ԿԵԱՆՔԸ՝ ԻՐ ԵՐԵՍԱԿՆԵՐՈՎ

Յաճախ կը խօսինք եւ կը խորհդածենք կեանքի մասին, եւ ասիկա շատ բնական է, քանի որ կեանքը ամէն օր տարբեր հոգեվիճակներով, տարբեր իրավիճակներով կ՚ապրինք։ Ամէն օր որ կ՚ապրինք, կեանքին տարբեր երեսակներովը կը դիմաւորուինք։ Այս իմաստով կեանքը միօրինակ ընթացք մը չէ՛, այլ իւրաքանչիւր օր բոլորովին ուրիշ կեանք մըն է որ կ՚ապրինք։

Եթէ կեանքը միօրինակ ընթացք մը ըլլար, հաւանաբար կեանքը ապրիլ շատ աւելի դժուար կ՚ըլլար՝ միապաղաղ եւ ձանձրացուցիչ ընթացք մը՝ ուր ո՛չ ապագայի մտահոգութիւն, ո՛չ յոյս եւ ո՛չ իսկ կենսունակ, աշխոյժ ապրումներ կը համակուէին։

Համակերպ, նոյնաձեւ կեանքը հաւանաբար անտանելի պիտի ըլլար բանաւոր էակին՝ մարդուն համար, որ միշտ «նոր»ը կը փնտռէ, միշտ նորութիւն կ՚ուզէ եւ միշտ բարեփոխութեան հակամէտ է։

Մարդ միշտ շարժում, գործ, աշխատանք կ՚ուզէ՝ միշտ յառաջդիմութիւն, միշտ աւելի լա՛ւը…։

Այս իսկ պատճառով է, որ կեանքը նոյնաձեւ չէ, մէկ օրը միւսին չի համեմատիր։ Եւ դարձեալ, կարելի է մտածել, թէ կեանքի մէջ կան ուրախութիւններ, եւ նաեւ՝ տխրութիւններ, յաջողութիւններ, եւ նաեւ՝ ձախողութիւններ, բարիքներ եւ չարիքներ, որոնք կը կազմեն կեանքին տարբեր երեսակները։ Եւ այս փոփոխութիւնները մարդս կը մղեն աշխատելու, աշխոյժ, ժիր եւ արթո՛ւն ըլլալու։ Միօրինակութիւնը, միապաղաղ կեանքը մարդս ամլութեան, անգործութեան, անաշխատ վիճակի եւ անշուշտ ծուլութեան պիտի մատնէր։ Բայց մարդ կոչուած է գործելու, աշխատելու, միշտ աւելի լաւը փնտռելու…։

Կեանքը երբեմն ո՜րքան ժպտուն եւ զուարթ կ՚երեւի, եւ այդ պահերուն մարդ երբեք չի մտածեր, թէ այդ ուրախ օրերը, ուժի զօրութեան, կորովի, աշխուժութեան, արթնութեան շրջանը վախճան պիտի ունենայ։ Բայց աւա՜ղ շուտ վրայ կը հասնին «սեւ ամպ»երը, եւ տխրութիւնը կը տիրէ կեանքին։

Կարելի է մտածել, թէ յոռետեսութեան դժբախտ արտայայտութիւններ են այս բոլորը, բայց պէտք է մտածել նաեւ, թէ ո՞վ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին միշտ ուրախ, միշտ զուարթ կրցած է ապրիլ… երանի՜ ըլլային այդպէս ապրողներ, սակայն կարելի չէ ապրիլ այդպիսի կեանք մը։ Եւ ուրեմն ասիկա յոռետեսութեան արտայայտութիւն կարելի չէ համարել, այլ՝ իրատեսութի՛ւն. այն ի՛նչ որ կեանքը մեզի ցոյց կու տայ, այն ի՛նչ որ ճշմարիտ կեա՛նքն է։

Բայց երբեք պէտք չէ յուսահատիլ, քանի որ ինչպէս ուրախ օրերը տխուր օրերու կը վերածուին, տխուր օրերն ալ դարձեալ ուրախ օրերու պիտի վերածուին։ Որովհետեւ ա՛յս է կեանքին օրէնքը. ա՛յս է կեանքին տարբեր երեսակներուն վկայութիւնները։

Արդարեւ, Եսայի մարգարէ կը վկայէ. «Կեանքի ծառին պէս անվախճան պիտի ըլլայ իմ ժողովուրդիս կեանքը. իմ ընտրեալներս երկա՜ր պիտի վայելեն իրենց ծանր աշխատանքին վաստակը։ Այլեւս զուր տեղ պիտի չաշխատին եւ դժբախտ զաւակներ պիտի չծնին, որովհետեւ Աստուծմէ օրհնուած սերունդ մը պիտի ըլլան թէ՛ իրենք եւ թէ իրենց զաւակները։ Տակաւին իրենք չկանչած՝ պիտի լսեմ զիրենք, դեռ իրենց աղօթքը չաւարտած՝ պիտի հարցնեմ.- Ի՞նչ կ՚ուզէք … կ՚ըսէ Տէրը», (ԵՍ. ԿԵ 22-24, 25)։

Ահաւասիկ, ա՛յս է կեանքը, եւ երբ մարդ իրատեսութեամբ նայի կեանքին, իրատես եւ առողջ մտադրութեամբ ապրի կեանքը՝ յուսախաբ չ՚ըլլար։

Ճշմարիտ կեանքը ապրիլ շատ աւելի նպաստաւոր է, քան երեւակայութիւններու մէջ՝ երազի մը նման ապրիլ զայն։ Կեանքը տարբեր երեսակներ ունի եւ մա՛րդ չի կրնար խուսափիլ անոնցմէ. կեանքը ա՛յս է, եւ մարդ պէտք է ընդունի եւ ըստ այնմ ապրի կեանքը…։

Մարդ երբեմն չի խորհիր, թէ հաճոյքներու, զուարճութիւններու, վայելքներու, յաջողութիւններու այն շարքին վերջը պիտի գայ։ Բայց կու գայ շրջան մը՝ որ այս բոլորը կը վերջանան։

Եւ այս փոփոխութիւններուն ամենէն զգալին ալ առողջութի՛ւնն է։ Առողջ մարդ մը երբեք չի խորհիր հիւանդութեան մասին, բայց ո՞ր ատեն կու գայ հիւանդութիւնը՝ մա՛րդ չի գիտեր։ Առողջութիւն եւ հիւանդութիւն, յաջողութիւն եւ ձախողութիւն, ուրախութիւն եւ տխրութիւն ե՞րբ կու գան եւ ե՞րբ կ՚երթան, ե՞րբ մէկը միւսին տեղը կը գրաւէ յայտնի չէ, եւ մա՛րդ չի գիտեր, թէ ե՞րբ կը պատահի այդ փոփոխութիւնը մեր կեանքին մէջ…։

Եւ ահաւասիկ ա՛յս է կեանքին առեղծուածը՝ դժուարալոյծ, եւ թերեւս անլուծելի եւ բարդ հարցը։

Բայց սա յստա՛կ է, որ կեանքը հակադիր վիճակներու վրայ հաստատուած հրաշալի՜ ներդաշնակութի՛ւն մըն է։ Եւ մարդ կոչուած է այդ ներդաշնակութեան մէջ երբեմն երջանիկ, երբեմն դժբախտ ապրելու, բայց անպայմա՛ն ապրելու…։

Արդարեւ, կեանքը իր տարբեր երեսակներով գեղեցիկ է. կ՚արժէ ապրիլ զայն, պայքարիլ, չյուսահատիլ, երբեմն վայելել յաղթանակներ, եւ երբեմն ալ՝ պարտութիւններու վիշտեր. ապրիլ կեանքը իր բոլոր երեսակներով՝ երբեմն քաղցր եւ հաճելի, երբեմն ալ թթու եւ տհա՛ճ։

Կեանքը կը յուզուի ամէն ձեւի եւ երեւոյթի տակ։ Բայց ոմանք, անգիտակցաբար, բոլորովին անհաղորդ են անոր. իրենց համար չեն համարեր այդ փոփոխութիւնները, իրենք զիրենք դուրս կը համարեն ոգորումի, մաքառումի այդ շրջանակէն։

Բայց ո՛չինչ կը փոխուի, կեանքը կը գործադրէ իր անայլայլելի եւ մշտնջենաւոր «Օրէնք»ը՝ եթէ իրենք չփոխուին՝ կեանքը կը փոխէ զանոնք։

Երբ մարդուս բոլորտիքը ամէն ինչ փոխուած է. փոխուած է՝ հակառակ իրենց ճաշակին, իրենց կամքին, հակառակ՝ իրենց կարծիքին։ Ուստի, այլեւս այդ փոփոխութիւններու դէմ պայքարելէ յոգնած՝ իրենք զիրենք կը յանձնեն փոփոխութիւններու անդիմադրելի հոսանքին՝ իմաստուն համակերպութեամբ մը։ Այլապէս ի՞նչ կրնային ընել այդ փոփոխութիւններուն մէջ։ Եւ ստիպուած կ՚ընդունին ներկայ վիճակը՝ փոխուած կեանքը՝ կեանքին ուրիշ մէկ երեսակը։ Կեանքը լուծելու եւ լա՛ւ ապրելու կերպ մըն է՝ ընդունի՛լ իրավիճակը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 5, 2020, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2020