրաւոր է, ուժը կիրարկելու ցանկութիւն մը կայ՝ անոր հանդէպ որ գրգռութիւն ստեղծած է։ Մարդ, որ զօրաւոր է, իշխանաւոր է, եւ կրնայ հակակշռել եւ սանձել իր բարկութիւնը, թագաւո՛ր է ան իր վրայ եւ իր զօրութեանը վրայ։ Արդարեւ, Աստուած երկայնամիտ է, համբերատար է, որովհետեւ Ան մեծ է զօրութեամբ եւ զօրութիւնը կը կիրարկէ համաչափութեամբ, տեղին եւ ժամանակին։ Ուստի բարկութիւնը բնական է նաեւ մարդուն համար, բայց անիկա արդար է երբ շիտակ ատեն, ուղիղ մարդու հանդէպ կը զգացուի եւ արարքին համապատասխան կերպով, չափը եւ կշիռը պահելով՝ առանց չափազանցելու եւ ծայրայեղութեան դիմելու։

Ահաւասիկ, վերոյիշեալ պարագային է, որ Աստուծոյ համբերութիւնը կը զանազանուի յստակօրէն Անոր գութէն։ Մարդ բիրտ, կոպիտ ուժով զօրաւոր է, բայց Աստուած՝ երկայնամտութեամբ եւ համբերութեամբ։ Եւ մարդ, այնքան զօրաւոր է՝ որքան համբերող է…

«Արդ՝ ի՞նչ կրնայ ըսել մէկը, եթէ Աստուած Իր բարկութիւնը եւ զօրութիւնը ցոյց տալէ առաջ, շատ համբերութիւն եւ երկայնամտութիւն ցոյց տայ այն անօթներուն, որոնք բարկութեան առարկայ եղած են եւ կորուստի դատապարտուած», կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. (ՀՌՈՄ. Թ 22)։

Աստուած, այս «անօթները» եթէ կտոր կտոր ընէր, իր ինքնազսպումի զօրութիւնը պիտի չյայտնուէր ակնյայտօրէն։ Մարդոց չարութիւններուն համբերելով եւ անոնց պատիժը այսքան երկարաձգելով իր համբերութեան զօրութիւնը փառաւորապէս երեւան կու գայ։ Ուստի համբերութիւնը զօրութիւն մըն է, եւ անիկա յատուկ է՝ Աստուծոյ։

Բայց «չարեր»ը, Աստուծոյ համբերութիւնը տարբեր ձեւով կը թարգմանեն. «Որովհետեւ գէշ գործին վրայ վճիռը շուտով չի կատարուիր, այս պատճառով մարդոց որդիներուն վրայ, սիրտը չարութիւն ընելու փափաքով լեցուած է». (ԺՈՂՈՎ. Ը 11)։ Արդարեւ, «Համբերութեան Աստուածը», (ՀՌՈՄ. ԺԵ 5) Աստուծոյ տիտղոսներէն մէկն է։ Եւ որքա՜ն սքանչելի է Աստուծոյ համբերութիւնը մեր աշխարհի վրայ ապրող մարդոց անհամբերութեան նկատմամբ։ Աստուած ինչո՞ւ անմիջապէս չի դատապարտեր եւ չի պատժեր չարերը, երբ անոնք համարձակօրէն կը շարունակեն իրենց չար արարքները գործադրել։ Միայն մէկ պատասխան կայ. «որովհետեւ Ան շատ համբերութիւն եւ երկայնամտութիւն ցոյց կու տայ այն անօթներուն, որոնք բարկութեան առարկայ եղած են եւ կորուստի դատապարտուած». (ՀՌՈՄ. Թ 22)։

Պահ մը քննենք մեր կեանքը… որքա՛ն համբերութիւն ունինք եւ ունեցած ենք մեզ բարոյապէս վիրաւորողներու հանդէպ, որքա՛ն կրցած ենք մենք զմեզ զսպել եւ հեռու մնալ բարկութեան քանդիչ, կործանիչ զգացումէն։ Եթէ յաջողած ենք, ապա ուրեմն զօրաւո՛ր ենք եղած, եթէ ոչ՝ տկա՛ր։ Խորհած ենք, թէ Աստուած մեր որքա՛ն չար վարմունքներուն, տգեղ կենցաղին համբերութեամբ երկայնամիտ եղաւ։ Եւ որքա՛ն ապերախտութեամբ փոխադարձած ենք Անոր սէրը եւ բարիքը ընդունելէ ետք։ Որքա՛ն դանդաղ եւ դժկամութեամբ մօտեցած ենք Անոր հնազանդելու գործին եւ որքա՛ն արագ յետադիմած ենք մեր հաւատքին մէջ։ Աստուած բոլոր մեր չարակամութիւնը տեսնելով՝ միշտ համբերատար եւ երկայնամիտ եղած է, բայց մենք, դժբախտաբար չենք անդրադարձած իսկ։

Ուստի, այս ինքնաքննութիւնը կատարելէ վերջ, աստուածային այս առաքինութեան նկատմամբ կակուղցնենք քարացած մեր սրտերը, զգայնացնենք մեր խղճերը, եւ կեանքի փորձառութեան այս դպրոցին մէջ անդրադառնանք եւ սորվինք «սուրբերու համբերութիւն»ը եւ հպատակինք, համակերպինք աստուածային կամքին, որ միշտ բարի՛ է։

«Ուրեմն կատարեալ եղէք, ինչպէս ձեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է». (ՄԱՏԹ. Ե 48)։

Փորձե՛նք. պիտի յաջողինք, եւ պիտի փոխուինք…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 27 2022, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2022