ԱՂՕԹՔ՝ «ՆԱՐԵԿ»ԷՆ - Բ. -

Երբ մահուան յաղթութիւնը ի սպառ մեռնի բարիներուն համար, չարագործիս համար դարձեալ կը շարունակուի ան. այն ատեն դուռները բախելը այլեւս ո՛չ մէկ օգուտ կ՚ունենար, գթութեան ժամանակը անցած վերջացած ըլլալով երբ բացուին հրաշալի գիրքերը, ուր գրուած են՝ ծածուկ մնացած տեսակ տեսակ մարդկային բնութեան գործերը մեր վարած այս ներկայ կեանքին մէջ, որուն համար գոյացան բոլոր էակները, իւրաքանչիւր մարմիններու մէջ անթերի իսկոյն պիտի երեւին մեր աստեւոր, պինդ հասկացողութեանը համար կնքուած փակուած անճառ խորութիւնները, եւ պիտի հանդիսանան մեր աչքերուն առջեւ։

Հոս, այս աշխարհի վրա՛յ է որ ողբերով եւ արցունքներով կրնայ երկինքը գնուիլ. հոն, իբրեւ ապաժաման, անժամանակ ընդունելութիւններ, արհամարհանքով մէկդի կը ձգուին անոնք ասկէ. ղրկուած հառաչանքներու հեծութիւնները միայն տեղ ունին հոն. ժլատութեամբ սերմանուած ողորմութիւնները պայծառ վառումով չէ որ կ՚երթան առջեւէն։ Հոն դատախազ պիտի կանգնին հին յանցաւորներու տապանը, Տէրը անարգողներուն կտակարանը եւ ներկայ ժամանակներու ահաւոր նշանը. եւ այն ոսոկալի տեղւոյն վրայ մէկը՝ բնական օրէնքը, միւսը՝ վկայութեան խորանը, եւ երկրորդը՝ Աստուծոյ արիւնը իմ առջեւս տարածեն իբրեւ արդար ամբաստանիչներ։

Եւ ինձէն բազմատեսակ տանջարաններ պատրաստեցի ինծի համար այս աշխարհիս վրայ, ինծի պէս յուսակորոյս մը ի՞նչպէս կրնայ մխիթարուիլ վասնզի եթէ լուսեղէն զօրքերը եւ երանութեամբ փառաւորուած արդարներուն դասերը կը սարսին դողալով, չկրնալով տոկալ մեծ դատաստանին ահաւոր տեսարանին, ես, եղկելիս եւ աւանդը կորսուած մահապարտս, ո՞ւր երեւիմ ես ոչ միայն պսակ պիտի չընդունիմ, այլեւ իմ պատիժս անտանելի եւ կորուստս անսպասելի պիտի ըլլան։

Դ.- Բայց Դուն փութացո՛ւր, ով ամենապարգեւ եւ անճառ զօրութիւն, փութացո՛ւր փրկարար ձեռքդ կորսուածիս մօտ, որպէսզի Քու օգնութեամբդ ետ դառնամ դժոխքին դռներէն, եւ անվտանգելի կերպով ընդմիշտ ճողոպրիմ, պատիժէն հազիւ ազատիմ եւ ասկէ՝ մտքովս տեսնելով ապագայի դիպուածները, տանջանքներու երկիւղը միայն կրելով բաւականանամ, եւ Քու կամքովդ ազատուիմ եւ չմատնուիմ առիւծներու կորիւններուն, որոնք կ՚ուզեն Քենէ յափշտկել եւ իրենց գազանական ատամներով պատռել զիս, որպէսզի մահացուցիչ որովայնը լեցնելով՝ հոս մեղքովս պարարածս հոն յաւիտենական սպառումով հայեցնեն։

Վասնզի Դուն միայն կրնաս կորզել՝ փրկել զիս սատակումին ժանիքներէն եւ առաջնորդել դէպի կեանք եւ երջանկութիւն, ո՛վ բոլորին ապաւէն եւ լոյսի թագաւոր Տէր Յիսուս Քրիստոս, որ օրհնեալ ես յաւիտեանս, ամէն։

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի՝ հայ միջնադարեան հոգեւորական, աստուածաբան, բանաստեղծ, երաժիշտ, փիլիսոփայ. (951-1003)։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 8, 2024, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024