ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Մեծ պահքի ներկայ շրջանը պահեցողութեան շրջան մըն է։ Արդարեւ, կարեւոր եւ օգտակար է պահեցողութիւնը եւ որկրամոլութեան զսպումը։ Պարզ եւ չափաւոր կերակուրով բաւարարուիլ՝ պատճառ կ՚ըլլայ, որ մարդ մտածէ անօթութեան եւ անոր տառապանքին մասին։ Այս իմաստով, պահեցողութիւնը կը սրբէ ամէն պղծութիւն եւ առիթ կու տայ, որ Աստուած բնակի պահեցողութեան հաւատարիմ անձերու սրտին մէջ։
Պահեցողութիւնը ժուժկալութիւն կը պահանջէ, եւ եթէ ժուժկալութեան առաքինութիւնը զօրաւոր է, կ՚ազդուին մարդուս մարմնի բոլոր անդամները, հեռու կը մնան ամէն անպատեհ ցանկութիւններէ եւ անմաքուր մտածումներէ։ Պահեցողութիւնը շղթայի մը նման ամուր կը պահէ բարոյական բոլոր առաքինութիւնները։ Պահեցողութիւնը էապէս առաքինութիւն մըն է եւ կարեւոր է մարդկային բնութեան գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար. թերութիւններ կը կատարելագործուին եւ տկարութիւններ զօրութեան կը վերածուին։
Մարդուն ստեղծումէն իսկ Աստուած անոր բնութիւնը օժտեց պահեցողութեամբ եւ արգիլեց ուտել «արգիլուած» ծառին պտուղը։
Արդարեւ, առաջին մարդը չհնազանդեցաւ Աստուծոյ այս պատուէրին. իսկ եթէ պահած եւ հնազանդ ըլլար «պատեցողութեան» պատուիրանին, անմահ, անմեղ եւ առաքինի կեանք մը պիտի ժառանգէր եւ դրախտի բոլոր բարութիւնները պիտի վայելէր։
Ուստի պահք պահողը պէտք է զգոյշ եւ արթուն ըլլայ նաեւ իր բոլոր արարքներուն նկատմամբ. զոր օրինակ, պէտք է հեռու մնայ բամբասանքներէ, մեծամտութենէ, հպարտութենէ՝ ինքզինք իր նմաններէն աւելի վեր ցոյց տալէ, եւ ամենէն կարեւորը՝ պահեցողութիւնը կեղծաւորութեամբ կատարելէ։
Պահեցողութիւնը պէտք է կատարուի ուրիշներու նայուածքներէ հեռու, եթէ կարելի է՝ միայն ինք գիտնայ կատարած պահեցողութիւնը։ Պարզապէս ցոյցի համար պահեցողութիւն կատարել, պահեցողութիւն կատարել ձեւացնել՝ ինքնախաբէութի՛ւն է։ Կեղծաւորութեամբ կատարուած պահեցողութիւնը ո՛չ մէկ արժէք կը ներկայացնէ։ Այսպիսի պահեցողութիւն մը ո՛չ կը սրբէ եւ ոչ ալ կ՚արդարացնէ պահեցողութիւն կատարողը կամ պահեցողութիւն կատարել ձեւացնողը։
Եթէ մէկը ժուժկալութիւն ցոյց տայ ուտելիքներու նկատմամբ՝ պահեցողութիւն կատարէ, բայց իր մարմնի միւս անդամներով անժուժկալ ըլլայ, իր արարքները չհակակշռէ, զուսպ չվարուի, զուր են իր ճիգերը եւ ապարդիւն, անօգուտ իր պահեցողութիւնը։
Եթէ մէկը չզսպէ իր լեզուն, աչքերուն, ականջներուն, մտածումներուն եւ հոգիին տէր չըլլայ, անոնց շարժումներուն չափ եւ կշիռ եւ սահման չկարենայ դնել՝ ընկերոջ դէմ ոխակալութեան վատ զգացումներով լեցուի, եղբայրը եւ իր նմանները ատէ, իր բարեկամութիւնները կեղծաւորութեան վրայ հիմնէ, ընկերոջը խոնարհութեամբ եւ սրտանց չծառայէ, չօգնէ, իր ըրած պահեցողութեամբ հպարտանայ՝ պատիւ եւ փառք սպասէ իր շուրջիններէն, կարծելով թէ «պահեցողութիւն» կ՚ընէ, այդ պահեցողութիւնը ո՛չինչ կ՚արժէ. փոխանակ օգուտի վնասի պատճառ կ՚ըլլայ։ Այսպիսի պահեցողութիւն մը կեղծաւոր, անպէտ, խաբեբայ եւ ծոյլ պահեցողութիւն մըն է։
Արդարեւ, կեղծաւորութեամբ պահեցողութիւն կատարողը կը դատապարտուի, իր արարքին համապատասխան պատիժի մը կ՚արժանանայ։ Արդէն ամէն արարք որ կեղծաւորութեամբ կը կատարուի, ո՛չ մէկ արժէք կը ներկայացնէ, եւ երբեմն վնաս նոյնիսկ կը պատճառէ, քանի որ ան խաբէութի՛ւն է…։
Առանց «ներքին ապաշխարութեան», ապաշխարութեան գործերը կը մնան ստապատիր եւ ամուլ. մինչդեռ ներքին ե՛ւ անկեղծ ապաշխարութիւնը կը մղէ մարդը իր ապրումը արտայայտելու տեսանելի նշաններով, արարքներով եւ ապաշխարութեան գործերով։
Ներքին ապաշխարութիւնը ամբողջ կեանքին արմատական ուղեփոխում մըն է, ամբողջ սրտով վերադարձ մը, հոգեփոխում մը դէպի Աստուած, դադրեցում մը մեղքին, խորշանք մը չարէն, նողկանք մը մեր կատարած յոռի գործերուն հանդէպ։ Ան միաժամանակ իր մէջ կ՚ըմբռնէ «կեանքը փոխելու բաղձանքը» եւ առաջադրանքը, յուսալով աստուածային ողորմածութեան վրայ եւ վստահելով Անոր ամենակարողութեան եւ Անոր շնորհքին օգնութեան։
Քրիստոնեային ներքին ապաշխարութիւնը կրնայ բազմազան ձեւերով արտայայտուիլ։ Սուրբ Գիրքը եւ Եկեղեցւոյ Հայրերը կը շեշտեն մանաւանդ երեք ձեւերուն վրայ. «ծոմ»ը, «աղօթք»ը եւ «ողորմութիւն»ը։ Ուստի Եկեղեցիին հաստատած ապաշխարութեան օրերուն, հաւատացեալներ պարտաւոր են հրաժարիլ միսէ եւ ծոմ պահել։ Այս պահեցողութիւնը եւ ծոմապահութիւնը հաւատացեալները կը պատրաստեն ծիսական տօներուն եւ տրամադիր կ՚ընեն զանոնք ձեռք ձգելու հոգեկան տիրապետումը իրենց բնազդներուն վրայ, ինչպէս նաեւ սրտի ազատութի՛ւնը։ Կրօնին արարքները կը գործադրուին ծոմապահութեամբ, աղօթքով եւ ողորմութեամբ, զանոնք ուղղելով «Հօր, որ կը տեսնէ ծածուկ», ներհակաբար «մարդոցմէ տեսնուելու» բաղձանքին. (ՄԱՏԹ. Զ 1-6, 16-18)։
Արդարեւ Հաղորդութեան սուրբ խորհուրդին ընդունելութեան պատշաճ կերպով պատրաստուելու համար՝ հաւատացեալները Եկեղեցիէն սահմանուած ծոմապահութեան օրէնքը պէտք է յարգեն։ Այն պահուն երբ Քրիստոս մեր հիւրը կ՚ըլլայ, մեր մարմնինի կեցուածքը՝ շարժուձեւերը, զգեստները պէտք է յարգանք, հանդիսաւորութիւն եւ ուրախութիւն արտայայտեն, եւ Ան պէտք է ընդունուի ամենէն պատշաճ կերպով, մաքուր եւ ներկայանալի վիճակով։ Հաղորդութեան սուրբ Խորհուրդին նոյնինքն իմաստին հետ կը պատշաճի, որ պահանջուած տրամադրութիւն ունեցող հաւատացեալները Հաղորդութեան մերձենան, երբ Սուրբ Պատարագին կը մասնակցի՛ն։
Յիսուս եղաւ կենդանի օրինակը Աստուածային զօրութեան յայտնութեան մարդուն մէջ։ Ուստի Ան քառասնօրեայ ծոմապահութեամբ (ՄԱՏԹ. Դ 2) օրինակ եղաւ մարդոց, թէ պէտք է ծոմապահութեամբ պատրաստուիլ «հոգեւոր ծառայութեան» եւ նո՛ր կեանքի մը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 6, 2021, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024