ԱՆԱՊԱՏԱՑԻՆԵՐԸ

Հայ ժողովուրդը իր դարաւոր պատմութեան մարգարէացումը ուզեց տեսնել Եզեկիէլի այն մարգարէութեան մէջ, ուր Տէրը անապատին մէջ եղող ոսկորները ցոյց տալով հարց տուաւ մարգարէին. «Մարդու որդի՛, կրնա՞ն այս ոսկորները վերստին կենդանանալ» եւ ապա հրամայական ոճով մը ըսաւ.- «Մարդու որդի՛, մարգարէացիր այդ ցամքած ոսկորներուն եւ ըսէ անոնց.- ցամքած ոսկորներ, ես ձեզ ջիղ եւ միս պիտի տամ, ձեզ մորթով պիտի պատեմ, իմ հոգիս պիտի տամ ձեզի եւ պիտի կենդանանաք»:

Տրուած խոստումին համաձայն այդ ցամքած ոսկորները կենդանացան, սակայն չկրցան տէր դառնալ տրուած հոգիին, ջիղին, միսին ու մորթին ու ժամանակ մը ետք ինքզինքնին գտան նոյն ցամաքութեան մէջ՝ ուր որ էին նախապէս: Այդ ոսկորները այսօր կամաց կամաց կը վերադառնան անապատ, որովհետեւ մեր ներկան անապատէն բանով մը չի տարբերիր:

Ջիղը որ Աստուած տուաւ այդ անապատցիներուն իրենց հայութեան ոգին ու հայրենասիրութիւնն էր. յետցեղասպանութեան շրջանին այդ ջիղի գոյութիւնն էր, որ զիրենք սուգի փոխարէն աշխատանքի մղեց եւ ապրելու, ի մասնաւորի ապրեցնելու համար լծուեցան աշխատանքի եւ իրենց անկարող վիճակին յաջողեցան ստեղծել գաղութներ: Երկար ժամանակ այդ ջիղը մնաց պրկուած, որովհետեւ մարդու ջիղերը կը պրկուին, երբ բռունցքի վերածուի ձեռքերը եւ այդ բռունցքին ուժգնութիւնն է, որ սկզբնական շրջանին տուաւ առողջ նոր սերունդ մը՝ օժտուած հայրենասիրութեամբ, պատրաստ Հայրենիքի սիրոյն ամէ՛ն զոհողութիւններ յանձն առնելու: Սակայն ժամանակի ընթացքին այդ ջիղը թուլացաւ եւ ստացաւ մերօրեայ վիճակը... անհոգ ու անտարբեր: Սփիւռքի մէջ ապրող հայութիւնը պարտէր բռունցքը պահել, որովհետեւ օրական դրութեամբ կենաց-մահու կռիւ է որ կը մղուի սփիւռքի մէջ, որովհետեւ ամէ՛ն վայրկեան վտանգի ենթարկուած է այդտեղ մեր ինքնութիւնը, լեզուն ու մշակոյթը: Անապատին մէջ մեր ստացած ջիղը կամայ-ակամայ կորսնցուցինք ու վերադարձանք անջղութեան:

Ժողովրդական տրամաբանութեամբ մարմնապէս լեցուն մարդը ընդհանրապէս հարստութիւն կը բուրէ. վկայ Աբիսողոմ աղային պատկերները: Աստուած անապատի ցամքած ոսկորներուն տուաւ հարստութիւն՝ նիւթականէն շատ աւելի վեր. այդ հարստութիւնը օտարութեան մէջ մեր ազատ գոյատեւման իրաւունքն էր: Օտար ափերուն վրայ այդ ցամքած ոսկորները առանց արգելափակումներու ունեցան իրենց եկեղեցին, դպրոցները, կուսակցութիւնները, թերթերը, այլ խօսքով՝ իրենց ազատ Հայաստանը ստեղծելու հարստութիւնը ունեցան: Վրաններու մէջ ապրող կաթողիկոսը ունեցաւ իր հսկայական կաթողիկոսարանը, եկեղեցւոյ մը բակին մէջ տրուող դասընթացքները փոխարինուեցան մի քանի տասնեակ դպրոցներով. հարստացանք, պարարտացանք... սակայն հոգեպէս աղքատացանք ու հասանք մերօրեայ վիճակին: Ջիղին կողքին սկսանք կամաց կամաց կորսնցնել նաեւ միսը:

Անասնական աշխարհին մէջ օձերը, թռչունները իրենց գոյնով, իրենց մորթով կը զանազանուին եւ Աստուած անապատի ցամքած ոսկորներուն տուաւ մորթ՝ որպէսզի օտարութեան մէջ ունենան իրենց սեփական գոյնը եւ զանազանուին անոնցմէ. սկզբնական սերունդը ամէն գնով պահեց այդ մորթը եւ աւելին՝ գեղեցկացուց զայն, սակայն օտար մորթերը աւելի գրաւիչ թուալով հայը իր սեփական մորթը մէկդի դնելով սկսաւ փորձել այլոց մորթերը՝ մինչեւ իսկ կորսնցուց իր սեփականը եւ մերկ մնալու փոխարէն կապուած մնաց օտարին մորթին: Առանց ջիղ ու առանց միս օտարին մորթին տակ կծկուեցաւ անապատցին եւ գետնառիւծի նման ստացաւ անոր գոյնը եւ օտարին մորթը, միսն ու ջիղը իր սեփականը նկատեց:

Վերջապէս Աստուած որոշեց անապատցիին տալ իր հոգին. իր հոգիին ճամբով փորձեց անոր փոխանցել անմահութեան գիտակցութիւնը, որովհետեւ անապատի աւազներէն դուրս գալով պէտք է անոնք գիտակցէին, որ նման առիթ մէկ անգամ կը տրուի եւ հետեւաբար անապատցիները պարտաւոր են դէպի անմահութիւն առաջնորդել իրենց քայլերը: Աստուած իր հոգիին հետ ուզեց փոխանցել արդարութեան գիտակցութիւնը, իրարու հանդէպ սէրը, ներողամտութիւնն ու ճշդութիւնը, սակայն անապատցիները այդ մէկը եւս միւս բարիքներուն նման ոտնակոխ ըրին:

Աստուծոյ կողմէ տրուած հոգին, միսը, ջիղն ու մորթը ստացած անապատցիները վերադարձան իրենց նախկին վիճակին՝ իրեն տրուած հարստութիւնը բախտախաղի մէջ կոր-սընցնող անմիտի մը նման: Կը կարծէ՞ք, որ անապատ վերադառնալէ ետք Աստուած անգամ մը եւս պիտի տայ այդ բոլորը մեզի. եթէ դուք անձի մը բարիք ընելով բան մը նուիրէք եւ տեսնէք անոր չարաչար գործածուիլը՝ անգամ մը եւս կը նուիրէ՞ք նման բան. եթէ ոչ, Աստուած ինչո՞ւ անգամ մը եւս մեզի պարգեւէ միս, մորթ, ջիղ ու հոգի, երբ գիտէ, թէ մի քանի տասնամեակներ ետք պիտի յայտնուինք նոյն վիճակին մէջ:

Տրուած բարիքները ոտնակոխելով այսօր անոնց մուրացկանը դարձած ենք. հոգի՛ կը մուրանք. կը մուրանք միս, ջիղ ու մորթ՝ մեր գոյութիւնը կարենալ շարունակելու համար:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -215-

Լիբանանի մէջ ունէինք եկեղեցական մը, որ քիչ մը կը սիրէր սուտերով զարդարել իր պատմութիւնները: Բաւականին լաւ երեւակայութիւն ունէր, կրնար ամերիկեան դերասաններուն համար լաւ ժապաւէններու նիւթ ստեղծել, սակայն եղած էր եկեղեցական:

Առիթով մը հաւաքուած էինք բոլորս. եկեղեցականը սկսաւ պատմել.-

-Չար ոգի հանելու համար աղօթքի կանչեցին. ձեռաց խաչս առի ու գացի, սակայն այս անգամուան չար ոգին միւսներէն աւելի զօրաւոր էր: Երկար զրոյց մը ունեցանք, վիճաբանեցանք. վերջաւորութեան օձիքէս բռնեց ու զիս պատին զարկաւ. ես իր վիզէն բռնեցի ու գետին տապալեցի զինք: «Կը տեսնես, քու վերջդ պիտի բերեմ», ըսաւ ինծի:

Ո՞վ կրնայ այդտեղ ըսել՝ «կը բաւէ... ստես»:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2023