ՓՈՐՁԱՆՔ ԵՒ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆ

«Փորձանք»՝ կը նշանակէ աղէտ, պատուհաս, վտանգ. իսկ «փորձութիւն»՝ մեղքի տանող առիթ, գրգիռ։

Արդարեւ, պէտք է զատորոշել «փորձանք»ը եւ «փորձութիւն»ը։ Ս. Հոգին զատորոշել կու տայ մեզի՝ մէկ կողմէ այն նեղութիւնը, որ անհրաժեշտ է ներքին մարդուն հոգեւոր աճումին. (ՂՈՒԿ. Ը 13-15), (ԳՈՐԾՔ. ԺԴ 22), (Բ ՏԻՄ. Գ 12), անոր հաւատարմութիւնը փորձելու հեռանկարով. (ՀՌՈՄ. Ե 3-5), եւ միւս կողմէ «փորձութիւն»ը՝ որ մարդը կը տանի մեղքին եւ մահուա՛ն. (ՅԱԿ. Ա 14-15)։

Մարդ պէտք է գիտնայ նաեւ զատորոշել փորձութեան «հաւանիլ»ը եւ «փորձուիլ»ը։ Վերջապէս, զատորոշումը կը դիմակազերծէ փորձութեան սուտը. փորձութեան առարկան երեւութապէս «բարի, հաճոյատեսիլ, ցանկալի» կ՚ըլլայ. (ԾՆՆԴ. Գ 6), մինչդեռ իրականին մէջ անոր պտուղը մա՛հն է։

«Աստուած չ՚ուզեր մարդուն բարին պարտադրել. Ան ազատ էակներ կ՚ուզէ…։ Փորձութիւնը գէթ բանի մը օգտակար է։ Բացի Աստուծմէ, ամէնքը՝ նոյնիսկ մենք կ՚անգիտանանք բարիքը, որ մեր հոգին ընդունած է Աստուծմէ։ Բայց փորձութիւնը զայն յայտնի կը դարձնէ, երբ կը սորվեցնէ մեզի ճանչնալ մենք մեզ, եւ այսպէս՝ ան ցոյց կու տայ մեզի մեր թշուառութիւնը, խեղճութիւնը եւ կը ստիպէ մեզ գոհութիւն մատուցանելու այն բարիքներուն համար, զորս փորձութիւնը մեզի յայտնի կ՚ընէ»։ (Որոգինէս. «De oratione»)։ «Փորձութեան մէջ» չիյնալը սրտէն բխող որոշում մը կ՚ենթադրէ. «Ուր գանձդ է, հո՛ն է նաեւ սիրտդ…». (ՄԱՏԹ. Զ 21-24)։ «Ո՛չ ոք կարող է երկու տէրերու ծառայել». (ՄԱՏԹ. Զ 21-24)։ «Քանի կ՚ապրինք Հոգիով, ընթանա՛նք նոյն Հոգիին համաձայն». (ԳԱՂ. Ե 25)։ Սուրբ Հոգիին հետ մեր համաձայնութեան շնորհիւ, Հայրը մեզի ո՛ւժ կու տայ, զօրութիւն եւ կարողութիւն կու տայ։ «Չկրեցինք փորձութիւն մը՝ որ մարդկային ուժերէն վեր ըլլայ։ Աստուած հաւատարիմ է. չի թողուր որ ձեր ուժերէն վեր փորձուիք։ Փորձութեան հետ Ան ձեզի կու տայ ո՛ւժ դիմադրելու եւ յաղթելու». (Ա ԿՈՐՆ. Ժ 13)։

Եւ սակայն այսպիսի պայքար մը եւ այսպիսի յաղթանակ մը առանց աղօթքի անկարելի՛ է։

Իր աղօթքով է որ Յիսուս Իր հոգեվարքին սկիզբէն (ՄԱՏԹ. Դ 1-11) մինչեւ Իր վերջին պայքարը՝ յաղթեց փորձիչին. (ՄԱՏԹ. ԻԶ 36-44)։

Մեր Հօր ուղղուած այս խնդրանքով՝ Քրիստոս մեզ Իր պայքարին եւ Իր հոգեվարքին կը միացնէ։ Իրեն հետ սրտով «արթուն» մնալու պատուէրը շեշտուած է Յիսուսին կողմէ. (ՄԱՐԿ. ԺԳ 9, 23, 33-37), (ՄԱՐԿ. ԺԴ 38), նաեւ՝ (ՂՈՒԿ. ԺԲ 35-40)։

«Արթնութիւն»ը պահապա՛նն է սրտին, եւ այս իսկ պատճառով Յիսուս կը խնդրէ Հօրմէն որ «պահէ մեզ Իր անունով». (ՅՈՎՀ. ԺԷ 11)։

Սուրբ Հոգին հետամուտ է մեզ անդադար սթափեցնելու, արթո՛ւն պահելու, որ ինքնակորոյս քունէ չտարուինք։ Արթուն ըլլալ, ուրեմն, կը նշանակէ՝ ուշիմ, զգօն եւ զգոյշ ըլլալ, արթնամիտ մնալ։ Ուստի «Հայր մեր…», այսինքն Տէրունական աղօթքին մէջ տեւապէս կը կրկնենք. «Այլ փրկէ՛ մեզ Չարէն»։ «Չեմ խնդրեր քեզմէ որ զանոնք վերցնես աշխարհէն, այլ պահես զանոնք Չարէն». (ՅՈՎՀ. ԺԷ 15)։ Այս խնդրանքին մէջ Չարը վերացական գաղափար մը չէ, այլ կը մատնանշէ «անձ» մը՝ Սատանան՝ Գէշը, Աստուծոյ հակադրող հրեշտակը։ Դեւը խափանողն է Աստուծոյ ծրագրին, որ Քրիստոսով կատարուած «փրկչագործութիւն»ն է։

Երբ Չարէն մեր ազատումը կը խնդրենք, մենք կ՚աղօթենք նաեւ, որ փրկուինք ներկայ, անցեալ եւ գալիք բոլոր չարիքներէն, որոնց հեղինակն է ան եւ դրդիչը։ Ուստի Տիրոջմէ կը խնդրենք, որ փրկէ մեզ չարէն եւ խաղաղութիւն տայ՝ ներքին խաղաղութիւն մեր ժամանակին։ Իր անբաւ եւ անիմանալի գթութեամբը ազատէ մեզ մեղքէն։ Փորձութիւններու դէմ ապահովեցնէ մեզ այս կեանքին մէջ՝ աշխարհի վրայ, ուր կ՚ակնկալենք Իր խոստացած երջանկութիւնը եւ անոր լրումը՝ երանութիւնը եւ Յիսուս Քրիստոսի՝ մեր Փրկչին գալուստը։

Եւ երբ Աստուծմէ կը խնդրենք, որ «փորձութիւններու դէմ ապահովեցնէ մեզ», այս ցոյց կու տայ, թէ աշխարհի վրայ՝ մարդուս կեանքին մէջ պիտի ըլլան փորձութիւններ՝ որոնց դէմ պէտք է ապաւինինք Աստուծոյ՝ մեր երկնային Հօր։

Արդարեւ, ինչպէս փորձութիւններ, նաեւ նեղութիւններ անպակաս են աշխարհի վրայ…։

Եւ ահաւասիկ, անխուսափելի փորձութիւններու եւ նեղութիւններու դէմ պայքարելու համար կարեւոր «հոգեւոր զէնք» մըն է «զօրութիւն»ը։ Զօրութիւնը, արդարեւ, այն առաքինութիւնն է՝ որ դժուարութիւններու մէջ կ՚ապահովէ վճռակամութիւնը եւ հաստատամտութիւնը բարիին հետապնդումին մէջ։ Ան կ՚ամրացնէ առաջադրանքը փորձութիւններու դիմադրելու եւ արգելքները յաղթահարելու բարոյական կեանքին մէջ։ «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, սակայն քա՛ջ եղէք, որովհետեւ Ես յաղթեցի աշխարհին». (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։

Մինչ 23-րդ Սաղմոսն ալ կ՚ըսէ.

«Տէրը իմ հովիւս է, ինծի ո՛չ մէկ բան կը պակսի…»։ Եւ ի՜նչ երանելի է փորձութիւններու, փորձանքներու, նեղութիւններու մէջ, նոյնիսկ մահուան շուքին տակ ապաւինիլ Տիրոջ, վստահիլ Անոր եւ վախ չզգալ՝ գիտնալով որ Ան պիտի փրկէ մեզ այդ նեղ կացութենէն։ Ուստի, կարեւոր չէ՛ փորձութիւններու մատնուիլ, սայթաքիլ եւ նոյնիսկ իյնալ, կարեւորը՝ կարենալ վեր կանգնի՛լն է եւ հաւատալ, գիտնալ, որ կա՛յ Անձ մը, որ պիտի օգնէ եւ միշտ կ՚օգնէ մեզի մեր անկումներուն մէջ եւ կ՚երկարէ Իր ձեռքը՝ վե՛ր կանգնեցնելու համար։ Երանի՜ հաւատացողին…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 8 2022, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յունուար 10, 2023