Կ՚ՈՒԽՏԵՄ ԱՏԵԼ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ

Մեր թուականէն աւելի քան դար մը առաջ գրող եւ բանաստեղծ Միքայէլ Նալպանտեան իր «Ազատութիւն» խորագրեալ բանաստեղծութեան մէջ կը գրէր «ես այն օրից ուխտեցի Ազատութիւնը սիրել» արտայայտութիւնը. իսկ այսօր՝ աւելի քան դար մը ետք կ՚ուխտեմ ատե՛լ ազատութիւնը: Նոյն բանաստեղծութեան մէջ Նալպանտեան աւելիով շեշտելով իր սէրը ազատութեան հանդէպ կ՚ըսէր, թէ «պիտի գոռամ, պիտ' կրկնեմ անդադար. ազատութի՜ւն», իսկ ես կ՚ըսեմ, թէ եկո՛ւր տես, թէ այդ ազատութիւնը ինչպէ՞ս մեր գլուխները կը ծակէ այսօր: Ազատութեան այլ ջատագով մըն ալ՝ Շաւարշ Միսաքեան 1953 թուականին գրած իր «Նոր «Հայր մեր» խորագրեալ յօդուածին մէջ հարց կու տար. «Մե՞ղք մը գործած կ՚ըլլանք, եթէ հացի տեղ ազատութիւն խնդրենք...». այն ալ մահացու մեղք մեծ վարպե՛տ:

Յաճախ հարցուած հարցում է, թէ Աստուած կը սխալի... կրօնականօրէն հաւանաբար ո՛չ, սակայն Աստուած եւս համաձայն պիտի գտնուի եթէ ըսենք, կենդանարար շունչին հետ տրուած ազատութիւնը քիչ մը անտեղի ու աւելորդ էր:

Այդ ազատութեան ահաւորութիւնը կ՚ուզենք ձեզի ցոյց տալ ազատութեան հայրենիքէն՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «զարգացած» ափերէն. տարիներ առաջ 15-ամեայ պատանի Սիթ Ճեքսընի (Seath Jackson) եւ 15-ամեայ պարմանուհի Էմպըր Ռայթի (Amber Wright) միջեւ սկիզբ կ՚առնէ սէր մը (սիրոյ գիտակցութիւնը այդ տարիքին ինչքա՜ն զարգացած կ՚ըլլայ փաստօրէն «զարգացած» երկիրներու մէջ... վա՜յ մերիններուն): Սակայն բացմիտ պարմանուհի Էմպըր միաժամանակ սէր կը փայփայէ 18-ամեայ Մայքըլ Պարկոյի (Michael Bargo) հանդէպ (հաւանաբար այդ մէկը եւս ազատ է «զարգացած» երկիրներու մէջ.- ո՜վ գիտէ՛): Մայքըլ Պարկօ իր կարգին Էմպըր Ռայթէն բացի ունէր երկու այլ սիրածներ՝ Քրիստէն եւ Թէյլըր: Էմպըր Ռայթի առաջին սէրը իր կարգին իր սիրածը կը դաւաճանէ իր իսկ սիրածի՝ Էմպըրի 16-ամեայ եղբօր՝ Քայըլի սիրածին հետ:

Դասերով հետաքրքրուելու փոխարէն ազատութեամբ սիրոյ այս «սքանչելի» քաոսը ապրած ժամանակ պարմանուհին կը նկատէ, որ Մայքըլը աւելի կը սիրէ՝ քան Սիթ Ճեքսընը եւ կ՚որոշէ վերջինիս հանդէպ սիրոյ հանգամանքը փոխել բարեկամութեան՝ ինչ որ վերջինիս կողմէ եւս հաւանութիւն կը ստանայ: Պարմանուհիին միւս սիրածը՝ իր կարգին մի քանի այլ սիրածներ ունենալու հանգամանքը մոռնալով կը նեղանայ այս կացութենէն:

Առիթով մը 15-ամեայ Էմպըր Ռայթի, իր եղբայրը՝ Քայըլ, իր սիրածը՝ Մայքըլը եւ իրենց 18-20 ամեայ բարեկամները Ճասթին եւ Չարլի բարեկամական հաւաք մը կ՚ունենան. հինգ հոգիով զուարճացած պահուն յանկարծ Մայքըլի միտքով կ՚անցնի սպաննել Էմպըր Ռայթի նախկին սիրած Սիթ Ճեքսընը եւ չես գիտեր ինչպէս յանկարծ բոլորը համաձայն կը գտնուին:

Պարմանուհի Էմպըր Ռայթ զանգելով սիրային խօսքերով իր մօտ կը հրաւիրէ Սիթ Ճեքսընը՝ առանց յայտնելու միւս բարեկամներու ներկայութիւնը. երիտասարդը հազիւ տուն մուտք գործած երկու տղամարդիկ ծեծի կ՚ենթարկեն Սիթ Ճեքսընը, իսկ պարմանուհիին սիրածը՝ Մայքըլը իր մօտ գտնուած ատրճանակով կը սպաննէ 15-ամեայ պատանին. պատանին մահանալէ ետք նոյնիսկ ծեծի ենթարկելէ, ծունկերն ու ձեռքերը կոտրելէ ետք բոլորով տարած են պատանիի դիակը անտառ... ուր կրակի տալով անհետացուցած են:

Եթէ վերոյիշեալ դժբախտութեան հիմնական պատճառը ուզէք գիտնալ... վստա՛հ եղէք, որ ազատութիւնն է. կ՚ուզեմ ուշադրութեամբ քննէք յօդուածին կցուած Էմպըր Ռայթի եւ իր սիրածի՝ Մայքըլի նկարը. ստուգեցէ՛ք անոնց շրթունքները եւ 15-ամեայ պատանիներու վիճակը տեսէ՛ք: Միջագետքի մէջ մայր մը եթէ իր զաւակը՝ մանաւանդ պատանի զաւակը արգիլէ բան մը ընելէ անմիջապէս «հին գլուխ» կը մկրտուի եւ «լուսամիտ» ըլլալու մասին կը խօսի: Ահաւասիկ Ամերիկայի «լուսամիտ» մայրերը, որոնք մերիններուն հակառակ «հին գլուխ» չըլլալով ամէ՛ն տեսակ ազատութիւն կու տան իրենց զաւակներուն: Երեք պատանիները իրենց կարգին՝ հակառակ իրենց տարիքին մէկէ աւելի «սիրածներու» տէր են... սակայն մեր մօտ 15-ամեայ աղջիկը տղու մը բարեւը անգամ հաւանաբար դժուար պատմէ իր մօրը կամ եղբայր-քոյրերուն: Այդ ազատ ըլլալու անտրամաբանական ազատութիւնն է, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պատանիները կ՚առաջնորդեն նման անտրամաբանական քայլերու, որովհետեւ զիրենք զսպող, դաստիարակող եւ մերիններուն նման ոստիկանութիւն ընող մը չի՛ գտնուիր: Մենք յաճախ կը բողոքե՛նք Տէր Թոդիկեան դաստիարակութենէն, սակայն մեզ իրենցմէ տարբերողը տակաւին այդ դաստիարակութեան մնացող ազդեցութիւնն է: Թէեւ մեր պատանի-պարմանուհիները յաճախ նախանձով կը նային այդ սանձարձակ «ազատ»ութեան՝ կարծելով որ նման ազատութիւն մը զիրենք չափահաս ու խելացի անհատներ կը դարձնեն, այսուհանդերձ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող «խաւարամտութիւնը» շա՜տ աւելի նախընտրելի կը մնայ՝ քան անոնց ազատութիւնը:

Նոյն այդ ազատութեան պատճառով է, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ տարեկան դրութեամբ աւելի քան 750 հազար անչափահաս պարմանուհի կը յղիանայ. նման սանձարձակութիւններ յաճախ մեր մօտ ալ գոյութիւն ունին, սակայն եթէ համեմատել փորձենք, պիտի տեսնենք, որ փիղի եւ մրջիւնի տարբերութիւն մը կայ մեր եւ իրենց միջեւ. մեր ոչ-ազատ վիճակն է որ մեր հասարակութիւնը կրցածին չափ կը փորձէ հեռու պահել նման երեւոյթներէ:

Վերջապէս, այսօր համաշխարհայնացում ըսուածը այդ «ազատ»ութիւնն է, որ կ՚ուզէ ցանել մեր մէջ եւ դժբախտաբար հեռու չէ ժամանակը նման դէպքեր մեր մէջ եւս տեսնելու, որովհետեւ սխալին վրայ ճիշդի վերնագիր դնելով կը փորձեն մեր ճիշդերուն սխալի կերպարանք մը տալ:

Պէտք է գիտնալ, որ ծայրայեղ ու անդաստիարակ ազատութիւնը հասարակութիւնն ու անհատը դէպի խաւար առաջնորդելէ բացի բանի մը չի կրնար ծառայել:

Թող Սոդոմի եւ Գոմորի բնակիչները այս բոլորը տեսնելով իրենց սրբացումը պահանջեն յաւիտենականութեան մէջ...:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -140-

Մօտաւորապէս 6-7 տարիներ առաջ լիբանանահայ պարմանուհի մը օգնութիւն ուզելու նպատակով հետս կապ հաստատեց. 15-16 տարեկանին ընկերութիւն ըրած էր 17 տարեկան երիտասարդ պատանիի մը հետ: Կուրօրէն վստահելով պատանիին սկսած էր իր անձնական եւ ո՛չ յարմար նկարները ղրկել պատանիին... ամբողջ յստակութեամբ ու մերկութեամբ: Ժամանակ մը վերջ «սէր»ը «վերջանալէ» ետք պատանին սկսած էր այդ նկարները ցոյց տալ իր բարեկամներուն, որոնք նկարը խնդրելով իրենց կարգին սկսած էին ցոյց տալ ուրիշներու: Հաւանաբար լիբանանահայութեան կէսը տեսած էր այդ նկարները:

Երիտասարդը սակայն ունէր արդարացում մը... իր խօսքերով՝ «Եւրոպա կամ Ամերիկայի մէջ այս բոլորը պարզ բաներ են.. միայն մեր մօտ է որ այսպէս հարցը կը մեծցնեն ու կ՚երկարեն... երանի՜ Եւրոպա ծնած ըլլայի...»:

Փաստօրէն աղջկան ըրածը չէր սխալը... սխալը այդ նկարը ամօթ նկատողներուն էր. հայկական հիւանդութիւն է թէ՞...  մենք կը սիրենք ուրիշին տկարութիւնները բարձրաձայնել ու տարածել:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Յունուար 11, 2023