ՀԱՒԱՏՔԻՆ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Հաւատի աւանդութիւնը, այսինքն հաւատքին ժառանգութիւնը՝ բովանդակուած Սուրբ Աւանդութեան եւ Աստուածաշունչին մէջ, Եկեղեցւոյ ամբողջութեան վստահուած է առաքեալներուն կողմէ։ Իր հովիւներուն միացած ժողովուրդը՝ փարելով հաւատքի աւանդութեան ամբողջ կը մնայ յարատեւօրէն հաւատարիմ առաքեալներուն ուսուցումին եւ հոգեւոր հաղորդութեան, հացին բեկանումին, աղօթքներուն, այնպէս որ, փոխանցուած հաւատքին պահպանումով. գործադրութեամբ եւ դաւանութեամբ, հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն միջեւ կը հաստատուի ոգիի եզական միութիւն մը։
Արդարեւ Աստուծոյ գրաւոր կամ փոխանցուած, աւանդուած Խօսքը վաւերական կերպով մենկաբանելու պաշտօնը վստահուած է միա՛յն «Եկեղեցւոյ կենդանի Ուսուցումի Հեղինակութեան», որուն իշխանութիւնը կը գործէ Յիսուս Քրիստոսի անունով։ Այս ուսուցումի Հեղինակութիւնը սակայն Աստուծոյ Խօսքէն ալ գերիվեր չէ, այլ անոր կը ծառայէ, ուսուցանելով միայն ի՛նչ որ իրեն փոխանցուած, աւանդուած է, քանի որ «Ուսուցումի Հեղինակութիւն»ը, Աստուծմէ տրուած պատուէրով եւ Սուրբ Հոգիին օգնականութեամբ, սիրով մտիկ կ՚ընէ այս Խօսքին, կը պահէ զայն սրբութեամբ եւ կը բացատրէ զայն հաւատարմութեամբ, եւ հաւատքի այս միա՛կ աւանդէն է, որ կը քաղէ ի՛նչ որ ինք իբրեւ Աստուծմէ յայտնուած հաւատալիք կ՚առաջարկէ։
Հաւատացեալները, այս ուղղութեամբ, յիշելով Քրիստոսի խօսքը, որ ըսաւ Իր առաքեալներուն. «Ով որ ձեզ կ՚ունկնդրէ, զիս կ՚ունկնդրէ» (ՂՈՒԿ. Ժ 16), կ՚ընդունին հեզութեամբ եւ հաւատարմութեամբ այն ուսուցումները եւ ուղղութիւնները, զորս իրենց հովիւները կու տան իրենց զանազան ձեւերով։ Ուստի, Քրիստոսէն ստացուած իշխանութիւնը «Եկեղեցւոյ Ուսուցումի Հեղինակութիւն»ը լիովին յանձնառու կը դարձնէ, երբ ան կը սահմանէ «հրամանակարգ վարդապետութիւն» մը, այսինքն երբ աստուածային Յայտնութեան մաս կազմող ճշմարտութիւնները կ՚առաջարկէ բանաձեւով մը, որ քրիստոնեայ ժողովուրդը կը ստիպէ հաւատքին անյետսկոչելիօրէն փարելու, կամ նաեւ երբ վերջնական ձեւով կ՚առաջարկէ ճշմարտութիւններ, որոնք անհրաժեշտ կապակցութեամբ առընչուած են վերի ճշմարտութիւններուն հետ։
Անդամական՝ օրկանական կապ մը գոյութիւն ունի մեր հոգեւոր կեանքին եւ հրամանակարգին հետ, այսինքն Եկեղեցւոյ վարդապետութեան՝ որուն ամէն քրիստոնեայ պարտի հաւատալ, որոնք ճշմարիտ հաւատացեալներ են Եկեղեցւոյ հիմնական ճշմարտութիւնները աներկբայ կը ճանչնան, վարդապետութիւններուն միջեւ։
Անոնք մեր հաւատքին ճանապարհին վրայ լոյսեր են, որոնք կը լուսաւորեն մեր հաւատքը եւ զայն ապահով կը դարձնեն։ Փոխադարձաբար, եթէ մեր կեանքը ուղիղ է, մեր իմացականութիւնը եւ մեր սիրտն ալ պիտի ըլլան բաց՝ ընդունելու համար հրամանակարգ վարդապետութիւններուն հաւատքի լոյսը։
Արդարեւ, «Հրամանակարգ Վարդապետութիւն»ներուն միջեւ փոխադարձ կապերը եւ յարակցութիւնները կարելի է գտնել Քրիստոսի Յայտնութեան խորհուրդին ամբողջութեան մէջ։
Հարկ է յիշել, թէ քրիստոնեայ հաւատքին հիմերուն հետ Եկեղեցւոյ վարդապետութեան ճշմարտութիւններուն առընչութիւններուն զանազանութիւնը կարգ մը կամ «նուիրակարգ» մը կը ցուցաբերէ։ Բոլոր հաւատացեալները յայտնեալ ճշմարտութեան հասկացողութեան եւ փոխանցումին բաժնեկի՛ց են։ Անոնք ընդունած են օծումը Սուրբ Հոգիին, որ կ՚ուսուցանէ զանոնք եւ կ՚առաջնորդէ «դէպի ամբողջական ճշմարտութիւն»ը (ՅՈՎՀ. ԺԶ 13)։ Արդարեւ, հաւատացեալներուն ամբողջութիւնը չի կրնար հաւատքին մէջ սխալիլ, եւ այս յատկութիւնը կը ցուցաբերէ շնորհիւ ամբողջ ժողովուրդին ունեցած հաւատքին գերբնական գիտակցումին, երբ որ ասիկա սկսեալ Եպիսկոպոսներէն մինչեւ աշխարհական վերջին հաւատացեալը, հաւատքին եւ բարքերուն հայող ճշմարտութիւններուն ընդհանուրին հաւանութիւնը կ՚ընձեռէ։ Շնորհիւ հաւատքին այս գիտակցումին, զոր ճշմարտութեան Հոգին արթո՛ւն կը պահէ եւ անոր թիկունք կը կանգնի եւ նուիրական Ուսուցումի Հեղինակութեան առաջնորդութեամբ Աստուծոյ ժողովուրդը անքակտելիօրէն փարած կը մնայ սուրբերուն մի անգամ ընդ միշտ փոխանցուած հաւատքին, զայն աւելի խորունկէն կը ներթափանցէ ըստ պատշաճի մեկնաբանելով եւ զայն իր կեանքին մէջ աւելի՛ կատարելապէս գործադրելով։ Շնորհիւ Սուրբ Հոգիին օգնականութեան, իրականութիւններուն, ինչպէս նաեւ հաւատքին ժառանգութեան խօսքերուն իմացումը կրնայ աճիլ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։
Ներհայեցողութեամբ եւ անոնց մասին իրենց սրտին մէջ խոկացող հաւատացեալներուն ուսումնասիրութեամբ իսկ յատկապէս «աստուածաբանական որոնում»ն է, որ կը խորացնէ յայտնեալ ճշմարտութեան ճանաչումը։ Ներքին իմացումով, զոր հաւատացեալները ունին հոգեւոր բաներուն հանդէպ. Աստուածային խօսքերը եւ զանոնք ընթերցողը միատեղ կ՚աճին։ Քարոզութեամբ անոնց որ ընդունեցին ճշմարտութեան ստոյգ պարգեւաշնորհքը։
Ուրեմն յստակ է, թէ Սուրբ Աւանդութիւնը, Աստուածաշունչը եւ Եկեղեցւոյ Ուսուցումի Հեղինակութիւնը Աստուծոյ իմաստուն կարգադրութեամբ իրարու այնքան սերտօրէն կապուած են, որ այս իրականութիւններէն ո՛չ մէկը առանց միւսներուն կանգուն կրնայ մնալ եւ անոնք բոլորը միատեղ, իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ կերպով, Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ, արդիւնաւորապէս կ՚օժանդակեն հոգիներու փրկութեան։ Ի՛նչ որ Քրիստոս յանձնեց առաքեալներուն, անոնք ալ իրենց քարոզութեամբ եւ գրութեամբ, Սուրբ Հոգիին ներշնչումով փոխանցեցին բոլոր սերունդներուն, մինչեւ Քրիստոսի փառաւոր վերադարձը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 7, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024