ԱՐԴԱՐ ԸԼԼԱԼ

«Սուրբ մը ըլլալ բացառութիւն մըն է. իսկ արդար ըլլալ՝ կանոն»։ Victor Marie Hugo (1802-1885թթ.)։

Արդարութիւնը այն բարոյական առաքինութիւնն է, որ կը կայանայ յարատեւ եւ հաստատ կամքով տալու Աստուծոյ եւ մերձաւորին ի՛նչ որ պարտական ենք անոնց։

Արդարութիւնը Աստուծոյ հանդէպ կոչուած է «առաքինութիւն կրօնի»։ Իսկ մարդոց նկատմամբ ան մեզ տրամադիր կ՚ընէ յարգելու իրաւունքները իւրաքանչիւրին եւ հաստատելու մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ ներդաշնակութիւնը, որ կը հրահրէ արդարադատութիւնը հանդէպ անձերուն եւ հասարակաց բարիքին։

Արդար մարդը, յաճախ յիշուած Սուրբ Գիրքին մէջ, կը զանազանուի իր գաղափարներուն սովորակի անաչառութեամբ, մերձաւորին հանդէպ իր վարքին ուղղամտութեամբ։ «Տէրե՛ր, շնորհեցէ՛ք ձեր ծառաներուն իրաւունք եւ արդարութիւն, գիտնալով, որ դո՛ւք ալ Տէր մը ունիք երկինքի մէջ». (ԿՈՂ. Դ 1)։

Յիսուս կը հրաւիրէ «մեղաւորները» Արքայութեան սեղանին. «Չեմ եկած կանչելու արդարները, այլ մեղաւորները» (ՄԱՐԿ. Բ 17)։ Ան կը հրաւիրէ անարդարները՝ մեղաւորները դարձի, առանց որուն կարելի չէ Արքայութիւն մտնել, ապա խօսքով եւ գործով անոնց ցոյց կու տայ Իր Հօր անսահման գթութիւնը անոնց հանդէպ. (ՂՈՒԿ. ԺԵ 11-32), ինչպէս նաեւ երկինքի մէջ անհո՜ւն «ուրախութիւնը մէկ մեղաւորին համար, որ կ՚ապաշխարէ». (ՂՈՒԿ. ԺԵ 7)։ Յիսուս գայթակղեցուց փարիսեցիները՝ մաքսաւորներուն եւ մեղաւորներուն հետ սեղանակից դառնալով նոյնքան մտերմօրէն, որոքան փարիսեցիներուն հետ։ Անոնց դէմ, որ «կը յոխորտային ըլլալ արդար եւ ուրիշները կ՚արհամարհէին. (ՂՈՒԿ. ԺԸ 9)։ Յիսուս հաստատեց «Ես չեմ եկած կանչելու արդարները, այլ մեղաւորները որպէսզի ապաշխարեն». (ՂՈՒԿ. Ե 32)։

Արդարեւ, մարդ արդար է եւ անբասիր՝ անխարդախ, երբ կը քալէ Աստուծոյ հետ։ Ասիկա ընդունուած է եւ ապրուած բոլոր կրօններու մէջ, անոնց պատկանող «արդարներ»ու բազմութեան կողմէ։ Ուստի, Աստուած կենդանի արարածներուն հետ՝ Իր անքակտելի ուխտով, մարդիկը միշտ կը կանչէ, որ արդա՛ր ըլլան։

Յակոբ մեզի կը վերյիշեցնէ Եղիայի օրինակը՝ մեզ աղօթքի խրախուսելու համար. «Արդարեւ արդարին աղօթքը մեծ զօրութիւն ունի». (ՅԱԿ. Ե 16)։

Սուրբեր հանդիսաւորապէս հռչակուած են առաքինութիւնները հերոսաբար գործադրելու եւ Աստուծոյ շնորհքին մէջ հաւատարմութեամբ ապրելու։ Եկեղեցին կը ճանչնայ իր մէջ գտնուող սրբութեան Հոգիին զօրութիւնը եւ կը հրահրէ հաւատացեալներուն յոյսը, սուրբերը իբրեւ տիպա՛ր եւ բարեխօս տալով անոնց։ Արդարեւ, սրբութիւնը թաքուն արդիւնքն է եւ անսխալական չափը Եկեղեցւոյ առաքելական գործունէութեան եւ քարոզչական թափին։ Այս իմաստով, Եկեղեցւոյ պատմութեան դժուար շրջաններուն՝ սուրբերը եւ սրբուհիները վերանորոգումի սկզբնաղբիւր եղած են միշտ։

Ուրեմն, Հիւկոյի խօսքով, սրբութիւնը բացառութիւն մըն է, իսկ արդարութիւնը՝ կանոն։ Ուրիշ խօսքով, ամէն ոք սուրբ չի կրնար ըլլալ, բայց ամէն ոք պէ՛տք է արդար ըլլայ։ Ուստի, արդարութիւնը մարդ ըլլալու անհրաժեշտ պայմանն է, իսկ սուրբ ըլլալ քիչերու արժանացած առաքինութիւն մը, յատկութիւն մը։

Քրիստոսի միացած Եկեղեցին, Քրիստոսով կը սրբանայ. Անով եւ Անոր մէջ՝ Եկեղեցին նաեւ «սրբացնող» կը դառնայ։ Եկեղեցւոյ բոլոր գործերը կը հետապնդեն մարդոց սրբացումը Քրիստոսի մէջ եւ Աստուծոյ փառաւորութիւնը։ Անոր մէջ է որ մարդիկ Աստուծոյ շնորհքով՝ սրբութիւնը կը վաստկին եւ կը վայելեն։ Երկրի վրայ Եկեղեցին զարդարուած է անկատար, բայց ճշմարի՛տ սրբութեամբ։ Անոր անդամներուն մէջ կատարեալ սրբութիւնը կը մնայ տակաւին վաստակելի. փրկարար այնքա՛ն առատ եւ այնքա՛ն մեծ միջոցներով օժտուած ըլլալով, Քրիստոսին բոլոր հաւատացողները, ի՛նչ ալ ըլլայ անոնց դիրքը եւ կեանքի վիճակը, իւրաքանչիւրին ընթացքը իր ճամբով, Աստուծոյ կողմէ կոչուած են «սրբութեան» մը՝ որուն կատարելութիւնը նոյնինքն Հօր կատարելութիւնն է։

Սրբութիւնը եւ արդարութիւնը մարդկային կեանքին անհրաժեշտ եւ իրար ամբողջացնող արժէքներ եւ պահանջներ են…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 9, 2023, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 10, 2023