ԺՈՒԺԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆԸ

Ժուժ­կա­լու­թիւ­նը եւ ինք­նազս­պու­մը, ինք­նա­սան­ձու­մը՝ մարդ էա­կին յա­տուկ կա­րո­ղու­թիւն մը, ա­ռա­քի­նու­թիւն մըն է։ Ար­դա­րեւ յա­ճախ կը կրկնենք՝ մարդս միւս էակ­նե­րէն զա­տող ա­մե­նա­կա­րե­ւոր յատ­կու­թիւ­նը, ա­նոր բա­նա­կան էակ մը ըլ­լալն է, այ­սինքն խոր­հող, մտա­ծող, դա­տող եւ ո­րո­շող էակ մը, որ կը պակ­սի բո­լոր միւս էակ­նե­րուն։ 

Ա­նա­սուն-ան­բան կեն­դա­նի էակ­ներ բնազ­դով կը շար­ժին, մա՛րդն է, որ բա­նա­կա­նու­թեամբ՝ ան­կախ ու ա­զատ կը շար­ժի։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ, հո՛ս է տար­բե­րու­թիւ­նը՝ բա­նա­ւոր էա­կին եւ ան­բան-ա­նա­սուն կեն­դա­նիին։ Եւ մարդ, որ­քան որ կ՚անդ­րա­դառ­նայ իր բա­նա­կա­նու­թեան, այն­քան «մա՛րդ» է։ Այս ի­մաս­տով, ժուժ­կա­լու­թիւն, ինք­նազս­պում եւ ինք­նա­սան­ձում կը նշա­նա­կէ ինք­զինք ճանչ­նալ, անդ­րա­դառ­նալ իր իսկ գո­յու­թեան, կշռել, դա­տել եւ ըստ այնմ ո­րո­շում տալ։ Տրուած ո­րո­շու­մը նպաս­տա­ւոր է, ճիշդ է կամ անն­պաստ կամ սխալ, այդ­քան կա­րե­ւոր չէ՛, քա­նի որ էա­կա­նը ո­րո­շում մը կա­րե­նալ տա՛լն է։ Ո­րո­շում տալ՝ մար­դուն յա­տուկ կա­րո­ղու­թիւն մըն է, իսկ ա­նոր սխալ կամ ճիշդ ըլ­լա­լու հար­ցը ո­րո­շում տուո­ղին պա­տաս­խա­նա­տուու­թեա­նը տակ է եւ ե­թէ սխալ է՝ են­թա­կան կը տու­ժէ եւ կը հա­տու­ցա­նէ, իսկ ե­թէ ճիշդ է կ՚օգ­տա­գոր­ծէ եւ կը վա­յե­լէ իր ո­րո­շու­մին ար­դիւն­քը։ Այս ի­րո­ղու­թիւ­նը կը սահ­մա­նա­ւո­րուի «ա­զատ կամք»ի սկզբուն­քով։ 

Եւ ա­հա­ւա­սիկ, սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, երբ կը գտնուինք Մեծ Պահ­քի շրջա­նին մէջ, այս կը նշա­նա­կէ անդ­րա­դար­ձու­մի ա­ռիթ մըն է մեր ու­ժե­րուն, բա­րո­յա­կան եւ մտա­յին կա­րո­ղու­թեան եւ հո­գե­ւոր զօ­րու­թեան։ Պահ­քը, ու­րեմն իր ընդ­հա­նուր էու­թեամբ կը նշմա­րուի ու­տե­լու-խմե­լու ժուժ­կա­լու­թեան, մարմ­նա­կան սան­ձում­նե­րու մէջ՝ բարձ­րա­նա­լու հա­մար հո­գե­պէս՝ կար­գա­պա­հու­թեան մէջ պա­հե­լու հա­մար զայն։ Ուս­տի պահ­քը վար­ժու­թիւն մըն է՝ որ հո­գին կը կա­նո­նա­ւո­րէ, կը կար­գա­ւո­րէ, «տի­սիփ­լին»ի կ՚են­թար­կէ։ Եւ ինչ­պէս մար­մի­նը զար­գա­նա­լու հա­մար պէտք ու­նի շար­ժու­մի, մար­զան­քի եւ վար­ժու­թեան, նոյն­պէս հո­գին ալ ա­ճե­լու հա­մար պէտք ու­նի վար­ժու­թեան՝ որ կ՚ի­րա­կա­նա­նայ պահ­քով՝ իր լայն ա­ռու­մով։

Ժուժ­կա­լու­թիւ­նը, ինք­նազս­պու­մը, հո­գե­կան տո­կու­նու­թիւ­նը ա­ռար­կա­ներն են պահ­քին, այ­սինքն հո­գե­ւոր մար­զան­քի եւ վար­ժու­թեան։ 

Այ­սօր պահ­քը ընդ­հան­րա­պէս յե­տա­դի­մու­թիւն կամ խա­ւա­րամ­տու­թիւն կը հա­մա­ր-ւի, բայց պէտք է պահ­քին նա­յիլ ան­գամ մըն ալ դրա­կան տե­սան­կիւ­նէն եւ պի­տի տես-նըւի, որ ան­շուշտ ե­թէ տես­նել ու­զէ դի­տո­ղը, ան միայն ձե­ւա­կեր­պու­թիւն մը, ձե­ւա­պաշ­տու­թիւն մը չէ՛, այլ մար­դուն բա­նա­կա­նու­թիւ­նը բա­ցա­յայ­տող կա­րե­ւոր եւ մա­նա­ւանդ օգ­տա­կար ա­րարք մը։ 

Ան­շուշտ որ ա­մէն լու­սա­միտ եւ ող­ջա­խոհ միտք հա­կա­ռակ է ձե­ւա­պաշ­տու­թեան, եւ ու­րեմն հա­կա­ռա՛կ է ան­գի­տա­կից, մե­քե­նա­բար եւ կոյրզ­կու­րայն կա­տա­րուած ա­մէն ա­րար­քի, ի՛նչ որ ալ ըլ­լայ ա­նոնց նպա­տա­կը եւ նաեւ նոյն կեր­պով՝ ա­ռանց ի­մաս­տին թա­փան­ցե­լու կա­տա­րուած պա­հե­ցո­ղու­թեան կամ ծո­մա­պա­հու­թեան։ Ու­րեմն պահ­քը կա­րե­լի է նմանց­նել աշ­խա­տա­սէր մար­դու մը՝ պահ մը աշ­խա­տու­թե­նէ դադ­րե­լուն, հան­գիստ ը­նե­լու պա­հանջ­քը ու­նե­նա­լուն։ Աշ­խա­տա­սէր մարդ մը երբ պահ մը դադ­րի աշ­խա­տե­լէ, կա­րե­լի՞ է զայն ծու­լու­թեամբ ամ­բաս­տա­նել եւ «ծոյլ» ո­րա­կել…։ 

Ու­րեմն պահ­քի շրջա­նին ալ փոր­ձենք այս մտադ­րու­թեամբ մօ­տե­նալ՝ ո՛չ թէ ձե­ւա­պաշ­տու­թիւն մը, այլ պա­հանջք մը, մարդ ըլ­լա­լու, մարդ ըլ­լա­լուն անդ­րա­դառ­նա­լու, հո­գե­ւոր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն գո­յու­թիւ­նը հասկնա­լու եւ մա՛րդ մնա­լու ա­ռիթ մը, բա­րե­պա­տեհ շրջան մը, բա­ցատ­րա­գիր մը՝ ա­ռողջ «հո­գե­ւոր կեանք» մը վա­րե­լու…։ 

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 10, 2015, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2015