«ՄԵՌՆԻԼԸ ՈՐՔԱՆ ԴԺՈՒԱՐ Է»
Եթէ կեանքի դժուարութիւնները թուարկող անձ մըն էք, խնդրեմ անոր վրայ աւելցնէք նաեւ մահը, որովհետեւ ինչպէս Մուշեղ Իշխան կ՚ըսէր «Մեռնիլը որքան դժուար է». ծնիլը դժուար, ապրիլը դժուար, սակայն մեռնիլը դիւրին կը կարծէինք, սակայն վերջապէս հասայ այն եզրակացութեան, որ ապրելու նման դժուար է նաեւ մեռնիլը:
Վերջերս հասած եմ այն եզրակացութեան, որ նոյնիսկ մահուան պարագային պետութիւններ առիթ բաց չեն ձգեր հպատակներէն գումարներ աշխատելու եւ աղքատին հաշւոյն իր գրպանը հարստացնելու:
Այս տարեսկիզբին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը յայտարարեց, թէ նուազագոյն աշխատավարձը բարձրացուցած է 75 հազարի եւ այդ մէկը յայտարարեցին այնպիսի՜ հպարտութեամբ, որ կարծես նման գումարով մը անձի մը սերունդները պիտի կշտանան: Երկուքով կը բարձրացնեն աշխատավարձերը, սակայն չորսով կը սղէ ամէն բան, սակայն ամէն ջանք ի գործ կը դրուի ծածկելու համար չորսը՝ որպէսզի մարդիկ խոշորացոյցով նային երկքուին:
Պահ մը պատկերացուցէք, որ նուազագոյն աշխատավարձ ստացող մը մահացաւ. ցանկը հետեւեալն է.-
Դիակի փոխադրութիւն հիւանդանոց.- 10,000 դրամ
Սառնարանի մէկ օրուան արժէք.- 70,000 դրամ
Հիւանդանոցէն եկեղեցի փոխադրութիւն.- 30,000 դրամ
Գերեզմանի հող փորել.- 30,000 դրամ
Դագաղ.- 80,000 դրամ
Տակաւին չհաշուած քահանային տրուելիք գումարը, հոգեճաշը, ցաւակցութիւն ընդունելու սրահն ու հիւանդանոցի պահանջած այլ ծախսերը: Ընդհանուր գումարը կը կազմէ մօտաւորապէս նուազագոյն աշխատավարձի քառապատիկն ու հնգապատիկը: Ցաւ է ըսել, սակայն հայրենիքի մէջ բազմաթի՜ւ ընտանիքներ իրենց տխուր առիթները նոյնիսկ պարտքերու միջոցով կը կատարեն, աւելցող տոկոսներով վճարելով նուազագոյն աշխատավարձի եօթնապատիկը:
Եթէ ժողովուրդ մը իր ամենէն տխուր օրերուն նոյնիսկ պիտի չզգայ պետութեան մը հայրական ներկայութիւն, ապա ե՞րբ. մինչեւ ե՞րբ ամէն բան պիտի ըլլայ ի նպաստ պետութեան եւ ո՛չ ժողովուրդին. մինչեւ ե՞րբ պետութիւններ պիտի շարունակեն հարստանալ ի հեճուկս աղքատ ժողովուրդին:
Ազգին դրամով ու ժողովուրդին տուած տուրքերով շինուած հիւանդանոց մը ինչո՞ւ համար անվճար ծառայութիւն պիտի չմատուցանէ իր զաւակներուն՝ մանաւանդ մահուան պարագային:
Եկեղեցին մեր հայրն է, սակայն մեր կեանքին մէջ, մանաւանդ դժբախտութիւններու պարագային չենք զգար անոնց ներկայութիւնը. նոյնն է պարագան պետութեան եւ այդ է պատճառը, որ ժողովուրդը այսօր ո՛չ եկեղեցականը կը յարգէ եւ ո՛չ ալ պետութեան վստահութիւն կ՚ունենայ: Սակայն վստահ եղէք, թէ պետական պաշտօնեաներ հակառակ իրենց ունեցած հարստութեան՝ զերծ կը մնան այդ ծախսերէն, որովհետեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը 28 օգոստոս 2014 թուականի N 895 որոշումով յատուկ օրէնք սահմանած է պետական պաշտօններ զբաղեցնող անձերու յուղարկաւորութիւնն ու թաղման արարողութիւնը հոգալու՝ յուղարկաւորութեան համար վճարելով 700,000 դրամ, իսկ թաղման համար 200,000 դրամ, որ կը կազմէ նուազագոյն աշխատավարձի 12 անգամը:
***
Մեր օրերուն ինչպէս հարսանիքը, նոյնպէս ալ թաղումը եղած է ցուցադրութեան առիթ, որովհետեւ մարդիկ կը կարծեն, թէ ինչքան ծախս ընեն՝ այնքան աւելի «կը սիրեն» հանգուցեալը: Եւ այս տկար տրամաբանութեամբ մեծամեծ ծախսեր կը կատարեն, մոռնալով որ մեռնողի մը հանդէպ սէրը ո՛չ թէ դագաղին փայտի որակով կը չափուի, այլ՝ հոգիով ու սիրտով: Մեր հայութեան մէջ տարածուած է «փառաւոր թաղում» հասկացողութիւնը. ցաւ ի սիրտ, ականատես կ՚ըլլանք, թէ ինչպէս մարդիկ միլիոններ կը ծախսեն մի քանի ժամ տեւողութիւն ունեցող յուղարկաւորութիւններու համար, մինչ բազմաթի՜ւ մարդիկ աշխարհի մէջ կը շարունակեն մնալ անօթեւան ու անօթի։ Ամերիկացի դերասանի մը մահուան առիթով յուղարկաւորութեան համար կը ծախսուի 400 միլիոն ամերիկեան տոլար, իսկ ուրիշի մը՝ 40 միլիոն ամերիկեան տոլար։ Աւելի՛ն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ անձ մը իր շահուն համար թաղման արարողութիւն կը կազմակերպէ եւ այդ առիթով կը ծախսէ 733 հազար ամերիկեան տոլար:
Այս բոլորին պատճառով է, որ աշխարհը կը դառնայ եւ կը շարունակէ մնալ տարօրինակ, որովհետեւ բախտաւոր շուներ ու կատուներ փառաւոր թաղում մը ունենալով, շատեր կը հեռանան աննշմար՝ զգալով, թէ մեռնիլը որքա՜ն դժուար է:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -238-
Եկեղեցական դառնալէս ետք առաջին օրը երբ դուրս եկայ քառասունքէն, թաղումներու շարք մը զիս դիմաւորեց։ Քառասունքին յաջորդ օրը մահացաւ Գերշ. Նորայր Սրբազան Աշըքեանը. մի քանի օրեր ետք մահացաւ մեծ մայրս եւ թաղման արարողութիւնը ես կատարեցի: Ժամանակի ընթացքին մասնակցեցայ բազմաթի՜ւ թաղման արարողութիւններու. 1 տարեկան մանուկէն, մինչեւ 22 տարեկան երիտասարդ, մեծահասակէն մինչեւ 90 տարեկան ծերուկներ, սակայն այդ բոլորին մէջ մէկ բան յստակ էր. աշխարհի ամենէն դժուար բանն է թաղել հարազատ մը եւ աւելին, անոր կեանքին ու արժէքին մասին դամբանական կարդալը: Սակայն այդ բոլորը մահը եւս դարձուցին սովորական եւ սորվեցուցին, թէ մահուան վրայ պէտք չէ արտասուել:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 04/26/2025