ԹՈՔԱԽՏՆ ՈՒ «ՔՈՐՈՆԱ»Ն

Մերօրեայ աշխարհին մէջ դարձեալ Քարլ Մարքսի խօսքը ճշմարտութի՞ւն կը դառնան... պատմութիւնը դարձեալ ինքզի՞նք կը կրկնէ...

Մեր թուականէն ճի՛շդ 100 տարիներ առաջ՝ 1921-ին Պոլսոյ Սանճագեան տպարանէն լոյս կը տեսնէ բժիշկ Մալաքեանի «Թոքախտը: Դարմանը եւ կանխազգուշական միջոցները» խորագրեալ գիրքը, որուն յառաջաբանին մէջ բժիշկը կը գրէ. «Հասարակ ժողովուրդը համոզուած է թէ՝ անհատ մը երբ թոքախտէն վարակուած է, այդ անձը պարտի ուշ կամ կանուխ մեռնիլ, եւ մարդկութիւնը, տեսակ մը համակերպութեամբ եւ լռելեան կը սպասէ այդ տխուր վերջաւորութեան: Է՜հ, ի՞նչ ընենք, թոքախտաւոր էր... մեռաւ...» (էջ 3): Այլ բժիշկ մը՝ Պ. Քօլօլեան 1929 թուականին Փարիզի մէջ տպագրած «Թոքախտաւորները» աշխատութեան մէջ պատասխանելով այն հարցին, թէ թոքախտաւորները ի՞նչ պէտք է ընեն՝ կ՚ըսէ. «Թոքախտաւորը պէտք է ինք խնամէ ինքզինքը ու յետոյ պէտք է ամէն ջանք ընէ որ իր հիւանդութիւնը չանցնի ուրիշին» (էջ 22-23): 

Այսօր նոյնը չէ՞ պարագան. ձեւով մը բոլորս համակերպութեամբ ու լռելեան կը դիտենք ներկայ համաճարակին մեզմէ խլածները ու կը սպասենք անորոշութեամբ՝ թէ մենք ե՞րբ պիտի վարակուինք... պիտի կարենա՞նք վերապրիլ, թէ ո՛չ անոր զոհերէն մէկն ալ մենք պիտի ըլլանք. չե՛նք գիտեր: Սակայն տեսնելով թոքախտի հիւանդութեան յուսադրող ճակատագիրը՝ կ՚ունենանք այն լաւատեսութիւնը, որ ապրինք թէ ոչ, անպայման աւարտ մը պիտի ունենայ օր մը, ինչպէս որ Մալաքեան կ՚ըսէ. «Մեծ պատերազմներ, մեծ կոտորածներ, մեծ համաճարակներ, մեծ աղէտներ որքա՛ն ալ ահռելի, որքան ալ անբնական, որքան ալ աւերիչ, որքան ալ մահացու ըլլան, կու գան, կ՚անցնին, ժամանակաւոր են»:

Այնպէս ինչպէս մենք այսօր մեր կեանքերը գերի բռնած վարակը անդարմանելի կը կարծենք, դար մը առաջ նոյն կարծիքը մարդիկ ունէին թոքախտի հանդէպ, որուն համար գրիչը կ՚ըսէ. «օրէ օր աւելի կը տարածուի»:

Թոքախտին պատճառած ահն ու սարսափը աւելի պարզ ու յստակ կը դառնայ Գրիգոր Զօհրապի «Լուռ ցաւեր» աշխատութեան մէջ գրած «Միւսը» վիպակի մէջի հետեւեալ տողը. «քաջառողջ մարդիկ կան, որոնք թոքախտ ըլլալու սարսափով իրենց կեանքը կը դառնացնեն. ես անոնցմէ՞ եմ արդեօք, թէ ոչ նախազգացումը, մերձաւոր կորուստին նախազգացումն է որ զիս կը խռովէ»:

Ըսենք, որ առաջին անգամ թոքախտի համաճարակը ախտորոշուած է 1816-ին, որով վարակուած էր ֆրանսացի գիտնական Լա Էննեկը եւ այդ հիւանդութեան մանրէները կարելի եղած է յայտնաբերել 66 տարիներ ետք՝ 1882 թուականին: Մալաքեան իր աշխատութիւնը կը գրէ վարակի յայտնագործումէն 105 տարիներ ետք ու կը տեսնենք, թէ 105 տարիներ ետք տակաւին անոր վերջնական բուժման հասած չէր գիտութիւնը եւ կամայ թէ ակամայ կը մտածենք. կրնա՞յ ըլլալ դար մը տեւէ «քորոնա» ժահրի համաճարակի ամբողջական բուժումն ու լուծումը (թէեւ ըսենք, որ թոքախտը մինչեւ օրս գոյութիւն ունի աշխարհի վրայ, սակայն սովորական հիւանդութեան մը նման, որոշ դեղահատերով կարելի է բուժուիլ):

Այդ տարիներուն ի՜նչ աւերներ գործեց թոքախտը՝ ինչպէս այսօր «քորոնա» ժահրի համաճարակը. թոքախտը մեզմէ խլեց բանաստեղծ Միքայէլ Նալպանտեանը, որ իր բանտարկութեան ազատազրկման տարիներուն թոքախտ ստացաւ, որմէ ետք ազատ արձակեցին, Մամուլեանի բառերով՝ որպէսզի բանտին մէջ ապրելէ ետք ազատութեան մէջ մեռնի:

Թոքախտը 21 տարեկանին մեզմէ խլեց երիտասարդ բանաստեղծ ու թատերագիր Պետրոս Դուրեանը, որուն մասին հայ դերասանուհի Ազնիւ Մինասեան իր յուշերուն մէջ կը գրէ. «Այդ միջոցին ներս մտաւ պատանի մը, երկար հասակով ու երկար վզով, ունէր երկայն քիթ. գունատ էր: Մոխրագոյն ու շատ մաշած զգեստ էր հագած: Թեւին տակ կար տետրակ մը: Երբ երեւցաւ, դերասանուհիները սկսան ծիծաղիլ ըսելով. «Քա Թէրէզա, քուկինդ եկաւ», իսկ Թէրէզան պատասխանեց «Այնքան գունատ է, որ ինծի պէտք չէ, շուտով կը մեռնի», եւ իրապէս ալ... «շուտով» մեռաւ»:

Նոյն համաճարակը խլեց բանաստեղծ Միսաք Մեծարենցը. 1901 թուականին թուրք մսագործ տղաները կը տեսնեն Մեծարենցը եւ իրենց հակառակորդը կարծելով ծեծի կ՚ենթարկեն եւ կը դանակահարեն բանաստեղծը, ինչ որ պատճառ կ՚ըլլայ տկարանալու եւ թոքախտով վարակուելու: Բանաստեղծը իր բարեկամին գրած մէկ նամակին մէջ կ՚ըսէ. «թոքախտը իր բոլոր նոպաները փորձեց իմ վրայ ու յաղթական եղաւ...»:

Անիծեալը մեզմէ խլեց նաեւ երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանը՝ 48 տարեկան հասակին. երգիծաբանի բարեկամներէն Յովհաննէս Սէթեան կը գրէ. «Առաջին անգամ երբ այցելեցի իրեն այդ տունը, կարծեմ զինք տանող ախտին սերմերը արդէն սկսած էին գոյանալ իր կուրծքին տակ - իր մանկամարդ կնոջ ներկայութեանը, որ դառնադէտ կը ժպտէր, ցուցուց ինծի փոքրիկ սենեակ մը, որուն մէկ կողմը կ՚երկննար սատր մը: «Այս սատրին վրայ, ըսաւ, ամիսներով հիւանդ պիտի պառկիմ, աչքս հորիզոնին գամած ու հոս պիտի մեռնիմ»: Եւ ասոնք ըսած ատեն կը խնդար, իբրեւ թէ զուարթ բանի մը վրայ եղած ըլլար խնդիրը» (Յովհաննէս Սեէթեան, «Յ. Պարոնեանի մէկ քանի յատկանշական կողմերը», էջ 44): Պարոնեանի մահէն երկու տարիներ ետք թոքախտով կը վարակուի երգիծաբանին կինը:

Պարոնեանի ընտանեկան մտերիմներէն Մ. Սանտալճեան 24 դեկտեմբեր 1891-ին Հրանդ Ասատուրին գրած մէկ նամակին մէջ կը յիշէ. «հիմա գաղտնիք մ՚ըսիմ ձեզ զոր թերեւս գիտէք. Պարոնեանի զոքանչը թոքախտէ կը տառապէր եւ շատ հաւանական է, որ այս հիւանդութիւնը փոխանցած ըլլայ Պարոնեանին, որ զգուշութիւն չէր ըներ»: Պարոնեան միտումնաւոր անփթութիւն կ՚ընէր, որպէսզի զոքանչը իր հիւանդութեան համար վատ չզգայ ու «բան չեղածի պէս» ապրի:

Ո՜վ գիտէ «քորոնա» ժահրի համաճարակը անփթութեան պատճառով քանինե՜ր խլեց եւ պիտի շարունակէ խլել մեզմէ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԱՐՍԷՆ ԱՄԻՐԵԱՆ
(1881-1918)

Մեր թուականէն 140 տարիներ առաջ՝ 10 նոյեմբեր 1881-ին Պաքուի մէջ ծնած է յեղափոխական, լրագրող եւ հրապարակախօս Արսէն Ամիրեան:

Ամիրեան նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, ապա ընդունուած է Քիեւի համալսարանի իրաւաբանական բաժինը, սակայն յեղափոխական ելոյթներու մասնակցելու պատճառով 1902-ին դուրս դրուած է համալսարանէն եւ վերադարձած է Պաքու: Ամիրեան 1906-1907 տարիներուն հրատարակած է երկու գրքոյկ՝ «Ժամանակն է սթափուելու» եւ «Դաշնակցութեան Կրիզիսը» խորագրերով, օգտագործելով Մրավեան գրչանունը: Նոյն տարիներուն ցարական ինքնակալութեան դէմ հանդէս գալու պատճառով բանտարկուած է մինչեւ 1910 թուականը: Բանտէն ազատ արձակուելէ ետք, մինչեւ 1917 թուականի փետրուարեան յեղափոխութիւնը Ամիրեան Պաքուի մէջ քաղաքական-քարոզչական գործունէութիւն ծաւալած է:

Արսէն Ամիրեան 1917-1918 թուականներուն խմբագրած է «Բակինսկի Ռապոչի» թերթը, ուր տպագրած է բազմաթիւ յօդուածներ գործածելով՝ Ա., Ա. Ամ, Զաքար եւ Մրավեան գրչանունները:

Արսէն Ամիրեան դարձեալ ձերբակալուած է 30 յուլիս 1918 թուականին եւ 20 սեպտեմբեր 1918 թուականին գնդակահարուած է 26 այլ մեծաւորներու հետ:

Ի յիշատակ յեղափոխական գործիչին մինչեւ օրս Երեւանի կենդրոնական փողոցներէն մին՝ Ամիրեան փողոցը կը կրէ իր անունը: Պատմաբան Մակիչ Արզումանեան 1961-ին հրատարակած է Ամիրեանի գործունէութիւնը ներկայացնող աշխատութիւն մը «Արսէն Ամիրեան: Ժուռնալիստական-հրապարակախօսական գործունէութեան ակնարկ» խորագիրով:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2021