ԿՐԹԱԿԱՆ ՍԽԱԼ ՀԱՄԱԿԱՐԳԸ

Մեր ներկայ ընկերութեան մէջ գրեթէ ամէ՛ն բան արագօրէն փոփոխութիւն կը կրէ. ժամանակի փոփոխութեան առընթեր կը յեղաշրջուի ամէ՛ն բան՝ նոյնիսկ քարացած նախապաշարումներն ու սնոտիապաշտական համոզումները, սակայն միա՛կ բանը, որ կը մնայ անփոփոխ՝ մեր կրթական համակարգն է, որ արտաքնապէս թէեւ արդիական, էութեամբ Տէր Թոդիկեան շունչ մը կը շարունակէ իր մէջ պահել:

Հակառակ այն իրողութեան, որ մեր ժողովուրդին մէջ ունեցած ենք բազմաթիւ լուսամիտներ, որոնք ուզած են սրբագրել մեր կրթական համակարգին մէջ գոյութիւն ունեցող սխալները, այնպէս ալ չեն յաջողած իրենց նպատակին հասնիլ. անձեր՝ որոնք քննադատած են դպրոցներու ուսումնական մեթոտը՝ իր սորվեցնելու, պատժելու եւ «դաստիարակելու» կողմերով: 

Դպրոցներու մէջ թէ՛ սորվելու, թէ՛ պատժելու եւ թէ աշակերտներուն սորվածները ստուգելու մեթոտները ունին աւելի քան դարու մը կեանք եւ հետեւաբար անժամանակակից են ու անշահեկան:

Ամէն անգամ նման նիւթի մը մասին գրած ժամանակ կը ցաւիմ մեր հայ ժողովուրդի տգիտութեան ու անհոգութեան համար... Աւելի քան երբեք վստա՛հ եմ, որ եթէ բանաստեղծ, մանկավարժ եւ ուսուցիչ Ռեթէոս Պէրպէրեան օտարազգի մը ծնած ըլլար, այսօր կը յիշուէր որպէս համաշխարհային գրող եւ տաղանդ, իսկ անոր աշխատութիւնները՝ մէյ մէկ գլուխգործոցներ: Պէրպէրեան 1901 թուականին կը գրէ «Դաստիարակի մը խօսքերը» անուն աշխատութիւնը, որ ետքը՝ 1907 թուականին կը հրապարակէ «Դպրոց եւ դպրութիւն» խորագրով, ուր լաւագոյնս կը բացատրէ, թէ ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ ձեւերով կարելի է աւելի կեդրոնացած, աւելի գիտակից ու լաւապէս կրթուած սերունդ մը ունենալ, կը բացատրէ, թէ ի՞նչ ձեւերով կարելի է պատժել աշակերտը՝ որպէսզի ո՛չ դպրոցին, ո՛չ դասանիւթին եւ ո՛չ ալ ուսուցիչին հանդէպ ատելութիւն մը ունենայ իր մէջ. այլ խօսքով՝ կը բացատրէ այն ամէնը՝ ինչ որ այսօր պէտք է մեր կրթական համակարգին՝ աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելու համար:

Օրինակի համար, մեզմէ ո՞վ որպէս պատիժ գրաւոր ընդօրինակութեան պատիժը չէ՞ ստացած. աւելի քան դար մը առաջ Պէրպէրեան կը բացատրէր, թէ «Միմիայն իբրեւ անհաճոյ ու չարչարիչ բան մը հարկադրուած գրաւոր պատիժը (pensum) կամ միեւնոյն էջերուն, միեւնոյն բառից, միեւնոյն բայից բազմապատիկ ընդօրինակութիւնը անիմաստ, անգութ ու անբանացուցիչ բան է». վստահ կրնաք ըլլալ, որ այդ պատժամիջոցը մինչեւ օրս գոյութիւն ունի մեր դպրոցներէն ներս եւ նման պատիժ մը պարզապէս ատելութիւն կը ստեղծէ աշակերտին մէջ եւ ո՛չ գիտակցութիւն: Պէրպէրեան այդ թուականներուն նոյնիսկ իր աշխատութեան մէջ խստագոյնս կը քննադատէ մարմնական ու նոյնիսկ նիւթական բոլոր այն պատիժները, որոնք ուսուցչին քմահաճոյքէն կը բղխին:

Նախապէս այլ յօդուածի մը մէջ բացատրած էինք տարբերութիւնը ուսուցիչին եւ դաստիարակին, որովհետեւ ամէ՛ն դաստիարակ ուսուցիչ կրնայ ըլլալ, սակայն ամէ՛ն ուսուցիչ չէ որ դաստիարակ է, որովհետեւ ուսուցչութիւնը ասպարէզ մը ըլլալէ աւելի նուիրում է եւ այդ շնորհքը տրուած չէ բոլորին. անձ մը կրնայ հայերէն լեզուի մասնագէտ ըլլալ, սակայն իր մասնագէտ ըլլալը լաւ ուսուցիչ մը ըլլալու իմաստը չի կրնար տալ, որովհետեւ ուսուցանելն ու լաւապէս տիրապետելը իրարմէ ամբողջութեամբ տարբեր բաներ են:

Այլ գրող մը, 1911-1914 թուականներուն Պոլսոյ մէջ հրատարակուող «Կայծ» ամսագիրի 1912 թուականի յունիս եւ յուլիս թիւերուն մէջ (1912, թիւ 1 եւ 2) կը գրէ «Դպրոցական քննութիւն» խորագրեալ յօդուած մը, ուր կ՚ընդգծէ, թէ ինչքանով անտեղի է թէ՛ անցեալին եւ թէ այսօր մեր դպրոցներուն մէջ ի գործ դրուող գրաւորներն ու քննութեան մեթոտները, որով աշակերտին «մակարդակ»ը չափել կը փորձենք:

Հաւանաբար զարմանալի թուի, սակայն քննութեան մեթոտը առաջին անգամ ի գործ դրուած է 1200-ական թուականներուն եւ մինչեւ օրս կը շարունակէ տեղ գրաւել մեր կրթական համակարգէն ներս։ «Կայծ» ամսագիրի մէջ «Պարմանի» գրչանունով գրողը կ՚ըսէ. «Վստահ ենք, թէ ուսուցիչներէն շատերը գիտեն, որ մէկ քանի հարցումով կարելի չէ հասկնալ, թէ ճիւղ մը ո՛ր աստիճան ըմբռնուած է». յաճախ քննութեան ընթացքին ամենէն ուշիմ աշակերտը ճնշումի եւ ձգտումի պատճառով կրնայ ոչ-փայլուն արդիւնք մը ձեոք ձգել, մինչ ոչ-ուշիմ աշակերտ մը վերջին վայրկեանին լաւապէս միտքը պահելով լաւ նիշ ապահովել. շատեր ատակ են կարդացածը որոշ ժամանակ լաւապէս միտքին մէջ պահելու, ինչ որ սորվելու հետ կրնայ կապ չունենալ. նման աշակերտներ կրնան լաւ նիշ ապահովել, սակայն մի քանի օրեր ետք մոռնալ ամէն բան, մինչ ուշիմ աշակերտը կրնայ վատ նիշ ապահովելով հանդերձ, երկար ժամանակ այդ գիտութիւնը միտքը պահել:

Քննեցէ՛ք մերօրեայ աշակերտները. անոնք սորվելու մարմաջէն աւելի լաւ նիշ մը ապահովելու հոգեբանութեամբ կ՚ապրին, որովհետեւ բան մը սորվելէ աւելի քննութիւններու մէջ լաւ նիշ մը ունենալուն առաջնահերթութիւն կու տան եւ այս մէկը պատճառ կ՚ըլլայ, որ հիմնական կրթութեան վրայ հիմնուելով քննութեան վրայ կեդրոնան եւ լաւ նիշ մը ապահովեն, որուն պատճառով «սորված»ը շատ շուտ մոռնալու դժբախտութիւնը կ՚ունենան: Բոլորս ալ մեր դպրոցական օրերուն լուծած ենք բազմաթիւ քննութեան հարցարաններ, որոնց մեծ մասը մինչեւ օրս չենք յիշեր, որովհետեւ աշակերտը իրապէս կը յիշէ ա՛յն դասը, որ բան մը սորվելու համար սորված է եւ ո՛չ թէ ուսուցիչն ու ընտանիքը հաճոյացնելու համար լաւ նիշ մը ապահովելու:

Ուշադրութիւն դարձուցէք որ մեր ծնողները եւս իրենց զաւակներուն ինչ գիտնալ-չգիտնալը ուսումնասիրելու կողքին իրենց ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնեն նիշերուն վրայ եւ այդ նիշերուն ճամբով իրենց զաւակին մտային չափանիշը քննել կը փորձեն:

Վստահ եղէ՛ք, որ յաճախ աշխարհի ամենէն խելացի մարդիկ դպրոցի մէջ ծոյլեր եւ ձախողներ եղած են, որովհետեւ կրթութիւնն ու գիտութիւնը քննութենէն եւ գրաւորէն շատ աւելի վեր՝ մտային աշխարհին մէջ գոյացող եւ զարգացող իրողութիւն մըն է:

Աւելի քան երբեք այսօր մեր կրթական համակարգը կարիքը ունի փոփոխութեան, որովհետեւ այս ընթացքը մեզ աւելի ետ՝ դէպի միօրինակութիւն եւ ճահճացում պիտի տանի:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -139-

Աշակերտութեան տարիներուն համոզուած էի, որ դաս մը լաւապէս սորվելու լաւագոյն միջոցը այդ դասը այլ դասընկերոջ մը բացատրելն է, որովհետեւ բացատրելու ժամանակ՝ մանաւանդ բարձրաձայն կ՚օգնէ, որպէսզի դասը դասընկերոջ ուղեղին մէջ տպաւորուելէ աւելի սորվեցնողին ուղեղին մէջ տպաւորուի:

Դասարանը ունէինք Յովիկ անունով տղայ մը, որ քննութիւններէն եւ գրաւորերէն օր մը առաջ երկար ժամեր դասերը սորվելու կը տրամադրէր. անդին ես եւ Համբարձումը կը նախընտրէինք վերջին մէկ ժամը ուրիշին բացատրել եւ այդ միջոցով լաւ նիշ ապահովել, որու պատճառով յաճախ կը դառնայինք ատելի դասընկեր՝ առանց երկար ժամեր սորվելու լաւ նիշ ապահովելու համար:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յունուար 10, 2023