ԴԷՄՔԸ Կ՚ԱՐՏԱՅԱՅՏԷ ԱՆՁԸ

Մարդու մը դէմքը, ընդհանրապէս կ՚արտայայտէ անոր անձնաւորութիւնը։ Անշուշտ ասիկա բացարձակ չափանիշ մը չէ, եւ այդ իսկ պատճառով կ՚ըսենք. «ընդհանրապէս», քանի որ այս մասին կրնայ սխալիլ մարդ։

Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ՝ թէ մարդուս կենցաղը, ապրելակերպը, մոլութիւնները ի՛նչպէս կ՚աւրեն մաքուր եւ անմեղ դէմքը, եւ «ցեխի մէջ թաթխուած հոգի»ն ի՛նչպէս կը քանդակուի հոն։

Եւ դարձեալ, ընդհանրապէս, ոճրագործներու դէմքին վրայ յաճախ «փորագրուած» կը յայտնուի իրենց ահազդեցիկ, վախազդու բնաւորութիւնը, անվստահելի նկարագիրը։ Կարծես յափշտակելու, վրաւորելու իրենց սովորական ընթացքին պատկերը կը յայտնուի անոնց դէմքին վրայ, վախ պատճառելով բոլորին։ Ուստի դէմքին արտայայտութիւնն է, որ զանազանել կու տայ մարդը եւ տմարդը, խղճամիտը եւ անգութը, հաշտարարը եւ վայրագը։ Անխիղճ եւ անգութ մարդը գրեթէ «անմարդկային» արտայայտութիւն մը կ՚ունենայ իր դէմքին վրայ։ Ինչպէս կ՚ըսէ ժողովրդական խօսքը՝ հոգիին տգեղութիւնը կը ցոյանայ դէմքին վրայ։

Ասիկա միայն վատ վիճակներու յատուկ երեւոյթ մը չէ։ Ուստի ասոր բոլորովին հակառակն ալ նոյնքան ճշմարիտ է եւ սովորական։

Զոր օրինակ, կը տեսնենք անձ մը, թերեւս առաջին անգամ կը հանդիպինք իրեն, իր դէմքին վրայ ա՜յնքան բարի, հանդարտ եւ զուարթ արտայայտութիւն մը կը նշմարուի, որ անմիջապէս, անվարան կը խորհինք.- ահաւասիկ մէկը, որ որեւէ չարութիւն ո՛չ կը խորհի եւ ո՛չ ալ կը գործէ՝ անմեղ, բարի եւ արդար անձնաւորութիւն մըն է։ Եւ մեր այս դատողութիւնը եւ որոշումը ընդհանրապէս ճիշդ է եւ ուղի՛ղ, եթէ այդ անձը կատարեալ խաբեբայ մը չէ եւ կեղծ դիմակ կրելու սովորութիւնը չունի։

Մարդուս սրտին մէջ լայն տեղ կը գրաւեն բարկութեան, ատելութեան, եւ հանդուրժողութեան, ներողամտութեան, գութի եւ բարութեան նման իրարու բոլորովին հակառակ վատ կամ ազնիւ զգացումներ։ Արդարեւ, եթէ մարդ կայ, կա՛յ նաեւ ամէն տեսակ զգացում։ Զոր օրինակ, օգնելու, զոհուելու, անձնուիրութեան նման համայնքին եւ համայն մարդկութեան օգնելու, նպաստելու սեւեռուն բարձր գաղափարներ եւ նաեւ՝ յափշտակելու, գողնալու եւ մինչեւ իսկ սպաննելու մղումներ՝ որոնք բոլորն ալ ունին իրենց համապատասխան եւ յարմարութիւն, համեմատութիւն ցոյց տուող արտայայտութիւնը՝ դրոշմուած դէմքին վրայ։

Ասոր համար է արդեօք որ հիները կ՚ըսեն՝ թէ մարդու մը այցետոմսը իր ճակտին վրա՛յ արձանագրուած կը տեսնուի։

Եւ այդ արտայայտութեան դրոշմը դէմքին վրայ, եւ անոր շարունակական գործունէութիւնը, դէմքին ամէն մէկ մկանին եւ ջիղերուն նոյնօրինակ կերպով պրկումին եւ թուլացումին հետեւանքով որոշ արտայայտութիւններ՝ ձեւեր կը կաղապարէ՝ կը փորագրէ՝ կը քանդակէ հոն։ Ասիկա բնախօսական եւ հոգեբանական բնական օրէնքներու արդիւնքն է, ապացուցուած գիտական փորձերով։

Արդարեւ, կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ զօրաւոր անհատականութիւններ, ամուր նկարագիրներ, եւ կամ հոգեկան անտեսանելի այլ ազնիւ գործունէութիւններ, ինչպէս նաեւ վատ եւ ինկած հոգիներու անսանձ կիրքերը եւ մոլութիւնները անխուսափելիօրէն կը դրոշ-մըւին՝ կը քանդակուին մարդկային դէմքերու վրայ՝ բնորոշ գիծերով, խորշոմներով, ինչպէս նաեւ աչքի արտայայտիչ ցոլքերով, եւ այնպէս դէմքը կը վերածեն կորովի, կամ զմայլելի եւ գեղեցիկ, եւ կամ դժնէ եւ ահաւոր։ Եւ հաւանաբար այս պատճառով ըսուած է՝ թէ դէմքը հոգիին հայելի՛ն է. ինչ որ մեծ մասամբ ճի՛շդ է, եւ մանաւա՛նդ աչքի արտայայտութիւնը։

Եւ այսօր երբ բաւական գործածութեան գետին «մարմնական լեզու»ի՝ «body language», այսինքն մարդուս արտայայտութիւններէն օգտուելով զայն հասկնալու «գիտութիւն»ը, հիմնուած եւ օգտագործուած է վերոյիշեալ բնախօսական եւ հոգեբանական բնական օրէնքներու վրայ։

Մանաւանդ վերջին շրջաններուն սովորական է դարձած «գեղեցկութեան սրահ»ներ՝ ուր կը յաճախեն երկսեռ յաճախորդներ, զանազան միջոցներով դէմքերուն վրայ ունենալու համար զանազան երեւոյթներ, աւելի համակրելի եւ սիրուն երեւնալու նպատակով։ Եւ այս դէմքի փոփոխութիւնները, ընդհանուր առմամբ կոչուած են «գեղեցկութի՛ւն»։

Մինչեւ իսկ վիրաբուժական գործողութիւններու ենթարկուելով, մարդիկ կը փորձեն փոխուիլ, աւելի՛ գեղեցիկ, աւելի՛ համակրելի ըլլալու համար իր շուրջիններուն։ Այն բոլորին «բարի» եւ «անմեղ» նպատակն է գեղեցիկ դէմքի մը տէր ըլլալ…։

Երբ խօսքը վիրաբուժական միջոցներով փոխուելու մասին է, կը պատմուի, թէ բաւական տարեց կին մը կ՚ուզէ վիրաբուժական միջոցներով փոխուիլ, աւելի երիտասարդ եւ գեղեցիկ դէմք մը ունենալ։

Խեղճ կինը, միամիտօրէն կը խորհի, թէ երբ դէմքը երիտասարդանայ՝ աւելի շատ պիտի ապրի…։

Վիրաբուժական գործողութիւնը շատ յաջող կ՚անցնի, եւ իրեն կ՚ըսեն որ 30 տարի երիտասարդացած դէմքի մըն է տիրացած։ Կինը կը մտածէ, թէ իր տարիքէն 30 տարի աւելի պիտի ապրի։

Բայց, աւա՜ղ, հազիւ թէ հիւանդանոցին դռնէն ելած է, ինքնաշարժի մը բախումով արկածամա՛հ կ՚ըլլայ…։ Երբ կը ներկայանայ Աստուծոյ, կը գանգատի, ըսելով, թէ ինք 30 տարի աւելի երիտասարդացած էր, որպէսզի այդքան աւելի ապրի։ Աստուած կը պատասխանէ.- Քեզի արդէն աւելի քան 30 տարի կեանք սահմանած էի ապրելու համար, բայց վիրահատութեամբ ա՜յնքան փոխուեր ես, որ չճանչցայ քեզ՝ որուն 30 քան աւելի տարի կեանք սահմանած էի, եւ այդ պատճառով արգելք չհանդիսացայ այն արկածին՝ ուր դուն արկածամահ եղար…։

Ուստի, ո՛չ բնութիւնը, ո՛չ ժամանակը եւ ոչ իսկ ուրիշ որեւէ ազդակ կրնայ դէմքը այնքան տգեղցնել կոշտ խորշումներով, բիրտ գիծերով եւ կամ ուրիշ երեւոյթներով, որքան մարմնի, սրտի եւ հոգիի վատթար ունակութիւններ եւ մոլութիւններ։ Եւ ո՛չ մէկ միջամտութիւն դէմքը այնքան կ՚ազնը-ւացնէ ո՛րքան բարի տրամադրութիւնը, գեղեցիկ եւ ազնիւ միտումներու արտայայտութիւնը, հանդարտ եւ անխռով խիղճը եւ սիրով լեցուն սիրտը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 7, 2018, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 11, 2018