ԽԱՉՎԵՐԱՑ
Քրիստոսէ առաջ խաչը անարգ՝ սոսկում պատճառող գործիք մըն էր, որուն վրայ մահուան դատապարտուած չարագործները կը քաւէին իրենց յանցանքը։ Սովորաբար երկու կտոր փայտէ շինուած գործիք մըն էր զանազան դիրքերով, որուն վրայ տարածելով դատապարտեալը, կը կապէին կամ կը գամէին զայն մինչեւ որ մեռնէր. երկար ժամանակ մարմինը խաչին վրայ կը մնար. ոչ ոք իրաւունք ունէր մօտենալու եւ ասիկա անշուշտ իբր ազդարարութիւն մարդոց, որպէսզի ոճիր կամ այլ ծանր յանցանքներ չգործեն։ Սակայն իբր գթութեան նշան վերջին պահուն դատապարտեալին կը խմցնէին գաւաթ մը գինի, որուն մէջ խառնուած կ՚ըլլար տարբեր խոտերու հիւթեր, որոնք թմրութեան յատկութիւն ունէին եւ այսպէսով խաչեալը շատ ցաւ չէր քաշեր։
Մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոսն ալ խաչի մահով մեռաւ. բայց քանի որ հոգեւոր փրկութիւնը եւ քրիստոնէական վարդապետութեան լրումը խաչին վրայ տեղի ունեցաւ, խաչը դարձաւ քրիստոնէական կրօնքի յատկանիշը, տեսակ մը անոր խորհրդանիշը։
Քրիստոնեայ մարդը սկսաւ խաչի նշանով կնքուիլ. ինչպէս նաեւ քրիստոնէութեան եւ եկեղեցւոյ վերաբերեալ ամէն բան սկսաւ որոշուիլ խաչի նշանով ու այսպէսով խաչը դարձաւ քրիստոնեաներու ամենէն նուիրական պաշտամունքի առարկան։ Խաչեցեալ Քրիստոսը միաձուլուած եւ նոյնացած է խաչին հետ. քանի որ խաչը դարձաւ մեր հոգեւոր փրկութեան նշանը. անիկա այդ լուսատու կնքուած գործիքն է, ինչ որ իր հետեւորդ հաւատացեալներուն սրտին մէջ մշտավառ լապտեր դարձաւ։ Եկեղեցին յանուն Քրիստոսի սկսած է պատուել ու պաշտել խաչը, զայն կոչելով Սուրբ ու պատուական եւ Ս. Խաչը ընդունած՝ իբր միջնորդ եւ բարեխօս Աստուածորդոյն առաջ։
«Եւ վասն խաչի քո պատուականի, Տէր ընկալ զաղաչանս մեր եւ կեցո զմեզ». ուրիշ աղօթք մը եւս խաչի վրայ թափուած սուրբ եւ փրկագործ արեան շնորհիւ եւ անկէ շնորհուած ողորմութեան հայցմամբ «Ս. Խաչիւս աղաչեմք զՏէր. զի սովաւ կեցուսցէ զմեզ ի մեղաց»։
Այս տեսութեամբ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին տարին չորս անգամ յիշատակութիւնը կ՚ընէ Ս. Խաչին, զանոնք մեծագոյն գլխաւոր տօներուն մէջ դասելով՝ Վարագայ Խաչ, Երեւման Խաչ, Գիւտ Խաչ եւ Խաչվերաց կամ Խաչի Վերացման տօնը, որ մեր հինգ գլխաւոր տաղաւարներէն մէկն է։
Խաչվերացի տօնին առթիւ պիտի ուզէինք պարզել խաչի տօներուն շարժառիթ հանդիսացող պատճառները ու անոնց վերաբերմամբ կատարուած դիպուածները ու յիշատակները, մեր եկեղեցւոյ վաւերական պատմութեան համեմատ։
Առաջին աւանդութիւնը կը յիշուի, որ Յակոբոս Տեառնեղբայրը, որ առաջին եպիսկոպոսը եղաւ Երուսաղէմի։ Առաջին անգամ խաչափայտը ձեռք առնելով եւ վեր բարձրացնելով ցոյց տուած է հաւատացեալներուն, իբր պատուելի նշան ու պաշտամունքի առարկայ Քրիստոսի հոգեւոր փրկութեան, եւ իբր միակ յիշատակը քրիստոնեաներուն ձգուած մեր Տիրոջ երկինք համբառնալէ յետոյ։ Նոյն աւանդութիւնը կ՚ըսէ նաեւ, թէ Յակոբոս Տեառնեղբայրը խաչը բարձրացուցած ատեն ըսած է «Խաչի քո երկրպագեմք» աղօթքը։ Բայց այստեղ վստահ չենք, թէ Տեառնեղբօր ցուցադրածը Քրիստոսի խաչափա՞յտն էր, թէ ոչ անոր նման շինուած խաչ մը զայն խորհրդանշող, եւ կամ ալ բուն խաչափայտէն առնուած կտոր մը։
Չորրորդ դարու կէսերուն լուսեղէն խաչ մը հրաշալի կերպով երեւցաւ Երուսաղէմի մէջ Ձիթենեաց լեռնէն մինչեւ Գողգոթայի գագաթը. այս հրաշքը տեւեց մի քանի ժամեր. ասիկա մեծ սրտապնդում եւ քաջալերանք եղաւ երուսաղէմաբնակ քրիստոնեաներուն ու կ՚ըսուի, թէ մօտ 100 հազար հեթանոսներ այս հրաշալի երեւոյթին պատճառաւ քրիստոնեայ մկրտուեցան։
Ժամանակակից Երուսաղէմի Կիւրեղ Եպիսկոպոսը այս մասին տեղեակ պահեց քրիստոնէութեան կեդրոնները, ու դէպքին մասին նամակ մըն ալ գրեց Կ. Պոլիս, Կոստանդին կայսեր եւ ասոր ի յիշատակ հաստատուեցաւ Երեւման Խաչի տօնը՝ քրիստոնեայ եկեղեցիներու մէջ։ Մեր եկեղեցին այս տօնը կը կատարէ Ս. Զատիկէն չորս շաբաթ վերջ Յինունքի մէջ եւ այս առթիւ եկեղեցւոյ մէջ կը կարդացուի Ս. Կիւրեղ Եպիսկոպոսի Կոստանդին կայսեր ղրկած գիրը։
Երկրորդը տեղի ունեցաւ երբ գտնուեցաւ Քրիստոսի խաչափայտը Դ. դարու սկզբնաւորութեան, 327 թուին. Կոստանդին կայսրի մօր Հեղինէ դժխուհւոյն շնորհիւ։
Ինչպէս վերեւ յիշեցինք, խաչին վրայ մեռնողին մարմինն ու խաչը երկար ժամանակ կը մնար կառափնատեղիին վրայ. ասիկա պետական օրէնք մըն էր ու ոչ ոք կը համարձակէր կամ իրաւունքը ունէր մօտենալու անոր։ Աւետարանի մէջ յիշուած է, թէ Յովսէփ Արեւմաթացին մասնաւոր արտօնութիւն խնդրեց ու հրաման առաւ Պիղատոսէն, Յիսուսի մարմինը թաղելու համար։
Աւետարանի մէջ ալ Յիսուսի խաչափայտին մասին մասնաւոր յիշատակութեան մը չենք հանդիպիր։
Ադրիանոս կայսրը Բ. դարուն, երբ գրաւեց ու աւերեց Երուսաղէմը, Աստղիկի արձանը կանգնեց Գողգոթայի վրայ, իսկ Արմազիի արձանն ալ՝ Քրիստոսի գերեզմանին վրայ։
Այդ շրջանէն շատ առաջ հրեաները Քրիստոսի եւ երկու աւազակներուն խաչափայտերը նետած էին փոսի մը մէջ ու աղբով ծածկած զանոնք։ Տարիներու ընթացքին մոռացութեան ենթարկուած եւ աղբանոց դարձած էր այդ վայրը։
313 թուին Միլանոյի հրովարտակով Հռոմէական կայսրութեան մէջ արտօնութիւն տրուեցաւ քրիստոնեաներու ազատ կերպով պաշտել իրենց նոր կրօնքը, ու Երուսաղէմ դարձաւ ուխտավայր։ Հեղինէ դշխուհին երբ ուխտի գնաց Երուսաղէմ, սկսաւ տեղեկութիւններ հաւաքել ու պրպտումներ ընել խաչափայտը գտնելու համար։ Խստութեամբ հետապնդել սկսաւ բոլոր անոնք, որոնք կրնային տեղեկութիւն տալ խաչերու մասին։ Ի վերջոյ Յուդա անունով հրեայ մը, որ աւանդութեան ծանօթ ու հմուտ անձ մըն էր, ցոյց տուաւ Գողգոթայի տեղը։ Հեղինէ շուտով բանուորներ բերել տուաւ ու աղբերուն վրայ ոսկի թափելով պեղել տուաւ այդ վայրը, ուր իսկապէս մի քանի օր ետք գտնուեցան երեք խաչերը. բայց անշուշտ ոչ մէկը կրցաւ հասկնալ, թէ ո՛ր մէկն էր Յիսուսի խաչը։ Հեղինէ ու իր հետեւորդները ծունկի եկած մեծ հաւատքով աղօթեցին Աստուծոյ, որպէսզի հրաշքով մը ցոյց տար բուն խաչափայտը։ Եւ պատահեցաւ հրաշքը. իրենց աղօթած պահուն սգակիր թափօր մը կ՚անցնէր այդտեղէն՝ մեռած պատանիի մը մարմինը տանիլ թաղելու համար։ Հեղինէ հրամայեց մեռելին մարմինը գետին դնել ու սկսան խաչերը անոր վրայ դնել. երբ երրորդ խաչը դրին, մեռած պատանին յարութիւն առաւ ու այս հրաշքէն ճանչցուեցաւ Քրիստոսի խաչափայտը։ Հեղինէն ու իր հետեւորդները, յարուցեալ պատանին ու իր ծնողքը, հրեաներն ու հեթանոսները երկրպագութիւն ըրին Ս. Խաչափայտին ու անոնցմէ շատեր քրիստոնէութիւնը ընդունեցին։ Յուդա հրեան, յետոյ դարձաւ Կիւրեղ Եպիսկոպոս։ Ասիկա չշփոթել համանուն Երուսաղէմի Կիւրեղ Եպիսկոպոսին հետ։ Ան քրիստոնեայ դառնալուն համար հալածուեցաւ, տեսակ-տեսակ չարչարանքներու ենթակայ եղաւ, ի վերջոյ զինք եռացած ձէթի մէջ նետեցին ու այսպէսով մահացաւ, իր մայրը՝ Աննան ալ խաչի վրայ մահացաւ։
Ս. Խաչափայտը ցոյց տրուեցաւ Պաղեստինի շատ մը շրջաններուն մէջ ու անկէ ետք խաչափայտը մասունքներու վերածուեցաւ ու բաժնուեցաւ քրիստոնեայ եկեղեցիներուն։ Գիւտ Խաչի այս տօնը Հայց. Եկեղեցին կը յիշատակէ Հոկտեմբեր ամսոյն 22-29 թուականներուն միջեւ։
Գիւտ Խաչը կապուած է հաւատացեալ ու բարեպաշտ Հեղինէ դշխոյն անուան։ Եկեղեցին Անոր կը պարտի այս հրաշալի երեւոյթը։ Հեղինէն Երուսաղէմի մէջ մեհեանները քանդել տալով անոնց տեղ եկեղեցիներ շինել տուաւ։ Անոր շնորհիւ է, որ գտնուեցաւ Քրիստոսի գերեզմանը, որուն վրայ կառուցուեցաւ Հեղինէի շինել տուած եկեղեցիներուն փառաւորագոյնը, որ Ս. Յարութեան տաճարն է։
Խաչի երրորդ նշանաւոր տօնն է Խաչվերացը, որ ինչպէս յիշեցինք վերեւ, մեր եկեղեցւոյ մեծագոյն տօներէն է ու հինգ տաղաւարներէն մէկն է։ Խաչվերացի տօնը հաստատուած է խաչի վերադարձը փառաւորելու եւ անոր զօրութիւնը պանծացնելու։
610 թուին -ըստ ոմանց 625-ին- Պարսից Խոսրով Բ. Փարուիզ թագաւորը յարձակեցաւ Բիւզանդական կայսրութեան վրայ մեծ վնասներ պատճառելով անոր. իր զօրավարներէն Խոռեմ՝ յառաջացաւ մինչեւ Պաղեստին ու գրաւեց Երուսաղէմը. հիմնայատակ կործանեց քաղաքը, աւելի քան յիսուն հազար հոգի ջարդուեցան պարսիկներու կողմէ, ու իբր մեծ անարգանք քրիստոնեաներուն, Յիսուսի խաչափայտը գերի վերցուցին ու զայն Պարսկաստան տարին։ Յոյներու Հերակլ կայսրը (610-641) մի քանի տարի վերջ իր բանակները վերակազմելով յարձակեցաւ պարսիկներուն վրայ։ Հերակլ կայսեր բանակին մաս կը կազմէին Հայաստանի յունական բաժնի մէջ ապրող հայկական գունդերը՝ Մժեժ Գնունիի ղեկավարութեամբ։ Պատերազմը երկար տեւեց, երկու կողմերն ալ բուռն, կատաղի կերպով կռուեցան եւ ի վերջոյ կայսրը կրցաւ նուաճել Պարսկաստանը, որ ստիպուեցաւ խաղաղութեան դաշինք կնքել։ Դաշնագիրին առաջին պայմանն էր խաչափայտի վերադարձը։ Հերակլ խաչափայտը առնելով Կարինի վրայով նախ տարաւ Կ. Պոլիս ու անկէ խաչը փոխադրուեցաւ Երուսաղէմ։ Փոխադրութեան ընթացքին ամէն տեղ եկեղեցական արարողութիւններ եւ հանդիսութիւններ տեղի ունեցան։
Ըստ աւանդութեան՝ կ՚ըսուի, թէ պարսիկները զղջացին խաչը վերադարձնելով եւ մի քանի զօրագունդեր կազմելով հետապնդեցին խաչը տանող զօրքերը։ Կարինի մէջ լեռնային շրջանէ մը անցած ատեն երբ յառաջացող զօրքը կը տեսնէ պարսիկներուն մօտենալը, խաչը կը հանեն լերան գագաթը ու կը թաղեն զայն հարթ հողամասի մը մէջ։ Երկու կողմէ զինեալ բախումներէ ետք, պարսիկները յաղթուելով խոյս կու տան. իսկ յաղթական կողմը խաչը պահուած տեղէն առնելով իր ճամբան կը շարունակէ։
Կ՚ըսուի, թէ խաչին ելած տեղէն կը սկսի հոսիլ վտակ մը, որուն ջուրը բուժիչ յատկութիւն ունէր ու ջուրին համն ալ քաղցր էր։ Այդ լերան ստորոտը հետագային հայերը վանք մը շինած են Խաչվանք անունով, որ դարձած էր ուխտատեղի։
Չորրորդը՝ Վարագայ Խաչ։
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի ժամանակ Հռիփսիմեան կոյսերը Հայաստան եկան։ Ըստ աւանդութեան՝ կ՚ըսուի, թէ Ս. Հռիփսիմէ կոյսը ազնուական ծագում ունէր եւ Քրիստոսի խաչափայտէն կտոր մը նուէր ստացած էր՝ Հռոմի Պատրոնիկէ կայսրուհիին կողմէ, զոր միշտ, յարատեւ կոյսը իբր թանկագին յիշատակ իր կուրծքին վրայ կը պահէր։
Պատմութենէն ծանօթ է, թէ Հռիփսիմեանք հալածուելով Հռոմի Դիոկղետիանոս կայսրէն, Հայաստան ապաստանեցան, բայց անոնք հոն ալ հալածանքի ենթարկուեցան։
Այս հալածանքներու ընթացքին Ս. Հռիփսիմէ իր կուրծքին վրայ պահուած խաչը հեթանոսներու ձեռքը չանցընելու համար զայն կը պահէ Վարագայ լերան ժայռերու խոռոչի մը մէջ։ Ս. Հռիփսիմեանց նահատակութենէն ետք կը կարծուէր, թէ խաչափայտը կորսուած է։ Բայց անոնց նահատակութենէն մօտ 350 տարի ետք, այսինքն 653 թուին, Թոդիկ անունով ճգնաւոր մը եւ իր հետեւորդը՝ Յովէլ, որոնք այդ շրջանին մէջ կը ճգնէին ու շարունակ աղօթքով կ՚անցընէին իրենց ժամանակը, գիշեր մը Վարագայ լերան վրայ տեսան մեծ լոյս մը, որ ժայռի խոռոչէն դուրս կը ժայթքէր ու տասներկու հատ լուսաւոր սիւներ կը շրջափակէին ժայռը։ Այսպէսով գտնուեցաւ Ս. Խաչի մասունքը ու այնտեղ կառուցուեցաւ եկեղեցի մը ու կոչուեցաւ Մայրավանք. իսկ տասներկու սիւներուն տեղ ալ տարբեր տանսերկու եկեղեցիներ շինուեցան։ Այս հրաշալի դէպքին ի յիշատակ, այն ժամանակուայ կաթողիկոսը՝ Ներսէս Շինող, հաստատեց Վարագայ Խաչի տօնը։ Սակայն այս դէպքը Հայաստանի մէջ պատահելուն, միայն Հայց. Եկեղեցին է, որ կը տօնէ զայն Վերացման Խաչէն տասնհինգ օր ետք եկող Կիրակի օրը։
Առանց խաչի խորհուրդին անկարելի է ընդունիլ եւ ըմբռնել քրիստոնէական կրօնքը։ Խաչով կը յայտնուի Աստուծոյ անհուն սէրը եւ զոհաբերութեան ոգին մեր փրկութեան համար։ Անոր սիրոյ ու ներման նուիրական վսեմ գաղափարներու մարմնացումն է Քրիստոսի աստուածային համամարդկային եղբայրութեան կրօնքը։
«Առ խաչդ ու ետեւէս եկուր», ըսաւ մեր Փրկիչը. ու խաչը ամէն տեղ է մեր կեանքին մէջ։ Ան մեր ներքին հոգեկան աշխարհը լուսաւորող փարոսն է, այն է որ մեզ պիտի տանի այն փառքին ճամբէն, ուրկէ մեզմէ առաջ ու մեզի համար անցաւ մեր Փրկիչը։ Խաչի խորհրդանիշը կեանքի ու յարութեան յաղթութեան վսեմ փրկարար զօրութեան խորհրդանիշն է։
Մեր ազգը շատ հին օրերէն կապուեցաւ խաչին ու Խաչեալին։ Հետեւեցաւ Յիսուսի հաւատարմօրէն մինչեւ արիւնոտ գողգոթան։ Հաւատաց Փրկիչին, Անոր Յարութեան եւ անմահութեան խոստումին, իր ամենէն տառապանքի օրերուն միշտ անով ներշնչուած, լուսաւոր ջահի մը պէս իր առջեւէն տարաւ զայն։ Տառապեցաւ, հալածուեցաւ բայց երբեք չուրացաւ զայն։ Հայութիւնը խաչին մէջ տեսաւ քաջութեան ու կեանքի նպատակը, մխիթարուեցաւ անոր կենսատու հովանիին տակ. ու դարեր շարունակ երգեց անոր փառքը։
Փառք Ս. Խաչիդ ալէլուիա
Խաչեցեալիդ ալէլուիա
ԳԱԼՈՒՍՏ ՔՀՆՅ. ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ