ՇԱԲԱԹԱՊԱՀՔ ԵՒ ՆԱՒԱԿԱՏԻՔ

Եկեղեցւոյ պատուիրանները իրենց տեղը կը գրաւեն Բարոյական կեանքի ուղեգծով, որ կապուած է ծիսական կեանքին եւ անով կը սնանի։ Հովուական իշխանութիւններու կողմէ հրահանգուած դրական օրէնքներուն ստիպողական եւ պարտադրիչ հանգամանքը իբրեւ նպատակ ունի հաւատացեալներուն աղօթքի հոգիի եւ բարոյական վաստակին մէջ ապահովելու ի՛նչ որ նուազագոյն անհրաժե՛շտ է Աստուծոյ եւ մերձաւորին սիրոյն աճումին նկատմամբ։

Այս պատուիրաններէն է՝ հրաժարիլ սովորական վարք ու բարքէ ժամանակաւոր կերպով եւ սրբացնել օրը՝ կիրակին կամ պարտաւորիչ տօները։ Այս կը նշանակէ՝ ինքզինք ազատ կացուցանել այն բոլոր աշխատանք եւ սովորական-ամենօրեայ արարքներէն՝ որոնք իրենց բնութեամբ իսկ արգե՛լք են այդ օրերուն սրբացումին։ Եւ այս «հրաժարում»ը կ՚ամփոփուի ընդհանուր «պահք» ըմբռնումին մէջ։

Արդարեւ, «պահք»ը կ՚ենթադրէ չափաւորութիւն եւ պարզութիւն։ Կրօնքն ալ, բանականութիւնը եւ գիտութիւնն ալ, բարոյականն ալ այս կը պահանջեն՝ թէ՛ հոգեւոր եւ թէ՛ մարմնաւոր առողջութեան եւ կատարելութեան համար։ Եւ այս իմաստով՝ պահքը, ընդհանրապէս ինքնամփոփման եւ ինքնազննութեան, ներհայեցողութեան առի՛թ մըն է։

«Պահք»ը, ըստ երեւոյթին զուտ կրօնական նշանակութիւն մը ունի։ Բայց, դժբախտաբար, ինչ որ «կրօնական» է, մեծ արժէք մը չի ներկայացներ ոմանց համար. կ՚ըսեն անոնք, որոնք կը յաւակնին «լուսամիտ» ըլլալ, աւելորդ է խօսիլ «պահք»ի մասին, եւ ի՛նչ որ աւելորդ է, շատ անգամ անշահ է եւ վնասակա՛ր։ Այսպէս խորհող եւ խօսողներ հարցին շատ նեղ շրջանակը նկատի կ՚առնեն։ Պահքը կերուխումի խտիր եւ խնդիր չէ. առհասարակ չափաւորութեան, պարզութեան հարց մըն է, եւ չափաւորութիւն եւ պարզութիւն երբեք վնասակար եւ աւելորդ ընթացքներ չեն, այլ՝ օգտակար ամէն մարզի մէջ՝ մտքի, հոգիի եւ մարմնի աճման համար։

Եւ այս իմաստով դարձեալ, զուտ կերակուրի տեսակէտէն յարաբերական արժէք մը ունի «պահք»ը։

Այս հակիրճ խորհրդածութենէն ետք տեսնենք, թէ ի՛նչ կ՚ըսէ Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեան, «Պահք»ի, «Շաբաթապահք»ի եւ «Նաւակատիք»ի մասին։

«Պահք բառին ճիշդ իմաստը զգուշանալ է. ինքզինք բանէ մը զրկել, ժուժկալել. եւ առաջին ժամանակներու եւ Հին Կտակարանի ու Աւետարանի մէջ պահքը կը նշանակէր պարզապէս կերակուրէ զգուշանալ, չուտել, ծոմ բռնել։ Պօղոս Առաքեալին թոյլատուութիւնը, որ բոլորովին անսուաղ կենալ չկրցող տկարը կարենայ քիչ մը բանջար ուտել (ՀՌՈՄ. ԺԴ 2), որ է կատարեալ սնունդ չտուող կերակուր մը, սկսաւ կամաց-կամաց ընդարձակուիլ եւ թեթեւ կերակուրներով սնանիլը սկսաւ պահք կոչուիլ, եւ պահքն ալ եղաւ կերակուրներու տեսակին վրայ հիմնուած ժուժկալութիւն մը…»։

«Մեր եկեղեցւոյ յատուկ սովորութիւնն է շաբաթ մը ամբողջ պահք պահել։

«Լատիններ օրական պահքեր ունին, Յոյները մէկէ աւելի մեծ պահքեր ունին, իսկ մեր մէջ Ներսէս Բ Բագրեւանդացի կաթողիկոսական կարգադրութեամբ, Մեծ պահքէն դուրս եղող պահքերը շաբաթներու վերածուեցան եւ տասներկու շաբաթներ սահմանուեցան տասներկու ամիսներու համեմատ։

«Տասներկու շաբաթապահքերէն հինգը սահմանուեցան սա՛ հինգ տաղաւարներու կամ մեծ տէրունի տօներուն ի պատիւ,- Ծննդեան պահք, Յարութեան պահք որ է Աւագ շաբաթ, Վարդավառի պահք, Աստուածածնի պահք եւ Խաչի պահք։ Չորսն ալ եղանակներու պահք են, որք են գարնանամուտի՝ այսինքն Մեծ պահոց Բ շաբաթը, ամառնամուտի՝ Եղիական պահքը, աշնանամուտի՝ Վարագայ Խաչի պահքը, ձմեռնամուտի՝ Ս. Յակոբայ պահքը։

«Մնացած երեքէն մին է Առաջաւորաց պահքը Լուսաւորչէն հաստատուած, միւսն ալ է Յիսնակաց պահքը՝ Ծննդեան Մեծ պահքին առաջին շաբաթը, եւ երրորդն է Լուսաւորչի պահքը՝ մեր եկեղեցւոյն ի պատիւ սրբոց հաստատած միակ պահքը։ Ինչպէս կը տեսնուի, 12 շաբաթապահքերէն երկուքը Մեծ պահքին հետ խառնուելուն՝ Մեծ պահքէն դուրս 10 շաբաթներ կը մնան։

«Այս շաբաթապահքերը հինգ օրով միայն կը բռնուին՝ Բշ.է մինչեւ Ուրբաթ։ Վարդավառի, Աստուածածնի եւ Խաչի տօներուն Շբ. օրը նաւակատիք է առաւօտեան պատարագէն ետքը, Զատկի նախընթաց շաբաթ օրը նաւակատիք է երեկոյեան պատարագէն ետքը, Առաջաւորաց, Եղիական, Լուսաւորչի, Վարագայ Խաչի, Յիսնակաց եւ Ս. Յակոբայ պահքերուն շաբաթ օրերը ուտիք են, Մեծ պահոց Բ շաբթուան շաբաթ օրն ալ պահք է բոլոր Մեծ պահքին հետ, Ծննդեան պահքը միայն անկանոն է, որովհետեւ Բարեկենդանի կիրակի չէ, այլ Դեկետմբեր 30-էն մինչեւ Յունուար 4 վեց օր պահք է, եթէ մէջը շաբաթ կամ կիրակի ալ իյնայ, իսկ Ճրագալոյցի երեկոյեան պատարագէն ետքը նաւակատիք է ի՛նչ որ ալ ըլլայ»։

«ՆԱՒԱԿԱՏԻՔ անունն իր ուղղակի ու բառական իմաստով կը նշանակէ -նոր շինել, նոր կերտել-։

«Ընդհանուր սովորութիւն եղած է որ նոր կերտուած ու նոր աւարտած շէնքի մը բացումը հանդիսաւորապէս կատարուի, եւ այս առմամբ նորաշէն տաճարի, տան, առարկայի եւ այլն, բացման ու նուիրագործութեան հանդէսը կոչուեցաւ ՆԱՒԱԿԱՏԻՔ։

«Ըստ այսմ ամէն նորաշէն եկեղեցւոյ նաւակատիք կը կատարուի, եւ նոյն նաւակատիքին տարեդարձի հանդէսն ալ նաւակատիք կը կոչուի։

«Մեր եկեղեցին նաւակատիքները յարմարագոյն կերպով սկսաւ կատարել կամ յիշատակել մեծահանդէս տօներու նախընթաց օրերը, շաբաթապահքին վերջը, եւ այդ առթիւ ալ պահոց խստութիւնը մասամբ մեղմացնել առանց բոլորովին պահքը ջնջելու, այսինքն մսեղէն արգելքը ամուր պահելով՝ ձկնեղէնի ու կաթնեղէնի կիրառութիւնը ներել պատարագի մատուցումէն ետքը։

«Այդ պարագայէն առնելով՝ մեղմացեալ պահքի կերակուրն ալ նաւակատիք կոչուեցաւ։

«Այժմ այս տարբեր իմաստներէն իւրաքանչիւրով ալ կը գործածենք -նաւակատիք- բառը։ Կ՚ըսենք այս ինչ նոր աւարտած եկեղեցւոյ նաւակատիքը պիտի կատարուի, այսինքն է առաջին նուիրագործութիւնը, կամ թէ այս ինչ օր այս ինչ եկեղեցւոյ նաւակատիքն է, այսինքն նուիրագործութեան տարեդարձը. կամ թէ այս ինչ օրը նաւակատիք է, այսինքն ձկնեղէն ու կաթնեղէն կերակուր կրնայ գործածուիլ։

«Նաւակատիքն իբր առանձին տօն նշանակուած է Խաչվերացի տօնին նախընթաց շաբաթ օրը, եւ է Երուսաղէմի Ս. Յարութեան մեծ տաճարին Հեղինէ դշխոյին ձեռքով շինուելէն ետք նուիրագործուելուն եւ օծուելուն տարեդարձը, որ բոլոր քրիստոնէութեան համար կարեւոր յիշատակ մըն է, եւ կ՚արժէր ալ որ հաստատուն տօն ունենար։

«-Նաւակատիք- բառը կը նշանակուի նաեւ հինգ տաղաւարներուն նախընթաց օրերուն, բայց կերակրեղէններու տեսակէտով, որովհետեւ ներելի է Վարդավառի, Աստուածածնի եւ Խաչի նախընթաց շաբաթ օրերուն առաւօտեան պատարագէն ետքը, իսկ Ծնըն-դեան եւ Զատկի ճրագալոյցներուն երեկոյեան պատարագէն ետք կաթնեղէն ու ձկնեղէն կերակուրներ գործածել»։

«ՈՒՏԻՔ կը կոչուին այն օրերն, որոնց համար պահեցողութեան հրաման չկայ եւ հնար է ուտել ինչ որ ոք ուզէ եւ երբ որ ուզէ։ Մեր եկեղեցւոյ հնագոյն սովորութիւնները զննելով՝ կը տեսնենք որ միշտ նպատակ ունեցած է տէրունի տօները ուտիք օրուան բերել, եւ այս պատճառաւ երբեմն տօնը կիրակիի փոխուած է, եւ երբեմն տէրունի տօնին պատճառաւ պահքը խափանուած է…»։

Ահաւասիկ, իրաւացի՛ է այն խօսքը՝ որ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ.- Հասկնալով հաւատալ եւ հաւատալով հասկնալ։ Ուղիղ հաւատքն ալ արդէն այս կը պահանջէ քանի որ քրիստոնէութիւնը երբեք հրամայականոն (=dogmatique) դրութիւն մը՝ վարդապետութիւն մը չէ՛…։

Սկզբնաղբիւր.- Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեան, «Ծիսական Բառարան», Անթիլիաս, 1957։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 9, 2020, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2020