ՄԱ՛ՐԴ ԸԼԼԱԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ
Արձակուրդի շրջանը վերջացաւ, եւ ինչպէս որ կեանքի մէջ ամէն բան սկիզբ մը եւ վե՛րջ մը ունի, ահաւասիկ արձակուրդն ալ սկսաւ եւ վերջացաւ։ Բայց ասիկա ո՛չ վըճ-ռական սկիզբ մը եւ ոչ ալ վերջ մըն է. կեանքի մէջ ո՛չ սկիզբները կը վերջանան եւ ոչ իսկ «վերջ»երը։
Այս իմաստով եթէ խորհիք, կեանքը ամուլ շրջապտոյտ մըն է՝ սկիզբներու եւ վերջերու անվերջ ընթացք մը։ Ամէն սկիզբ նոր կեանքի մը կը բացուի, այդպէս կը կարծուի ընդհանրապէս, բայց ամէն «նոր» կը նմանի նախորդ «նոր»ի մը եւ ամէն վերջաւորութիւն՝ ուրիշ վերջաւորութեան մը։ Չէ՞ որ ըսուած է, թէ պատմութիւնը իրերանման դէպքերու շարունական կրկնութի՛ւնն է։ Որոշ տարիք մը ունեցող մէկը, իր ամբողջ կեանքի ընթացքին ո՜վ գիտէ քանի՛ սկիզբներ եւ քանի՛ վերջաւորութիւններ է ունեցած։ Եւ «նոր» կարծուածներ՝ միշտ նոյն նորերն են եղած, իրերանման, իրարու տարբեր օրինակները միայն։ Այս միօրինակ ընթացքին մէջ ո՞րն է կարեւորը, սիրելի՜ բարեկամներ։ Անշուշտ այս միօրինակութեան մէջ բնական բարեփոխութիւններ, յառաջդիմութիւններ կը պատահին։ Բայց ասիկա կը նմանի այն նոյն նկարին՝ որ նախապէս միայն սեւ-ճերմակ էր եւ յետոյ գունաւոր եղած է. նկարը մի՛շտ նոյն նկարը մնալով։ Կարելի՞ է փոփոխութիւն նկատել ասիկա։ Այս մասին որոշումը՝ մտածողին կը մնայ, դո՛ւք սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուս։
Մենք վերադառնանք այն հարցումին, թէ՝ կեանքի միօրինակ ընթացքին մէջ ո՞րն է կարեւորը։
Ըստ էութեան, ամէն մարդ նոյն բնաւորութեամբ կը ծնի. «մա՛րդ» ըլլալով։ Բնաւորութեան տեսակէտէ ամէն նորածին հաւասար է՝ մա՛րդ է եւ աշխարհ կու գայ որպէս մարդ։ Կասկած չկայ այս մասին, կը կարծեմ։ Եւ հետզհետէ կը սկսի նկարագրի կազմաւորումը «մարդ»ուն։ Ներքին՝ ծնային եւ ժառանգական, եւ արտաքին՝ ընտանեկան եւ ընկերային ազդեցութիւններ կը փոխեն մարդը՝ երբեմն աւելի լաւ, երբեմն աւելի վատ նկարագիր մը չափելով անոր։
Եւ այսպէս, կը կազմուին զանազան նկարագիրներ՝ որոնք ինքնութիւն մը կու տան մարդուն։ Նոյն բնաւորութեամբ ծնած երկու մանուկ, ստացական կարգ մը սովորութիւններով տարբեր նկարագրի տէր մարդիկ կ՚ըլլան ի վերջոյ։
Ահաւասիկ, կարծեմ, վերոյիշեալ հարցումին պատասխանը՝ թէ կարեւորը ո՛րն է կեանքի միօրինակ ընթացքին մէջ, սա է. «մարդ մնալ»՝ մարդ բնաւորութիւնը հաստատ նկարագրով մը ամրացնել, բարեշրջել եւ ստացական յատկութիւններու մէջ մի՛շտ լաւը, նպաստաւորը, բարին նախընտրե՛լ։ Ոստի, ինչպէս ըսինք, ամէն մանուկ մա՛րդ կը ծնի, մարդ կ՚ապրի, բայց «մարդ մնալ»ու կարողութիւնը կամ տարողութիւնը կրնայ պակսիլ ոմանց մօտ։
Ամէն ծնողք, բնականաբար, կ՚ուզէ որ իրենց զաւակը լաւ հասնի, լաւ ուսում առնէ, լաւ դիրք ունենայ, հանգիստ ապրի, եւ հարուստ ըլլայ։ Բայց արդեօք այս անմեղ փափաքներուն մէջ՝ ուրիշներու վրայ տիրապետելու, ուրիշներէն զօրաւոր ըլլալու, «մե՛ծ» ըլլալու փափաքն ալ չկա՞յ։ Կերպով մը անտեղի եւ վտանգաւոր մրցակցութեան մը ծնունդ չի՞ տար այսպիսի մտայնութիւն մը։ Անշուշտ, պէտք է նշենք, թէ ո՛չ մէկ ծնողք պիտի ընդունի այսպիսի քննադատութիւն մը, ճիշդ է, ո՛չ մէկը գիտակցօրէն այդպէս չի մտածեր, բայց արդեօք անգիտակցօրէն մեր ըսածները չի՞ գործադրեր…։
Ահաւասիկ, աւետարանական պատգամը, որ մերձիմաստ է մեր խորհրդածութիւններուն։
«Եթէ չփոխուիք եւ մանուկներու պէս չըլլաք, երկինքի արքայութիւնը պիտի չմտնէք։ Արդ, ով որ իր անձը այս մանուկին պէս կը խոնարհեցնէ՝ անիկա է մեծը երկինքի արքայութեան մէջ։ Եւ ով որ այսպիսի մանուկ մը իմ անունովս կ՚ընդունի՝ զիս ընդունած կ՚ըլլայ» (ՄԱՏԹ. ԺԸ 3-5)։ Եւ դարձեալ մանուկներու անմեղութեան մասին կ՚ըսէ. «Ցգեցէ՛ք որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց, որովհետեւ այդպիսիներուն է երկինքի արքայութիւնը», (ՄԱՏԹ. ԺԹ 14)։ Եւ ուրեմն, կը տեսնուի, որ մանուկ հասակին՝ մարդ անմեղ է, լաւ բնաւորութեան տէր եւ երբեք չարի եւ չարութեան մասին տեղեկութիւն չունի։ Մանուկի պէս ըլլալ, ուրեմն, կը նշանակէ մա՛րդ ըլլալ, մա՛րդ մնալ եւ չկորսնցնե՛լ անմեղութիւնը։
Եւ կը հետեւի թէ՝ ամենակարեւորն է մարդու համար, այս կեանքին մէջ «մարդ ապրիլ» եւ «մա՛րդ մնալ» այնպէս՝ ինչպէս ծնաւ։
Ոմանք կրնան խորհիլ, թէ «մանուկ» մնալ հակառա՛կ է բարեփոխութեան, յառաջդիմութեան եւ կատարելագործման բնական օրէնքին։ Բայց պէտք է զանազանել՝ ֆիզիքական բարեշրջումը եւ բարոյական զարգացումը։
Գալով ծնողներու, որոնք բնականաբար կը փափաքին, որ լաւ դիրք ունենայ իրենց զաւակը, լաւ ուսում առնէ, զարգանայ, զօրանայ, եւ անշուշտ հանգիստ կեանք մը ապրի։ Բոլոր այս առաւելութիւնները «յաջողութիւն» ձեռք բերել կը նշանակէ։ Իսկ յաջողութեան մը արժէքը կը չափուի այդ յաջողութիւնը ձեռք բերելու համար յանձն առնուած զոհողութիւններով, արդար աշխատանքով։ Ուրեմն միայն յաջողութիւն մաղթել չի՛ բաւեր, պէտք է ցոյց տրուի նաեւ անոր ճամբաները, գործելակերպը եւ յանձն առնուելիք զոհողութիւնները մանաւանդ։
Ձեզի համար ի՞նչ է յաջողութիւնը, սիրելի՜ ազնիւ ընթերցող բարեկամներ. դի՞րք, աստիճա՞ն, հարստութի՞ւն, կարողութի՞ւն, ուրիշներու նկատմամբ «մեծութի՞ւն», ի՞նչ որ կը հասկցուի «մեծութեան» վիճակէն։ Բոլոր այս արժէքները կը տարբերին ամէն մէկու համար, իւրաքանչիւրին ըմբռնումին նկատմամբ։ Ոմանց համար կարողութիւն, ոմանց համար յարգ ու պատիւ, փառք, ոմանց համար հարստութիւն, ոմանց համար գիտութիւն, եւ այլն։
Բայց ամենամեծ յաջողութիւնը՝ մարդկութեան, իր նմաններուն օգտակար ըլլալ չէ՞, բոլոր այդ առաւելութիւնները միա՛յն իր անձին համար նկատել, ո՞րքան կը պատշաճի մարդասիրութեան բարձր գաղափարին։ Այո՛, մեծ ըլլալ՝ մասամբ փոքրերուն օգնելու համար, գիտուն ըլլալ՝ ուսուցանելու համար, հարուստ ըլլալ՝ համեստ կեանք վարողներու կարօտութիւնը գոնէ մասամբ չզգացնելու՝ զանոնք խնամելու, հոգալու համար…։
Եւ իրապէս մե՛ծ է այն մարդը՝ որ մարդ մնացած է, եւ իսկապէս յաջող է ան՝ որ գիտէ իր շուրջիններուն, իր նմաններուն կարօտութիւնները կը հոգայ, կը խնամէ զանոնք, իր կարողութեան եւ կարելիութեան չափով, իր «մեծութիւն»ը կը գործածէ ո՛չ թէ իր նմաններէն բարձր տեղը գրաւելու համար, այլ անոնց հետ, անոնց մօտ, անոնց հաւասա՛ր ըլլալու համար։ Մեծը «մե՛ծ» է իր օգտակարութեան եւ ինքնագիտակցութեան չափով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 6, 2017, Իսթանպուլ