ՓԱԿՈՒՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐ

Մեր ազգին մէջ կան խնդիրներ, որոնք վեր ու առաջնահերթ են ամէն տեսակի անձնական շահամոլութենէ, ներքին ըսի ըսաւէ ու աւելորդաբանութենէ։ Այս մէկը կը գրենք, որովհետեւ կը տեսնենք, թէ մեր ազգը երեւոյթները չէ՛, որ կը դատէ, այլ առաջին հերթին նկատի կ՚առնէ անձը եւ այդ անձին հիման վրայ իր դիրքորոշումը կ՚որդեգրէ: Ազգովին նման երեւոյթի դէմ յանդիման գտնուեցանք, երբ վերջին տասնամեակներուն սփիւռքի ամբողջ տարածքին մէկզմէկու ետեւէ դպրոցներ սկսան մէկ առ մէկ փակուիլ. Լիբանանի, Սուրիոյ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ բազմաթիւ այլ գաղութներու մէջ գործող դպրոցներ զանազան պատճառներով փակուեցան եւ վստահաբար այս մէկը ազգով մտահոգ մարդոց մօտ որոշ վրդովմունք մը յառաջացուց, որովհետեւ իւրաքանչիւր փակուող դպրոց դէպի նահանջ մօտենալ կը նշանակէ:

Սակայն մտահոգ մարդոց կողքին, վստահաբար, կային նաեւ ոչ-մտահոգ քննադատներ, որոնք կարծես նման առիթի մը կը սպասէին իրենց վարպետօրէն կատարած ցեխարձակումը ի գործ դնելու համար: Մեր ազգին մէջ տարածուած յայտնի հիւանդութիւն է. մէկ վատը կրնայ մոռցնել տալ հազարաւոր լաւերը եւ դպրոցներու փակման պարագային նոյն խնդիրը ապրեցանք. օրինակի համար, ազգին օգուտ տուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիոսութիւնը, ՀԲԸՄ-ը եւ բազմաթիւ այլ կառոյցներ քննադատուեցան այս կամ այն դպրոցի առաքելութեան վերջ տալու համար: Թէ Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսութիւն, թէ՛ ՀԲԸՄ-ը եւ թէ այլ կառոյցներ, որոնք այս կամ այն պատճառով դպրոցներ փակեցին, մեր ազգի պատմութեան մէջ ունին անուրանալի ներդրում, որոնք դիւրութեամբ կարելի չէ մոռնալ կամ զանց ընել, սակայն կ՚ընդունինք, որ դպրոցներու փակուիլը լուրջ ու մտահոգիչ նիւթ մըն է, սակայն միւս կողմէ կը հաւատանք, որ անոր մեղաւորները միայն այդ կառոյցները պէտք չէ նկատել, որովհետեւ ազգովին ունինք մեր մեղաւորութեան բաժինը:

Այսօրուան մեր յօդուածին հարցն է գտնել պատասխանը, թէ ինչո՞ւ համար մեր հայկական դպրոցներ սկսան փակուիլ: Պատճառները բազմաթիւ են.

Ա.- Եթէ խօսինք Միջին Արեւելքի մէջ փակուող դպրոցներու մասին, առաջին հերթին պարզ պէտք է ըլլայ, որ վերջին տասնեամեակներուն տեղի ունեցած կռիւներն ու պատերազմները պատճառ եղան, որ հայկական գաղութը նօսրանայ. թէ՛ Սուրիա եւ թէ Լիբանան անցնող մի քանի տարիներուն ընթացքին անցուցին շատ դժուարին օրեր եւ բազմաթիւ հայորդիներ ամէն ջանք ի գործ դնելով փորձեցին գաղթել աւելի «ապահով» երկիրներ։ Այդ մէկը բնականաբար ազդեց գաղութի ներքին կեանքին եւ հասցուց այն որոշումին, որ մի քանի տարբեր դպրոցներ միաւորելը աւելի խնայողական պիտի ըլլայ, որովհետեւ մի քանի դպրոցի միացումը հազիւ նախկին աշակերտութիւնը յաջողէր ապահովել: Ցաւ ի սիրտ, վերջին մի քանի տարիներուն յստակ վիճակագրութիւն մը գոյութիւն չունի, սակայն աւելի քան երբեք պարզ է, որ հայ գաղութը Միջին Արեւելքի մէջ սկսած է պակսիլ ու այդ ընթացքը կը շարունակուի, որովհետեւ բոլորը կը փորձեն դուրս գալ, հաւատալով, որ դժուար թէ Լիբանան կամ Սուրիա ստանայ իր նախկին վիճակը: Այս մէկ պատճառն է, սակայն ի զօրու չէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ կամ այլ երկիրներու պահով, որովհետեւ Միջին Արեւելքի մէջ ապրող հայութեան նօսրացումը աճ արձանագրեց այդ երկիրներու մէջ, սակայն այդտեղ ծնունդ առին այլ խնդիրներ, որոնց մասին միւս կէտերուն մէջ պիտի խօսինք:

Բ.- Մեր հայկական դպրոցները, ո՛ր կաթողիկոսութեան, կուսակցութեան կամ կազմակերպութեան հսկողութեան տակ ալ գտնուին, չկրցան հասկնալ, որ մեր հայկական վարժարանները պէտք չէ տեսնել որպէս նիւթաբեր աղբիւր։ Դպրոցը՝ մանաւանդ սփիւռքի մէջ գտնուող հայկական դպրոցը իր առաքելութեան գիտակցութիւնը ունենալով պէտք է համոզուած ըլլայ, որ կուսակցութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն համար շահի աղբիւր մը չեն, որովհետեւ մենք ունինք հայապահպամնան լուրջ խնդիր մը եւ հետեւաբար ի պահանջել հարկին պարտինք անվճար ուսում տալ մեր հայորդիներուն: Այսօր սփիւռքի տարածքին ունինք բազմաթիւ հայկական վարժարաններ, որոնց կրթաթոշակը կը գերազանցէ տեղական դպրոցի մը տարեկան կրթաթոշակը. այստեղ վստահաբար առիթ պիտի տանք այն իրականութեան եւս, որ մեր հայ ընտանիքներ շատ անգամ յանձն կ՚առնեն տասը վճարել օտար դպրոցին, սակայն հայկականին հինգ վճարելը դժուար կը թուի ըլլալ. մենք ունինք սեփականը թերագնահատելու ունակութիւն մը: Օրինակ՝ օտար երգիչի մը համերգին կրնանք սիրայօժար հարիւր ամերիկեան վճարել, սակայն երբ երգողը հայ է, հարիւրը կրնայ շատ թուիլ: Արուեստի պարագան տարբեր, սակայն դպրոցներու պարագային կը հաւատանք, որ անոնք չեն կրնար որպէս շահութաբեր հաստատութիւն նկատուիլ։ Այո, լաւապէս կը գիտակցինք, որ այս օրերուն դպրոց մը կանգուն պահելը ինչպիսի նիւթական դժուարութիւններ ունի, սակայն միւս կողմէ լաւապէս ալ գիտենք, որ այսօրուան մեր կուսակցութիւններն ու կազմակերպութիւնները նիւթապէս այն չեն՝ ինչ էին երէկ. անցեալին անոնք նիւթական չունէին, սակայն հազար ու մէկ զոհողութիւններով յաջողեցան դպրոցներ ստեղծել, իսկ մենք այսօր նիւթականը ունինք, սակայն չես գիտեր ինչու չենք յաջողիր դպրոց մը կանգուն պահել:

•շարունակելի…

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Անասունները կրնա՞ն ապագան տեսնել:

Պատասխան. Ոչ, անասունները մարդոց պատկերացուցածին պէս ապագան չեն կրնար տեսնել. օրինակ՝ անոնք չեն կրնար իրադարձութիւններ կանխատեսել: Սակայն որոշ կենդանիներ ունին շատ զօրաւոր զգայական ունակութիւններ, որոնցմով կրնան շուտով յայտնաբերել միջավայրի փոփոխութիւնները. կրնան մարդոցմէ շատ աւելի արագ զգալ եղանակի փոփոխութիւնները, շատ աւելի նուազ աստիճանի կատարուող ու մարդոց համար ոչ-զգալի երկրաշարժները եւ այլն: Օրինակի համար՝ որոշ կենդանիներ ճնշման փոփոխութեան պատճառով կրնան զգալ մօտեցող փոթորիկները եւ կրնան ցոյց տալ նշաններ, որոնք որպէս ազդանշան կ՚ընկալուին: Շատերու համար այս մէկը կրնայ ապագայի գուշակութիւն որպէս դիտուիլ, սակայն իրականութեան մէջ անոնք արձագանգն են միջավայրի փոփոխութեան:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունուար 11, 2025