ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻԻ ԽՐԱՏԸ՝ ՅԱՏԿԱՊԷՍ ՀԱՅ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒՆ
Ընդհանուր Հայ-քրիստոնեանեղրու եւ յատկապէ՛ս Հայ քահանաներու համար ո՜րքան կարեւոր է ծանօթանալ Հայոց Եկեղեցւոյ հեղինակաւոր Հայրապետի մը հայրական խրատներուն՝ որոնք, աւա՜ղ թաղուած, անմատոյց գանձ մը մնացած են շատերու համար, մասնաւորաբար մեր օրերուն…։
Եւ ահաւասիկ մեր երանաշնորհ նախնիներէն Ներսէս Շնորհալիի Ընդհանրականէն «Առ քահանայս» ուղղուած թուղթը՝ որմէ կրնանք եւ պէ՛տք է օգտուինք բոլորս՝ որ լծուած ենք նուիրական ծառայութեան, որ է՝ ազնուացնել ժողովուրդին հոգին եւ զարգացնել անոր միտքը…։
Արդարեւ, պէտք է նկատի առնուի, թէ ամենէն ծանր եւ ամենէն պատասխանատու ծառայութիւնն է՝ հոգեմտաւոր մարզի ծառայութիւնը, քանի որ ո՛չ միայն ներկան, այլ եւ մանաւանդ ապագան կը հետաքրքրէ, ո՛չ միայն ներկայ սերունդը, այլ՝ ապագայ սերունդները։
Ուստի պէ՛տք է առաւելագոյն ուշադրութեամբ ե՛ւ բծախնդրութեամբ հետեւինք Ներսէս Շնորհալիի խրատներուն։ Սոյն Ընդհանրականը կը ներկայացնենք դարձեալ արժանաշնորհ քահանայ հօր մը պարզաբանութեամբ՝ Տ. Վարդան Քահանայ Ասլանեանի աշխարհաբարի վերածմամբ։ Այն ի՛նչ որ հոգեմտաւոր ծառայութիւն մը մատուցած, հոգեւորականի պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ Շնորհալիի խրատները հասկնալի ձեւի վերածած է Տ. Վարդան Քահանայ Հայրը։
Ժառանգ ստանալ պատեհութիւն մըն է՝ առիթ մը, բայց այդ ժառանգութենէն օգտուիլ՝ հմտութիւն եւ իմաստութի՛ւն։ Թէեւ այսօր վախճանած է Տ. Վարդան Քահանայ Հայրը, բայց հանգուցեալը լիուլի կատարած է իր հոգեմտաւորականի պարտականութիւնը՝ փոխանցելով մեզի անգին գանձ մը, աւանդ մը, ժառանգութիւն մը։
Եւ մեզի կը մնայ տեւականացնել այդ աւանդը՝ նոյնութեամբ փոխանցելով մեր սիրելի՛ ընթերցող բարեկամներուն, հաւատարիմ քրիստոնեայ զաւակներուն եւ բոլոր անոնց՝ որ իրենք զիրենք «Հայ-քրիստոնեա՛յ» կը զգան…։
Եւ ահաւասիկ Ս. Ներսէս Դ. Շնորհալի (Կլայեցի) Հայրապետի (1166-1173) քահանաներու ուղղուած խրատները՝ անգին գանձերը։
«Հիմա մեր խօսքը դարձնենք եւ ուղղենք քահանայական դասին, որ աստիճանով երկրորդ էք եպիսկոպոսներու, եւ դրուած էք Եկեղեցւոյն մէջ, որպէս զի բոլոր մարդիկ Աստուծոյ նուիրէք կամ առաջնորդէք, ծնիք զանոնք Ս. Աւազանին մկրտութեամբ, երկնաւոր Հօր որդեգրութեանը ու Քրիստոս Աստուծոյ ժառանգակից ըլլալու, ու Տիրոջ մեղքեր քաւող Մարմինին ու Արիւնին (Խորհուրդին) բաշխումովը այդ ծնուածները կերակրել ու անոնց հոգիները անմահութեան (վերափոխել)։
«Կ՚աղաչե՜մ ամէնքդ, ի սէր Քրիստոսի, որ դուք ձեր մտքին աչքերը բանաք եւ արթննաք այս կեանքին մահուան տանող թմրութենէն, եւ ճանչնաք թէ ի՛նչ երկնային եւ զօրաւոր գործի է որ հրաւիրուած ու կանչուած էք։
«Ձեր պաշտօնը, պէտք է գիտնաք որ հրեշտակներու՝ գերաշխարհի՜կ զօրութիւններուն՝ պաշտօնէն շատ աւելի բա՛րձր է, բայց եթէ դուք ձեր աստիճանը արդարութեամբ եւ սրբութեամբ գործադրէք։
«Եւ որովհետեւ արժանի սեպուած էք ձեր անձերը այդ երկնային գործին տալու, չըլլայ որ բանով մը արատաւորէք ձեր պաշտօնը, ինչպէս որ Առաքեալը կը պատուիրէ ու կը խրատէ. (Պետրոս առաքեալի Կաթողիկեաց թուղթը՝ Ա.-Ե. գլուխ 1 համար) հապա քաջութեամբ եւ յօժար սրտով եւ առանց ծուլութեան Ս. Հայրապետներու սահմանած կանոնական աղօթքներն ու ժամերգութիւնները անթերի կատարեցէ՛ք ամէն մէկ ժամանակին։ Մաքուր հոգիով, սուրբ սիրտով, անարատ հաւատքով, մեծ յոյսով, պարզ մտքով, կատարեալ սիրով, ահով եւ դողութիւնով, սպասաւոր եղէք Աստուածային Խորհրդոյն։
«Չըլլա՛յ որ, ինչպէս ջուրը խողովակէն կ՚անցնի, առանց մտառութեան, անմտաբար (մեքենայի պէս) աղօթքին խորհրդաւոր խօսքերը արտասանէք. ըլլա՛յ սաղմոսերգութիւնները, ըլլա՛յ Սուրբ Գիրքերէ ուրիշ ընթերցումները, ըլլա՛յ պաշտօներգութիւնը, ըլլա՛յ քահանայի յատուկ Ս. Պատարագի աղօթքները եւ կամ ո՛ր եւ իցէ կարգադրուած կանոնները. հապա բոլորովին մտառութեամբ, ուշադրութեամբ կարդացէք, եւ եթէ կարելի է ու կրնաք, խոր զգացումով, արցունքով ու մեծ վախով ու սարսուռով արտասանեցէ՛ք, անանկ որ իբր թէ դո՛ւք էք որ նոր ի նորոյ ձեր սրտին խորէն եւ մտքին մէջէն կը բխէք այդ աղօթքները։ Վասն զի այդ ամէն սահմանուած աղօթքները առ Աստուած խնդրուածքներ են, որպէս զի պէս պէս բարութիւններ եւ պարգեւներ մեզի շնորհէ Տէրը։ Եւ նա Ի՛նքն՝ բարեաց պարգեւատուն, երբ տեսնէ խնդրողին ջերմեռանդութիւնն եւ սրտագին հայցելը, խնդրուածը առատօրէն կը շնորհէ, ըստ Աւետարանի պատգամին, թէ՝ «Ո՛վ որ կը խնդրէ կառնէ…»։
«Գիտցէք թէ, առաջ, այսինքն Առաքեալներու ժամանակ, մինչ դեռ Քրիստոնէական հաւատքի գարունը նոր կը ծաղկէր, ամէն հաւատացեալներ լեցուած էին Ս. Հոգիով, եւ Հոգիին շնորհքովը իրենք իրենցմէ կը խօսէին աղօթքները, պէտքին, պահանջքին համաձայն, Ս. Պատարագի Խորհուրդին եւ թէ՛ բոլոր միւս կատարուած ծէս եւ արարողութիւններու առթիւ։
«Իսկ դարերու հոլովելովը, քանի որ նախնական այդ գեղեցիկ ժամանակները անցան, մեղքի ձմեռը առաջ քալեց եւ սառնամանիքը խստապէս ցրտացուցին բարքերը եւ ամէնուն մէջէն գրեթէ Աստուծոյ հանդէպ սէրը նուազեցուցին, եւ Ս. Հոգիին շնորհքը վայելելու մասին բո՛ւթ եղան մարդիկ, Եկեղեցիին սուրբ եւ հոգեկիր վարդապետները հոգեկան զգացումով տեսան եւ ըմբռնեցին բարքերու այդ յետադիմութիւնը, եւ գրեցին ու իրենց յաջորդողներուն գրաւոր աւանդեցին իրենց արտասանած ներշնչեալ աղօթքներն ու մաղթանքները, որպէս զի անոնցմով անսխալ եւ անսայթաք կերպով առաջնորդուինք ու կատարենք Եկեղեցիին բոլոր կարգաւորութիւնները։ Ասոր համար պէ՛տք է որ այս աղօթքները խօսինք, արտասանենք ու կատարենք մեծ հաւատքով ու յոյսով։
«Սա ալ ճանչցէք թէ՝ ձեր քահանայութեան անունն ու կոչումը չէ՛ թէ մարդոցմէ է, եւ ոչ ալ մարդկային կարգադրութեամբ, հապա Անկից (Քրիստոսէ), որ քահանայ անուանուեցաւ ըստ կարգին Մելքիսեդեկի (եւ ո՛չ թէ Ահարոնի), որ Ի՛նքն է ճշմարիտ Քահանայ եւ քահանայապետ եւ պատարագ, առ Հայրն Աստուած ընծայուած։
«Անիկա, այսինքն Քրիստոս Յիսուս է որ Ի՛ր անունով ձեզի քահանայ անուանեց։ Եւ ինչպէս որ Իր անունը ձեզի շնորհեց, անանկ ալ Իր գործը ձեզի յայտնեց, այն է որ դուք հովուէք Իր ժողովուրդը եւ միշտ բարի գործեր կատարել սորվեցէք եւ (մանաւանդ) ձեր անձովը բոլորին բարեգործութեան օրինակ տաք, տիպար ըլլաք, ի՛նչպէս որ Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսին գրած է իր հովուական նամակին Դ գլուխին մէջ (14 համար)։ Ան կը գրէր թէ՝ անհոգ պէտք չէ՛ ըլլաք.- Չըլլա՛յ որ անհոգ մնաք երէց ձեռնադրուած ատեն ձեզի տրուած շնորհքին մասին, հապա միշտ յիշեցէ՛ք։
«Դարձեալ յիշեցէք թէ Պօղոս առաքեալ (Ա. նամակին Ե գլխուն 17 համար) կ՚ըսէր.- Ա՛յնպիսի քահանաները կրկին պատուի արժանի են, որոնք կ՚աշխատին խօսքով եւ վարդապետութեամբ։
«Ուստի կ՚աղաչենք որպէս զի ձեր անունին եւ կոչումին համաձայն գործն ալ կատարէք, եւ ձեր ժողովուրդին իբրեւ հայրեր կամ ծնողներ ամէն ատեն հոգեւոր խրատներ տաք, միշտ սորվեցնէք անոնց։ Եկեղեցիներու մէջ կամ հրապարակներու վրայ եւ կա՛մ տուներու մէջ, ամէնքին ալ սորվեցնելու ջանադիր եղէք իրենց տարիքին կամ ըմբռնումին համեմատ զգուշանալով եւ զգուշացնելով (մոլութիւններէ), եւ յորդորեցէք բոլորը որ սիրեն եւ գործեն Աստուածային պատուիրանները։
«Ու թէեւ ամէն տեսակ բարի եւ առաքինի գործերով ալ կատարեալ պէտք է ըլլաք, սակայն եկեղեցիի պայծառութեան հոգ տարէք ու Ս. Պատարագի Խորհուրդին ժամանակ պատուական եւ մաքուր զգեստ հագնելու մի՛ մոռնաք. հոգ տարէ՛ք, վասն զի կը լսեմ թէ տեղ տեղ հասարակաց հագած զգեստը հագնելով ու աղտոտ տրեխները (առանց կրունկի գիւղացիի կօշիկ, չարուխ) ոտքը, կան քահանաներ որոնք սուրբ բեմ կը բարձրանան, եւ ահաւոր Խորհուրդը անխորհրդական զգեստներով կը կատարեն, եւ իրենց ըրած այդ բանը համեստութիւն կը սեպեն իրենց…»։
Շնորհալիի խրատները շա՜տ բաներու անդրադարձման առիթ կ՚ընծայէ մեզի։ Երանի՜ կարենայինք օգտուիլ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 7, 2015, Իսթանպուլ