ՄՈՌՑՈՒԱԾ ԲԱՅՑ ԿԵՆԴԱՆԻ՛

Իգական սեռի ներկայացուցիչները մեր կեանքին մէջ ամէ՛ն տեղ են. նոյնիսկ հոն՝ ուր կը կարծուի, թէ կինը «չի կրնար» եւ կամ «իրեն վերապահուած չէ»: Այսօր կինը հոն է՝ ուր որ է տղամարդը, մինչեւ իսկ բանակի ու ռազմական գործողութիւններու մէջ:

Անցեալի ընկերութիւնը հիմնուած էր այնպէս, որ կինը ուսում ստանալու կարիքը չունի. անոր գործն է օգնել տունի ու դաշտի աշխատանքներուն, ընտանիքի յաւակնութեամբ ամուսնանալ, զաւակներ ունենալ ու նուիրուիլ անոնց խնամքին: Եթէ սերտենք անցեալի ընկերութիւնը, պիտի տեսնենք, թէ այդտեղ բժիշկը, երաժիշտը, վարժապետն ու ուսուցիչը, նկարիչն ու արուեստագէտը ընդհանրապէս արական սեռի ներկայացուցիչներ են. օրինակ՝ հայ կին պատմիչ գրեթէ չէ ունեցած հայ ժողովուրդը. Հայ կին քնարերգու, բանաստեղծ ու երգիչ չէ ունեցած՝ մինչեւ 19-րդ դարու վերջերը եւ 20-րդ դարու սկիզբները. 20-րդ դարը մարդկային ընկերական կեանքի մէջ շատ բան փոխեց, ինչպէս նաեւ փշրեց այն գաղափարը, որ տղամարդը կարող, իսկ իգական սեռի պատկանողները անկարող դասակարգի մարդիկ են. հետզհետէ իգական սեռի ներկայացուցիչները սկսան մուտք գործել:

Պարսկաստանի մէջ հրատարակուող «Ալիք» օրաթերթը 79 տարիներ առաջ՝ կիրակի, 21 նոյեմբեր 1943 թուի առաջին էջին մէջ թարգմանութեամբ կը հրատարակէ «Կինը զինուորական զգեստով» խորագրեալ յօդուած մը: Անգլիացի հեղինակ Արթուր Ուանթըրց զարմանքով կը հաղորդագրէ իգական սեռին զանազան բնագաւառներէ ներս ունեցած յաջողութիւններուն մաս. հեղինակը խօսելով անոնց մասին կ՚ըսէ. «շա՜տ փորձագէտ դարձած են նշաններով խօսակցութեան մէջ. սքանչելի օդերեւութաբաններ դարձած են: Ըմբռնած են հեռագրութեան կարեւորութիւնը. մինչեւ իսկ սկսած են լուսանկարել: Անոնք ելեկտրագէտ են եւ զինագործ: Հետզհետէ կարեւոր թուով կանայք գործարաններէն դուրս գալով անցած են օդակայան եւ սկսած են սաւառնիլ օդին մէջ: Տարրալուծարաններու մէջ փոխարինած են տղամարդոց. ձայնասփիւռի գործիքներ նոյնիսկ սկսած են նորոգել, մինչեւ իսկ շարժանկարներու լամպերը փոխել ու նորոգել: Դարմանատուներէն ներս անոնց թիւը սկսած է դառնալ զգալի»:

Հեղինակը զարմանքով կը շարունակէ յայտնել, թէ «Անգլիացի կանայք կը մասնակցին հրշէջներու աշխատանքներուն, սաստիկ օդային ռմբակոծումներու տակ կը մասնակցին բուժօգնութեան աշխատանքներուն։ Անոնք այս բոլորը կը կատարեն մեծ քաջասրտութեամբ եւ բարձր գիտակցութեամբ»:

Հայ ժողովուրդը եւս իր պատմութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ մինչեւ այսօր ունի այնպիսի իգական սեռի ներկայացուցիչներ, որոնք իրենց գործերով ու արիութեամբ գերազանցած են նոյնիսկ արական սեռի ներկայացուցիչները: Ցաւ ի սիրտ մեր ազգը շատ անգամ ուշադրութիւն չէ դարձուցած անոնց եւ ժամանակի ընթացքին տրուած են մոռացութեան: Մոռցուած է օրինակ Եղիսաբէթ Սուլթանեանը, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմին տեսնելով գիւղի տղամարդոց սպանութիւնը, զէնքը ձեռքին դուրս եկած է թշնամիներուն դէմ. Եղիսաբէթի մասին երգ յօրինած է ամերիկահայ երաժիշտ Դերեկ Շերինեանը, որ թոռն է Եղիսաբէթի աղջկան:

Նոր սերունդէն քանի՞ հոգի իրապէս ծանօթ է Սօսէ Մայրիկի գործունէութեան, որ տեսնելով իր ամուսնոյն, որդիին եւ հարազատ եղբայրներուն նահատակութիւնը, վերցնելով զէնքը շարունակած է պայքարը թշնամիին դէմ։ Ի՜նչ քաջասրտութիւն. տեսնել սեփական զաւակի նահատակութիւն, կողակիցի կորուստ, սակայն չնահանջել: Կռուի ժամանակ վիրաւորուած ու բռնուելով բանտ նետուած է, սակայն երբեք չէ՛ նահանջած:

Այսօր կամաց կամաց սկսած ենք մոռացութեան տալ նաեւ մերօրեայ հերոսները, որոնցմէ է Ճեմմա Յովհաննիսեանը, որ շքանշաններ ստացած է թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ թէ Արցախի Հանրապետութեան կողմէ:

Իսկական անունով Հեղինէ. 1988-1994 թուականներուն եղած է 5-րդ կամաւորական գունդի հրամանատար: Հրամանատար՝ որուն հրամաններուն ենթարկուած են բազմատասնեակ տղամարդիկ, որոնք հաւատք ու կոյր վստահութիւն ունեցած են հրամանատարուհիի նկատմամբ: Լրատուական կազմակերպութեան մը հետ հարցազրոյցի ժամանակ Ճեմմա պատմած է հետեւեալ դէպքը. «Երասխաւանի «Նայիրի» դիրքը ունէր երեք կրակակէտ։ Հակառակորդի կրակոցներէն զոհուեցաւ լաւ տղաներէն մին. տղաները համոզեցի, որ դիքերէն իջեցնեն եւ յուղարկաւորեն իրենց ընկերը եւ հանգստանան, որովհետեւ քանի օրէ անքուն մնացած էին. 2 գիշեր, 3 ցերեկ առանց բան մը կերած ըլլալու վազեցի մէկ կրակակէտէն միւսը ու յաճախ դիրքս փորձելով տարբեր ուղղութիւններով կրակ արձակեցի, որպէսզի հակառակորդը մեզ թիւով շատ կարծէ: Ջուր չկար. ձիւնը ջուրի տեղ կը գործածէի. այդ օր հրամանատար Մեջլումեանը խօսեցաւ ու հարցուց, թէ քանի հոգիով ենք. 101 ըսի (այսինքն՝ մէկ)». Ճեմմա կը յիշէ, թէ դիրքէն իջնելուն զինք դիմաւորած է հրամանատար Մեջլումեան, արցունքը աչքերուն ըսած է, թէ իր անունը պէտք է ոսկի տառերով գրել պատմութեան էջերուն մէջ:

Ո՞ւր են այդ ոսկի տառեր... չե՛մ գիտեր, սակայն անոնք կա՛ն, կենդանի են, պարզապէս մեռած են մեր սիրտերուն մէջ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ
(1900-1986)

Մեր թուականէն 36 տարիներ առաջ՝ 10 մարտ 1986-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ մահացած է գրող, արձակագիր եւ մտաւորական Արամ Հայկազ (բուն անունով Արամ Չէքէնեան):

Արամ Հայկազ ծնած է 22 մարտ 1900 թուականին, Շապինգարահիսարի մէջ: Իր կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ. պատանի տարիքէն ապրած է Համաշխարհային Ա. պատերազմի արհաւիրքը, որու ընթացքին կորսնցուցած է հայրն ու եղբայրները, որոնք մասնակցած են Շապինգարահիսարի ապստամբութիւններուն: Արամ, իր մօր հետ գաղթած է Սուրիա, ուր իր կեանքը փրկելու համար որոշ ժամանակ ընդունած է իսլամական կրօնը՝ մինչեւ իր ամբողջական ազատութիւնը. այդ ժամանակաշրջանին մասին Արամ Հայկազ գրած է «Չորս տարի քիւրտիստանի լեռներուն մէջ» աշխատութեան մէջ:  Արամ Հայկազ 1919 թուականին անցած է Պոլիս եւ որոշ ժամանակ ուսումը շարունակած է Կենդրոնական վարժարանէն ներս, ուր աշակերտած է Յակոբ Օշականին. 1921 թուականին մեկնած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր աշխատած է «ՏէյլիՄիրոր» (Daily Mirror) թերթին մէջ:

Արամ Հայկազի գրական գործունէութիւնը սկիզբ առած է 1922 թուականին. իր գրութիւններուն համար օգտագործած է Արամ Հայկազ գրչանունը. Հայկազը գրողի եղբօր անունն է, որ գրողը անմահացնելու համար օգտագործած է որպէս գրչանուն:

Իր կեանքի ընթացքին Արամ Հայկազ գրած է մօտաւորապէս տասն գիրք, որոնք արժանացած են մրցանակներու: Անոր նշանաւոր աշխատութիւններէն են «Ցեղին ձայնը» երկհատոր աշխատութիւնը, «Չորս աշխարհ»ը, «Պանդոկ»ը, «Ապրէք երեխէք»ը, «Երջանկութիւնը» եւ այլ աշխատութիւններ:

Արամ Հայկազի գրականութեան 50-ամեակը նշուած է 1972 թուականին, Լիբանանի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Մարտ 10, 2022