ՎԱՐԴԱՆ ԱՅԳԵԿՑԻ՝ ԱՂՕԹՔԻ ՄԱՍԻՆ

Վարդան Այգեկցի՝ ծնած է ԺԲ. դարու վերջը եւ վախճանած՝ 1250-ին (ըստ այլ աղբիւրներու՝ 1235)։ Առակագիր, քահանայ, աստուածաբան, մատենագիր, մատենագէտ, հասարակական գործիչ, ժամակագիր եւ քարոզիչ։

Ստորեւ կը ներկայացնենք իր աղօթքի մասին խորհուրդները եւ պատուէրները՝ որոնք կը վերաբերին մեզմէ իւրաքանչիւրին, քանի որ աղօթքին պէտք եղած կարեւորութիւնը եւ արժէքը չենք տար ընդհանրապէս։ Մինչ աղօթքի կեանքը՝ կեա՛նքն իսկ է…

Վարդան Այգեկցի կը գրէ.-

Տե՛ս, թէ որքան մեծ է աղօթքի բարեգործութիւնը, որովհետեւ շատ որոգայթներ եւ պատուհասներ կը խափանեն սուրբերու բարեխօսութեամբ Աստուծոյ ուղղուած աղօթքի միջոցով։

Ո՛վ որ աղօթելու ատեն մարմնաւոր փառք, մեծութիւն եւ կամ ալ հարստութիւն կը խնդրէ Աստուծմէ, այնպիսին կը բարկացնէ Աստուած եւ չի հաշտուիր Անոր հետ։

Այդ ժամանակ ան նման է այն ապշած խելագարին, որ կ՚երթայ ողորմած թագաւորի մօտ եւ, արհամարհելով պայծառ ոսկին եւ լուսաւոր մարգարիտը, ժահահոտ աղբ խնդրեց թագաւորէն։ Այս պատճառով ալ Տէրը ըսաւ, թէ՝ «Աղօթելու ատեն հեթանոսներու պէս շատախօս մի՛ ըլլաք». (ՄԱՏԹ. 27)։ Քանզի անոնք յարութեան յոյս չունին եւ այս կեանքի մասին միայն կը հոգան եւ կը խնդրեն։

Իսկ դուք արքայութի՛ւնը խնդրեցէք, քանզի երկնաւոր Հայրը գիտէ ձեր մարմնաւոր կարիքները եւ ձեզի համար կը պատրաստէ կերակուր, զգեստ, ինչպէս նաեւ՝ ամէն անհրաժեշտ բան։

Աստուած կը կամենայ եւ կ՚ուրախանայ, երբ մենք կ՚աղօթենք ամբողջ աշխարհի համար՝ արդարներու եւ մեղաւորներու, կենդանիներու եւ ննջեցեալներու, հեռաւորներու եւ մերձաւորներու, առաւել եւս՝ անոնց համար, որոնք չարիք կը կամենան կամ կը գործեն մեր նկատմամբ։

Աղօթքի միջոցով հանենք քէնը եւ ոխը մեր մտքէն եւ յետո՛յ միայն Աստուծոյ դիմենք եւ Աստուծմէ կարող ենք թողութիւն խնդրել մեր յանցանքներուն։ Արդ, սա՛ ընդունելի աղօթք է, որը հաճելի է Աստուծոյ կամքին։

Աղօթքով մարդ կը խօսակցի Աստուծոյ հետ եւ կը հաւասարի հրեշտակներուն։ Առաւել եւս այն ժամանակ, երբ ջերմ արծաթափայլ արտասուքը բխելով կ՚իջնէ եւ կը լուայ աչքը եւ մօրուքը եւ միեւնոյն ժամանակ կը ջնջէ մարդու ներսը եղած մեղքերու շարաւը (թարախը)։ Եւ սիրտը կը սկսի փղձկալ (լալը գալ), կը ճմլուի եւ կը բորբոքուի Աստուծոյ սիրոյ կրակով։

Ապա միտքը, համբառնալով առ Աստուած, կը տեսնէ հանդերձեալ աշխարհը եւ արդարներու հանգիստը։ Կը յիշէ մարդկային ցեղի կործանումը, երբ զրկուեցանք հայրենի ժառանգութենէն։

Կը մտաբերէ նաեւ իր անձի մեղքերն ու յանցանքները, նաեւ՝ մնացած բոլոր մեղքերը, որոնք կը կատարուին աշխարհի մէջ։ Սիրելի՛. ահա՛ երկրորդ աւազանը, ահա՛ աղօթքի քաղցրահամ ճաշակումը ու ցանկալի թմրութիւնը, այն նման է սերովբէներու հիացմանը եւ անուշահամ ճաշակմանը, որը կ՚ունենան Աստուածութեան բուրմունքէն։ Ո՞վ կրնայ դիմանալ արդեօք այդ երանելի պահուն, երբ Աստուծոյ այս շնորհները հանդիպին կամ պատահին ոեւէ մէկուն։

Երկինքը իր լուսատուներով եւ երկիրը իր բարիքներով կարող չեն հաւասարուիլ այս վայրկեանին։ Ուստի կ՚աղաչեմ՝ չծուլանանք, այլ արիաբար միշտ աղօթենք օր ու գիշեր, քուն թէ արթուն, քալելու թէ նստած ժամանակ. առաւօտեան թէ երեկոյեան, աշխատանքի եւ թէ հանգիստի պահուն, այսինքն՝ միշտ օրհնենք եւ փառաբանենք Աստուած, որովհետեւ, ո՞վ գիտէ գուցէ աստուածային այդ շնորհներէն մեզի ալ պատահի ցանկալի պահ մը, երբ ջերմ արտասուքը կը լուայ մեր հոգիի վէրքերուն շարաւը (թարախը) եւ լոյսի իւղ կը դառնայ մեր լապտերներուն։

Աղօթենք անդադար, քանզի սա է անուշահոտ խունկը, որ կը ծխուի Աստուծոյ առջեւ ոսկիէ բուրվառով, որն ալ հաճելի է Աստուծոյ։

Աղօթքով միշտ բախենք Արարչի գթառատութեան դուռը, եւ Ան կը բանայ Իր անմահ առագաստի դուռը։ Աղօթքը սանդուղք է երկրէն մինչեւ երկինք. լոյս է խաւար ճանապարհին, մնայուն պաշար է մշտնջենաւոր կեանքի համար։ Ուստի ջանանք սուրբ մտքով արիաբար աղօթել այս կեանքի մէջ, որպէսզի անոնցմէ յետոյ արժանանանք անպատում բարիքներու եւ յաւիտենական կեանքին մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհներով եւ մարդասիրութեամբ։ Որով եւ Որու հետ ալ օրհնուած են ամենակալ Հայրը, կենդանարար եւ ազատող Սուրբ Հոգին այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից ամէն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունուար 11, 2025, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յունուար 11, 2025