ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆՆԵՐԸ

Բնութիւնը իր ճակատին վրայ կը գրէ ի՛նչ որ գրուած է «Պատուիրաններ»ու տախտակներուն վրայ. «Ես քու նախանձոտ Աստուածդ եմ որ կը հատուցանեմ հայրերուն անօրէնութիւնը որդւոց վրայ, մինչեւ անոնց երրորդ եւ չորրորդ ազգը՝ որ կ՚ատեն զիս, եւ կ՚ողորմիմ անոնց մինչեւ հազար ազգը որ կը սիրեն զիս եւ իմ պատուիրաններս կը պահեն»։

Ասիկա անողոք «վճի՛ռ» մըն է, որ կը կրկնուի կարծես ամէն անգամ, որ սեւ սեւ ամպեր կը դիզուին հեռաւոր հորիզոնի մը վրայ, եւ հետզհետէ տարածելով իրենց փէշերը, կը քօղարկեն լուսաւոր երկնակամարը, եւ արշաւող բանակի մը նման՝ որ կը յառաջանայ իր ծանր սպառազինութեամբը, կը սկսին գոռալ, որոտալ, եւ հրեղէն շանթեր արձակել դէպի երկիր, սարսափի մատնելով անոր ամբողջ բնակչութիւնը։

Բարկաճայթ Աստուա՞ծն է արդեօք, որ կ՚ուզէ սաստել զմեզ, որ ինկած մեղքերու գիրկը, ուրացած ենք զԻնք եւ մեր ամբողջ էութիւնը, ապագա՛ն։

Արդարեւ չենք կրնար «տեսնել» Աստուծոյ «դէմք»ը, բայց չե՞նք կրնար «զգալ» Անոր բարկութիւնը սեւցած ամպերուն մէջ։ Բնութիւնն ալ ունի իր լեզուն եւ անոր վկայութիւնը հաւաստի է։

Արժանի՛ ենք Աստուծոյ արդար բարկութեան։

Այս բարկութենէն, այս արդար զայրոյթէն փախչիլ, հեռանալ անկարելի է՝ եթէ ոչ դարձի գալով եւ հետեւելով Յիսուս Քրիստոսի տիպար կեանքի օրինակին։ Քանի որ Ան է Ճանապարհը եւ Ան է Ճշմարտութիւնը եւ Լոյսը։

Արդարեւ Աստուած Հայր է, եւ Ան մեզի հետ կը վարուի իբրեւ Հայր։ Եւ քանի որ Ան Հայր է եւ կը վարուի իբրեւ Հայր մեզի հետ, ուրեմն բնական է, որ Ան բարկանայ նաեւ մեզի։ Բայց դժբախտաբար ընդհանրապէս չենք տեսներ, աւելի ճիշդ է ըսել՝ չենք ուզեր տեսնել Աստուծոյ բարկութիւնը, չենք զգար, ինչպէս մարմնաւոր հօր մը բարկութիւնը։

Շատերու համար Աստուած «քմահաճ», «բարեհաճ» հայր մըն է, որ կրնայ սիրել եւ ներել, բայց երբեք չի բարկանար։ Սակայն Աստուած արդա՛ր է նաեւ, եւ բնականաբար արդարութիւնը կ՚ենթադրէ բարկութիւն, քանի որ արդար ըլլալ կը նշանակէ «անաչառ» ըլլալ, վարուիլ այնպէս՝ ինչպէս որ վիճակը կը պահանջէ։

Սիրող հայր մը միթէ կրնա՞յ բարկանալ։

Ահաւասիկ այս կէտին է արդէն տրամաբանութեան մէջ մեր սխալը, մեր վրիպումը։ Չսիրող, անտարբեր եւ անհոգ հայր մը չի բարկանար։ Բարկութիւնը ժխտո՛ւմն է սիրոյ կը կարծուի ընդհանրապէս, բայց բարկութիւնը ժխտումը չէ՛ սիրոյ, այլ՝ փա՛ստը։ Սիրող հայրն է որ կը բարկանայ։

Աստուած կը բարկանայ ալ, կը պատժէ ալ։

Բայց Աստուծոյ բարկութիւնը արդա՛ր է, շիտակ մարդու, շիտակ ատեն, բանաւոր պատճառով եւ միշտ չափաւո՛ր։ Ուստի այս ճշմարտութիւնը որքան շուտով սորվինք, ա՛յնքան դիւրաւ կրնանք ազատիլ մեր մեղքերու լուծէն։ Աստուած աչք չի գոցեր մեղքերու եւ Անոր պատիժն ալ համապատասխան է մեղքի ծանրութեան՝ չափ եւ կշիռ ունի։ Բարի է Աստուած, նաեւ՝ արդա՛ր։ Եւ մարդոց համար ո՜րքան դժուար է ներդաշնակել բարութիւնը եւ արդարութիւնը եւ չափով եւ կշիռով գործածել, գործադրել զանոնք։ Աստուած ինչպէս իր բարութեամբը կը ժպտի, իր արդարութեամբն ալ կը խոժոռի չարին եւ բարիին, անիրաւին եւ արդարին դէմ։

Մարդոց բարոյական անկումին մէկ պատճառն ալ այն է, որ անոնք որ զԱստուած կը սիրեն, Աստուծմէ չեն վախնար։ Փրկութիւնը կը գտնուի Աստուծոյ սիրով,ը որ յայտնագործուեցաւ Քրիստոսով։ Անտարակոյս, բայց նաեւ՝ «Աստուծմէ վախնա՛լ»ով։

Մենք միայն երկինքի մէջ երանութիւն կ՚ակնկալենք, բայց պէտք չէ մոռնալ, թէ դժոխքն ալ Աստուծոյ տնտեսութեան մէջ իր տեղը ունի եւ կը մնայ։

Ուստի սիրելու եւ վստահելու ենք Հօր Աստուծոյ, որ «բարի» է եւ արդա՛ր։ Բայց մոռնալու չենք, որ Ան բարութիւնը եւ արդարութիւնը լաւագոյն կերպով կը ներդաշնակէ, քանի որ Ան կատարեալ Հայր է եւ Անոր արդարութիւնը նկատի ունենալով, եւ վախնալո՛ւ ենք Անոր բարկութենէն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 21, 2019, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2019