ՀԻՓՈԿՐԱՏՆ ԱԼ ՄԵՌԱՒ…

Վստահաբար բոլորս ալ ձեւով մը լսած ենք, որ բժիշկները իրենց բժշկական ուսումը աւարտելէ ետք երդման արարողութիւն մը կ՚ունենան, որ ծանօթ է Հիփոկրատական երդում անուանումով:

Վերջերս երկու տարբեր հիւանդանոցներու մէջ ունեցած փորձառութիւնս պատճառ դարձաւ, որ համոզուիմ, թէ ներկայ օրերուն ժամկէտանց է նոյնի՛սկ այդ երդումն ու երդումները...: Վերադառնալով տուն ուզեցի սերտել այդ երդման մանրամասնութիւնները. ահաւասիկ բովանդակութիւնը.-

«Կ՚երդնում բժշկութեան աստուած Ափոլլոնի, առողջութեան հովանաւոր Ասքլէփիասի եւ այլ աստուածներու եւ դիցուհիներու անունով, որ կը կատարեմ այս երդումն ու գրաւոր պարտականութիւնը, որքան որ ներեն ուժերս ու խիղճս: Կ՚երդնում ինձ բժշկութեան արուեստը սորվեցնող ուսուցիչիս սիրել ծնողքիս հաւասար, իմ ամբողջ կարողութիւններս կիսել անոր հետ ու հոգալ անոր կարիքները, անոր զաւակները համարել իմ եղբայրները եւ եթէ անոնք կամենան անոնց սորվեցնել բժշկութեան արուեստը՝ անվարձահատոյց եւ առանց գրաւոր պայմաններու: Կ՚երդնում իմ բոլոր գիտելիքները, դասախօսութիւնները եւ դասաւանդման եղանակները հաղորդել իմ որդիներուն, իմ ուսուցիչի որդիներուն եւ աշակերտներուս:

«Կ՚երդնում օգնել հիւանդներուն՝ խիղճիս համաձայն, որքան որ ուժերս ներեն, խուսափելով անոնց վնաս կամ չարիք պատճառելէ:

«Կ՚երդնում ո՛չ ոքի մահաբեր թոյն տալ կամ երբեւէ մասնակցիլ այդ գործողութեան՝ ով որ ալ ըլլայ այդ մէկը խնդրողը: Կ՚երդնում նոյնպէս երբեւէ կանանց վիժեցնող դեղամիջոց չտալ:

«Կ՚երդնում իմ առօրեայ կեանքի ընթացքին եւ արուեստիս մէջ ըլլալ մաքուր եւ բարեպաշտ:

«Կ՚երդնում ինչ տուն ալ որ մտնեմ, աշխատիլ միայն հիւանդի բարօրութեան համար, մնալով զերծ անարդար գործերէ եւ այդ տան մէջ բնակող կնոջ եւ կամ տղամարդու հետ սեռական կապակցութենէ, անոնք ըլլան ազատ կամ ստրուկ:

«Կ՚երդնում բժշկական գործունէութեանս ընթացքին եւ անկէ դուրս ի՛նչ ալ տեսնեմ հրապարակաւ չյայտնել. կ՚երդնում լռութեան մատնել ու այդ մէկը համարել սրբազան գաղտնիք:

«Եթէ այս երդումը չդրժեմ եւ այդ մէկը բարեխղճօրէն կատարեմ, թող կեանքի մէջ երջանկութիւն ունենամ, արուեստիս մէջ յաջողութիւն եւ մարդոց յարգանքը անձիս հանդէպ ըլլայ յաւիտեան: Իսկ եթէ դրժեմ երդումս, թող այդ բոլորին հակառակը ինձ բաժին ըլլայ»: (Աւանդութեան համաձայն՝ այս երդման պայմանագիրի հեղինակն է Ն.Ք. 460-370 թուականներուն ապրած յոյն բժիշկ, փիլիսոփայ եւ բժշկութեան հիմնադիրներէն նկատուող Հիփոկրատը):

Եթէ վերոյիշեալ բոլոր պայմանները ամբողջութեամբ կատարող ազնիւ բժիշկներ գոյութիւն ունին, իրապէս թող արժանի ըլլան այդ յարգանքին ու երջանկութեան, սակայն անձնական փորձը ցոյց կու տայ, թէ շա՜տ շատ քիչ են անոնք:

Օրեր առաջ բարեկամս բարձր ջերմով կը տառապէր։ Օտարազգի ըլլալուն եւ հայերէն չգիտնալուն պատճառով յանձն առի ընկերանալ. նախ դիմեցինք դարմանատուն մը. բժիշկը տեսնելով ջերմի բարձրութիւնը յայտնեց, թէ իր գործը չէ. պէտք է հիւանդանոց երթալ. առանց բժշկական միջամտութիւն մը կատարելու գումար վերցուց հիւանդէն: Գացինք հիւանդանոց. բժիշկը յայտնեց, թէ պէտք է թոքերը նկարենք, որպէսզի ստուգեն բորբոքում կա՞յ, թէ ոչ...: Բժիշկը ըսաւ, որ նկարելու տեղը հերթ կայ եւ պէտք է ամենէն քիչը 2-3 ժամ սպասենք, մինչեւ մեր կարգը հասնի. մի քանի վայրկեան ետք նոյն բժիշկը մօտեցաւ ու հետեւեալ առաջարկը ըրաւ. «եթէ քիչ մը դրամ տաք թուղթ կը գրեմ, որ ձեր հիւանդը շատ անհանգիստ է եւ փոխանակ 2-3 ժամ սպասելու 5 վայրկեանէն կը մտնէք ու դուրս կու գաք»: Այդպէ՛ս ալ ըրինք: Թոքերը նկարելէ ետք նոյն բժիշկը այլ առաջարկով մը մօտեցաւ. «թոքի նկարներուն պատասխանը մօտաւոր 1-2 օր կը տեւէ մինչեւ դուրս գայ. եթէ նկարելու բաժնի բժիշկին ալ քիչ մը դրամ տաք, կը խօսինք, կէս ժամէն ձեր արդիւնքները կը ստանանք»... այդպէս ալ ըրինք:

Ու վերջապէս հասայ այն եզրակացութեան, որ այդտեղ ո՛չ մէկ կարեւորութիւն ունի հիւանդին առողջական վիճակն ու ծանրութիւնը. դրամը կու տաս՝ նոյն վայրկեանին հիւանդիդ հոգ տանելու կը սկսին. դրամ չե՞ս տար... նոյնիսկ եթէ հիւանդդ մեռնելիք ըլլայ ոչինչ «կրնան» ընել...:

Տակաւին Լիբանան եթէ հարազատդ մահամերձ է եւ դրամը հետդ հիւանդանոց բերած չես... կրնան նոյնիսկ հիւանդը հիւանդանոցի դուռէն ներս չմտցնել, նոյնիսկ եթէ դրան առջեւ մահանայ. պատահած է նաեւ, որ մահացող հիւանդին դիակը չյանձնեն հարազատներուն՝ մինչեւ նիւթական վճարումները չկատարուին:

Հիփոկրատ ի՞նչ տեսած էր, որ այդ բոլորը գրելու եւ ուսուցանելու պէտքը զգացած էր... չե՛մ գիտեր, սակայն մէկ բան պարզ է, որ բժիշկներու մեծամասնութիւնը անտեղեակ են խիղճի ինչութենէն. հաւանաբար այդ մէկը մարդու օրկանիզմի մէկ անդամը կը կարծեն. անոնք ո՛չ թէ Հիփոկրատի, ո՛չ թէ Ափոլլոնի կամ Ասքլէփիասի եւ այլ աստուածներու, իրենք իրենց հաւատացած ու պաշտած Աստուծոյ վրայ նոյնիսկ թքած ունին. վա՜յ անոր որ անոնց ձեռքը կը յանձնուի:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԱՐՄԷՆ ՏԻԳՐԱՆԵԱՆ
(1879-1950)

Մեր թուականէն 72 տարիներ առաջ՝ 10 Փետրուար 1950-ին Վրաստանի մէջ մահացած է երգահան, խմբավար, Խորհրդային Հայաստանի եւ Վրաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ եւ հայկական ազգային օփերայի հիմնադիր Արմէն Տիգրանեան:

Տիգրանեան ծնած է 14 դեկտեմբեր 1879-ին, Կիւմրիի մէջ. փոքր տարիքէն նուագած է սրինգ եւ բազմաթիւ առիթներով դպրոցական ելոյթներու ընթացքին բեմ բարձրացած: Փոքր տարիքէն Տիգրանեանի տունը եղած է գրական-երաժշտական երեկոներու հաւաքավայր, ուր հաւաքուած են արուեստագէտներ եւ երաժիշտներ, որոնք մեծապէս ազդած են երաժիշտ Տիգրանեանի վրայ:

Տիգրանեան 1909 թուականին սկսած է Յովհաննէս Թումանեանի բառերով ստեղծագործել իր ամենէն յայտնի գործերէն «Անուշ»ը, որ նոր էջ բացած է հայկական օփերային կեանքէն ներս: Տիգրանեանի «Անուշ» օփերան առաջին անգամ ներկայացուած է 1912 թուականին, իր ծննդավայրին՝ Կիւմրիի մէջ. «Անուշ»ը Երեւանի մէջ առաջին անգամ ներկայացուած է 1935 թուականին, որմէ չորս տարիներ ետք՝ 1939-ին ներկայացուած է Մոսկուայի մէջ եւս: Առաջին ներկայացումէն ետք, աւելի քան 30 տարի, Տիգրանեան յաճախ վերանայած ու փոփոխութիւններ կատարած է «Անուշ»ի ստեղծագործութեան մէջ: Տիգրանեան 1913 թուականին հաստատուած է Թիֆլիզ, ուր մասնակցած է Հայոց երաժշտական ընկերութեան աշխատանքներուն. միաժամանակ ուսուցչութեան պաշտօն ստանձնած է Յովնանեան վարժարանէն ներս, ուր հանդէս եկած է երաժշտական ներկայացումներով: Թիֆլիզ գտնուած ժամանակ երաժշտահանը ստեղծագործած է նոր օփերային կատարումներ, որոնցմէ է «Լէյլի եւ Մեջնուն»ը, որ մշակուած է «Արեւելեան պարը» նուագախումբի համար:

Տիգրանեան 1920-1930 թուականներուն յօրինած է շարք մը երգեր. ինչպէս՝ «Շիրակ զմրուխտի», «Պարերգ», «Հայկական պարերու» շարքը եւ ուրիշներ:

Հայրենական մեծ պատերազմի ժամանակ Տիգրանեան ստեղծագործած է ազգասիրական ու հայրենասիրական երգեր, որոնցմէ ամենէն յայտնին է «Դաւիթ Բէկ» օփերան, որուն առաջին ներկայացումը տեղի ունեցած է 1949 թուականին: Տիգրանեան ստեղծագործած է նաեւ բազմաթիւ երաժշտութիւններ թատերական ներկայացումներու համար, որոնցմէ են Ղազարոս Աղայեանի «Անահիտ»ը, Յովհաննէս Թումանեանի «Մի կաթիլ մեղր»ը, Րաֆֆիի «Սամուէլ»ը, Շիրվանզատէի «Նամուս»ը եւ ուրիշներ:

Մինչեւ օրս Կիւմրիի մէջ կը գործէ Տիգրանեանի տուն-թանգարանը. անոր անունով Հայաստանի մէջ կան փողոցներ, ինչպէս նաեւ երաժշտանոցներ Երեւանի եւ Կիւմրիի մէջ. Երեւանի մէջ տեղադրուած է երաժիշտ Տիգրանեանի արձանը:

Շնորհիւ իր վաստակին Տիգրանեան արժանացած է «Լենին»ի շքանշանին, նաեւ արժանացած է Խորհրդային Հայաստանի եւ Վրաստանի Արուեստի վաստակաւոր գործիչի կոչումին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Փետրուար 10, 2022