ԲԱՐԻ ԿԱՄԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆ

Մարդ, ըստ էութեան, կոչուած է իր նմաններուն օգնելու, քանի որ մարդ ստեղծուած է յատկութիւններով, կարողութիւններով։ Բայց այս յատկութիւնները եւ կարողութիւնները ամէն մարդու նոյն չափով չէ տրուած, այսինքն՝ թերութիւններով եւ անկատարութիւններով։ Ուրեմն մարդ, ինչո՞ւ չէ, պահանջքը ունի միշտ իր նմանին օգնութեան, եւ փոխադարձաբար, պարտի իր ունեցածէն նպաստաւորել իր նմանը։ Եւ այս կը նշանակէ՝ ամէն մարդ մէկ ուրիշի մը օգնութեան կը կարօտի, քանի որ մա՛րդ կատարեալ չէ։

Արդարեւ, բարի սրտի եւ բարի կամեցողութեան արտայայտութի՛ւնն է իրերօգնութիւնը։

Երբ մարդ լա՛ւ տրամադրուած է ուրիշներու հանդէպ, նշանակութիւն չունի իրմէ օգնութիւն ակնկալողին անձը։

Մարդ՝ Աստուծոյ արարածն է, ուստի, իրերօգնութիւնը պէտք է ըլլայ Աստուծոյ համար եւ ոչ թէ մարդոց առջեւ ցուցադրութեան դրուելու համար։ Մարդոց աչքին «բարի» երեւելու համար կատարուած օգնութիւնը երբեք իր նպատակին չի՛ ծառայեր…։

Այս ուղղութեամբ, մարդկային յարաբերութիւններու մէջ «ընկեր»ը եւ «բարեկամ»ը պէտք է զանազանել։ Արդարեւ, կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ ամէն ընկեր բարեկամ չէ, եւ կա՛ն «ընկերներ», որոնք կարծեցեալ բարեկամներ եղած են։ Թէեւ «ընկեր» բառը իր մէջ կը պարունակէ խոր իմաստ մը, քանի որ ան կը նշանակէ՝ «միասին ճաշող» եւ միասին ճաշելը՝ հաց ուտելը մարդուս կարեւոր ներքին խոր հաղորդակցութիւն մը կը ստեղծէ։ Ճաշասեղանը սուրբ է։

Բայց, դժբախտաբար, ամէն «ընկեր» այս իմաստին համաձայն չի վարուիր գործնականին մէջ։

Այսօր, մանաւանդ, նիւթապաշտ եւ շահամոլ զգացումներէ տարուելով՝ «ընկեր» բառին իմաստը եւ տարողութիւնը շատ ընդարձակուած է։ Ընկերը եղած է շահու առարկայ մը, շահագործութեան միջոց մը։ Իրարու բոլորովին անծանօթ մարդիկ, հասարակաց շահու մը համար կրնան ընկերակցիլ՝ որուն մէջ ո՛չ սէր եւ ոչ ալ իրերօգնութեան զգացում կայ եւ միա՛յն՝ անձնական շա՛հ։ Այս պարագային կարելի՞ է խօսիլ բարեկամութեան մասին։

Սա անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, թէ՝ մարդոց գոյատեւումը իրարմէ կախում ունի։ Մարդիկ իրարու կը կարօտին հոգեկան, իմացական, բարոյական, մտային եւ նիւթական հարցերու շուրջ։ Մա՛րդ ինքնաբաւ չէ այս իմաստով։ Եթէ այդ յարաբերական օգնութիւնը, նպաստը դադրի, աշխարհ կը կորսնցնէ իր ընթացքը, իսկ եթէ մարդ բարի կամեցողութեամբ եւ օրինակելի վարմունքով կատարէ օժանդակութիւնը եւ իրերօգնութիւնը՝ այն ատեն մարդոց միջեւ այն տաժանելի ատելութիւնը դադրելով աշխարհ իրապէս դրախտի կը վերածուի եւ երջանկութիւն կը տիրէ։

Բայց եւ դժբախտաբար, կեանքի փորձառութիւնը եւ ապրումներ, տարիներու ընթացքին ցոյց կու տան, թէ՝ բազմաթիւ կոչեցեալ, կեղծ ընկերներ ունենալու մէջ ոչ մէկ իմաստ կայ, ժամանակը անցնելով եւ այդ ժամանակին հետ անոնք ալ կ՚անցնին, կը հեռանան եւ կը կորսուին։ Արդարեւ, մարդ շա՜տ ուշ կը հասկնայ, թէ որքան մարդու՝ որպէս «ընկեր» հաւատացած, վստահած, ապաւինած է, բայց իրականութիւնը առհասարակ ուրիշ կերպով հանդիսացած է…

Ուրեմն, երբ կ՚աղօթենք Աստուծոյ, նախ խնդրենք, որ մեզ բարեկամ-ընկերներ շնորհէ, եւ յետոյ, շնորհակալութիւն յայտնենք իր տուած ճշմարիտ ընկերներու համար։ Արդարեւ, ուրախութիւնը, երջանկութիւնը՝ սիրով ամրապնդուած բարեկամութեան մէջ է։ Բարեկամը՝ իրապէս շնո՛րհ մըն է, որ կը լուսաւորէ կեանքին ընթացքը…

Մարդ պէտք չէ՛ իր կեանքը վատնէ ուրիշները գոհացնելու համար։ Անոնք չեն գոհանար, ոչ ալ կը գնահատեն։ Յետին նպատակներով կատարուած բարիքը «բարիք» չէ՛…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 10, 2023