ԱՆՀԱՒԱՏՆԵՐԸ ԱՒԵԼԻ ԱՆՄԵՂ ԵՆ

Տասնամեակներ առաջ Ֆրէյթակ անունով օտար գրող մը կը հրատարակէ «Նոր աշխարհ, աւետիս մարդկութեան» անունով աշխատութիւն մը, որուն պատմուածքներէն մէկուն մէջ կը ներկայացնէ չինացի մը. «Հմուտ չինացի մը, որ դաւանափոխ եղած է՝ ընդունելով քրիստոնէութիւնը, կ՚երթայ Միացեալ Նահանգներ՝ ուսումնասիրելու բողոքական աղանդները։ Կը քննէ նաեւ կաթոլիկութիւնը։ Իբրեւ եզրակացութիւն՝ կը յայտարարէ. «Կաթոլիկները կ՚ատեն բողոքականները, ու բողոքականները նոյնութեամբ կը փոխադարձեն։ Ո՞ւր է սիրոյ վարդապետութիւնը»։ Վերջապէս, տեսնելով քրիստոնեայ ժողովուրդներուն ընթացքը, այս անկեղծ ու պարկեշտ չինացին կը նախընտրէ անհաւատ դառնալ՝ ըսելով. «Անհաւատները աւելի անմեղ են»։ Ու կը վկայէ, որ անհաւատ չինական կայսրութեան մէջ մէկ տարուան ընթացքին այնքան ոճիր չի գործուիր, որքան Շիքակոյի կամ Նիւ Եորքի նահանգին մէջ։ Ոճրային վիճակագրութիւնները կը հաստատեն չինացիին խօսքը:

Անձերուն եւ մեր հաւատքին միջեւ անդունդը մի՛շտ ալ գոյութիւն ունեցած է ընդհանրապէս մարդկութեան եւ մասնաւորաբար՝ հայերուս մօտ, որ կը հպարտանանք, թէ եղած ենք առաջին Քրիստոնեայ պետութիւնը՝ սակայն գործնապէս ամբողջութեամբ Անոր վարդապետութիւններուն հակառակ կը գործենք:

Այն ատելութիւնը որուն մասին կը խօսի չինացին, այսօր բոյն դրած է մեր մէջ, եւ մենք նկատենք թէ ոչ, քրիստոնէութիւն անուան տակ այդ ատելութեամբ կ՚ապրինք ու կը գործենք: Փաստելու համար այս իրողութիւնը շաբաթներ առաջ տեղի ունեցած ճշմարիտ դէպք մը պատմեմ. սփիւռքի երկիրներէն մէկուն մէջ աղքատ ու անապահով ընտանիքներուն նպաստ կը բաժնեն. անցեալին եկեղեցական եղած ու կարգէն հրաժարած անհատի մը մայրը (որ անապահով դասակարգին կը պատկանի) ինք եւս կը դիմէ առաջնորդարան՝ «ազգին բարիքներէն» օգտուելու համար: Նկատի ունենալով իր տղուն եկեղեցական անցեալը՝ կտրականօրէն կը մերժեն որեւէ օգնութիւն ցուցաբերել ու քաղաքավարութեամբ կ՚առաջարկեն դուրս գալ առաջնորդարանէն: Նոյն մարդիկ շաբաթ մը ետք պիտի բարձրանան խորան եւ սկսին քարոզել եղբայրսիրութիւն, ողորմութիւն, ներողամտութիւն եւ հազարումէկ այլ բաներ... այս պարագային հաւատալ խօսքերո՞ւն, թէ հաւատալ գործերուն:

Իրենց քարոզած Քրիստոսը Խաչին վրայ իր կեանքը աւազակութեամբ ու մարդասպանութեամբ ապրածը ընդունեց եւ ըսաւ. «այսօր Դրախտին մէջ իմ հետս պիտի ըլլաս», իսկ իրենք կարգէն հեռացած անհատի մը մայրը ընդունիլը դժուա՞ր կը նկատեն. նոյնիսկ անոր տղան մոլորեալ մը ըլլար, չէ՞ որ անոնց հիմնական գործն ու առաքելութիւնը այդ մոլորեալ ոչխարներն են. չէ՞ որ առողջները բժիշկի պէտք չունին, այլ հիւանդները...:

Այլ կարգաթող հոգեւորականի մը մայրը օր մը եկեղեցի կ՚երթայ պատարագի։ Եկեղեցականը տեսնելով զինք՝ սրտնեղած կը սկսի շուրջիններուն հարց տալ թէ՝ «այս կինը ի՞նչ գործ ունի այստեղ». այս խօսքը կը լսէ նաեւ ինքը՝ հոգեւորականին մայրը ու արցունքներով դուրս կու գայ եկեղեցիէն: Պատճա՞ռ. տղան «մոլորեա՞լ» է. չէ՞ որ Իսրայէլացի ժողովուրդը եւս կը ներկայացուի որպէս «մոլորեալ ոչխար», սակայն Աստուած երբեք իր ձեռքը չի քաշեր անոնց վրայէն, հակառակ ամէն տեսակի զեխութիւններուն:

Նոյնիսկ հպարտութեամբ մեր կեանքին մէջ շրջող «ապաշխարածներ»ը իրենց կեանքը չե՛ն ապրիր իրենց դաւանած Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի պատուիրաններուն համաձայն. կարդա՛նք Ղուկասի Աւետարանի 3-րդ գլխուն 11-րդ համարը. «ով որ երկու հագուստ ունի՝ թող մէկը չունեցողին տայ, իսկ ով որ ուտելիք ունի՝ նոյնպէս ուրիշին հետ թող կիսէ» (Ղկ. 3.11): Այս տողերուն դիմաց կը յիշեմ, թէ ինչպէս օր մը մուրացկան մը մօտեցաւ հայկական եկեղեցիներէն մին՝ օգնութիւն խնդրելու. բառին ամբողջական իմաստով վռնտեցին, որպէս արդարացում ըսելով. «եթէ մէկ անգամ տաս երես կ՚առնեն, կը սկսին միշտ գալ ուզել»: Ու հակառակ այս բոլորին ինչքա՜ն անուշ կը հնչէ խորաններէն ողորմութեան քարոզխօսութիւնները. պահ մը կ՚ուզես հաւատալ, որ քարոզողը ի՛նք եւս ողորմած, մարդասէր ու բարեգութ է, այնպէս՝ ինչպէս որ է՛ր Քրիստոս:

Տարիներ առաջ հոգեւոր ճեմարաններէն մէկուն պատին վրայ յայտարարութիւն կը դրուի հոգեւորականներուն համար. յայտարարութիւնը կը սկսէր հետեւեալ բառերով. «Սիրելի միաբանակից եղբայրներ...»: Եկեղեցականներէն մէկը մօտեցաւ ու կարդաց յայտարարութիւնը ու ըսաւ, թէ այստեղ մեծ սխալ կայ. յայտարարութիւնը դնողները կարծեցին, թէ ուղղագրական վրիպում մը կատարուած է. եկեղեցականը ըսաւ. «ո՛չ, սխալը ուղղագրական չէ. այստեղ գրած էք «սիրելի միաբանակից եղբայրներ...» մենք այստեղ մէկս միւսին ո՛չ սիրելի ենք, ո՛չ միաբան ենք եւ ո՛չ ալ իրար որպէս եղբայր կ՚ընդունինք». բայց պէտք չէ մոռնալ՝ սիրեցէ՛ք զմիմեանս:

Այս հակասութիւններն են պատճառը, որ մարդ սկսաւ կամաց-կամաց հեռանալ եկեղեցիէն ու հոգեւոր կեանքէն: Այսօր մենք եւս մեր կեանքին քիչ մը չինացի չե՞նք դարձած: Հայաստանի մէջ կը ճանչնամ մահմետական արաբ ընտանիք մը՝ Հոմսէն Հայաստան գաղթած: Հակառակ անոր որ ո՛չ մէկ ծանօթ կամ բարեկամ ունին Հայաստանի մէջ, հակառակ անոր որ ո՛չ ոք կը տեսնէ զիրենք, կը շարունակեն պահել իրենց կրօնի սահմանած ծոմապահութիւնը... այդ մէկը մտածել կու տայ, որ անոնք կ՚ընեն Աստուծոյ համար, իսկ մենք կ՚ապրինք ու կը գործենք մարդոց համար, որովհետեւ մարդոց քննադատութիւնը մեզի համար աւելի՛ կ՚արժէ՝ քան Աստուծոյ դատաստանը:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ԱԴՈՆՑ
(1871-1942)

Մեր թուականէն 151 տարիներ առաջ՝ 10 յունուար 1871-ին, Զանգեզուր գաւառի Բռնակոթ գիւղին մէջ ծնած է պատմաբան, բիւզանդագէտ եւ բանասէր Նիկողայոս Ադոնց (բուն անունով՝ Նիկողայոս Տէր-Աւետիքեան):

Ադոնց իր կրթութիւնը ստացած է Տաթեւի վանքին մէջ եւ ապա ընդունուած է Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարան, սակայն տեղափոխութեան պատճառով չէ կրցած աւարտել իր ուսումը եւ 1891-ին տեղափոխուած է Թիֆլիզ, ուր ուսումը շարունակած է տեղի ռուսական ուսումնարանէն ներս: Ուսումնարանին մէջ Ադոնց տիրապետած է յունարէն եւ լատիներէն լեզուներուն: Ապա Ադոնց 1899-1901 թուականներուն իր ուսումը շարունակած է Եւրոպայի մէջ՝ Փարիզ, Լոնտոն եւ Վենետիկ, ուր խորացած է բիւզանդական գիտութեան մէջ: Ապա մեկնած է Սեն Փեթերսպուրկ, ուր խմբագրած է «Բանբեր գրականութեան եւ արուեստի» պարբերականը: Վերադարձած է հայրենիք եւ որոշ ժամանակ աշխատած է Էջմիածինի մատենադարանին մէջ: Նոյն այդ տարիներուն գրած է «Հայաստանը Յուստինիանոսի դարաշրջանին» աշխատութիւնը, որու պաշտպանութեամբ Սեն Փեթերսպուրկի համալսարանին մէջ 1909 թուականին արժանացած է տոքթորի կոչման: Մի քանի տարիներ ետք՝ 1916-ին պաշտպանած է «Դիոնիսիոս Թրակացին եւ հայ մեկնիչները» աշխատութիւնը, որուն համար արժանացած է բանասիրութեան տոքթորի աստիճանին: Ադոնց զբաղած է նաեւ հնագիտութեամբ։ Շրջած է Մուշ եւ Էրզրում եւ 1916 թուականին մասնակցած է հայագէտ Աշխարհբէկ Քալանթարի Վանի երկրորդ հնագիտական արշաւախումբին: Տարի մը ետք՝ 1917-ին կարգուած է Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանի պատուաւոր հոգաբարձու եւ ուսուցչապետ:

Ադոնց հեղինակ է աւելի քան 80 հայերէն, ռուսերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով գրուած գիտական աշխատութեան, որոնք հիմնականին առընչուած են հայ ժողովուրդի միջնադարեան պատմութեան ու գրականութեան, բիւզանդական յարաբերութիւններուն, հայ-յունական բանասիրութեան, առասպելաբանութեան, կրօնի եւ լեզուաբանութեան հետ: Անոր աշխատութիւնները հիմնականին մէջ լոյս տեսած են «Բիւզանդիոն» հանդէսի եւ «Հայրենիք» ամսագիրին մէջ:

Ադոնց մահացած է 27 յունուար 1942 թուականին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յունուար 10, 2022