ՎԱԶԳԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՎԱԽԸ

Մեր կեանքի ընթացքը յոյսերու կատարման եւ միաժամանակ յուսախաբութեան ճանապարհորդութիւն մըն է եւ այդ վերջին յուսախաբութիւնը մարդու կեանքին մէջ տխրութիւն եւ տեղ մըն ալ վախ կը յառաջացնէ եւ մենք մարդկային կը նկատենք այդ վախը: Շատեր յոխորտալով ըսելու սիրոյն «Ես Աստուծմէ զատ վախ չունիմ» մը կ՚ըսեն, սակայն ճշմարտութիւնը այն է, որ աշխարհի վրայ գոյութիւն չունի՛ մարդ՝ որ վախի զգացումը իր մէջ չունենայ:

Ամէն մարդ ունի իր վախի չափանիշները, պատառներն ու շարժառիթները. սակայն գոյութիւն ունի երկու տեսակ վախ. մին պայմանաւորուած է արտաքին աշխարհով, այսինքն հարուած, պատուհաս կամ աղէտ, իսկ երկրորդը բարոյական է՝ որ շատ աւելի մեծ վնասներ կրնայ պատճառել քան առաջինը:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ, Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին պաշտպանութեան նախարար, ռազմական եւ քաղաքական գործիչ Վազգէն Սարգսեան եւս իր մէջ ունէր վախ մը. վախ՝ որ թշնամիի յաղթանակէն շատ աւելի մեծ ցաւ ու կորուստ կրնար պատճառել. ան իր վախը իր գրութիւններէն մէկուն մէջ կը պարզէ հետեւեալ ձեւով.- «Որակազրկումից եմ վախենում, կեղծ տիպլոմաներից, սուտ կոչումներից, ծակ փիլիսոփայութիւնից, խելքի չի գալուց». գուցէ Վազգէն Սարգսեան պահ մը ինքզինք բախտաւոր պէտք է զգայ՝ երիտասարդ տարիքին անարդար գնդակի մը զոհը դառնալուն, որովհետեւ այն բոլորը որուն համար վախ ունէր դարձան իրականութիւն:

Ա.- ՈՐԱԿԱԶՐԿՈՒՄ.- Որակազրկման հանդէպ վախը որակաւոր սերունդի մը գոյութիւնը կը խորհրդանշէ եւ այդ սերունդին հակառակը՝ որակազուրկ ըլլալու դատապարտուած է եւ մենք այսօր այդ որակազրկուած սերունդը կը ներկայացնենք: Զինուորականի մը համար որակաւոր զինուորը ան է, որ իր հայրենիքը իր կեանքէն եւ իր անձէն վեր կը նկատէ եւ նման սերունդով մը երաշխաւորուած էր թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի երբեմնի անկախութիւնը: Որակազրկուած սերո՞ւնդ... արդիւնքը պարտութիւն: Այսօր բոլորին մօտ կայ այն համոզումը, որ անցեալի հետ համեմատած այսօր ունինք որակազրկուած սերունդ մը, որ Վ. Սարգսեանի վախերէն մին էր. վախ՝ որովհետեւ որակազրկուած սերունդ մը իր հետ միասին ազգը կ՚որակազրկէ եւ որակազրկուած ազգ մը դատապարտուած է ուշ կամ կանուխ կորսուելու: Պետութիւններ կը գոյատեւեն ո՛չ թէ ռամիկ ու հասարակ ընկերութեան շնորհիւ, այլ այդ ազգի մշակոյթը, գիր-գրականութիւնը, արուեստը բարձր պահող որակաւորներու ճամբով եւ անոնց դանդաղ կորուստը իր մէջ վախնալու պատճառներ անպայման որ ունի:

Բ.- ԿԵՂԾ ՏԻՊԼՈՄԱՆԵՐԻՑ.- Ազգի մը համար արդարութիւնը վերջ կը գտնէ հո՛ն, ուր որոշ անձեր այս կամ այն ճամբով անարդար շահ, պաշտօն, աստիճան ու «պատիւ» ձեռք կը բերեն: Կեղծ տիպլոմաներու (վկայականներու) ներկայութիւնը ինքնին որակազրկում կը նշանակէ, որովհետեւ գիտակից ու արդար աշակերտը հաւասար եւ տեղ մը նոյնիսկ աւելի ցած կը նկատուի որակազրկուածէն: Երբ կեղծ տիպլոմաներ գոյութիւն ունենան ազգի մը մէջ, կը կորսուի «ճիշդ մարդը ճի՛շդ տեղը» սահմանումը եւ այսօր այդ ճիշդ խօսքին պակասով է, որ կը տառապինք: Երբ նման մթնոլորտ մը տիրէ ազգի մէջ, որակը, կարողութիւնն ու շնորհքը ոչ մէկ արժէք կ՚ունենայ եւ կը յայտնուինք այսօրուան վիճակին, ուր ո՛չ առողջապահութեան նախարարը բժշկութենէն եւ ո՛չ ալ մշակոյթի նախարարը մշակոյթէն կը հասկնայ:

Գ.- ՍՈՒՏ ԿՈՉՈՒՄՆԵՐԻՑ.- Մինչեւ որոշ ժամանակ կոչումը որոշ իմաստ մը ունէր մեր ազգին մէջ. յատուկ յարգանք մը գոյութիւն ունէր ազատամարտիկներուն նկատմամբ, զինուորին նկատմամբ, ուսուցիչին նկատմամբ, արուեստագէտին եւ այլ որակաւորներու նկատմամբ, սակայն այդ մէկը եւս պղծեցին, որովհետեւ կոչումի շնորհումը սկսաւ ինքնավար դառնալ. այսօր բոլո՛րն ալ առանց իրապէս ըլլալու զինուոր, զօրավար, ուսուցիչ եւ ի՛նչ ուզես կ՚ըլլան, որովհետեւ մեր օրերուն անոնց իսկութիւնը քննողներ չկան. պարզապէս անունը բաւարար է: Մեր ազգի զաւակները, ցաւ ի սիրտ, իրենց արարքներու կեդրոնը կը դարձնեն կոչումները. անոնք ո՛չ թէ կոչում կը ստանան իրենց ըրածներուն համար, այլ այդ բոլորը կ՚ընեն՝ որպէսզի կոչում ստանան: Այլ խօսքով, անոնք կոչումի իրենց գործին ու ծառայութեան դիմաց չէ՛ որ կ՚արժանանան, այլ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն, որպէսզի հասնին կոչումին, որովհետեւ մարդը մարդ ըլլալէն աւելի իր կոչումով է, որ կ՚արժեւորուի մեր ընկերութենէն ներս:

Դ.- ԾԱԿ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆԻՑ.- Դժուար թէ աշխարհի վրայ գտնուի ազգութիւն մը, որ թիւով աւելի շատ ծակ փիլիսոփաներ ունենայ՝ քան մենք՝ հայերս: Անցեալին գոյութիւն ունէր «չեմ գիտեր» սահմանումը, որովհետեւ մարդ կը նախընտրէր խօսիլ իր հասկցածին մասին. սերտեցէ՛ք Պոլսոյ Զարթօնքի սերունդը. վաճառարակը վաճառարակութեամբ, ուսուցիչը ուսուցչութեամբ, բանուորը բանուորութեամբ կը զբաղէր, մինչ այսօր բանուորը ուսուցիչ, ուսուցիչը քաղաքական գործիչ, վաճառականը եկեղեցական գործիչ կը դառնայ եւ ո՛չ ոք իրաւունք ունի բան մը ըսելու՝ որովհետեւ բոլորն ալ ազատ են:

Վերջապէս իրականացաւ Վ. Սարգսեանի վերջին վախը եւս. աւելի քան երկու տասնամեակ խելքի չեկանք եւ կարծես շատ ալ գալու միտք չունինք:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -190-

Դպրեվանքի օրերուն կար աշակերտ մը, որ գրեթէ ամէ՛ն նիւթի մասին ունէր ըսելիք եւ կամ պատմելիք յիշատակ մը. բոլոր նիւթերուն մէջ ունէր կարծիք եւ համոզում եւ այդ մէկը գիտնալով յաճախ կը շահագործէինք իր ներկայութեան զանազան նիւթերու մասին խօսելու:

Օր մը մասնաւոր որոշեցինք աստղերու մասին խօսիլ, եւ որոշ տեղեկութիւններ քաղելով համացանցէն լրջօրէն նիւթին լծուեցանք: Մեր սպասումը տեղին էր. վայրկեան մը ետք սկսաւ աստղերու եւ լուսինի մասին որոշ մտածումներ ու կարծիքներ յայտնել. փաստօրէն անոնց մասին եւս կարծիք մը ունէր: Վստահաբար դուք եւս նման անձ մը կը ճանչնաք:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Մարտ 11, 2023