ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ
Մարդկային բարոյահոգեբանական անթափանց խաւարի մը մէջ էր աշխարհ, ուր կարօտեալներու ուղղուած սիրոյ ամէն արտայայտութիւն անտէր էր եւ անզօր, ուր կորսուած էր Աստուծոյ շնորհը եւ սէրը, երբ Կոյսը յղացաւ եւ Աստուած՝ Ի՛նք մարմնացաւ եւ մարդացաւ։ Այս կերպով «Աստուածայայտնութիւն»ը եղաւ համայն մարդկութեան համար փրկութի՛ւն։
Արդարեւ Արուսեակէն խաբուած, շլացած եւ Արուսեակով հմայուած մարդը մոռցած էր իր արարչատես պատկերը՝ անորոշ կ՚ընթանար խաւարամած, խաւարածին ճանապարհներու մէջ։ Մարդը իրապէս կորսնցուցած էր Աստուծոյ պարգեւած շնորհները՝ Անոր մեծ ու անպատում, անվերջ սէրը։
Մինչ քրիստոնէական աշխարհի կրօնական, բարոյական եւ իմացական նկարագիրը նման էր անղեկ նաւի անհեռանկար եւ վտանգաւոր ընթացքին։
Սեփական կամքին ապաւինած մարդկութեան մէկ մասը կը հրճուէր, իսկ միւս մասը հոգեւոր անդունդի մէջ փրկութեան եւ ելքի միջոցներ կ՚որոնէր։
«Մեղաւոր մարդ»ը հեռացեր էր իր Արարիչէն, ինկած էր մոռացութեան նինջին մէջ եւ Աստուած իր Որդիին միջոցով արթնցուց զայն՝ փրկելու համար իր ինկած վիճակէն։ Եւ Աստուած մարմնացաւ, մարդացաւ, իջաւ՝ որպէսզի բարձրացնէ մարդը, վերստին ստանայ իր կոչումը, արժանապատուութիւնը եւ մանաւանդ իր նմանութիւնը Աստուծոյ հետ, որ արդէն ունէր ան իր ստեղծագործութեան ատեն արարչութեամբ։
Մարդկային հետաքրքիր միտքը միշտ հարցումներ կը յղանայ եւ կը հարցնէ ինքնիրեն. «Ինչո՞ւ» եւ այս բնական է, քանի որ մարդ բանաւոր էակ մըն է եւ կ՚ուզէ գիտնալ պատահարներու պատճառը, նպատակը եւ իմաստը։ Մարդկային միտքը կը հետազօտէ՝ կը պրպտէ, խորը կը թափանցէ, իմաստը կ՚ուզէ հասկնալ ամէն երեւոյթի։ Եւ քրիստոնէութիւնը հրամայականոն դրութիւն մը չէ, արդարացի է ուսումնասիրել եւ հասկնալ կարգ մը իրողութիւններ, իրադարձութիւններ, անշուշտ որոշ սահմանի մը մէջ մնալով։
Ուրեմն հարցնել փորձենք մենք մեզի սա հարցումը.
«Յիսուս ինչո՞ւ աշխարհ ղրկուեցաւ՝ ինչո՞ւ մարմնացաւ եւ մարդացաւ»։
Անշուշտ այս հարցումը կը պատրաստէ երկրորդ հարցում մը՝ ինքն իր մէջ։ «Ինչո՞ւ Ինք՝ Հայր Աստուած ուղղակի ի գործ չդրաւ մարդկութեան համար պատրաստած «ծրագիր»ը եւ փոխանակ ինք միջամտելու, իր միածին Որդիին միջոցով իրականացուց փրկութեան ծրագիրը»։ Ուրիշ խօսքով՝ ինչո՞ւ համար Հայր Աստուած ի՛նք, ուղղակի չյարաբերուեցաւ մարդոց հետ, ինչպէս պատահած էր Հին Կտակարանի, Հին Ուխտի պարագաներուն մէջ։ Եւ Քրիստոսէ առաջ դա՜րեր տեւած էր Աստուծոյ վերաբերութիւնը մարդուս հետ։
Հայր Աստուած, այս անգամ իր Որդին ղրկեց եւ իր Որդւոյն միջոցաւ խօսեցաւ, արտայայտուեցաւ եւ յայտնուեցաւ մարդոց, եւ այս կերպով յայտնեց եւ գործադրեց իր կամքը։ Ըսենք, կերպով մը Հայր Աստուած իր վեհութիւնը քօղարկեց մարդոցմէ՝ Յիսուս Քրիստոսով։ Հայր Աստուած «միջնորդ» կամ «փոխանորդ» կարգեց իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը՝ Որդին Աստուա՛ծ։ Հին Ուխտի տնտեսութեան մէջ Հայր Աստուած քօղազերծ էր՝ ուղղակի կը տեսնուէր, կը լսուէր եւ «անմիջական» հաղորդակցութեան եւ յարաբերութեան մէջ էր մարդոց հետ՝ որոնց կեանքի ընթացքը կը ձեւակերպէր եւ կ՚առաջնորդէր իր ուղղակի հրամաններովը։
Աւելի յստակացնելով հարցումը. «Քանի որ Հայր Աստուած նպատակ ունէր փրկել մեղաւոր մարդկութիւնը, ուրեմն ինչո՞ւ համար առանց «միջնորդ»ի եւ կամ առանց «փոխանորդ»ի, դեսպանի կամ ներկայացուցիչի մը՝ իր Որդւոյն միջոցաւ չկատարեց իր կամքը։ Հայր Աստուած միթէ անկարո՞ղ էր կատարել զայն ուղղակի՛»։ Քաւ լիցի, Աստուած ո՛չ մէկ բանի անկարող է, քանի որ Ան ամենակարող է, որեւէ կասկած չկա՛յ այդ մասին։
Պահ մը խորհինք, թէ իր կամքը ա՛յդպէս էր, հապա ինչո՞ւ իր Որդին կարգեց այդ փրկութիւնը կատարելու համար։ Ինչո՞ւ համար Իր կարողութիւնը փոխանցեց իր Որդւոյն եւ մարդոց փրկութեան գործը վստահեցաւ Անոր։ Արդարեւ Նոր Ուխտը կատարուեցաւ Յիսուս Քրիստոսով՝ Աստուծոյ Միածին Որդւոյն միջոցով։
Ինչպէս յաճախ կը կրկնենք, քրիստոնէութիւնը հրամայականոն՝ «տոկմաթիկ» դրութիւն մը չէ, այլապէս քրիստոնէութիւնը, ամէն հարցումի կրնայ պատասխանել, ամէն հարցումի պատասխան մը ունի, որ ճշմարտութիւն է, ճշմարտութիւնը կը ցոլացնէ։ Անշուշտ այս ալ ունի սահման մը, այն ինչ որ «խորհուրդ» է եւ ծածկուած ճշմարտութիւնը, ինչպէս «Կենաց Ծառ»ը, մարդը չի կրնար հասնիլ, բայց մանաւանդ Նոր Ուխտի մէջ, ընդհանրապէս, մարդ կրնայ ուսումնասիրել, քննել երեւոյթները, քանի որ ի վերջոյ անոնց կը յանգին, կը վերջանան ճշմարտութեան հաստատումով, յայտնութեա՜մբ։
Ուրեմն, Յիսուսի մարդեղութիւնը, երբ ուսումնասիրուի, կը տեսնուի, թէ՝ անիկա անհրաժեշտ էր, քանի որ ո՛չ թէ Աստուծոյ փրկարար զօրութիւնը պիտի յայտնէր միայն, այլ նաեւ՝ այդ փրկարար զօրութեան արդիւնքը ցոյց պիտի տար իր իսկ ապրած կեանքովը։ Արդարեւ «փրկարար զօրութիւն»ը անծանօթ չէր, հապա՝ այդ զօրութեան յայտնութեան օրինակը, կենդանի տիպարը կը պակսէր մարդուն։
Մարդ որքան ալ լսէ եւ լսելով գիտնայ, իր գիտութիւնը կը յստականայ տեսնելով, իր լսածին կենդանի օրինակը ունենալով իր առջեւ։ Ուստի, «լսել» եւ «տեսնել» ճշմարտութիւնը աւելի յստակ եւ դիւրահասկնալի կը դարձնէ։ Այս իմաստով, Աստուածորդին «պարպուեցաւ» իր աստուածութենէն, ինչպէս կ՚ըսէ Առաքեալը, մարդացաւ, ենթարկուեցաւ մարդկային ամէն փորձութիւններու, բայց առանց երբեք փորձուելու, քանի որ աստուածային զօրութիւնով լեցուն էր եւ պաշտպանուած՝ պարսպապատ քաղաքի մը պէս։
Մարդիկ գիտէին, թէ Ամենազօր եւ Ամենակարող է Աստուած, եւ կրնայ իր հիմերէն քանդել տիեզերքը եւ վերաշինել զայն, որովհետեւ արդէն Ի՛նք հաստատած էր զայն, բայց այդ մարդիկը չէին գիտեր թէ՝ «ինչպէ՞ս» կը յայտնուի այդ ամենազօրութիւնը մարդ էակին մէջ եւ «ի՞նչ» կ՚ըլլայ արդիւնքը այդ յայտնութեան։ Աստուծոյ ամենազօրութեան յայտնութեան փորձարկական առաջին ցուցադրութիւնը կամ արտայայտութիւնը մարդկային կեանքին մէջ եղաւ Յիսուս Քրիստոսի մարդեղեալ կեանքը։
Եթէ չմարդանար Աստուծոյ Որդին՝ պիտի կրնար Աստուծոյ զօրութեան «երկրաւոր ներկայացուցիչ»ը ըլլալ, բայց «անկարող» պիտի ըլլար, իբրեւ մարդ, ցոյց տալու անվիճելի ստուգութեամբ, այդ զօրութեան սրբացուցիչ, վերանորոգիչ, կենսաւոր ներգործութիւնը. «Ես ու Հայրս մէկ ենք» (ՅՈՎՀ. Ժ 30)։ Իբրեւ Որդի Աստուծոյ՝ արդէն մէ՛կ էր Ան Աստուծոյ հետ, բայց իբրեւ Որդի Մարդոյ ալ մէ՛կ եղաւ եւ այնպէս մնաց։ Այսու ապացուցուց, թէ ամէն մարդ եւս կրնայ այս փրկարար զօրութեամբը նմանիլ Իրեն, եւ իրեն պէս նոյնանալ Աստուծոյ հետ, կամ, մէ՛կ ըլլալ Աստուծոյ հետ։
Արդարեւ, Յիսուս մարդացաւ նպատակի մը համար, ինչպէս եւ քարոզեց նպատակի մը համար։ Յիսուս Հօր Աստուծոյ Որդին էր ե՛ւ «դեսպան»ը եւ իր դեսպանութիւնը կատարելու համար մարմնանալու, մարդանալու՝ խօսելու, քարոզելու եւ գործելու էր։ Ան տուաւ Աւետարանը մարդոց՝ որոնք կը կարօտէին այդ Աւետարանին։ Ուստի Աւետարանը՝ Աստուծոյ կա՛մքն է, միտքը եւ լոյսը, եւ «գանձարանը յաւիտենական, անանց ճշմարտութիւններ»ուն։
Աստուծոյ Որդին մարմնանալու եւ մարդանալու էր՝ որպէսզի մարդիկ տեսնէին զԱստուած…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 5, 2017, Իսթանպուլ