ՍԷՐԸ ԵՐԿԱՅՆԱՄԻ՜Տ Է…

Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ, կորն­թա­ցի­նե­րուն գրած իր ա­ռա­ջին նա­մա­կին մէջ կը սահ­մա­նէ «սէր»ը, եւ կ՚ը­սէ, թէ՝ սէր ու­նե­ցո­ղը համ­բե­րա­տար եւ քաղց­րա­բա­րոյ, եր­կայ­նա­միտ, այ­սինքն՝ նե­րող կ՚ըլ­լայ։ Ար­դա­րեւ նե­րո­ղամ­տու­թեան նա­խա­պայ­մանն է՝ հան­դուր­ժո­ղու­թիւն, համ­բե­րու­թիւն եւ քաղց­րա­բա­րոյ նկա­րա­գիր։ Այն որ կը համ­բե­րէ՝ կը հան­դուր­ժէ եւ գո­նէ եր­կար ժա­մա­նակ չի գրգռուիր բա­րու­կան վատ զգա­ցու­մով եւ կը նե­րէ։ Նե­րել, տե­սա­կէ­տով մը կը նշա­նա­կէ իր «Ես»էն չտա­րուիլ եւ զո­հո­ղու­թիւն ը­նել, զի­ջա­նիլ եւ համ­բե­րե՛լ։ Սի­րոյ սկզբուն­քը ի զօ­րու է ո՛ր­քան հո­գե­ւոր աշ­խար­հին հա­մար՝ նո՛յն­քան եւ յատ­կա­պէս՝ մարմ­նա­ւոր աշ­խար­հի մէջ։ Սի­րոյ Ա­ւե­տա­րա­նը Քրիս­տո­սի Ա­ւե­տա­րանն է եւ Քրիս­տոս Ի՛նք կեն­դա­նի լու­սա­բա­նու­թիւնն ու սահ­մա­նո՛ւմն է Սի­րոյ Ա­ւե­տա­րա­նին։

Ա­հա­ւա­սիկ այս ուղ­ղու­թեամբ է որ Յով­հան­նէս Ա­ւե­տա­րա­նիչ կ՚ը­սէ, թէ՝ Աս­տուած սէ՛ր է, եւ կը շա­րու­նա­կէ. «Սի­րե­լի­նե՛ր, սի­րե՛նք ի­րար, քա­նի որ սէ­րը Աս­տու­ծոյ պար­գեւն է, ուս­տի ո՛վ որ կը սի­րէ՝ Աս­տուծ­մէ ծնած է եւ զԱս­տուած կը ճանչ­նայ։ Իսկ ով որ չի սի­րեր՝ զԱս­տուած չի ճանչ­նար, քա­նի որ Աս­տուած սէ՛ր է։ Աս­տու­ծոյ սէ­րը հե­տե­ւեալ ձե­ւով մե­զի յայտ­նուե­ցաւ. Աս­տուած իր միա­ծին Որ­դին ղրկեց աշ­խարհ, որ­պէս­զի ա­նով կեանք ու­նե­նանք։ Ա՛յս է ա­հա­ւա­սիկ ճշմա­րիտ սէ­րը. ո՛չ թէ մենք սի­րե­ցինք զԱս­տուած, այլ Աս­տուած Ի՛նք սի­րեց մեզ եւ Իր Որ­դին ղրկեց մեր մեղ­քե­րը քա­ւող իբ­րեւ Զո՛հ։ Սի­րե­լի­նե՛ր, երբ Աս­տուած ա՛յս­պէս սի­րեց մեզ, ա­պա ու­րեմն մե՛նք եւս պէտք է ի­րար սի­րենք» (Ա ՅՈՎՀ. Դ 7-11)։­

Եւ Յի­սուս սի­րոյ մա­սին կ՚ը­սէ. «Իմ պա­տուէրս է՝ որ սի­րէք ի­րար, ինչ­պէս ես ձեզ սի­րե­ցի։ Մե­ծա­գոյն սէ­րը այն սէրն է, ո­րով մարդ ինք­զինք կը զո­հէ իր բա­րե­կամ­նե­րուն հա­մար» (ՅՈՎՀ. ԺԵ 12-13)։­

Ու­րեմն ճշմա­րիտ սէ­րը զո­հո­ղու­թիւն եւ ան­ձու­րա­ցու­թիւն կը պա­հան­ջէ։ Այս ի­մաս­տով սէ­րը եր­բեք չի գո­ռո­զա­նար, չի հպար­տա­նար եւ ինք­նա­մոլ չ՚ըլ­լար, այլ մա­նա­ւանդ՝ ինք­զինք կը նոյ­նաց­նէ ու­րի­շին հետ, կը լե­ցուի նոյն զգա­ցում­նե­րով, գի­տէ զգալ այն՝ ի՛նչ որ կը զգայ դի­մա­ցի­նը՝ ըն­կե­րը, բա­րե­կա­մը կամ դրա­ցին։ Սի­րել, մէկ խօս­քով՝ «մէ՛կ» ըլ­լալ, զգա­ցում­նե­րու մէջ «միա­նա՛լ» կը նշա­նա­կէ…։

Այս պատ­ճա­ռով, երբ կը խօ­սինք «ճշմա­րիտ սի­րոյ» մա­սին, սխալ է ը­սել. «Կը սի­րեմ, քա­նի որ ան ալ զիս կը սի­րէ…»։ Ճշ­մա­րիտ սէ­րը փո­խա­դարձ չէ՛, փո­խա­դարձ չէ՛, քա­նի որ զո­հո­ղու­թիւն, անձ­նուի­րու­թիւն կը պա­հան­ջէ։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ հոս է իս­կա­կան ի­մաս­տը՝ թշնա­մի­ներն իսկ սի­րե­լու…։

Եւ ճշմա­րիտ սէ՛րն է որ «ա­ւե­լի եր­ջան­կու­թիւն է տա՛­լը, քան առ­նե­լը» (ԳՈՐԾՔ. Ի 35) կ՚ար­տա­յայ­տէ։

Եւ կար­ծեմ, սէ­րը իր իս­կա­կան ի­մաս­տը կը գտնէ Յի­սու­սի այս խօս­քին մէջ։

Սէ­րը՝ ու­րի­շով ու­րա­խա­նալ, ու­րի­շով ցաւ եւ տխրու­թիւն զգալ կը նշա­նա­կէ, ինչ­պէս ը­սինք՝ զգա­ցում­նե­րու «միու­թիւն»ը, «նոյ­նա­ցում»ն է սէ­րը։

Այս ի­մաս­տով, ա­հա­ւա­սիկ, սէ­րը եր­բեք չի վեր­ջա­նար, ան­վախ­ճա՛ն է։ Սէ­րը այն գե­րա­գոյն զգա­ցումն է՝ որ մարդս մար­դու, եւ Աս­տու­ծոյ կը միաց­նէ։

Քրիս­տոս սի­րոյ դես­պանն էր յա­ւի­տե­նա­կան Սի­րոյ Աղ­բիւ­րին՝ նոյ­նինքն Աս­տու­ծո՛յ։ Հե­թա­նոս աշ­խարհ մը ե­կաւ այս «Դես­պան»ը, հե­թա­նոս աշ­խարհ մը՝ որ ան­ծա­նօթ եւ ան­տե­ղեակ էր Սի­րոյ սկզբուն­քին, եւ թէ կ՚ապ­րէր պնդե­լով «ի­րա­ւունք»ի վրայ, եւ ի­րա­ւուն­քը ո­րե­ւէ գնով ա­պա­հո­վե­լու, պաշտ­պա­նե­լու կամ ձեռք ան­ցը­նե­լու ար­դա­րա­ցու­մին վրայ։

Հե­թա­նոս աշ­խար­հը՝ որ ան­ծա­նօթ էր Սի­րոյ սկզբուն­քին՝ ի՛նչ որ կ՚ու­զէր «շա­հիլ», կը խոր­հէր թէ միայն պա­տե­րազ­մով, ա­րեան գնով կրնար շա­հիլ։ Եւ «հե­թա­նոս աշ­խարհ»ը քրիս­տո­նեայ ե­ղաւ «ա­նուն»ով, բայց հե­թա­նոս մնաց իր կեան­քով, ապ­րե­լա­կեր­պով եւ ու­նա­կու­թիւն­նե­րո­վը։ Քրիս­տո­նեայ ե­ղաւ ա­նու­նով եւ հե­թա­նոս մնաց «միտք»ով, մտա­ծե­լա­կեր­պո՛վ…։

Մար­դիկ երբ չմիաց­նեն ի­րենց միտ­քը ի­րենց ար­տա­քին տես­քին ու կեան­քին հետ, ա­նո­րոշ վի­ճակ մը կը տի­րէ եւ դուր­սը եւ ներ­սը ի­րա­րու չեն հա­մա­պա­տաս­խա­ներ, քա­նի որ մարդ կազ­մուած է մար­մի­նէ, եւ հո­գիէ, ե՛ւ միտ­քէ, եւ այս ամ­բող­ջու­թիւնն է որ կը կազ­մէ կա­տա­րեալ «մա՛րդ»ը։ Այս պատ­ճա­ռով, մտա­ւո­րը եւ մարմ­նա­կա­նը չներ­դաշ­նա­կուած մար­դը ան­տե­սեց սի­րոյ սկզբուն­քը, ար­հա­մար­հեց եւ վէ­ճի, կռի­ւի, ա­րիւ­նա­հեղ պա­տե­րազմ­նե­րու, սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րու ա­պա­ւի­նե­ցաւ։

Այ­սօ­րուան մարդ­կու­թեան հա­մայ­նա­պա­կե­րը ա­ւե­լի՛ տխուր է եւ մտա­հո­գիչ քան եր­բեք ե­ղած է ան­ցեա­լի մէջ՝ պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին ո­րե­ւէ ա­տեն։

Այ­սօր, դժբախ­տա­բար մար­դիկ կը խօ­սին միա՛յն սի­րոյ վրայ, բայց չե՛ն գոր­ծադ­րեր, «սէ՜ր, սէ՜ր» կ՚ը­սեն, բայց կ՚ա­տեն զի­րար։ Լե­զու­նե­րը մե­քե­նա­բար սէր կը քա­րո­զեն, բայց հո­գի­ներ ա­տե­լու­թեան գե­րին դար­ձած՝ սի­րոյ նշոյլ մը իսկ ցոյց չեն տար։ Մար­դիկ, ամ­բողջ աշ­խար­հի վրայ, ընդ­հան­րա­պէս ի­րա­րու չեն վստա­հիր, ըն­տա­նիք­նե­րու ա­մէն մէկ ան­դամ իսկ կար­ծես «օ­տար» մըն է միւ­սին։

Այ­սօր մար­դիկ ի­րա­րու դէմ կը դա­ւեն, նեն­գու­թեամբ կը վա­րուին, զի­րար կը խա­բեն, զի­րար կը վախց­նեն այն սպառ­նա­լիք­նե­րով՝ ո­րոնց­մէ ա­ւե­լի եւս կը վախ­նան ի­րենք։ Մէ­կը միւ­սին դէմ կը գան­գա­տի, թէ ան­կեղծ չէ, մտե­րիմ չէ, բայց ան­կեղ­ծու­թիւ­նը եւ մտեր­մու­թիւ­նը ստեղ­ծե­լու եւ քա­ջա­լե­րե­լու տեղ, կար­ծես սու­տը, ան­հա­րա­զա­տը կը խրա­խու­սեն։

Մինչ­դեռ նա­խընտ­րե­լի է եւ ա­ւե­լի ար­դիւ­նա­ւոր՝ սա­ռոյ­ցը կա­ցի­նով կոտ­րե­լու տեղ, զայն ջեր­մու­թեամբ հա­լեց­նել փոր­ձել։ Ինչ­պէս սա­ռը սա­ռով, սխալն ալ սխա­լով ոչն­չաց­նել ճիշդ չէ՛։ Եւ ե­թէ այս մա­սին գան­գա­տի պատ­ճառ մը կայ, այն ալ սա՛ է, թէ սա­ռը «սառ»ով հա­լեց­նե­լու ա­պար­դիւն եւ ա­նի­մաստ ջան­քին մէջ են մար­դիկ։

Խա­ղա­ղու­թիւն, հա­մե­րաշ­խու­թիւն ա­պա­հո­վե­լու եւ հաս­տա­տե­լու հա­մար՝ մէ­կը ե­թէ «սառ» է՝ պա՛ղ, միւ­սը «ա­րեւ»՝ ջեր­մու­թիւն ըլ­լա­լու է իր սի­րո­վը։ Ումպ մը, կա­թիլ մը ան­կեղծ սէր բա­ւա­կան է «պա­ղու­թեան» ընդ­դի­մու­թիւ­նը նուա­ճե­լու հա­մար եւ ա­ռանց ո­րե­ւէ ծախ­քի, քա­նի որ ՍԷ­ՐԸ ՀԶՕՐ Է, ԹԷԵՒ ՁՐԻ։ Եւ երբ ա­մէն ինչ հաս­տա­տուած կ՚ե­րե­ւի նիւ­թի, նիւ­թա­կա­նի՝ դրա­մի վրայ, ա­պա ու­րեմն մար­դիկ ին­չո՞ւ չեն օգ­տուիր եւ շա­հա­գոր­ծեր այս «ձրի» պար­գե­ւին զօ­րու­թե­նէն, եւ ա­նոր ու­ժը կ՚անտ­սեն։

Եր­բեմն «մարդ»ը հասկ­նալ ի­րա­պէ՛ս ան­կա­րե­լի է՝ «մար­դը՝ սա ան­ծա­նօ՛թ»ը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նիս 24, 2016, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Յուլիս 11, 2016