ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Սահմանաւոր փորձառութիւն մը բացատրելու համար ստեղծուած բառ մըն է մահ «երկրաւոր» բառը։ Յաւիտենականութեան համար բոլորովին օտար եւ անիմաստ բառ մըն է մահը։ Յաւիտենականութեան միակ ընտանի եւ ընդունելի բառն է «կեանք» բառը։ Արդարեւ, «մահ» բառին ստուգաբանութիւնն է՝ «մարմին առանց հոգիի». ուստի մահը երբեք «վերջ» մը չէ՛, այլ՝ ժամանակի եւ միջոցի մէջ փոփոխութիւն մը միայն։

Այս իմաստով, ուրեմն, «կեանք»ը կը սկսի եւ կը շարունակէ առանց ընդմիջումի։ Ուստի մահը մեր մարմնաւոր-ֆիզիքական կեանքին համար «մահ» չէ՛ իր սովորական իմաստովը, այլ՝ պարզապէս, ինչպէս Առաքեալը կը բացատրէ, «փոփոխութի՛ւն» մը։ Կեանքը «կը փոխուի», բայց իր էական բնոյթը կամ կոչումը կը շարունակէ՛։

Մահը տեսակ մը «կայարան» կամ «հանգրուան», «կանգառ» մըն է մէկ կառքէն փոխանցուելու ուրիշը՝ ուրիշ կառքի մը, բայց անընդհատ շարուակե՛լու ճամբան յաւիտենականութեան մէջ։ Ուստի կեանքը սկիզբ ունի, բայց վերջ չունի, հապա շարունակական ընթացք մը, որ հանգրուան մը ունի ժամանակի եւ միջոցի փոփոխութեան համար։

Եւ մարդ այնքան ապահով կը զգայ ինքզինք Աստուծոյ թեւերուն տակ որքան իր ընտանիքին մէջ՝ հարազատներուն մօտ։

Կեանքը կը նմանի նաւու մը՝ որ յաւիտենականութեան անսահման ծովերուն վրայ կը ճամբորդէ՝ կատարելապէս ապահով եւ անվտանգ կերպով, քանի որ ունի վստահելի նաւապետ մը՝ առաջնո՛րդ մը…։

Կարելի է երեւակայել, թէ այս «նաւ»ը՝ որեւէ անակնկալ պատճառով՝ ընկղմեր այս խորունկ ծովուն յատակը, բայց կարելի չէ պահ մը իսկ տարակուսիլ, թէ այն նաւը՝ որուն նաւապետը Աստուած է՝ որեւէ պատճառով աղէտի պիտի հանդիպի եւ չհասցնէ ճամբորդը՝ մարդը իր յաւիտենական տունը։ Մարդ, որպէս արարած իր կեանքը եւ ճակատագիրը յանձնած, վստահած է Աստուծոյ, որ զինք ձեւած, ստեղծած եւ կեանքի այս երկրաւոր եւ ժամանակաւոր հանգրուանին մէջ յամեցուցած է ատեն մը -եւ կը շարունակէ յամեցնել- որոշ նպատակներու համար, մինչեւ որ «ատենը գայ» եւ ճամբորդութիւնը սկսի դէպի յաւիտենականութիւն։ Արդարեւ, մարդ իր արարչութեան պահէն իսկ կոչուած է յաւիտենականութեան՝ ուր պիտի շարունակուի կեանքը։

Սուրբ Ամբրոսիոս կ՚ըսէ. «Քանի որ կեանքը՝ Քրիստոսի հետ ըլլալ է. հոն ուր Քրիստոսն է, հո՛ն է կեանքը, հո՛ն է Արքայութիւնը»։ Իր մահով եւ Իր Յարութեամբ՝ Յիսուս Քրիստոս մեզի երկինքը «բացաւ»։ Երանելիներուն կեանքը կը կայանայ լիակատար իւրացումին մէջ Քրիստոսով կատարուած փրկչագործութեան պտուղներուն։

Քրիստոս Իր երկնային փառաւորութեան մասնակից կ՚ընէ անոնք, որոնք հաւատացին, վստահեցան Իրեն եւ Իր կամքին հաւատարիմ մնացին։ Երկինքը երանաւէտ հաւարակութիւնն է բոլոր անոնց, որոնք կատարելապէս միացած են Անոր մարմինին։

Բոլոր մեռեալ «արդարներուն եւ մեղաւորներուն» յարութիւնը (ԳՈՐԾ. ԻԴ 15) պիտի նախորդէ վերջին Դատաստանը։ Պիտի գայ «ժամը երբ գերեզմանին մէջ բոլոր եղողները պիտի լսեն Մարդու Որդիին ձայնը… եւ դուրս պիտի գան. անոնք որ բարին գործած են՝ կեանքին յարութեան համար, իսկ անոնք որ չարիք գործած են դատապարտութեան յարութեան համար» (ՅՈՎՀ. Ե 28-29)։ Այն ատեն Քրիստոս «Պիտի գայ Իր փառքով եւ Իր բոլոր հրեշտակներուն հետ…։ Անոր առջեւը պիտի հաւաքուին բոլոր ազգերը եւ Ինք մարդիկը պիտի բաժնէ իրարմէ, ինչպէս հովիւը կը զատէ ոչխարները այծերէն։ Ոչխարները պիտի դնէ Իր աջին եւ այծերը Իր ձախին… եւ ասոնք պիտի երթան յաւիտենական տանջանքին, իսկ արդարները յաւիտենական կեանքին» (ՄԱՏԹ. ԻԵ 31-33, 46)։

Աստուած մարդուն տուած է ազատութիւն եւ Աստուծոյ ազատ նախաձեռնութիւնը կը պահանջէ «մարդուն ազատ պատասխանը», որովհետեւ Աստուած ստեղծեց մարդը ըստ Իր պատկերին, տալով անոր, ազատութեան հետ, կարողութիւնը զԻնք ճանչնալու եւ սիրելու։ Մարդու հոգին սիրոյ հաղորդութեան մէջ միայն ազատօրէն կը մտնէ։ Աստուած անմիջական ձեւով կը դպչի մարդուն սրտին եւ ուղղակիօրէն կը շարժէ զայն։ Ան մարդուն մէջ դրած է տենչանք մը ճշմարտութեան եւ բարիին եւ միայն Ինք կարող է գոհացնել զայն։ «Յաւիտենական կեանք»ին խոստումները ամէն ակնկալութենէ վեր կ՚ընդառաջեն այս տենչանքին։ Արդարեւ, Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Եթէ Դուն, Քու յոյժ բարի գործերուդ աւարտին՝ հանգչեցար եօթներորդ օրը, Դուն ուզեցիր մեզի կանխաւ ըսել Քու Գիրքիդ ձայնով, թէ մեր գործերուն աւարտին, որոնք յոյժ բարի են, քանի որ Դուն իսկ տուիր զանոնք մեզի, մենք ալ յաւիտենական կեանքին շաբաթ օրը պիտի հանգչինք Քու մէջդ»։

Ուստի, Աստուած «յաւիտենական կեանք»ին մէջն է «ամէն ինչ՝ ամէնի մէջ» (Ա ԿՈՐՆ. ԺԵ 28)։ Սուրբ Կիւրեղ Երուսաղէմացի կ՚ըսէ. «Գոյացական եւ իսկական կեանքը Հայրն է, որ Որդիով եւ Սուրբ Հոգիին միջոցով՝ երկնային պարգեւները բոլորին վրայ կը սփռէ առանց բացառութեան։ Շնորհիւ Հօր ողորմածութեան, մենք՝ մարդիկս ալ յաւիտենական կեանքին անսուտ խոստումը ստացանք»։

Ժամանակներուն աւարտին, Աստուծոյ Արքայութիւնը պիտի հասնի իր լրումին։ Այն ատեն մարմինով ե՛ւ հոգիով փառաւորուած արդարները յաւիտեան պիտի թագաւորեն Քրիստոսի հետ, իսկ նիւթական տիեզերքը եւս պիտի կերպարանափոխուի։ Այն ատեն Աստուած յաւիտենական կեանքին մէջ պիտի ըլլայ «ամէն ինչ՝ ամէնի մէջ» (Ա ԿՈՐՆ. ԺԵ 28)։

Աստուած, մարդկային ցեղին հանդէպ Իր հոգածութիւնը անդադար ցոյց տուաւ, որպէսզի «յաւիտենական կեանք»ը պարգեւէ բոլոր անոնց՝ որոնք յարատեւութեամբ յաւիտենական փրկութիւնը կ՚որոնեն բարիին մէջ։ Մարդը երբ իր անհնազանդութեամբ Աստուծոյ բարեկամութիւնը կորսնցուց, Ան չլքեց զինք մահուան իշխանութեան տակ. Ան ուխտերը բազմացուց մարդոց հետ։

Սուրբ Թովմաս Աքուինացի կ՚ըսէ. «Սուրբ Խորհուրդը նշանն է, որ կը վերյիշատակէ նախընթաց մը, այսինքն Քրիստոսի չարչարանքները բացայայտ կը դարձնէ Քրիստոսի չարչարանքներով մեր մէջ գործուածը՝ այսինքն շնորհքը։ Կը նախագուշակէ, կ՚ուզեմ ըսել, կանխաւ կ՚աւետէ հանդերձեալ փառքը»։

Յաւիտենական կեանքը Աստուծոյ նուիրուած կեա՛նքն է՝ սիրոյ եւ վկայութեան մէջ առաքելութեան աճո՛ւմը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 4, 2020, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Փետրուար 10, 2020