ՄՏՔԻՆ ԹՌԻՉՔ ՏԱԼ…

Միտքը սահման չունի, մտածելով մարդ կրնայ թռչիլ հոգեւոր տիեզերքին մէջ շա՜տ աւելի հեռուները քան որեւէ սաւառնակ կամ հրթիռ, որ կրնայ երթալ նիւթական տիեզերքի անհաշուելի եւ աներեւակայելի հեռաւորութիւնները։ Միտքը ո՛չ ժամանակ եւ ո՛չ ալ տարածք կը ճանչնայ. մարդ երեւակայութեամբ կրնայ անհունօրէն տարածուիլ եւ անժամանակ կերպով ընթանալ։ Ուստի, չափազանցութիւն չէ ըսել, թէ մէկ խորհուրդի մը, մտածումի մը խորքը՝ աւելի խորունկ է քան անջրպետի մէջ երկու աստղերու իրարմէ հեռաւորութիւնը։

Երբ տակաւին մարդիկ չէին ծանօթացած իսկ անջրպետի մէջ հեռաւորութիւններու խորհուրդին, անհամար աստղերու ներդաշնակութեան, Շէյքսփիրեան միտք մը՝ զոր օրինակ, արդէն կը խուզարկէր, կը զբաղէր «մարդկային հոգիին տիեզերք»ը՝ այն անջրպետը՝ որ այնքան անհո՜ւն է, որքան նիւթական տիեզերքը, տեսնուած բայց «անտեսանելի» եւ «անըմբռնելի» անջրպետը։ Անջրպետը գաղափար մըն է միայն մարդուն համար՝ անտեսանելի, անհասկնալի եւ անըմբռնելի։

Անջրպետը՝ հորիզոն մըն է, որուն հասնիլ կարելի չէ՛, քանի որ անոր որքան մօտենալ փորձէ մարդ, ան այնքան կը հեռանայ եւ միշտ կը մնայ հեռաւոր գիծի մը վրայ՝ միշտ խորհրդաւոր եւ անծանօ՛թ։

Մարդկային սրտին սիրոյ տարողութեան, կամ մտքին՝ անբաղդատելի, անհասանելի, անպատմելի եւ աներեւակայելի կերպով աւելի՛ արկածախնդիր թափանցում մըն է հոգեւոր տիեզերքին մէջ, քան անջրպետին մէջ ճամբորդութիւն մը։ Եւ մարդուն միտքի արագութիւնը, բոլոր արագութիւններու հետ անմրցելի արագութիւն մը ունի. ան լոյսէն, ձայնէն շատ աւելի արագ կ՚ընթանայ եւ կրնայ շրջիլ ամէն տեղ, մինչեւ իսկ «անժամանակ» կերպով։ Այս իմաստով, մարդկային միտքը կախում չունի ո՛չ ժամանակի եւ ո՛չ ալ տարածքի իրողութիւններէն։ Միտքը անկախ կը գործէ, եւ այս իսկ պատճառով ան ազատ է, եւ ազատ ըլլալուն չափով երբեմն շատ օգտակար եւ անհրաժեշտ, բայց երբեմն ալ վտանգաւոր եւ ա՛յնքան՝ վնասակա՛ր։

Մտքի անկախութիւնը եւ ազատութիւնը, իր անսահման կարողութեան եւ կարելիութեան պատճառով պէտք է լաւ հակակշռել եւ օգտակարութիւնը եւ վնասակար ըլլալու հաւանակութիւնները լաւ պէտք է չափել։

Միտքը իր ծայրայեղ կարողութիւններուն եւ բեւեռային կարողութիւններուն մէջ ներդաշնակութիւն մը կը պահանջէ՝ որ փորձառութեամբ եւ հմտութեամբ կարելի է ձեռք ձգել։

Արդարեւ, մարդուս միտքն ալ, Էզոպոսին լեզուին պէս, կրնայ ամենէն բարի բաները, ամենէն օգտակար իրողութիւնները արտադրել, բայց կրնայ նաեւ ամենէն չար, ամենէն վնասակար բաներն ալ ստեղծել։ Թէ՛ միտքին եւ թէ՛ լեզուին բարի կամ չար գործածութենէն բոլորովին ենթական պատասխանատու է։ Մարդ երբ բարի բաներ մտածէ՝ միտքը բարի եւ օգտակար կ՚ըլլայ, եթէ չար բաներ խորհի՝ չա՛ր։ Լեզուն ալ նո՛յնն է. լեզուն կրնայ բարի բաներ խօսիլ, սիրտեր շահիլ, բայց կրնայ նաեւ չար բաներ խօսիլ եւ սիրտեր կոտրել, վնասներու, վիրաւորանքներու պատճառ ըլլալ։

Երանի՜ թէ միտքը միշտ բարի եւ օգտակար բաներ մտածէր, եւ լեզուն միշտ բարի բաներ խօսէր եւ սիրտեր ուրախացնէր։ Բայց, դժբախտաբար յաճախ չար եւ վնասակար երեւոյթներու պատճառ եղած են թէ՛ միտքը եւ թէ՛ լեզուն…։

Ուրեմն, պէտք է լա՛ւ խորհիլ. այսինքն խորհիլ բարիի եւ օգտակարի մասին եւ խուսափիլ ամէն չար մտածումներէ։ Այս կէտին ահաւասիկ, բարին եւ չարը զանազանելու համար հմտութիւն եւ փորձառութիւն պէտք է։ Հմտութիւնը, մեծ մասամբ ընդոծին յատկութիւն մըն է, իսկ փորձառութիւնը՝ ստացակա՛ն։

Անշուշտ փորձառութիւնը կ՚ենթադրէ հեռատեսութիւն, շրջահայեցողութիւն, եւ մանաւանդ ողջախոհութիւն, անկեղծութի՛ւն։ Պէտք չէ մոռնար որ «հոգեւոր տիեզերք»ը՝ որուն սահմանները աւելի՛ ընդարձակ են քան նիւթական տիեզերքը, որուն մէջ թռչելու եւ մինչեւ իսկ աստղեր հասնելու հնարամիտ միջոցը ունի մարդ։ Եւ ալ մարդ կրնայ հոգիին թեւերը բացած՝ հասնիլ մինչեւ Աստուծոյ Տունը։ Նիւթական տիեզերքի մէջ մարդիկ աստղեր կ՚երթան, բայց մարդ «հոգեւոր թեւ»երով կրնայ շա՜տ աւելի հեռուն երթալ՝ մինչեւ Աստուծոյ հասնիլ… աստղերէն շատ աւելի անդին…։

Ի՞նչ է ձեր կարծիքը սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, մարդ «գիտուն» չեղած այսօրուան «նիւթապաշտ» իմաստով, «գիտնական» էր՝ «հոգեւոր» իմաստով, երբ Եսայի մարգարէ մը կամ Երեմիա մարգարէ մը, Սոկրատ մը, Պղատոն մը, իրենց խորհուրդներով կը խուզարկէին «հոգեւոր տիեզերք»ը, Աստուծոյ միտքը, որ տիեզերքի պարփակիչն է եւ անպարփակելին՝ եւ ո՛չ մէկ տիեզերքով։ Սահմանաւորին հասնիլ շատ աւելի դիւրին է, քան անսահմանին, անհունին հասնիլ, եւ մարդուն համար ճշմարիտ յաղթանակը անհունին, անսահմանին հասնիլն է, որու կարելի է հոգեւոր թռիչքով հասնիլ։ Եւ կատարեալ է այն մարդը՝ որ կրնայ ներդաշնակել միտքը եւ հոգին՝ մտքին հոգեւոր թեւերով թռիչք տալով։ Խորհուրդներու, մտածումներու թռիչքը մարդկութիւնը անշուշտ որ կը տանի շա՜տ հեռուները, ո՛չ մէկ տարակոյս, բայց ան եթէ միանայ հոգեւոր թռիչքին հետ, մարդ այն ատեն կը հասնի անհասանելիին, որ իրականութեան մէջ շատ հեռուները չէ, այնքան մօտ՝ որքան իր սիրտը, իր էութիւնը, քանի որ Ան մարդուն սրտին մէ՛ջն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 29, 2020, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2021