ԱՐԴԱՐ ՎԱՍՏԱԿ ՇԱՀՈՂՆԵՐԸ

Այսօր համացանցը լեցուած է խաբեբաներով, որոնք կեղծ հարստութիւն մը ցուցադրելով կը փորձեն նոր սերունդը համոզել եւ ձեւով մը զիրենք առաջնորդել: Նման անձերու գոյութիւնը կը սկսինք տեսնել գրեթէ ամէ՛ն տեղ՝ թէ՛ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ եւրոպական երկիրներու մէջ եւ անոնց յաջողութիւնը ընդհանրապէս երաշխաւորուած կ՚ըլլայ վիզէ կախուած ոսկիներով, ինքնաշարժներով, հագուստով ու կապուստով, որովհետեւ ներկայ ընկերութեան համար յաջողութիւնը ոսկիներ կրելու, սուղ ինքնաշարժներ վարելու եւ նիւթապէս «ապահով» ներկայանալու մէջ է:

Նման մարդոց իրապէս հարուստ ըլլալն ու չըլլալը կը շարունակէ մնալ հարցական, որովհետեւ ներկայ ընկերութիւնը ատակ է դիւրութեամբ խաբուելու եւ շահ ապահովելու սիրոյն իր ունեցած փոքր գումարը եւս կորսնցնելու՝ քիչ մը աւելի գումար վաստակելու երազով:

Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի երկու տարբեր տեսակի մարդիկ. կան ոմանք, որոնց ինքնասիրութիւնը չի՛ ձգեր նուաստանալ եւ հակառակ նիւթական դժուարութիւններուն՝ կը փորձեն ընկերութեան մէջ մնալ «բարձր» եւ երբեք նկատելի չդարձնել, մինչ կան ուրիշներ, նիւթապէս ապահով ըլլալով հանդերձ կը փորձեն «խեղճ» երեւիլ, հաւանաբար այն փուճ մտածումով, որ մարդիկ կրնան իրենց «աչքով» զիրենք սնանկացնել:

Ներկայիս կը խօսինք նման նիւթի մը մասին, որովհետեւ համշխարհային վիճակագրութիւններուն համաձայն, համացանցի վրայ ամենաշատ փնտռուած նիւթը մարդոց կողմէ «ինչպէ՞ս դրամ շահիլ»ն է, որովհետեւ մերօրեայ մարդը կ՚ուզէ դրամ շահիլ՝ նոյնիսկ շատ անգամ առանց աշխատելու եւ յոգնելու եւ այս մէկը լաւապէս գիտցող խելացիներ մարդոց առանց մարմնական աշխատանքի գումար վաստակիլ կը խոստանան եւ ցաւ ի սիրտ, կը յաջողին շատեր իրենց թակարդին մէջ առնել:

Դիւրութեամբ դրամ շահիլ խոստացողները համացանցի վրայ առաջին հերթին աղքատութեան պատճառ կը նկատեն դպրոցն ու համալսարանը, ուր աշակերտներուն ամէն բան կը սորվեցնեն՝ բայցի գումար աշխատելու արուեստէն: Անոնք ամենէն կարեւորը կը նկատեն այդ մէկը, մինչ դպրոցը միայն գիտութիւն կը փոխանցէ մանուկներուն, թէեւ ներկայիս քիչ քիչ դպրոցներ սկսած են իրենց ծրագրին մէջ տեղ տրամադրել դրամ շահելու արուեստին: Անոնք համալսարանն ու դպրոցը խաբէութիւն կը նկատեն, որովհետեւ այդտեղ փախանցուածները մարդիկը չեն հարստացներ: Ցաւ ի սիրտ, այս մէկը կու գան փաստելու այն դժբախտ իրականութեամբ, որ այսօր աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող մեծահարուսներուն մեծամասնութիւնը համալսարանաւարտներ  չեն։ Անդին կու գայ այն դժբախտ ճշմարտութիւնը, որ այսօր համալսարան աւարտողներուն մեծամասնութիւնը իր ոլորտէն ներս գործ գտնելու լուրջ խնդիրներու դիմաց կը գտնուի եւ այս դժբախտ իրողութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ մարդիկ յաջողութիւնը բարոյականէն կամ գիտական կարողութիւններէն աւելի նիւթականին մէջ գտնեն։ Այսօր Աբիսողոմ աղայի պէս անուս անձնաւորութիւն մը շատ աւելի յաջող կը նկատուի, քան մի քանի տասնեակ գիտական հատորներու հեղինակ մը, որովհետեւ այդ գիտնականը իր ունեցած բոլոր գիտելիքներով կը շարունակէ ապրիլ թշուառ կեանք մը, մինչ դպրոցի երես չտեսած Աբիսողոմ աղան շատ աւելի բարեկեցիկ կեանք մը կ՚ապրի:

Դիւրին միջոցով դրամ աշխատիլ խոստացողները կը նախատեն բանուոր դասակարգը, որովհետեւ ըստ իրենց մտածողութեան թշուառներ են անոնք՝ որոնք օրական դրութեամբ առտու գործի կ՚երթան եւ գիշեր տուն կը վերադառնան: Անոնք այդ բոլորը տգիտութիւն կը համարեն, որովհետեւ կ՚ուզեն մարդոց համոզել, որ իսկական յաջողութիւնը առանց աշխատելու վաստակելուն մէջ կը կայանայ:

Հիները մի՛շտ կը մեծարէին աշխատութիւնը, որովհետեւ անոնց համոզումով «աշխատանքը հոգին կ՚ազնուացնէր», մինչ մերօրեայ սերունդը ապուշութիւն կը նկատէ այդ մէկը, որովհետեւ ունի այն համոզումը, որ բազմաթիւ են անոնք, որոնք առանց բան մը ընելու աներեւակայելի գումարներ կը վաստակին:

Նման պարագաներու մարդիկ բաժնուած են երկու մասի. ոմանց համոզումով՝ աշխարհի մէջ գումար վաստակիլը աշխարհի ամենէն հեշտ ու դիւրին բանն է, մինչ ուրիշներ ունին այն համոզումը, որ այսօր շա՜տ դժուար է դրամ վաստակիլ:

Դժուար է ըսել, թէ դիւրին քննարկելի հարց է, սակայն յստակ է, որ այսօր «ով աշխատի նա կ՚ուտի»ի աշխարհ մը գոյութիւն չունի. կայ մարդ որ օր ու գիշեր կ՚աշխատի ու կը շարունակէ մնալ թշուառութեան մէջ, մինչ անդին կը գտնուին ոմանք, որոնք առանց աշխատելու չես գիտեր ինչպէս բազմապատիկ աւելի հանգստաւէտ կեանք մը կ՚ապրին:

Վստահաբար ժամանակի փոփոխութիւնը իր հետ պիտի փոխէ նաեւ մտածումները, արհեստներն ու արժեչափերը, սակայն ժամանակի ընթացքին բարոյականը նահանջ պիտի կրէ եւ նիւթականին հանդէպ սէրը շա՜տ աւելիով պիտի աճի:

Գիտնալով հանդերձ այս բոլորը, կ՚ուզենք տեսնել աշխարհ մը, ուր մշակը իրապէ՛ս արժանի է իր վարձքին:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -189-

Այսօր բազմաթիւ մարդիկ տիւ եւ գիշեր կ՚աշխատին գումար վաստակելու համար եւ արիւն քրտինք թափելով կը յաջողին հազիւ չնչին գումար մը ձեռք բերել: Մի քանի օրեր առաջ համացանցի մէջ ինքզինք հարուստ ցոյց տուող երիտասարդ մը ինքնահաւանօրէն կը յայտնէր, թէ իր կէսօրուան ճաշին համար վճարած է 300 ամերիկեան տոլար. իր խօսքին մէջ երիտասարդը կը նշէ. «Նման չնչին գումար մը ճաշի համար ի՞նչ է որ...»:

Մեր երիտասարդութիւնը այս անարդար ու անտրամաբանական պայքարն է, որ կը մղէ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Ուրբաթ, Մարտ 10, 2023