ՄԵԾՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«Ձեր մէջէն ամենէն մեծը թող ամենէն պզտիկին պէս ըլլայ. եւ առաջնորդը՝ սպասաւորին պէս», (ՂՈՒԿ. ԻԲ 26)։

Ո՞վ է մեծը։ Այս հարցումին պատասխանը ընդհանրապէս կ՚ըլլայ՝ «Ե՛ս պէտք է ըլլամ»։ Ասիկա, արդարեւ մարդկային տկարութիւններէն մէկը, եւ գլխաւո՛րն է, քանի որ ամէն մարդ «մե՛ծ ըլլալ»ու հարցին մէջ ինքզինք առաջին կարգին վրայ կը դասէ։

Մարդ, բնազդաբար, միշտ «մեծութեան» կը ձգտի եւ ասիկա կ՚ընէ ընդհանրապէս ո՛չինչ համարելով ուրիշներու գոնէ «հաւասարութիւն»ը, եւ ո՛չ՝ «մեծութիւն»ը։ Ամէն մարդ ինքզինք «մե՛ծ» կը համարէ, առանց նայելու իր «պզտիկութեան»։

Այո՛, սիրելի՜ բարեկամներ, մարդոց մեծամասնութիւնը ինքզինք «մեծ» կը համարէ, եւ կամ «մեծ» ըլլալու երազ մը, ձգտում մը ունի։ Մարդ ինքզինք «մեծ» կ՚երեւակայէ։ Անշուշտ «մեծութիւն»ը եթէ յառաջդիմութիւն նկատուի, արդար փափաք մը կարելի է նկատել զայն, բայց երբ «մեծութիւն»ը ուրիշներու վրայ իշխելու միջոց մը տեսնուի, այն ատեն արդարացի չէ՛ այդ մտադրութիւնը…։

Երբ լսեցին Յիսուսի աշակերտները, որ Ան պիտի խաչուի եւ այսպէս՝ պիտի բաժնուի իրենցմէ, վէճ ունեցան, թէ ո՞վ «մեծ» պիտի ըլլայ իրենց մէջ։ Եւ ո՜րքան ցաւալի է, որ այս վիճակը յաճախ կը տեսնուի թէ՛ աշխարհային եւ թէ՛ հոգեւոր կեանքի մէջ յաճախ՝ ինչպէս անցեալին, եւ ներկային մէջ ալ։ Ահաւասիկ, աշակերտները, փոխանակ մտահոգուելու եւ զբաղելու Յիսուսի խաչելութեան եւ մահուան մասին, անմիջապէս կը սկսին զբաղիլ «մեծութեան» հարցով՝ թէ իրենցմէ ո՛վ պիտի ըլլայ «մե՛ծ»ը։ Ահաւասիկ, մարդկային տկարութիւն մը՝ որ Յիսուսէ առաջ ալ կար մարդոց մէջ, հիմա ալ եւ մի՛շտ պիտի չպակսի։ Այնքան ատեն որ մարդ կայ, այդ տկարութիւնն ալ անպակաս պիտի ըլլայ։

Բայց Յիսուսի աշակերտներուն պարագային՝ պէտք է յատկապէս նշել, որ անոնք տակաւին Սուրբ Հոգիով չէին լեցուած՝ Սուրբ Հոգին չէր ներգործած անոնց սրտերուն մէջ, եւ որպէս «մարդ» բնական էր, որ անմիջապէս վէճի սկսէին այդ մասին։ Ուրեմն, այսօր ալ, երբ մարդ Սուրբ Հոգիով լեցուած է, հեռո՜ւ կը մնայ նման վէճերէ եւ չի՛ ձգտիր «մեծութեան», որպէս սնափառութիւն եւ որպէս իշխելու, պարտադրանքի մատնելու ուրիշները։

Աւետարանի պատմութեան մէջ «վէճ»ը միշտ պատահած է աշակերտներուն մէջ։ Զոր օրինակ, Յիսուս ճաշի ատեն երբ աշակերտներուն հետ կը նստէր, աջին Յովհաննէսը, ձախին Յուդան կ՚ըլլար, ահաւասիկ այս մասին ալ աշակերտներուն մէջ վէճ ծագած էր, ըսելով, թէ ի՞նչու այդ երկու աշակերտները Յիսուսի աջ եւ ձախ կողմերը կը նստին։

Եւ ահաւասիկ երկրորդ վէճ մը՝ թէ երբ Զեբեդէոսի որդիներուն մայրը իր զաւակներուն՝ Յակոբոսի եւ Յովհաննէսի, Յիսուսի արքայութեանը մէջ, Անոր աջ եւ ձախ կողմը նստիլը պահանջելէն ծագած է։ Այս պահանջքը երբ լսեցին, միւս աշակերտները սկսան վիճիլ, թէ ինչո՞ւ Յակոբոս եւ Յովհաննէս նստին Յիսուսի աջ եւ ձախ կողմը։ Տակաւին կարելի է հանդիպիլ բազմաթիւ վէճերու Սուրբ Գիրքին մէջ՝ որոնց միա՛կ պատճառն է «մեծութեան» անդիմադրելի ցանկութիւնը։ Եւ այն «մեծութիւն»ը՝ որ իշխանութեան, տիրապետելու, պարտադրելու փափաքին արտայայտութի՛ւնն է, եւ ինչպէս ըսինք, մարդկային տկարութեան հետեւանքն է։

Արդարեւ այս «վէճ»երը միշտ եղած են, եւ պիտի ըլլան աշխարհային-քաղաքական կեանքի մէջ եւ նաեւ բարոյական-հոգեւոր կեանքի մէջ, քանի որ մարդ մի՛շտ «մեծ» ըլլալու կը ձգտի, եւ որովհետեւ մարդոց մեծամասնութիւնը ունի նոյն ձգտումը, ապա ուրեմն անպակաս կ՚ըլլայ վէճը այս մասին։ «Աթոռ»ի պայքար մը, իշխանութեան, տիրապետութեան փափաք մը մոլեգին վիճակի մը կը մատնէ մարդը, ինքնամոլ եւ ինքնակեդրոն արարածի մը կը վերածէ զայն։ Եւ ասիկա մշտնջենաւոր ընթացք մըն է, որ կը տպաւորէ մարդկային կեանքը։

Ընտանեկան կեանքի մէջ ալ պարագան նո՛յնն է՝ կան ընտանեկան անդամներ երբեմն, որ իրենց անձնական հոգերով կը զբաղին եւ պարտաճանաչ չեն գտնուիր իրենց ընտանեկան պարտաւորութիւններուն։ Եւ այս ալ «մեծ» ըլլալու, իշխող եւ տիրապետող ըլլալու բնական մէկ արդիւնքն է։

Ընկերային կեանքի մէջ ալ, հարստութեան, համբաւի, փառքի համար շատ անգամ անհատներ զիրար կը վիրաւորեն, արժանապատուութիւններ ոտքի տակ կ՚առնեն։ Ինչո՞ւ։ «Մեծ» երեւելու համար…։

Մարդիկ, իրենց պահանջներով զԱստուած իրենց ծառան կը կարծեն՝ ծառայ մը, որ իրենց ուզածը անմիջապէս կատարելու պարտաւոր է։

Աշխարհային կեանքի մէջ, իշխանութիւն ձեռք բերելու համար, յաճախ ամէն ինչ կ՚ընեն մարդիկ, եւ ասիկա կարելի է տեսնել նաեւ հոգեւոր կեանքի մէջ ալ։ Զոր օրինակ, Հռովմէացիներ իրենց կայսրը «Աստուած» կը կոչէին, որուն փառքը կարելի չէր որ փոխանցուէր ոեւէ մէկու մը, ոեւէ քաղաքացիի մը։

Բայց հոգեւորականներու մէջ պէտք չէ ըլլայ նոյնը՝ ամենէն մեծը ամենէն պզտիկը, ամենէն փոքրին պէս պէ՛տք է ըլլայ. (ՂՈՒԿ. ԻԲ 26)։ «Մեծ» ըլլալ մեղք չէ, բայց «մեծամիտ» ըլլալ եւ մեծութիւնը ուրիշներու վրայ պարտադիր ըլլալու միջոց ընելն է մեղքը։

Արդարեւ, Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսին գրած իր առաջին նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Եպիսկոպոսութեան ձգտողը բարի գործի է, որ կը ցանկայ» (Ա ՏԻՄ. Գ 1), ինչ որ կը նշանակէ՝ պէտք չէ՛ իշխէ, փառք վայելէ, այլ՝ ծառայող եւ սպասաւոր ըլլայ ժողովուրդին։

Նման խրատներ են նաեւ. «Երէցնե՛ր… ձեզի վստահուած հօտը արածեցէք ո՛չ թէ իբր պարտադրանք կատարելով վերակացութեան ձեր պաշտօնը, այլ՝ կամաւորաբար…», (Ա ՊԵՏՐ. Ե 1-2)։

Ուստի, ո՛վ որ իրապէս «մե՛ծ» ըլլալ կ՚ուզէ, պէտք է խոնարհութեամբ ծառայէ, անկեղծ սպասաւորութեան եւ ծառայութեան մէջ ըլլայ։ Յիսուս իր կեանքին օրինակով ցոյց տուաւ ասիկա. (ՄԱՏԹ. Ի 26)։ Մարդ մե՛ծ է երբ սպասաւորի պէս խոնարհ է։ «Ծառայական մեր բնութիւնը իր վրայ առնելով՝ մարդոց պէս եղաւ», (ՓԻԼԻՊ. Բ 7)։ Ան երկինքէն եկաւ մարդոց ծառայելու՝ ուր հրեշտակներ իրեն կը ծառայէին։ Եւ «տառապող ծառայ»ի օրինակը պէտք է նկատի ունենան անոնք. (ԵՍ. ԾԳ), որ կը ձգտին «մեծութեա՛ն»…։

«Մեծ ըլլալ»՝ կը նշանակէ «խոնա՛րհ ծառայ» ըլլալ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրիլ 7, 2018, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2018