ԵՐԿՆԱԿԱՄԱՐԻՆ ԿԱՊՈՅՏԸ

Եր­կին­քի ան­բիծ կա­պոյ­տը հրա­ւէ՛ր է մարդ­կու­թեան հա­ւատ­քի, մա­քուր կեան­քի, բա­րի ապ­րե­լու, ճշմա­րիտ ար­ժէք­ներ ճանչ­նա­լու եւ վեր­ջա­պէս՝ յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի։

Եր­կին­քի ան­բիծ կա­պոյ­տը անդ­րա­դար­ձում մըն է մար­դուն, թէ երբ կ՚ապ­րի երկ­րի վրայ, ժա­մա­նա­կա­ւոր է այդ կեան­քը, ոտ­քը դեռ երկ­րի վրայ է, բայց հի՛ւր է ինք հոս՝ պար­զա­պէս հո­գե­պէս «պան­դուխտ» մըն է միայն, որ կ՚անձ­կայ հաս­նե­լու իր «երկ­նա­ւոր տո՛ւն»ը։ Ան չու­նի պա­յու­սակ, չու­նի տոմ­սակ, բայց երբ կը գի­տակ­ցի, թէ եր­կին­քի ճամ­բուն ուխ­տա­ւոր մըն է ինք՝ Աս­տուած կը տրա­մադ­րէ ա­մէն դիւ­րու­թիւն ձրիա­բար եւ կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ զայն դէ­պի եր­կինք, որ է յա­ւի­տե­նա­կան ու իս­կա­կա՛ն կեանք…։

Ա­ւա՜ղ սա­կայն, որ երկ­նա­կա­մա­րը չի՛ կրնար պա­հել իր ան­բիծ կա­պոյ­տը եր­կար ա­տեն՝ նոյ­նիսկ մար­դուն շե­ղում­նե­րուն պատ­ճա­ռով։ Հո­վեր՝ հե­ռա­ւոր հո­րի­զոն­նե­րէ կը քշեն, կը բե­րեն ամ­պեր, ո­րոնք կը քօ­ղար­կեն կա­պոյտ ու լու­սա­ւոր դէմ­քը եր­կին­քին, եւ դժբախ­տա­բար կը խո­ժո­ռեց­նեն, կը ծա­մած­ռեն, կ՚այ­լա­փո­խեն, խա­ւա­րի մէջ կը թո­ղուն զայն։ Եւ մա՛րդն է, որ կ՚ը­նէ այդ, եւ ո՛չ բնու­թիւ­նը։ Մա՛րդն է, որ կը փո­խէ իր իսկ «ճա­կա­տա­գիր»ը, մա՛րդն է շե­ղի եր­կին­քի ճամ­բէն եւ դի­մե­լով դէ­պի խա­ւար, ի՛նքն ալ կը խա­ւա­րի…։

Երբ հար­ցը «ճա­կա­տագ­րի» մա­սին է, կ՚ար­ժէ այս մա­սին խորհր­դա­ծել, թէ ի՞նչ կը նշա­նա­կէ «ճա­կա­տա­գիր»ը ընդ­հան­րա­պէս։

Նախ ը­սենք, որ «ճա­կա­տա­գիր»ը կապ ու­նի Աս­տու­ծոյ ա­մե­նա­տե­սու­թեան հետ, այ­սինքն Աս­տուած, քա­նի որ ժա­մա­նա­կի մարդ­կա­յին ըմբռ­նու­մով չի նա­յիր եւ չի տես­ներ աշ­խար­հա­յին դէպ­քե­րը, մար­դոց կա­տա­րած գոր­ծե­րը եւ ա­նոնց ար­դիւն­քը, ա­պա ու­րեմն Աս­տուած գի­տէ, թէ ինչ­պէ՞ս պի­տի վեր­ջա­նայ, ի՞նչ հե­տե­ւանք պի­տի ու­նե­նայ մարդ­կա­յին ո­րե­ւէ ա­րարք։ Բայց Ան չի մի­ջամ­տեր։ Ու­րեմն հար­ցը հոս է. մարդ ա­զատ կամ­քով կը շար­ժի, կը գոր­ծէ եւ յանձ­նա­ռու կ՚ըլ­լայ ա­նոնց հե­տե­ւան­քին, կը վար­ձատ­րուի եւ կամ կը տու­ժէ։ Մարդ իր ա­րար­քին հե­տե­ւան­քը շատ ան­գամ, կամ ը­սենք ընդ­հան­րա­պէս չի գի­տեր եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով «ճա­կա­տա­գիր» կ՚ը­սէ հե­տե­ւան­քին։

Բայց չկայ ո­րե­ւէ ար­դիւնք ա­ռանց պատ­ճա­ռի։

Եւ այդ պատ­ճա­ռը մար­դուս «ա­զատ կա՛մք»ն է։

Ար­դա­րեւ Աս­տուած ըստ Իր ի­մաս­տու­թեան ստեղ­ծեց աշ­խար­հը։ Աշ­խար­հի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մը, «կոյր ճա­կա­տագ­րի» մը, դի­մադ­րա­կան ու­ժի մը կամ դի­պուա­ծի մը ար­դիւնքն ալ չէ՛։

Ստեղ­ծա­գո­րու­թիւ­նը իր ա­մե­նա­լայն ա­ռու­մով ու ճշգրիտ ի­մաս­տով՝ յա­ռաջ կու գայ Աս­տու­ծոյ ի­մաս­տու­թեան ա­զատ կամ­քէն։ Եւ ու­րեմն «դի­պուած» չէ՛…։

Ե­թէ մարդ­կա­յին աչ­քէն ծած­կուի եր­կին­քի ան­բիծ կա­պոյ­տը, այդ չի նշա­նա­կեր, թէ սրբուած լէ եր­կին­քի կա­պոյ­տը, քա­նի որ եր­կին­քի այդ հա­րա­զատ գոյ­նը եր­բեք չի՛ սրբուիր, եր­բեք չի՛ կոր­սուիր, այլ՝ կը մնայ ան հո՛ն ա­նայ­լայլ, ան­փո­փոխ, թէեւ ամ­պեր՝ գոր­շա­գոյն եւ կամ սեփ­սեւ փռոց մը տա­րա­ծեն ա­նոր ե­րե­սը։ Ար­դա­րեւ բան մը չի տես­նել՝ ա­նոր չգո­յու­թիւ­նը չի՛ նշա­նա­կեր։ Բան մը ե­թէ գո­յու­թիւն ու­նի՝ ա­նոր գո­յու­թիւ­նը եր­բեք են­թա­կա­յա­կան չէ, կամ ը­սենք, ու­րիշ­նե­րու աչ­քին տե­սու­թե­նէն կա­խում չու­նի՛, եւ միշտ ան կա՛յ…։

Եւ ո՜ր­քան մխի­թա­րա­կան է մար­դուս հա­մար վստա­հու­թիւ­նը այս ա­նայ­լե­լի ի­րա­կա­նու­թեան մա­սին։

Եր­կին­քի ի­րա­կա­նու­թիւ­նը կա՛յ ու կը մնա՛յ. ա­նայ­լե­լի ու մշտնջե­նա­ւոր, եւ ո՛չ մէկ խա­բու­սիկ փաստ ու ե­րե­ւոյթ կա­րող է ո­րե­ւէ ձե­ւով հեր­քել զայն։ Ո՛չ թէ յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան ի­րա­կա­նու­թիւ­նը փաս­տար­կու­թեան պէտք ու­նի, հա­պա՝ ա­նոր ու­րա­ցո՛ւ­մը։ Թէ՛ մարդ ին­չո՞ւ չի հա­ւա­տար. բա­ցատ­րու­թիւ­նը կամ պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւ­նը անհրա­ժեշտ կ՚ը­նէ։ Ար­դէն բնա­կան ու բա­նա­կան, տրա­մա­բա­նա­կան է հա­ւա­տալ յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան։ Եր­կին­քի կա­պոյ­տը տե­ւա­կա՛ն է. ին­չո՞ւ ու­րեմն մարդ տա­րուի խա­բու­սիկ ու ան­հաս­տատ ե­րե­ւոյթ­նե­րու ան­վա­ւեր վկա­յու­թիւն­նե­րէն…։

Տգի­տու­թեան եւ սկեպ­տի­կու­թեան, ի­մա­ցա­կան տա­րա­կու­սանք­նե­րու հո­վե­րը միշտ պի­տի փչեն մար­դուն հո­գե­ւոր ի­մա­ցո­ղու­թիւ­նը պղտո­րե­լու, մթագ­նե­լու, բայց մար­դուն դիր­քը «ան­բան» պի­տի մնայ միշտ՝ ինչ­պէս մնաց դիր­քը Կա­լի­լէո­յի մը, եւ մարդ կա­րող պի­տի ըլ­լայ հաս­տա­տա­պէս յայ­տա­րա­րե­լու, թէ գորշ, սեւ եւ մութ ամ­պե­րու տակ ծած­կուած կը մնայ «կա­պոյտ»ը՝ եր­կին­քի ան­բիծ ու հա­րա­զատ կա­պոյ­տը, որ նշա­նակն է ու դրօ­շը յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի։ Ար­դա­րեւ Յի­սուս կ՚ը­սէ. «Ես եմ  կեան­քը, ես եմ լոյ­սը աշ­խար­հի», Ա՛ն է կեան­քը, Ա՛ն է լոյ­սը, եւ այդ կեան­քը ան­վախ­ճա՛ն է եւ այդ լոյ­սը՝ ան­շէ՛ջ…։

Մար­դուս այս «երկ­րա­ւոր» կեան­քը կը նմա­նի երկ­րա­կա­մա­րին ե­րե­սը թռչող ամ­պի մը՝ որ կ՚ե­րեւ­նայ ու կ՚ան­հե­տա­նայ, բայց եր­կին­քի կա­պոյ­տը կը մնա՛յ ա­նեղծ, իր գոյ­նո­վը եւ էու­թեամ­բը։

Եւ դո՛ւք, սի­րե­լի ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, ի՞նչ կը խոր­հիքն այս մա­սին։ Կա­րե­ւոր է ա­սի­կա։

Խոր­հուրդ­նե­րու եր­կա՜ր թա­փօր մը անցք կը կա­տա­րէ մարդ­կա­յին մտքին մէ­ջէն՝ թէ՛ ան­ցեա­լին եւ թէ ներ­կա­յին, եւ պի­տի շա­րու­նա­կէ իր անց­քը ա­պա­գա­յին եւ միշտ։ Ան­շուշտ ա­մէն մէ­կուն ու­շադ­րու­թիւ­նը հրա­ւի­րել կա­րե­լի չէ, կա­րե­լի չէ նաեւ անդ­րա­դարձ­նել ա­նոնց իւ­րա­քան­չիւ­րը։ Բայց գո­նէ սա՛ մէ­կին եւս…։

Ո՜ւր էր, որ մար­դուս հո­գիին «կա­պոյտ»ը, ա­նոր անբ­ծու­թիւ­նը, ա­նոր «եր­կինք»ն ալ միշտ «կա­պոյտ» մնար իր հա­րա­զա­տու­թեամբ։ Բայց ինչ­պէ՞ս մնայ. երբ հոն ալ կը փչեն հո­վե՜ր եւ կը խռո­վեն տի­րող խա­ղա­ղու­թիւ­նը, եւ հոն ալ կը փչեն հո­վե՜ր ու կը ծան­րաց­նեն կեան­քը։

Եւ հոն ալ տե­սակ տե­սակ հո­գե­րու, եւ անձ­կու­թիւն­նե­րու, նե­ղու­թիւն­նե­րու, դժուա­րու­թիւն­նե­րու, ցա­ւե­րու եւ վիշ­տե­րու սեւ սեւ ամ­պեր կու գան, կը կու­տա­կուին եւ կը ծան­րաց­նեն ճնշու­մը մար­դուս սրտին վրայ։

Կա՞յ ա­զա­տում։ Ո՛չ, այս կեան­քին մէջ, քա­նի որ ինքն իսկ Յի­սուս ը­սաւ, թէ՝ նե­ղու­թիւն­ներ պի­տի ու­նե­նաք այս աշ­խար­հի վրայ։ Ու­րեմն քա՛ջ պէտք է ըլ­լալ։

Ի­րա­պէս այս աշ­խար­հի վրայ եր­բեք մար­դուս խոս­տա­ցուած չէ վար­դաս­տան մը, ինչ­պէս՝ կա­տա­րեալ խա­ղա­ղու­թիւն։ Ու­րեմն կեան­քը ըն­դուիլ այն­պէս՝ ինչ­պէս կը ներ­կա­յա­ցուի մար­դուս եւ աշ­խա­տիլ տա­նիլ զայն։ Ա­յո՛, կեան­քը վար­դա­տան մը չի ներ­կա­յաց­ներ մար­դուս, բայց տա­նե­լի ը­նե­լու հա­մար մի­ջոց­ներ կը ներ­կա­յա­ցուին, եւ ա­նոնք որ կ՚անդ­րա­դառ­նան, մա­սամբ կը դիւ­րաց­նեն կեան­քը։ 

Ան­հա­տի կեան­քին եր­ջան­կու­թեան կա­րե­ւոր բա­ժի­նը կա­խեալ է ու­րիշ­նե­րէ՝ ա­նոնց­մէ, ո­րոնց հետ կ՚ապ­րինք եւ ապ­րե­լու պար­տադ­րուած ենք ընդ­հան­րա­պէս։ Ար­դա­րեւ մարդ ընտ­րե­լու ա­ռի­թը չու­նի իր մի­ջա­վայ­րը, իր շուր­ջին­նե­րը։ Ու­րեմն մարդ տո­կա­լո՛ւ է հո­գե­րու, անձ­կու­թիւն­նե­րու՝ միաս­նա­բար, իր շուր­ջին­նե­րուն հետ։ Ան­հա­տը «ան­հա՛տ» է միշտ «ու­րիշ»նե­րու մէջ, շուր­ջին­նե­րուն հետ, այդ մի­ջա­վայ­րին մէջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­յիս 29, 2015, Իս­թան­պուլ

 

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2015