ՎԱԽԸ՝ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
«Վախ»ը՝ որպէս զգացում, մարդկային կեանքին մէջ ընդոծին, այսինքն բնազդական ո՛ւժ մըն է, որ կեանքին ընթացքը կ՚որոշէ, կեանքին գոյապահպանման ու գոյատեւման նկատմամբ կարեւոր դե՛ր մը կը խաղայ։
Արդարեւ, վախը մարդուս կեանքը պաշտպանող զօրաւոր «զրա՛հ» մըն է, միեւնոյն ժամանակ, սակայն, անոր դժբախտութեան եւ թշուառութեան ալ պատճառ կրնայ ըլլալ, մինչեւ իսկ հիւանդութեան աստիճանին կրնայ հասնիլ եւ վատթարացնել անոր կեանքի արժէքները ընդհանրապէս։ Ուստի, ինչպէս ամէն ինչ, նաեւ վախն ալ պէտք է մնայ իր չափին ու սահմանին մէջ, որպէսզի կարենայ օգտագործուիլ մարդուն կողմէ։
Իսկ եթէ վախը ոտնակոխ կ՚ընէ ամէն սահման եւ չափազանցէ իր ազդեցութիւնը, բնականաբար, պատճառ կը դառնայ հոգեկան եւ մինչեւ իսկ մտային վնասներու, մարմնական-առողջական վատթարացումներու, հիւանդութիւններու։
Մարդ իր հարստութեան ե՛ւ առողջութեան, իր հանգստութեան եւ ներքին խաղաղութեան, իր կեանքին դիւրատարութեան, իր բարեկամներուն, մերձաւորներուն՝ իր սիրելիներուն եւ վերջապէս ամբողջ կեանքի մէջ իր «թանկագին» նկատած որեւէ մէկ արժէքին կորուստին վախը, ընդհանրապէս մղձաւա՛նջ մըն է։ Վախը մտահոգութիւն կը ստեղծէ եւ մտահոգութիւնը կը տանջէ, կը չարչարէ մարդ արարածը։ Այս «վախ»ը կրնայ բանաւոր ըլլալ, յայտնի պատճառի մը հետեւանք ըլլալ եւ սակայն իրողութի՛ւն մըն է, թէ շատ անգամ մտահոգութիւն պատճառող եւ մարդս տանջող վախերը անբանաւոր, անհիմն եւ անիմաստ վախեր են՝ հիւանդագին, ախտաւոր եւ տկար հոգիներու մղձաւանջներ՝ որոնք կեանքին խաղաղութիւնը եւ երջանկութիւնը կը թունաւորեն անհարկի կերպով։
Կեանքը բնական ընթացքին մէջ ապրելու՝ կեանքը իր պայմաններուն եւ պարագաներուն պատշաճեցնելու վարժութիւնը ձեռք բերելու, մէկ խօսքով՝ երջանիկ ապրելու, հոգեպէս առողջ եւ մտապէս ժիր եւ առոյգ ըլլալու կարեւոր պայմաններէն մին եւ առաջնակարգն է՝ վախը պահել իր բանաւոր սահմանին մէջ։ Այս կերպով՝ ազատ ասպարէզ չտա՛լ վախին՝ սանձարձակ արշաւելու եւ տարածուելու ամէն կողմ եւ ամէն ժամանակ։ Այս կը նշանակէ՝ արգե՛լք հանդիսանալ վախին բռնակալութեան եւ տիրապետութեանը մեր հոգիին եւ մտքին վրայ։
Ուստի, իրապէս քա՛ջ է այն մարդը՝ որ կրնայ սանձել, կշռի տակ առնել վախը եւ արգելք ըլլալ անոր, որ չտիրապէտէ իր հոգիին եւ մտքին։
Անգամ մը որ անձնատուր ըլլայ մարդ իր վախերուն, այլեւս կը կորսնցնէ իր ազատութիւնը եւ գերին կը դառնայ իր վախերուն՝ որոնք մեծ մասամբ կը փոխեն իր կեանքի ընթացքը։
Մարդուս ամենածանր գերութիւնը՝ իր իսկ վախերուն գերին դառնա՛լն է եւ այսպիսի գերութենէ մը ազատիլը՝ շատ դժուա՛ր, եթէ ո՛չ անկարելի, ինչ որ հոգեբոյժներու մասնագիտութեանը կը կարօտի։ Ուստի բանականութիւնը պէ՛տք է իշխէ վախի զգացումին։
Վախերը, անշուշտ ունին տեսակներ, աստիճաններ, որոնք համեմատաբար կ՚ազդեն մարդուս հոգիին եւ մտքին վրայ։ Վախերուն մէջ կարեւոր եւ ազդու տեղ մը կը գրաւէ՝ մարդուս «թանկագին» նկատած արժէքներու կորուստին վախը։ «Կորսնցնելու վախ»ին ամենէն զօրաւորն է՝ «կեանքը կորսնցնել»ու վախը՝ ըլլա՛յ իր կեանքը, ըլլա՛յ մերձաւորի մը, սիրելիի մը կեանքը կորսնցնելու վախը։ Անխուսափելի է կորուստը մարդկային կեանքին մէջ եւ անխուսափելի է նաեւ անոր պատճառած վախը։ Բայց երբ այդ բնական եւ բանաւոր, անխուսափելի վախը, կը սկսի տիրապետել մարդուս ամբողջ կեանքին վրայ՝ հիւանդագին, ախտաւոր եւ վտանգաւոր բնոյթ մը կը ստանայ։
Եւ երբ վախը հիւանդագին վիճակ մը ստանայ, վնաս պատճառել կը սկսի։ Մինչդեռ չափաւոր եւ հաւասարակշռուած վախը կը կանոնաւորէ կեանքը՝ ազդանշանի մը դերը կատարելով մարդկային կեանքին մէջ վտանգներու դէ՛մ։ Զոր օրինակ, մարդուս «թանկագին արժէք»ներու կորուստին վախը, եթէ չափաւոր է՝ մարդս զգոյշ ըլլալու կը մղէ՝ ուշադիր եւ բծախնդի՛ր արժէքներուն պահպանութեանը նկատմամբ։
Երբեմն ալ վախը կրնայ դադրիլ սոսկ վախ ըլլալէ եւ կրնայ «իրականութիւն» մը դառնալ, եւ զոր օրինակ, իրապէս կրնանք կորսնցնել մեր որեւէ արժէքը, մինչեւ իսկ կեանքը՝ մեր սիրելիներուն, մերձաւորներուն, այսպէս կրնանք կորսնցնել մեր խաղաղութիւնը, երբեմն կեանքի ապաւէնը, մեր վստահութիւնը, մեր երջանկութիւնը՝ կորսնցնելով մեր երջանկութեան խարիսխը, կեանքին առանցքը։
Եւ մարդկային պատմութիւնը եւ կեանքի ընդհանուր վկայութիւնը ցոյց կու տայ բազմաթիւ օրինակներ այն անձերուն նկատմամբ, որոնք ենթարկուած են կորուստներու եւ կեանքի ստիպողական փոփոխութիւններու, կերպարանափոխութիւններու…։
«Անոնք որ կեանքին յանկարծական աննպաստ փոփոխութեանց առջեւ նահանջած, զինաթափ եղած եւ պարտուած են, մեծ մասով այն անձերն են, որոնք կեանքին կարելի դժբախտութիւնները նախատեսելու իմաստութիւնը եւ հեռատեսութիւնը եւ կեանքը պարագաներուն պատշաճեցնելու դաստիարակութիւնն ու քաջութիւնը չեն ունեցած», կ՚ըսէ Յովհաննէս Ս. Ալիքսանեան, իր «Անցքեր ու անձեր» գիրքին մէջ։
Ուստի երջանիկ են այն մարդիկ, որոնք կրցած են հաւասարակշռել իրենց վախերը, կրցած են չափաւորել զանոնք եւ «պատշաճեցնել» իրենց կեանքի պայմաններուն եւ օգտագործել իրենց վախերը որպէս ազդանշան հաւանական վտանգներու նկատմամբ։ Ողջամիտ մարդը գերին չ՚ըլլար իր վախերուն, այլ կը տիրապետէ անոնց եւ կը վարէ զանոնք։ Արդարեւ, ամենամեծ «վախ»ը՝ վախին պատճառած վա՛խն է. ինչպէս՝ մահէն աւելի ազդո՛ւ է՝ «մահուան վախ»ը, քանի որ մահը ի վերջոյ պա՛հ մըն է միայն, իսկ մահուան վախը կը տարածուի ամբողջ կեանքին վրայ եւ կը տեւէ կեանքի բոլոր պահերուն մէջ եւ իսկապէս տանջանք մը, չարչարանք մը կ՚ըլլայ մարդուս համար եւ մղձաւանջի կը վերածուի ան՝ հիւանդագին եւ տկա՛ր հոգիներու համար…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 6, 2017, Իսթանպուլ