ԴՊՐՈՑԻՆ ՏՈՒԱԾՆԵՐԸ
Մինչեւ որոշ ժամանակ կրթութիւնն ու ուսումը մեր՝ հայերուս մէջ եւս մենաշնորհ մըն էր տղոց, մանաւանդ գաւառի պայմաններու մէջ. հին ընկերութիւնը՝ ներկային հակառակ կը հաւատար, որ ուսումը ո՛չ թէ թուաբանութիւն կամ հայոց պատմութիւն սորվելու, այլ առօրեայ կենցաղային վարժութիւններ ձեռք բերելու մէջ կը կայնայ. օրինակի համար հայկական հին գաւառներուն մէջ երբ աղջիկը 7-8 տարեկան դառնար, զինք կը ղրկէին «ուստայ» կոչուող կիներու մօտ, որոնք յաճախող աշակերտներուն կը սորվեցնէին տնային գործեր, կարել, հիւսել եւ այլն:
Այս խօսքով ուսումը որպէս իմացական զարգացում դիտուելու փոխարէն կը դիտուէր որպէս ապագայ կեանքի պատրաստութիւն. աղջիկներու պարագային տնտեսական ու տնային գործերով, իսկ տղոց պարագային արհեստներով: Կարդալ, թուաբանութիւն գիտնալ եւ այլն այնքան ալ կարեւոր չէին նկատուէր, որովհետեւ դպրոցը աւարտող տղան պարտէր գործի նետուիլ՝ հաց շահիլ ու օգնել ընտանիքին, իսկ աղջիկը իր կարգին լաւապէս տնային աշխատանքներու տիրապետելով պատրաստուէր ամուսնութեան, որովհետեւ ամուսնանալու պարագային անոր կարդալ ու գրել գիտնալէն աւելի կարեւոր էր մաքրութիւն, լուացք եւ այլ տնտեսական աշխատանքներ կատարել գիտնալը:
Նախնիները այս մէկը կ՚ընէին ո՛չ թէ որովհետեւ կը թերագնահատէին ուսումը, այլ աւելի առաջնահերթ կը նկատէին պատանին պատրաստել ապագայ կեանքին, համոզուած ըլլալով որ կօշիկ գամելը աւելի արդիւնք կրնայ տալ երիտասարդին՝ քան կարդալը: Բարձրագոյն ուսման գաղափարը գրեթէ գոյութիւն չունէր, որովհետեւ համոզուած էին որ դպրոցի եւ ուսման պարտականութիւնը կեանքի ներկայ պայմաններուն պատրաստելն է եւ շատ քիչերուն տրուած էր բարձրագոյն ուսումը՝ որ հարուստներու յատուկ շնորհք կը նկատուէր:
Մեր անուանի գրողներ Րաֆֆիէն եւ Ռեթէոս Պէրպէրեանէն կը գիտնանք, որ անցեալին հայ ընտանիքը եւս կը մտածէր այլազգի նման. ան իր զաւակը կը ղրկէր դպրոց մինչեւ 12-13 տարեկան եւ ապա դուրս կը բերէր դպրոցէն՝ որպէսզի «աչքերը չբացուի» եւ այդ տարիքին իսկ զբաղուելով տունի գործերով պատրաստուի երթալ մարդու, իրենց ընտանիքին անունը բարձր պահելով իր տնային աշխատանքներու հմտութեամբ, որովհետեւ ամօթալի կը նկատուէր ունենալ հարս մը՝ որ տնային գործերը լաւապէս չի կատարեր, որովհետեւ այդ գործերու հմտութիւնը ընտանիքին «մակարդակ»ը ցոյց կու տար. նոյնիսկ շատ մը պարագաներու երիտասարդ աղջիկներ կը ղրկուէին իրենց ծնողին տունը՝ լաւապէս տնային գործեր կատարել չկարենալու պատճառով:
Քիչ մը աւելի «զարգացած» դպրոցներ «աչք բացուիլ»ը կանխելու համար մինչեւ որոշ դասարան ունէին երկսեռ աշակերտներ, սակայն որոշ տարիքէ ետք դասարանները կը բաժնէին եւ առանձին-առանձին կը շարունակէին իրենց ուսման ընթացքը:
Թէեւ այդ ժամանակին եւս կային մանկավարժներ, որոնք այդ բոլորի կողքին կարեւոր կը նկատէին գրագիտութիւնը, բարոյագիտութիւնն ու կրօնական գիտութեան ուսուցումը. այլ խօսքով՝ կը պնդէին որ գործնականին կողքին կարեւոր է նաեւ կերպականը եւ կը փորձէին համոզել, որ երկուքի միացումով կարելի է ունենալ գիտակից երիտասարդութիւն:
Անցեալի «կեանքի պատրաստել»ու առաքելութիւն՝ լոկ արհեստներու գիտութեամբ ինչքանով ճիշդ է չեմ գիտեր, սակայն այսօրուան կրթութիւնը ամբողջութեամբ հակառակն է. այսօրուան մեր կրթական ծրագիրը պարզապէս վերացական գաղափարներով եւ գիտելիքներով կը լեցնէ պատանի-երիտասարդին միտքը, սակայն ո՛չ մէկ ձեւով կը պատրաստէ ներկայ կեանքին թէ՛ բարոյապէս եւ թէ՛ կարողութիւններով. այսօրուան երիտասարդը դպրոցական կեանքէն դուրս գալէ ետք, անձնական փորձով է որ քիչ քիչ կեանքին ինչ ըլլալը կը սորվի եւ կու գայ այն եզրակացութեան, որ կեանքը ամբողջութեամբ հակառակն է մեզի փոխանցուածներուն:
Աշակերտութեանս տարիներուն մեզի յորդորեցին անմնացորդ նուիրուիլ հայ լեզուին, հայ ազգի բարգաւաճման ծրագիրներուն. յորդորեցին անմնացորդ տա՛լ ամէն բան, սակայն երբեք կեանքի ճշմարտութիւններուն մասին չխօսեցան։ Մենք կարծեցինք, որ անմնացորդ նուիրումի դիմաց մարդիկ քաջալեր պիտի հանդիսանան, որպէսզի իրենց ոգեւորութեամբ աւելի՛ն տանք, սակայն ճշմարտութիւնը հակառակը դուրս եկաւ. հալածուեցանք ու նոյնիսկ ատուեցանք մեր անմնացորդ տուածներուն դիմաց. մեզ պատրաստեցին որպէսզի բարի ըլլանք, բարիք գործենք, սակայն երբեւէ չըսին, որ բարութեան դիմաց չարութիւն պիտի սերմանենք:
Ժամանակ մը ետք կեանքը սորվեցուց, որ անմնացորդ տրուիլը ո՛չ թէ զոհողութեան ու հայրենասիրութեան նշան է, այլ ապուշութիւն է, որովհետեւ անմնացորդ նուիրումի դիմաց նախանձները կը շատնան եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն ձախողութեան մատնելու համար այդ անմնացորդ նուիրումը:
Այն ինչ որ դպրոցը մեզի տուաւ վերացական գիտելիք մըն էր պարզապէս. հաւանաբար ճի՛շդն ալ այդ էր, որովհետեւ կեանքի ինչութիւնը միայն սեփական փորձով կարելի է գիտնալ. դպրոցը մեզի փորձեց իտէալականը փոխանցել, որմէ շա՜տ հեռու էր եւ մինչեւ օրս է՛ աշխարհը: Անցեալին հաւանաբար հայ աղջիկը ուսումի պակասի պատճառով գիտելիք չունէր, սակայն գիտէր առօրեայ իր պարտականութիւնները. այսօր բոլորը գիտելիք ունին՝ առանց գիտնալու թէ ինչպէս պէտք է ապրիլ այս աշխարհին մէջ:
Այդ իսկ պատճառով մի՛շտ հարցականի տակ կը դնեմ մեր կրթական համակարգը, որովհետեւ ո՛չ թէ գիտութիւնը, այլ դառն կեանքի փորձառութիւնն է որ մեզ դարձուց այն՝ ինչ որ ենք այսօր:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -41-
Յունաստան գտնուած ժամանակ, նկատի ունենալով հիւսիսային Յունաստանի մէջ մամուլի մը բացակայութիւնը, ինքնակամ որոշեցի պատրաստել «Փարոս» շաբաթաթերթը՝ շրջանի մի քանի մեծահարուստ բարերարներու օժանդակութեամբ:
Որոշեցի թերթը ամէ՛ն կիրակի եկեղեցւոյ մէջ, ուրբաթ եւ շաբաթ օրերը միօրեայ վարժարանէն ներս ձրիաբար բաժնել, որովհետեւ նպատակը ո՛չ թէ գումար աշխատիլ, այլ հայ գիրին ու լեզուին մօտեցնել էր ժողովուրդը:
Նկատի ունենալով աշխատանքին ինքնակամ ըլլալը, առաւել եւս ձրիաբար ժողովուրդին բաժնուիլը, կարծեցի որ շրջանի «պատասխանատուները» պիտի քաջալերուին եւ աւելիով սատարեն այս աշխատանքին:
Թերթը լոյս տեսաւ 3 թիւ. շրջանի նախանձ քահանան ամէ՛ն ջանք ի գործ դրաւ թերթը եկեղեցի չմտցնելու. մի քանի «հայրենասէր» կուսակցականներ փորձեցին արգիլել դպրոցի մէջ թերթի ձրի բաժանումը եւ այս մէկը եղաւ դպրոցական կեանքի մէջ սորված, սակայն յուսախաբութեամբ պսակուած առաջին դառն դասը։ Փաստօրէն «ղեկավար» եղողներէն ո՛չ ոք իրապէս մտահոգուած է հայութեամբ. բոլորը իրենց աթոռներուն վրայ ամուր մնալու պայքարին մէջ են եւ մէկու մը լաւ աշխատանքը կրնայ վնասել այդ աթոռի ամրութիւնը:
Այս է որ դպրոցները չսորվեցուցին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ