ԿԻԿԵՐՈՆ ԵՒ ԾԵՐՈՒԹԻՒՆ
Երբ կը խօսինք ծերութեան մասին, կը վերյիշենք Կիկերոնի «Քաթօ Մայեօր»ը՝ որ հաւանաբար գրած է Ք. Ա. 44 թուականին, երբ 62 տարեկան էր։ Հեղինակը իր այս ամփոփ հեղինակութեան մէջ կ՚ուսումնասիրէ «ծերութիւն»ը եւ այս առթիւ, երիտասարդներու ալ յանձնարարութիւններ կ՚ընէ։
Կիկերոնը եւ ծերութիւնը լաւ հասկնալու համար, նախ տեսնենք, թէ՝ ո՞վ է Կիկերոն։
Մարկուս Դուլիուս Կիկերոն (Ք. Ա. 106-43) իր ժամանակի ամենակիրթ եւ հմուտ մարդոցմէ մին է։
Անոր փիլիսոփայական եւ ճարտասանական ստեղծագործութիւնները մեծ մասամբ տրամախօսութիւններ են։ Տրամախօսութիւններ, այսինքն՝ երկու հոգիի միջեւ հարցում-պատասխանի ձեւով խօսակցութիւններ, խորհրդածութիւններ եւ կամ վիճաբանութիւններ։ Եւ վերոյիշեալ «Cato Maior»ն ալ ահաւասիկ, այս տրամախօսութիւններէն մէկն է։
Կիկերոն որեւէ իմաստասիրական դպրոցի հետեւորդ չէ՛. անոր աւելի յատուկ է «ընտրապաշտութիւն»ը (=eclecticism), այսինքն՝ ընտրողական փիլիսոփայութիւնը։ Քիչ կամ շատ ընդգծուած է անոր ստոյիկեանը, այսինքն այն փիլիսոփայութեան հակումը՝ որ կ՚անտեսէ ֆիզիքական ցաւը (=stoïcisme)։ Եւ ուրեմն, երբ կ՚ուսումնասիրէ «ծերութիւն»ը եւ կը խորհրդածէ «ծերութեան» մասին, պէտք է նկատի ունենալ իր այս մտաւոր նկարագիրը եւ ըստ այնմ հասկնալ «ծերութեան»՝ մարդկային կեանքի այդ շրջանի իրողութիւնը։ Եւ մանաւանդ որ Կիկերոն ջերմ վերաբերմունք ունեցած է Էպիկուրի փիլիսոփայութեան հանդէպ։ Ըստ Էպիկուրեան փիլիսոփայութեան՝ անձնական երջանկութիւնը եւ մարդկային կեանքի իմաստը կիրքերու բաւարարման մէ՛ջ է։
Կիկերոն, «աստուածներու բնութեան» մասին, կը հերքէ «աստուածներու գոյութեան» ապացոյցները, եւ այսու հանդերձ կը հաստատէ կրօնի անհրաժեշտութիւնը՝ մանաւանդ պետութեան կառոյցին գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար։ Ան կը մերժէ ամէն տեսակ հրաշք. «գուշակութեան մասին», «ճակատագրի մասին»՝ նախատեսութեան եւ նախասահմանման երեւոյթները, քանի որ մարդուս ազատութիւնը՝ բխեցումն է անոր «ազատ կամք»ին։
Ըստ Կիկերոնի, առաքինութիւնը մարդուս մէջ ներդրուած ընդաբոյս, բնական յատկութիւն մըն է, որ կարելի է զարգացնել բանականութեան օգնութեամբ։
Կարեւոր են նաեւ Կիկերոնի նամակները՝ որոնց ընդհանուր թիւը կը հասնին 774-ի։
Հռոմէացի ո՛չ մէկ հեղինակ այնքան ազդած է եւրոպական ընդհանուր մշակոյթի պատմութեան վրայ, ո՛րքան Կիկերոնը։
«Cato Maior»ի մէջ ծերութեան եւ ծերերու մասին երբ կը խորհրդածէ Կիկերոն, սապէս կ՚ըսէ.
«Այս գիրքը ո՛չ թէ յառաջացած տարիք ունեցողներու՝ տարիքոտներու, -ծերութիւն- կոչուած բեռը թեթեւցնելու համար, այլ՝ ցոյց տալու եւ հասկցնելու համար, թէ անոնք տակաւին, ընկերային շատ մը գործերու մէջ օգտակար կրնան ըլլալ, ասիկա ապացուցանելու համար գրած եմ…»։
Եւ ահաւասիկ Կիկերոնի ծերութեան մասին խորհրդածութիւններու եւ խօսակցութեան առանցքը կը կազմէ՝ «տարեց»ներու հանդէպ կազմուած այն ընդհանուր մտածումը, թէ՝ անոնք այլեւս դասալիք եղած են ամէն գործունէութենէ, անոնք այլեւս «գործի չե՛ն ծառայեր», այլապէս անօգտակար տարրեր են, բոլորովին հանգստեան կոչուած ամէն ընկերային աշխատութիւններու նկատմամբ։ Բայց այսպիսի մօտեցում մը, ուրացում է կեանքի կարեւոր մէկ երեւոյթին՝ մտային պաշարի մշտնջենականութեան եւ մանաւանդ կեանքի ընդհանուր փորձառութեան։ Նախ սա ըսենք. այո՛, երիտասարդներ նոր գիտութիւններով սպառազինուած, զօրացած են, նորութիւններ, արդիական գիտելիքներ զանոնք ինքնավստահութեամբ օժտած, զարգացուցած է։ Բայց պէտք է ընդունին երիտասարդներ, որ իրենց կը պակսի կարեւորը եւ անհրաժեշտը՝ «փորձառութիւն»ը, որ գիտութեան անբաժան եւ անմիջական բաղադրի՛չն է, նորութիւնը, արդիութիւնը ի վերջոյ կը հիմնուի եւ կը բարձրանայ նախապէս ստացուած գիտութիւններու եւ փորձառութիւններու վրայ։ Արդարեւ, եթէ չըլլային նախորդ գիտութիւններ եւ փորձառութիւններ, պիտի չըլլար նաեւ «նոր»ը եւ ներկայ գիտութիւնը։ Ուստի գիտութիւնը անվերջ ու անսահման, տեւական շարադրանք մըն է՝ որուն ամէն մէկ օղակը, իւրաքանչիւր հանգրուանը կարեւոր է ե՛ւ անհրաժեշտ՝ իր յաջորդին համար։
Եւ ուրեմն, տարիքոտներու գիտելիքները եւ փորձառութիւնը հի՛մ կը կազմեն ներկայ գիտելիքներուն, որոնցմով օժտուած են ներկայ սերունդի անդամները։ Անշուշտ, որ ամէն անհատ իրաւունք ունի ինքզինք վստահ եւ հպարտ զգալու իր գիտութեամբ, քանի որ գիտութիւնը ինքնին արժէ՛ք մըն է՝ որով արժէք կը ստանայ ենթական։ Բայց «ինքնավստահութիւն»ը պէտք չէ՛ շփոթել երբեք «ինքնահաւանութեան» հետ, քանի որ ինքնավստահութիւնը՝ որքան առաքինութիւն, ինքնահաւանութիւնն ալ այդքան մոլութի՛ւն է։
Եւ դարձեալ, անշուշտ մեր նպատակը չէ ստորագնահատել ներկայ գիտութիւնը, նոր եւ արդի ամէն գիտելիք եւ անոնց ենթակաները, արդի արհեստագիտութիւնը, գիտական զարգացումները եւ անոնց նպաստաւոր արդիւնքները, բայց մեր փափաքն է՝ արդար պահանջքը, անոնց մէջ չուրանալ, չանտեսել տարեցներու մասնակցութիւնը, գործակցութիւնը եւ բաժնեկցութիւնը։
Այս կէտին, կ՚ուզենք հարցնել մենք մեզի, թէ՝ երբ ունինք «տարեց» կամ «տարիքոտ» բառերը՝ որոնք լաւագոյն կերպով կ՚իմաստաւորեն կեանքի որոշ շրջանի մը մէջ ապրողները, ապա ուրեմն ինչո՞ւ կը գործածենք նաեւ «ծեր» ածականը։
Արդարեւ, «ծեր» կը նշանակէ՝ տարիքը առած, պառաւ, ալեւոր։ Այսինքն, «տարիքո՛տ»։
Իմ շա՜տ սիրելի ընթերցող բարեկամներ, այս գրիչը երբեք որեւէ գանգատ չունի, որեւէ դժգոհութիւն յայտնելու նպատակ ալ չունի իր տարիքէն։ Ամէն տարիք, որ կ՚ապրուի, կեանքի մէկ հանգրուանն է եւ պէ՛տք է ապրուի։
Եթէ հարցուի, թէ ի՞նչ է «տարիքոտ» ըլլալ, կարելի է պատասխանել. «տարիներու ծանրութեամբ բեռնաւորուած անձ»։ Իրապէս, տարիներու ընթացքին կուտակուած եւ մարդուս տկար ուսերուն բեռցուած նեղութիւններու, վիշտերու, ցաւերու, տառապանքներու, տանջանքներու ծանրութիւնը մարդու թէ՛ մարմնին եւ թէ՛ հոգիին վրայ կը ճնշէ եւ պէտք է խոստովանիլ եւ ընդունիլ, թէ հոգեւոր բեռը շատ աւելի ծանր կը կշռէ, քան մարմնական-ֆիզիքական բեռը։ Ահաւասիկ այդ իմաստով է որ տարիներու ծանրութեամբ բեռնաւորուածներ կ՚անուանին «տարիքոտ», բայց ո՛չ երբեք «ծեր»։
Իրականին, ամէն տարիք մանկութեան քօղարկուած մէկ շրջանը կը ներկայացնէ. ամէն մարդ, ամէն տարիքի «մանուկ» է. ան կը ծնի եւ կ՚անուանի. «նորածին մանուկ», յետոյ՝ «տղայ մանուկ», «պատանի մանուկ», «երիտասարդ մանուկ», «հասուն տարիքով մանուկ» եւ վերջապէս՝ «տարիքոտ կամ տարեց, այսինքն տարիքով մեծ մանուկ»։ Ուրեմն կը տեսնուի, որ կեանքի ամէն շրջան, ամէն հանգրուան մանկութեան տարբեր մէկ վիճակն է։
Ամենէն տարիքոտ մարդն իսկ, երբ առիթը ներկայանայ, պատրա՛ստ է իր մանուկ երեսը ցոյց տալու, մանուկի պէս վարուելու։ Կրնա՞յ, կեանքի պայմաններ, ընկերային ճնշումներ կ՚արտօնե՞ն, թոյլ կու տա՞ն, որ տարեցը մանկանայ, խնդրական է. հազար ու մէկ արգելքներ թոյլ չեն տար, բայց ամէն տարեց, եթէ առիթը ներկայանայ պատրա՛ստ է իր «մանուկ» երեսը արտայայտելու, մանկութիւնը ապրելո՛ւ։
Արդարեւ ամէն «մանուկ» նախ զաւակն է իր ծնողներուն՝ իր հօր եւ մօր, յետոյ շրջան մը կու գայ, այս անգամ ինք ծնող կ՚ըլլայ՝ հայր կամ մայր իր որդիին եւ կեանքը այս ուղղութեան վրայ կը յառաջանայ։ Ուրեմն, այս ցոյց կու տայ, թէ մարդուս համար էականը «մանկութիւն»ն է, փոխուածը միայն դիրքն է՝ զաւակ-ծնողքի առանցքի վրայ փոփոխութիւն մը միայն, բայց մի՛շտ «մանո՛ւկ»։ Մարդուս էութեան կորիզը անփոփոխ է՝ արտաքինն է որ «փոխուած» կ՚երեւի՝ փոխուած «մանուկ»ը, «փոխուած» եւ «նոր դիրք» ստացած միշտ նոյն մանուկը։ Եւ այս իսկ պատճառով է որ տարիներ այդ մանուկին երեւոյթը, դիրքը եւ արտայայտութեան ձեւը միայն կը փոխեն։
Ֆրանսացիներ կ՚ըսեն. «Երիտասարդներ կամենային, տարեցներ կարենային…»։
Այս տեսակէտէ, ֆրանսացիներ ճիշդ են ըսեր՝ այո՛, տարեցներ կը կամենան եւ կարող են ընել շա՜տ բան, անշուշտ եթէ երիտասարդներ՝ ներկայ սերունդի անդամներ կամենան…։
Հարցը իրերհասկացողութեա՛ն հարց մըն է սիրելի՜ներ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 10, 2017, Իսթանպուլ