«ԼՈ՜ՅՍ, ԱՒԵԼԻ ԼՈՅՍ»

Լոյսը կեա՛նք է, լոյսը աշխարհի ստեղծագործութեան առաջին քա՛յլն է, լոյսը ամէն ինչ է կեանքի համար, կեանքին գոյապահպանման եւ գոյատեւմա՛ն համար։

Երբ խօսքը «լոյս»ի մասին է, այսօր կ՚ուզենք մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն ներկայացնել սիրելի բարեկամ Տքթ. Վարդ Շիկահերի մէկ յօդուածը, որուն խորագիրը առինք որպէս վերնագիր։ Արդարեւ Կէօթէի նշանաւոր խօսքն է ան՝ «Լո՜յս, աւելի լոյս»։

Ուրեմն, սիրելի յօդուածագիրին «Նոյն Արեւուն Տակ» գիրքէն՝ նոյնութեամբ կը ներկայացնենք այս շահեկան յօդուածը։

«Լո՜յս, Աւելի Լոյս»

Գարնան առաջին օրն է 21 Մարտը։ Գարունն եկաւ լուսաւորել ու ջերմացնել մեր հոգիները, լոյս, արեւ ու հրճուանք բերաւ։

Աւելի քան՝ մէկուկէս դար առաջ, 21 Մարտը 22 Մարտի կապող գիշերն էր։ Գերման մշակոյթի ռահվիրաներէն մին՝ Եոհան Վոլֆկանկ Ֆոն Կէօթէ, իր կեանքի վերջին ժամերուն, հուսկ ճիգով խօսք կ՚ուղղէր շուրջիններուն, կը հարցնէր թուականը։

-Վսեմութի՛ւն, 21 Մարտը 22 Մարտի միացնող գիշերն է, կը պատասխանեն։

-Ուրեմն՝ գարունն սկսեր է արդէն, բացէ՛ք պատուհանները, որ լո՜յս, ա՛ւելի լոյս ըլլայ…։

Ու կը փակէր քանի մը ժամ ետք, իր լուսաբաղձ աչքերը, մեծ գրագէտը, բանաստեղծը, իմաստասէրն ու գիտնական դէմքը։

«Գարունը, որ սկսեր էր Կէօթէի մահով, կը շարունակուի ամբողջ թարմութեամբ», կ՚ըսէ բանաստեղծ մը։

Ծանօթ է, թէ այսօր, տարբե՛ր իմաստներով կ՚իմացուին Գերման հանճարին վերջին խօսքերը, որոնք շքեղ լուսերգութեան մը հրապոյրն ունին։ Կը նշանակեն՝ «մտքի ա՛ւելի պայծառութիւն», «ա՛ւելի գիտութիւն», «ա՛ւելի ճշմարտութիւն»։

«Իրա՛ւ որ լոյսը քաղցր է ու արեւը տեսնելը ախորժելի», կ՚ըսէ Սողոմոն իմաստուն։

Հիւանդը կը բաղձայ որ լուսանայ, արշալոյսը բացուի։ Կը փափաքի որ «լոյսը պատերովը տան» այսինքն՝ չո՛րս կողմ լուսաւորեն։

Սերտ բարեկամութիւն մը կ՚եղբայրացնէր Շիլլէրն ու Կէօթէն, գերման բանաստեղծութեան երկու աւագ ներկայացուցիչները, որոնք միասնաբար կը պաշտպանէին դասական դիրքերն ու արժէքները՝ ընդդէմ վիպապաշտութեան։

Կէօթէի իմաստասիրող միտքը ամբողջ յիսո՛ւն տարի, տքներ էր լոյսին բերելու համար իր հանճարի հոյակապ ստեղծագործութիւնը՝ «Ֆաուստ» ողբերգութիւնը, զոր կ՚աւարտէր իր մահէն տարի մը առաջ։

Կէօթէի լուսերգութեան որքա՜ն կը կարօտին այսօր, լուսատ մարդկութիւնը եւ մթամած աշխարհը, որոնց վրայ կ՚իջնեն հետզհետէ ամպեր ու կը ձգտին խափանել օր ու առաւօտ։

Ահաւասիկ ազնիւ յօդուածագրին՝ Տքթ. Վարդ Շիկահերի լուսարձականման գրիչէն՝ լո՛յսը։

Արդարեւ, կեանքը լոյսով կը սկսի եւ լոյսով կը շարունակէ իր ընթացքը։ Եւ մենք, բոլորս անզգալաբար կը կրկնենք այս ճշմարտութիւնը ամէ առաւօտ, երբ մեր առաջին խօսքը կ՚ըլլայ. «բարի լո՛յս»։

Եւ երբ մարդիկ զիրար կ՚ողջունեն «բարի լոյս» մաղթելով, արդէն կ՚ընդունին լոյսին անհրաժեշտութիւնը եւ թէ անոր ամէն բանի սկի՛զբն ըլլալը։

Մարդ երբ կը զգայ բազմաթիւ դժուարութիւններ հասնելու եւ ճանչնալու ճշմարտութիւնը, կրնայ յաջողիլ միայն իմացականութեան լո՛յսով։ Ուստի, մարդկային իմացականութիւնը կարող է ճշմարտապէս իր ուժերով եւ բնական լոյսով հասնիլ ճշմարիտ եւ ստոյգ ճանաչումին ճշմարտութեան, որ է իր նպատակը եւ որուն կոչուած է իր արարչութենէն իսկ։ Մարդոց հայող ճշմարտութիւնները բացարձակապէս կը գերազանցեն շօշափելի իրերուն աշխարհը եւ երբ անոնք պէտք է գործնականի անցնին եւ լուսաւորեն կեանքը, մարդէն կը պահանջեն որ յանձնէ ինքզինք եւ հրաժարի իր անձէն։

Արդարեւ լոյսը անբաժան է Սուրբ Հոգիի յայտնութենէն։ Քանի որ լոյսն է որ կը խորհրդանշէ «Հոգի»ն, եւ անոր յայտնեալ ճշմարտութիւնները։ Անշուշտ, յայտնեալ ճշմարտութիւնները կրնան մարդկային բանականութեան եւ փորձառութեան մութ երեւիլ, բայց «աստուածային լոյս»ին տուած աներկբայութիւնը աւելի մեծ է քան բնական բանականութեան տուած լոյսը։

Աստուած ճշմարտութիւն է. քանի որ «Ան լո՛յս է, Անոր մէջ չկայ երբեք խաւար» (Ա. ՅՈՎՀ. Ա 5), ուրկէ կը հետեւի՝ Աստուած լոյս է եւ ճշմարտութի՛ւն, ապա ուրեմն՝ լոյսը ճշմարտութի՛ւն է։

Արդարեւ, մարդուս անհատական եւ հաւաքական ամբողջ կեանքը կը ներկայանայ իբր եղերական պայքար մը լոյսին եւ խաւարին միջեւ։

Մարդուս անհատական եւ առանձնական կեանքին մէջ Աստուծոյ խօսքը ճանապարհի լոյսն է՝ որը պէ՛տք է իւրացնել հաւատքով եւ աղօթքով։ Եւ մարդուս խղճմտանքին կազմաւորման մէջ անհրաժեշտ դեր մը կը խաղայ լոյսը։

Քրիստոսի խորհուրդը վճռական լո՛յսն է արարչագործութեան խորհուրդին։

Աստուած Իր հոգիին լոյսը կը մաղէ մարդուս հոգիին մէջէն եւ կը ստեղծէ իր մէջ իր իսկ երեսին պատկերը ոսկեփայլ տեսքով։ Ուստի Աստուծոյ լո՛յսն է որ կը գործէ այս հրաշալիքը։ Մարդ՝ Իր այդ հոգեփոխիչ «լոյս»ին կարօտ է, եւ առանց այդ լոյսին, մարդ անբաւական է եւ անօգնակա՛ն։

Դիտեցէ՛ք, սիրելի՜ բարեկամներ, բնութիւնը, երկինքը՝ Աստուծոյ անտեսութեան մէջ «լո՛յս»ն է միշտ յաղթականը եւ յաւիտենականը՝ ճշմարտութեան լո՛յսը, եւ արդարութիւնը եւ սէրը՝ Աստուա՛ծ՝ իր նկարագրին լիակատար յայտնութիւնովը՝ յանձին Յիսուս Քրիսոտսի։ Եւ դիտեցէ՛ք տակաւին նայելով դաւադիր մութ ու խաւար, սեւ ամպերուն, եւ ահաւասիկ, ի՜նչ հրաշք, ամպերը կը ժողվեն իրենց սեւ փէշերը, եւ հալածական ուրուականներու նման, կ՚անհետանան, կը կորսուին եւ արեւը իր լոյսովը անգամ մը եւս կ՚ողողէ երկիրը։ Եւ խաւարը, մութը անգամ մը եւս կը պարտուի լոյսէն, լո՛յսէն որ յաւիտենական յաղթակա՛նն է երկրին եւ երկինքին…։

Աստուծոյ փառքը կը յայտնուի լո՛յսով։

Ո՜վ կ՚ըսէ, թէ Աստուած անտեսանելի՛ է, ամէն առաւօտ երբ լոյսը դարձեալ կը ծագի, ահաւասի՛կ կը տեսնենք զԱյն, բաւ է որ հոգեւոր աչքով նայելու փորձառութիւնը ունենանք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 3, 2017, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յունիս 10, 2017