ԽՐԱՏ՝ ՈՐԴՈՒՍ - Բ.

«Ու թէ հիմա, իմ բալիկըս, ես քո գլխին ճառ եմ կարդում,
Ապա միայն նրա համար...».

Իրականութեան մէջ Սեւակ ճառեր սիրող մարդ մը չէր, որովհետեւ հաւատացողն էր, թէ իւրաքանչիւր մարդ միայն իր փորձառութեամբ կրնայ բան մը սորվիլ եւ հասկնալ եւ այս մէկը մեր մարդկային բնութեան մաս կը կազմէ: Ծնողք մը հազար անգամ իր զաւակը կրակէն կը զգուշացնէ, սակայն միայն իր ձեռքը վառելէ ետք այդ մանուկը կը հասկնայ կրակին ինչ ըլլալը. նոյնն է նաեւ կեանքին մէջ. սէրը, ցաւը, կարօտն ու անձկութիւնը հաւանաբար գիրքերու կամ երգերու մէջ կրնանք կարդալ ու լսել, սակայն միայն այդ բոլորը ապրելէ ետք կրնանք հասկնալ անոնց ճշմարիտ իմաստը: Թէեւ մանկավարժութիւնը կը պահանջէ այդ մէկը, սակայն սխալ կը տեսնեմ այն իրողութիւնը, որ կեանքը վարդագոյն գոյներով ներկայացնեն մանուկներուն, որովհետեւ նոյնը եղաւ նաեւ մեր հետ։

Մինչեւ 12-14 տարեկան կեանքը տարբեր գոյն, տարբեր իմաստ ու նկարագիր ունէր մեզի համար, սակայն ժամանակը կամաց կամաց սկսաւ ցոյց տալ անոր ճշմարիտ երեսը՝ որ այնքան ալ լաւատես տեսք մը չունէր:

«որ շատ յաճախ կեանքում մարդու
Եթէ իր մեծ բաժինն ունի ժամանակը, ինքը դարը,
Բայց եւ այնպէս քիչ չի ազդում նաեւ ընտրած ճանապարհը»

Պարոյր Սեւակ այստեղ հարցական մը կը դնէ ճակատագրին եւ սեփական որոշումին միջեւ. հարց՝ որ դարեր շարունակ մնացած է հարցական եւ մինչեւ օրս շատերու համար կը շարունակէ մնալ, որովհետեւ ոմանք գոյութիւն ունեցող բախտի մը կը հաւատան, ճակատագրի գոյութեան կը հաւատան, իսկ ուրիշներ սեփական որոշումներու եւ անոնց արդիւնքներուն: Սեւակ սակայն անոնց երկուքին մէջտեղ կը մնայ. կը հաւատայ ժամանակի, բախտի եւ ճակատագրի մը գոյութեան, սակայն միաժամանակ կը կարեւորէ մարդուն կողմէ տրուած անձնական որոշումները: Առեղծուածը հո՛ն է սակայն, որ կեանքի մէջ մեր ընտրած ճանապարհները մեր ճակատագիրը կ՚որոշեն, սակայն ճակատագիրն է, որ մեզ շատ անգամ այդ ճանապարհը ընտրելու կը մղէ եւ հետեւաբար երկուքն ալ կը շարունակեն իրարու հետ գոյութիւն ունենալ:

«Գուցէ քեզ հետ նոյնը լինի, որ պատել է յաճախ ինձ է՛լ».

Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին երկու տարբեր տեսակ հայրեր՝ երկուքն ալ իրարու հակառակ ուղղութիւններու վրայ գտնուող. կայ հօր տեսակ մը՝ որ կեանքի մէջ իր ապրած դժուարութիւնները ի միտի ունենալով ամէ՛ն ջանք ի գործ կը դնէ, որպէսզի իր զաւակը նոյն դժուարութիւններուն չհանդիպի, իսկ անդին կայ այլ խումբ մը՝ որ կեանքի ճշմարիտ երեսը այդ մէկը կարծելով կ՚ուզեն իրենց զաւակը ապրի այն՝ ինչ ապրած են իրենք՝ «փորձառութիւն» անուան տակ: Առաջին խումբին պատկանողները, օրինակ, եթէ իրենց մանկութեան իրենց ծնողներէն անընդհատ ծեծի արժանացած են, ամէն ջանք ի գործ կը դնեն հեռու մնալու ծեծէն, մինչ երկրորդ խումբի պատկանողները իրենք եւս ծեծի կը դիմեն՝ որովհետեւ այդ է որ տեսած են:

Պարոյր Սեւակի մէջ յստակ կարելի է տեսնել առաջին խումբին պատկանող հօր մը նկարագիրը, սակայն Սեւակ ինք եւս գիտէ, որ կեանքի մէջ կան երեւոյթներ, դժուարութիւններ ու նեղութիւններ, որ ամէն ջանք ի գործ դնելով հանդերձ կարելի չէ հեռու պահել զաւակը: Աշխարհի վրայ կան ցաւեր, որոնք նիւթականի եւ կամ դասակարգի հետ աղերս չունին, այդ իսկ պատճառով կը մնան համամարդկային, վկայ հայոց պատմութեան բոլո՛ր այն թագաւորները՝ որոնք իրենց մեծամեծ հարստութիւններով հանդերձ ապրած, ցաւած ու զգացած են այդ բոլորը:

«Յաճախ, շուրջըս աչք ածելով, այն մարդկանց եմ ես նախանձել,
Որոնց կեանքը հեշտ է անցնում»

Դժբախտաբար կեանքը մի՛շտ ալ ունեցած է այս անարդար վիճակը. նոյն վիճակը այսօր եւս գոյութիւն ունի: Այսօր աշխարհը լեցուն է բանուորներով, որոնք գիշերը ցերեկին խառնելով իրենք զիրենք կը մաշեցնեն ու դարձեալ կը շարունակեն մնալ աղքատութեան մէջ, իսկ ուրիշներ այդ բանուորներու կատարած գործին մէկ չորրորդը չընելով մեծ հարստութիւններու տէր կը դառնան: Այս անարդարութիւնը նիւթականէն անդին, անմարդկային բան մը ունի իր մէջ. մարդը արժեւորելու եւ արժեզրկելու հետ կապուած տրտունջ մըն է վերոյիշեալ խօսքը: Վստահ կրնանք ըլլալ, որ Սեւակի նշած նախանձը նիւթականէն անդին տրտունջն է այդ «երանելի»ութենէն զրկուածներուն:

Հայաստանի մէջ մինչեւ այսօր կարելի է գտնել մազմահազար մարդիկ, որոնք «երանի»ով կը յիշեն Խորհրդային Միութեան օրերը, ուր «հաւասարութիւն» ըլլալ կը կարծուէր, սակայն պէտք է նկատի ունենալ, որ Սեւակ այս խօսքերը գրած է Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանին:

«ասես կեա՜նք չէ, այլ խճուղի՝
Անխոչընդո՜տ եւ անարգելք, քանոնի պէս հա՜րթ ու ուղիղ»

Պարոյր Սեւակ նախանձով կը նայի անոնց, որոնք իրենց մանկութիւնը, պատանեկութիւնն ու երիտասարդութիւնը հանգստութեան ու ապահով վիճակի մէջ կ՚անցընեն, սակայն բանաստեղծը լաւապէս կը գիտակցի, թէ նմանները չե՛ն որ կեանքի մէջ մեծ յաջողութիւններ կ՚ունենան: Պահ մը փորձեցէք աշխարհի վրայ հետք ձգած մարդոց կեանքերը ուսումնասիրել. պիտի նկատէք, որ անոնց մեծամասնութիւնը ունեցած է աղքատ ու թշուառ կեանք մը, որովհետեւ այդ թշուառութեան արգասիքն է այդ յաջողութիւնը: Յայտնի ասացուածք մը կ՚ըսէ, որ կեանքի մէջ յաջողած մարդոց մեծագոյն յուսախաբութիւնը ընդհանրապէս եղած են իրենց զաւակները, որովհետեւ այդ հանգիստ ու ապահով կեանքը թէեւ «երանելի» թուալով հանդերձ այնքան ալ դրական արդիւնք մը չունի:

«Դպրոց, յետոյ ինչ-որ մի ԲՈՒՀ, մի ազդեցիկ զանգահարող,-
Եւ տաք տեղն է ապահովուած… Այսպէս ապրել դու չե՜ս կարող»

Ի՜նչ զարմանալի, որ բանաստեղծը «երանելի» թուացող այդ կեանքը չի՛ ցանկար իր հարազատ զաւակին. ընդհանրապէս ծնողքներ կը կարծեն, որ զաւակի մը կատարուելիք լաւագոյն բարիքը իրենց որպէս ժառանգութիւն ձգուած հարստութիւնը, տուներն ու ոսկիներն են. նայեցէ՛ք ձեր շուրջ գտնուող հարուստներու կեանքը եւ եթէ լաւ նայիք պիտի տեսնէք, որ աղքատներ շատ անգամ աւելի հանգիստ կեանք մը կ՚ունենան՝ քան իրենք, որովհետեւ հարստութիւնը միայն մարմնական ու նիւթական հանգստութիւն եւ ապահովութիւն կու տայ, մինչ հոգեկան հանգստութիւնը ամբողջութեամբ ուրիշ երեւոյթ մըն է՝ աւելի կարեւոր քան առաջինը:

Պարոյր Սեւակ կը նախընտրէ, իր զաւակը հանգիստ ապրելով իր ինքնութիւնը մոռնալու փոխարէն ապրի դժուարութեամբ լեցուն կեանք մը, որովհետեւ այդ դժուարութիւնն է, որ մարդը կը կոփէ. երբեւէ տեսա՞ծ էք, որ ատաղձագործը երկաթի մը ուղղութիւն տայ՝ առանց կրակի վրայ այրելու եւ լաւապէս տաքցնելու. նոյնն է մարդուն կեանքը: Կեանքի դժուարութիւնները երկաթին տրուած կրակն է, առանց որուն կարելի չէ կոփուիլ, գիտնալ ու ճանչնալ կեանքի ինչութիւնը: Շուկայէն պտուղ առնողն ու իր սեփական ծառէն պտուղ ուտողը նոյն հաճոյքը չէ՛ որ կ՚ունենան եւ այդ է թշուառութեամբ եւ բարեկեցիկ կեանք մը ապրողին տարբերութիւնը, որովհետեւ մարդ առաւելագոյնս կը գնահատէ այն՝ ինչին համար յոգնած, տքնած ու չարչարուած է:

«Այսպէս ապրել դու չե՜ս կարող» կ՚ըսէ Սեւակ, որովհետեւ աւելի նախընտրելի է սեփական ճիգով բարձրացուած մէկ աստիճանը՝ քան անխոչընդոտ բարձրացումը, որովհետեւ այդպէս բարձրացողը շա՜տ աւելի ատակ է գլորելու՝ քան սեփական ճիգով բարձրացողը:

•շարունակելի

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -109-

«Վաղը կ՚ընենք...»։

Լսուած խօսք է. «այսօրուան գործը վաղուան մի՛ ձգեր...», սակայն հակառակ այս խօսքին ճշդութեան, ողորմածը ամէն բան վաղուան կը ձգէր։

Մտերիմ ընկերներէս մէկն էր, ունէր հրաշալի Աստուածային ձայն։ Յաճախ ես դաշնամուրով ինք իր ձայնով մենք մեզի համար «համերգ» կ՚ընէինք։ Այնքան անուշ կը հնչէր ձայնը, որ կ՚ուզէի այդ պահերը անմահացնել ժապաւէնով. միշտ պատճառաբանութիւն մը կը գտնէր։ «Այսօր լաւ հագուած չեմ, վաղը կը նկարենք», «այսօր կոկորդս հանգիստ չէ, վաղը անպայման կը նկարենք»։

Այդ վաղը երբեք չիրականացաւ. առաւօտ մը լսեցինք, թէ անակնկալ սրտի կաթուած ունեցած է։

Ձայնը մինչեւ օրս կը մնայ մեր ականջներուն մէջ, բայց իր շնորհիւ ատած եմ «վաղը» բառը։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2022